Թուրք Մամուլ
Ամերիկահայերուն Նպատակը «Կազմել Հայաստան Մը, Որ Իր Մէջ Առնէ Արեւելեան Անատոլուի Մեծ Մասը»
Թուրքիոյ «Վարլըգ» գրական-գեղարուեստական հանդէսին մէջ Պոսթընի թղթակիցը` Պետիա Թուրկայ-Ահմատ, անդրադառնալով ամերիկահայերուն, կը գրէ ի միջի այլոց.
Նիւ Եորք եւ Պոսթըն այն շրջաններն են, ուր ամէնէն շատ թիւով հաստատուած են ամերիկացի հայերը եւ բովանդակ Ամերիկայի մէջ ցրուած հայերը:
Հայկական միութիւններ ստեղծուած են, որոնք ունին նպատակ մը, որուն համար տարիներէ ի վեր կ՛աւելցնեն իրենց անդամներուն թիւը եւ կ՛ուռեցնեն իրենց պիւտճէն: Այդ նպատակն է` վերակազմել Հայաստան մը, որ իր մէջ կ՛առնէ արեւելեան Անատոլուի մեծ մասը:
Այս ուղղութեամբ անոնք կը հրատարակեն նաեւ Պոսթընի մէջ երկու թերթ («Հայրենիք, «Ա.»), որոնց միջոցով կը յարձակին թուրքերուն վրայ, անցեալի պատմութիւնը իրենց շահերուն պատշաճեցնելով` սուտ-իրաւ կը քրքրեն դարձեալ, կը ծածկեն կարգ մը ճշմարտութիւններ: Կոչեր կ՛ընեն բոլոր հայերուն, որպէսզի անոնք համախմբուին նոյն այդ նպատակին շուրջ, կը պաղատին հայ աղջիկներուն` յանձնարարելով անոնց հայ տղոց հետ ամուսնանալ եւ բազմապատկել աշխարհի հայերուն թիւը:
Անցեալ տարի բարեկամ մը կ՛երթայ Նիւ Եորքի մեծ պանդոկներէն մէկը եւ կը նկատէ, որ սրահին մէջ, սեղանի մը շուրջ եւ Թուրքիոյ քարտէսին վրայ հաւաքուած մարդիկ բարձրաձայն կը խօսին, կը պոռան եւ յուզումով կը վիճին մէկզմէկու հետ: Կը մօտենայ խումբին: Անոնք, սակայն, առանց ստուգելու մեր բարեկամին ազգութիւնը, կ՛առաջարկեն անդամակցիլ իրենց ակումբին: Արեւելեան Անատոլուն շրջագծի մէջ առնուած ու տակն ալ Հայաստան գրուած ըլլալը կը վկայէ մեր թուրք բարեկամը:
Ո՛չ երկիւղ ունին, ո՛չ ալ վերապահութիւն: Բացէ ի բաց աշխատանք կը տանին անոնք այս նպատակին շուրջ: Եւ Ամերիկան ամէնէն յարմար երկիրն է այս կերպ աշխատութեան համար: Անոնք նոյնիսկ բարոյապէս եւ նիւթապէս կ՛օժանդակեն այս նպատակին համար:
Չորս-հինգ ամիս առաջ թուրք գեղարուեստը տեղ առած էր Պոսթընի Գեղարուեստից թանգարանին մէջ: Հայերը շահագործեցին այս պարագան, քաղաքական մթնոլորտ տալ ուզեցին կացութեան: Անոնք նաեւ լեզու երկարեցին այս առիթով պատրաստուած գրքոյկին եւ, մեկնաբանութեան գծով, նախ սկսան յարձակիլ Թուրքիոյ վրայ: Թուրքերը տէր կը դառնան բիւզանդական, հիթիթեան եւ ուրարտական արուեստներուն եւ կ՛ուզեն ըսել, թէ իրենք են, որ կերտած են այդ արուեստները: Անոնք պաշտպանեցին նաեւ այն տեսակէտը, թէ վերջին դարերուն Թուրքիոյ մէջ շինուած արուեստի գործերը կը պատկանին Օսմանեան կայսրութեան շրջանին ապրած հայ արուեստագէտներուն: Անոնք աւելի յառաջ տանելով իրենց պայքարը` յանդգնեցան յայտնել, որ Պոսթընի թանգարանին մէջ ցուցադրուած արուեստի այս գործերուն եւ ոչ մէկը կը պատկանի թուրքերուն:
Այդ օրերուն փորձեցինք հերքել եւ հերքմնագրեր ղրկել թերթերուն, նաեւ` Ուաշինկթընի մեր պաշտօնական ներկայացուցիչներուն, խորհելով, որ պաշտօնական ճամբաները աւելի օգտակար կրնան ըլլալ մեր նպատակին: Սակայն ոչ մէկ բան փոխուեցաւ: Ծանօթ է մեզի, թէ ինչո՛ւ Ամերիկա զօրավիգ կը հանդիսանայ այս հայերուն եւ ինչո՛ւ կը գրգռէ զանոնք, ի պահանջել հարկին:
Աւելի ետք, ցուցահանդէսը չորս օրուան համար Նիւ Եորք փոխադրուեցաւ: «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթէն տեղեկացանք, որ հայերը այստեղ ալ ձեռնարկած են հակաթուրք գործունէութեան: Ցուցահանդէսը փակուեցաւ:
Մերթ ընդ մերթ հայկական միութիւններու ներկայացուցիչները ձայն կը բարձրացնեն այս կամ այն թերթին սիւնակներէն, մինչ Պոսթընի մէջ այս պայքարը կը շարունակուի ամէնէն սաստիկ թափով եւ անընդմէջ:
Եթէ Այժմէն Չմտածենք
Օգոստոս 15-ին, ուսանողներու ֆոնտին ի նպաստ կազմակերպուած «Յառաջդիմասէր»-ի տարեկան ձեռնարկին առիթով, Եգիպտոսի մեր մտաւորականներէն մէկը` Լեւոն Յովհաննէսեանը բանաձեւեց սա պահանջը.
