Պատգամ
նՈր լոյս ծագեց աշխարհին,
ո՞Վ այդ արեւը բերեց:
աՀա ոսկեայ մի արեւ`
ճԱռագումով իր հրէ`
աՅգաբացի պուրպուրէ
նԺոյգների վրայ յեց`
նՈր աշխարհին ու մարդուն
յՂում է լոյս զուարթուն:
նՈր աշխարհին ու մարդուն
ո՛Վ բերեց լոյսն այս արթուն,
օ՛, Ո՞Ւմ ձեռքով վառուեց, ո՞ւմ
հՐակարմիր, հրավարս.
աԴամանդեայ լոյսը այս: –
կՔած կեանքի բեռի տակ,
խՈր գերութեան ընդերքում,
իՄաստութեան մի գետակ
յԻմարութեան համերգում –
քԱնի՜ տարի, քանի՜ դար
վԿայեցիր անհերքում…
աՓերին այն խաւարտչին
ուՐ հայրենիքն էր մեր հին, –
չԿա՞ր արդեօք գետ մի յորդ,
վՈր գերութեան անհաղորդ`
լոՒրթ` հոսելով դարից դար`
մԹութեան մէջ այն յամառ
աՅս այգաբացն էր կրում,
հՈ՜Ւր այգաբացն այս հեռու`
հՆուց պահած իր ջրում
օ՜, Ըղձակա՜ն այս հեռուն…
կՔած կեանքի բեռի տակ`
վՈգի՜ անկոր, հո՛ւր գետակ…
աՀա վառւում է մեր նոր
յԱղթանակի լոյսը բորբ.
լՒանում է նա հիմա
վԱռուող ոգին մեր անմահ,
չՔնաղ արե՜ւն այդ արի,
վԱռուած հրով աշխարհի…
չԿա՛յ ուրիշ արեւ է՜լ.
նԱ՜ է միայն, որ դարեր
աՆմար` պիտի արեւէ՜…
լՈյսով վառված սակայն այդ`
նԺարներից հիմա մենք
յԻմարութեամբ չթափենք
իՄաստութիւնն այս արար. –
մԵր անցեալի խորամիտ
է՜Ջն այն արդար ու ռամիկ`
մԵծահանճար ու վարար…
ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑ
9-V-1933 թ.
Պատգամ
(ԷՋ` 427)
Թուագրուել է 1933. V.9:
«Պատգամ» բանաստեղծութիւնը գրուած է ակրոստիքոսի ձեւով: Երկրորդ տառերից հետեւում է` «Ո՛վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»:
1915 թ. ապրիլեան Եղեռնից յետոյ աշխարհով մէկ ցրուած հայութիւնը կանգնած էր սպառնալիքի առջեւ: Չմոռանանք, որ հէնց 30-ական թուականների նախաշեմին ստեղծուեց սփիւռքահայ գրող Շահան Շահնուրի «Նահանջը առանց երգի» վէպը, հանրայայտնի ահազանգով` «Կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն… մեղա՜յ, մեղա՜յ Արարատին»:
Խորհրդային կառավարութիւնը », ընդառաջելով հայ աշխատաւորութեան բաղձանքներին, սկսեց աւելի մեծ թափով կազմակերպել հայրենադարձութիւնը: Արտասահմանում ծուարած դաշնակցականները, սակայն, ամէն կերպ աշխատում էին խանգարել այն:
Չարենցը շատ խորն էր գիտակցում, թէ ինչպիսի սպառնալիքից փրկեց հոկտեմբերը հայ ժողովրդին. նա որպէս մարտիկ եւ երգիչ զինուորագրուեց յեղափոխութեանը` ստեղծելով հոկտեմբերի փրկարար դերն արտացոլող բարձրարժէք ստեղծագործութիւններ («Նայիրի երկրից», «Բրոնզէ թեւերը կարմիր գալիքի», «Ամենապոէմ», «Էլեգիա, գրուած Վենետիկում», «Էպիքական ֆրագմենտներ», «Զրահապատ Վարդան Զօրավար», «Գալիքի որմնադիրները», «Համայնական դաշտերի սերմնացաններ» եւ այլն, եւ այլն):
«Պատգամ»-ը հայութեան ուղղուած համախմբան կոչ է` Խորհրդային Հայաստանում կառուցելու իր ապագան: Այս միտքը բանաստեղծը զարգացնում է նաեւ «Գիրք ճանապարհի»-ի միւս ստեղծագործութիւններում («Նորք», «Գովք խաղողի, գինու…» պոէմներում, տաղերում եւ խորհուրդներում):
ԵՐԿԵՐԻ ԺՈՂՈՎԱԾՈՒ,
չորրորդ հատոր, էջ 605-606
«Պատգամ»-ին Պարագան
Ահաւասիկ Եղիշէ Չարենցի «Պատգամ» վերնագրուած հանրայայտ քերթուածը եւ անոր կցուած ծանօթագրութիւնը, որուն խոստացած էինք անդրադառնալ:
Ամէն մարդ գիտէ, թէ «Գիրք ճանապարհի»-ի առաջին տպագրութեան մէջ տեղաւորուած այս քերթուածը վճռական դեր մը ունեցաւ Չարենցի ձերբակալութեան, հարցաքննութեան եւ անհետացման մէջ: Անո յղացման (1933) ու յայտնութեան (1934) տարիներուն Հայաստանը կ՛ապրէր իր պատմութեան ամէնէն մռայլ շրջանը` քաղաքական թէ ազգային կրկնակ իմաստով: Ստալինականութիւնը իր բովանդակ ծանրութեամբ չոքած էր հոգիներուն վրայ եւ մտաւորականութեան եւ ղեկավար դասուն մէջ բեկումը հասած էր ծայրագոյն աստիճանին: Մեր սեփական հարցերուն լուծումը համայնավարութեան վստահող բոլոր յոյսերը յօդս ցնդած էին եւ փրկագործ ուժի մը կարօտը կը կրծէր Հայաստանի հայուն սիրտը: Այդ մթնոլորտին ծնունդն էր «Պատգամ»-ը, Չարենցի լուռ, ծածուկ աղաղակը.