«Մենք պէտք ունինք ո՛չ այնքան մտաւորական հայերու, որքան հա՛յ մտաւորականներու, որոնց պակասը դժբախտաբար օրէ օր աւելի զգալի կը դառնայ»:
Լեւոն Յովհաննէսեանի խօսքին ամբողջութիւնը հիւրընկալող թերթը` «Յուսաբեր», ճիշդ երկու օր ետք իր խմբագրական սիւնակին մէջ ըրաւ հետեւեալ հաստատումը:
«Մեր հայրերն ու նախահայրերը կրակներու մէջէն քալեցին, բայց չայրեցան: Մեր զաւակները, մեր թոռները լոյսերու մէջէն կը քալեն հիմա եւ վտանգին տակն են այրելու»:
«Յուսաբեր»-ի խմբագրականին վրայէն հազիւ չորս օր անցած` Մ. Իշխան «Ազդակ»-ի մէջ միեւնոյն դառնութեամբ անդրադարձաւ նոյն տագնապին:
«Մեծ ուժ է համալսարանական հայ երիտասարդներու բանակը, ուժ մը, որ դժբախտաբար, Լիբանանի ջուրերուն պէս, մեծ մասամբ ծովը կը թափի եւ չ՛ոռոգեր հայ կեանքին դաշտերը»:
Անտարբերութիւն, աստիճանական ուծացում, հիւծում: Ու` մէկ յանցաւոր:
Նկատեցիք հարկաւ, որ վերոյիշեալ դժգոհները, երեքն ալ, յիսունը անց մարդիկ են, ու ցաւալի է հաստատել, որ անոնց կէս տարիքը ունեցող տղաքը հրապարակ չեն իջներ եւ պատասխանատուութիւններ վերցնելու պատրաստակամութեամբ հակայարձակողականի չեն անցնիր:
Առաջ այսպէս չէր մեր կեանքը:
Առաջ աշխատելու, արդիւնաւորելու, երեւոյթներուն սեփական կնիք մը տալու համար հինն ու նորը իրարու միս կ՛ուտէին: Հիներէն դիմացողը կը մնար, նորերէն կենսունակը առաջ կ՛անցնէր եւ հանրային կեանքը լճացումի վտանգէն կը մնար զերծ:
Բախումը երազ է հիմա ու բարիքները` հեռու:
Հին սերունդէն ոչ մէկը դժգոհելու այնքան հիմնաւոր պատճառներ ունէր, որքան ունին այսօրուան «հիները»:
Ու նոր սերունդներէն ոչ մէկը այնքան չէզոքութիւն ցոյց տուած էր, որքան` ներկայ սերունդը:
Ատոր պատասխանատուութիւնը ո՛չ նոր ժամանակներու ոգիին վերագրելի է եւ ո՛չ ալ օտար մշակոյթներու ազդեցութեան:
Մեր կարծիքով, չարիքին արմատը պէտք է փնտռել հայ վարժարաններուն մէջ:
Վերջին տասնամեակներուն, մեր վարժարանները նոր շէնքերով օժտեցինք, կամ վերանորոգեցինք հին շէնքերը` համարեա՛ մոռնալով էականը, անոնց ներքին կառոյցը, մատաղ հոգիները ձեւաւորելու կոչուած անձնակազմերու պարագան մանաւանդ:
Մատը պէտք է դնել ա՛յս վէրքին վրայ, այժմէ՛ն, այժմէն պէտք է մտածել այս մասին, այլապէս, փորձառութիւնը ցոյց տուաւ արժէն, որ ուշ կ՛ըլլայ դարմանումի ամէն փորձ, զուր կ՛ըլլայ առողջ արդիւնքներու հաշուոյն սնուցուած ամէն պատրանք…
Պ. Ս.