«Ո՛վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»
Յեղափոխական առումով, ի հարկէ, նորութիւն մը չէր պարունակեր Չարենցի ձեւակերպած նշանաբանը: Իրմէ քառասուն տարի առաջ ուրիշ մարդիկ ապրած էին նոյն տագնապը եւ անոր լուծման համար հասած էին անհրաժեշտ իմաստութեան` պնդելով. որ «Հայ յեղափոխականների դաշնակցութիւն» պէտք է ըլլայ, դաշնակցելու արարքին մէջ է փրկութիւնը, տարանջատ ուժերու միութեան մէջ: Չարենց նոյն բանն է, որ կ՛ըսէ, իր նորութիւնը «Օտարներէ չկայ յոյս» կարգախօսը բանաստեղծական հնարամտութեամբ վերանորոգելու, խորհուրդի եւ ուժի վերածելու փայլուն արժանիքն է:
Երեսնական թուականներուն Արարատեան Հայաստանի մթնոլորտը յար եւ նման էր իննսունական թուականներու Արեւմտեան Հայաստանի մթնոլորտին, եւ Ստալինի հաշիւներուն ու ոճին ուղղութիւնը առած համայնավարութիւնը աւելի քան օտար էր մեզի, եւ անգա՛մ մը եւս օտարներէն չկար յոյս: Ազգի եւ հայրենիքի գաղափարը ոտքի տակ առած, մեր բարոյական արժէքները ուրացող, պատմական իրաւունքները շնականօրէն աջ ու ձախ բաշխող համայնավարութիւնը հայ համայնավարներուն կազմած մտապատկերով չէր ներկայանար ոսոխներուն պէս, եւ ոսոխին դէմ բան մը պիտի ըսէր հարկաւ հայ բանաստեղծը, իր ժողովուրդին կտակելիք բան մը պէտք է ունենար, ունեցաւ, կտակեց`
«Ո՛վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»
Համայնավար տեսութիւնները հիմնովին հերքող այս պատգամը, նոյն հանգամանքին բերումով անշուշտ, ուղիղ երեսուն տարի լոյս չտեսաւ մեր հայրենիքին մէջ, ու լոյս տեսած ատեն, յամենայն դէպս, իր լոյսով չի ներկայանար ընթերցողին: Ծանօթագրողը հազար բան սարքած ու կցած է անոր: Իբր թէ մեր ցաքուցրիւ հանգամանքը մտահոգած է խորհրդային կառավարութիւնը եւ ընդառաջած` հայրենիքի մէջ համախմբուելու մեր բաղձանքին: Իբր թէ համահաւաքման այդ աշխատանքին դէմ ելած են «արտասահմանում ծուարած դաշնակցականները», եւ Չարենց այդ տուեալներուն հիմամբ կառուցած է իր պատգամը: «Պատգամը հայութեան ուղղուած համախմբան կոչ է` Սովետական Հայաստանում կառուցելու իր ապագան»:
Կ՛ենթադրենք, թէ «Պատգամ»-ը լոյս ընծայելու յանդգնութիւնը դիւրին յանդգնութիւն մը չէ եղած եւ արդարացուցիչ դէպք յանցանց մը ճարելու հրամայականի մը առջեւ գտնուած են խմբագիրները:
Բայց կը պակսէ՞ր իրենց արդեօք ուրիշ պատճառ: Աւելի դիւրին չէ՞ր միթէ լենինեան ազգային քաղաքականութեան առաձգական մէկ կէտին վստահիլ կամ անձի պաշտամունքի օրինակներով աւարտել քերթուածին անցագրային անհրաժեշտ ձեւակերպութիւնները: Ալմաստ Զաքարեանը լաւ կ՛ընէր, եթէ այդ միջոցներուն դիմէր, խմբագրական կազմը աւելի լաւ կ՛ընէր, եթէ չվաւերացնէր արձանագրեալ այդ անհեթեթութիւնը:
Որովհետեւ, եթէ իրապէս Խորհրդային Հայաստանի մէջ համախմբուելու կոչ ըլլարՏ «Պատգամ»-ը, պարզ տրամաբանութեամբ խորհրդայինները դէմ պիտի չելլէին անոր, ու բանաստեղծին առջեւ իր զարհուրելի կերպարանքը պիտի չցցէր օրուան չեկայապետ տխրահռչակ Մղդուսին, ա՛յն Մղդուսին, որ Չարենցի բանաստեղծական միւս հնարամտութեամբ` «Երկոտանի էշ մըն էր, ճիշդ եմ ասում»: Եւ յետոյ, եթէ խորհրդային պատրանաթափութիւն մը ապրած չըլլար Չարենց, ու ճիշդ ըլլար Զաքարեանին պնդումը, ապա ուրեմն ինչո՞ւ «հակայեղափոխական», «տրոցքիստական», «դաշնակցական», «նացիոնալիստական» եւ այլ մեղքերով պիտի ամբաստանուէր ան, ու «Գիրք ճանապարհի»-ն պիտի համարուէր «մի գիրք, որ ամբողջապէս գրուած է որպէս հայ գրականութեան «ազգային յատկանիշների խտացման» թէորիայի իլլուստրացիա»:
Տրուած որակումները, այն օրերուն` մահացու թէեւ, բայց կը բնորոշէին Չարենցի խոր ապրումները եւ գրականութեան մայր իրագործումները: Զաքարեանին ծանօթագրութիւնը կը միտի այդ իրականութիւնը վարագոյրի տակ առնել` բանաստեղծին խորհրդային գիծը թանձրացնելու անյարիր ճիգով մը:
Անհասկնալի չէ նոյնպէս «Պատգամ»-ին խորհրդային գոյն տալու եւ անոր կողքին «արտասահմանում ծուարած դաշնակներ» երեւան հանելու արարքին միտք բանին: Այս քերթուածը դաշնակցականները ժողովրդականացուցին, դաշնակցականները զայն իրենց սրտին մօտ պահեցին, եւ ճիշդ այդ պատճառով, այդ պատիւը դաշնակցականներէն խլելու մտքով, անոր բովանդակած ոգիին եւ Դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան միջեւ հակասութիւն մը ճարելու պէտք մը զգացուած է յայտնապէս եւ ծանօթագրութեան մէջ տեղաւորուած է յաւելուածական անմտութիւն մը, թէ` խորհրդային կառավարութիւնը «սկսեց աւելի մեծ թափով կազմակերպել հայրենադարձութիւնը», մինչ դաշնակները «ամէն կերպ աշխատում էին խափանել այն»:
Կը թուի, թէ Դաշնակցութեան հանդէպ իրենց ունեցած բարդոյթէն պիտի չբուժուին այս մարդերը: Իրենց բոլոր անկարողութիւններուն, ձախաւերութիւններուն ետին կը ճգնին անպայման Դաշնակցութեան ուրուականը տեսնել:
Հայաստան տանելիք մա՞րդ պակսած է իրենց երբեւիցէ, որ ներգաղթ կազմակերպելու պոլշեւիկեան իրենց ձախաւերութիւններուն պատասխանատուութիւնը տեղի անտեղի կը փաթթեն Դաշնակցութեան վզին: Դաշնակցութեան քաղաքական ու ազգային համոզումներուն մոլեռանդ հակառակորդներ կան հոս, ռամկավարներ կան, հնչակեաններ կան, միւսները կան, հայաստանասէրները, էջմիածնասէրները, ուրիշ տեսակ մարդիկ, տեսակ-տեսակ ծառաներ ու ծառայամիտներ, թող ասո՛նք տանին, տանին ու կշտանան իրարմէ, եւ այն ատեն, եթէ հաճելի է իրենց, թող դառնան ու վերստին նզովք բարբառին մեզի, միայն թէ քիչ մը հեռու մնան մեռած մարդոց ժառանգութեան հետ ըստ կամս վարուելու հաշիւներէն եւ տրուած պատգամներուն պատգամային մասերը իրենց չափերուն ու տրամադրութիւններուն յարմարցնելու սրբապղծութիւնը օրէնքի կարգ անցընելէ դադրին այլեւս…
Պ. ՍՆԱՊԵԱՆ