Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (13 Սեպտեմբեր 1968)

Սեպտեմբեր 13, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Ամէն Մարդ Փիեր Լոթի Չէ

(Ձախողած Առաքելութեան Մը Առիթով)

Այսօրուան երկրորդ էջին մէջ, Պուէնոս Այրէսի մեր պաշտօնակից «Արմենիա»-էն առնելով, տուած ենք տեսակցութիւն մը, որ տեղի ունեցած է Արժանթինի թուրք դեսպանին եւ ծանօթ հայրենասէր, ուրուկուէյցի նախկին նախարար տիկ. Ալպա Ռոպալիոյի միջեւ կատարուած խօսակցութեան մը առիթով:

Ազդուած քաջասիրտ կնոջ հայանպաստ յայտարարութիւններէն, որոնց արձագանգ հանդիսացած էինք ատենին, Անգարայի կառավարութիւնը Արժանթինի իր ներկայացուցիչին հրահանգած է հանդիպում մը ունենալ Ա. Ռոպալիոյի հետ եւ զայն համոզել դիւանագիտական բոլոր միջոցներով: Ըսել, օրինակ, թէ ինչ որ կ՛ըսուի հայկական ջարդերու մասին, իրականութեան չի համապատասխաներ, հայերը եւ թուրքերը միշտ բարեկամ եղած են իրարու, ու եթէ երբեմն «բաներ մը» պատահած են, այդ ալ հետեւանք է հայ քոմիթաճիներուն կամ մեծ տէրութեանց գրգռութիւններուն:

Դեսպանը այս բոլորը ըսած է իր խօսակիցին ու չէ մոռցած նաեւ համոզումի այլ միջոցներ, որոնց գաղտնիքը ունի թուրք դիւանագիտութիւնը: Այսպէս, տիկինը հրաւիրուած է Թուրքիա, անշուշտ Պոլիս, իր աչքերով տեսնելու համար, թէ որքա՜ն երջանիկ ու բարօր կեանք ունին պոլսահայերը: Եթէ Ա. Ռոպալիօ, բարեկրթութեան համար չի յիշեր դեսպանին կողմէ կատարուած նաեւ այլ առաջարկներ, անպայման որ ատիկա Անգարա եւ իր ներկայացուցիչը կը պարտին ազնիւ հայասէրին քաղաքավարական մօտեցումին եւ երեւոյթներուն ու մարդոց հանդէպ վերաբերումի այն եղանակին, որ միշտ անծանօթ եղած է թուրքին…

Նախընթացներու վրայ հիմնուելով` մօտաւորապէս կրնանք գիտնալ, թէ ի՛նչ առաջարկներ կրնայ ներկայացուցած ըլլալ թուրքը, որ շողոքորթութեան, կեղծիքի ու քծինքի մարզին մէջ բազմաթիւ մրցանիշներ կոտած է ցարդ ու երբեմն յաջողած է խաթարուելու ատակ կաշառուելու ընդունակ մարդիկ գտնել քիչ մը ամէն տեղ, իրենց խիղճը վաճառող, տաղանդը թուրքին ծառայութեան մատուցող ողորմելիներ, որոնց նախատիպարը ֆրանսացի գրագէտ Փիեր Լոթին է անկասկած:

Բայց ամէն մարդ Փիեր Լոթի չէ, ամէն մարդ չի շլանար ոսկիէն ու այն միւս հրապոյրներէն, որոնք Լոթիի մը երանութեան բաժինը եղան Պոլսոյ պալատներուն մէջ: Հիմա, Ռոպալիոյի մօտ կատարուած դիմումին առիթով աւելի եւս կ՛արժեւորուին այն դէմքերը, որոնք ժամանակին, միջազգային բեմերէ հայութեան դատին պաշտպանները եղան ու կոչուեցան Անաթոլ Ֆրանս, Ժան Ժորես, Քլեմանսօ, Պեռնշթայն, Վալերի Պրիւսով, կարկառուն դէմքեր, որոնք իրենց երկրին մէջ մեծ հեղինակութեան մը համբաւը կը վայելէին, բայց իրենց մեծութեան վրայ աւելցուցին նոր փայլ մը` փոքր ժողովուրդի մը դատին պաշտպանութիւնը ստանձնելով:

Կասկած չկայ, որ սուլթան Համիտ դեսպաններ ղրկած էր նաեւ այն հայասէրներուն մօտ, Պոլիս այցելելու եւ թրքական հիւրասիրութիւնը վայելելու հրաւէրներ ուղղած էր նաեւ այդ «խաբուածներուն», որոնք կորովի կերպով կը մերկացնէին Եըլտըզի անորակելի ոճիրները: Բոլորն ալ, սակայն, մերժած էին Կարմիր Սուլթանին շռայլ խոստումները, խորապէս համոզուած, որ «ծառայել Հայաստանին, կը նշանակէ ծառայել մարդկութեան»:

Հիմա ալ, Համիտէն եօթանասուն տարի ետք, Անգարա Փիեր Լոթիներ կը փնտռէ, կը կարծէ, որ կրնայ կաշառքով եւ այլ խոստումներով լռեցնել մարդոց խղճին ձայնը, կը խորհի, որ կաշառքն ու խոստումները անդիմադրելի պէտք է ըլլան բոլորին համար, ինչպէս են իրեն` թուրքին, որուն միակ եւ գերագոյն սրբութիւնը դրամն է:

Քիչ մը ամէն տեղ պատկերը նոյնն է: Եղեռնի յիսնամեակին առիթով, աշխարհի զանազան կողմերը հայութեան հանդէպ ստեղծուած համակրանքի զգացումներուն առջեւ թուրք թերթերը ահազանգ հնչեցուցին եւ իրենց պատասխանատուներէն պահանջեցին հակազդել, որպէսզի «թիւրիմացութիւնները» հարթուին: Հակազդեցին: Ծանօթ ենք թրքական քարոզչութեան բոլոր միջոցներուն եւ եղանակներուն, բայց գոհունակութեամբ կրնանք ըսել, որ Անգարայի բանագնացները ամէն տեղ ալ բախեցան Ա. Ռոպալիոներու քաղաքավար, բայց վճռական մերժումին:

Պատասխանատուներ, պետական շահերու բերումով, կրնան «բարեկամական» յարաբերութիւններ վարել Թուրքիոյ հետ: Այդ շատ բնական է: Դիւանագիտութիւնը իր հարկադրանքները ունի: Բայց թուրքին սխալը այն է, որ կը յամառի հիմնական բնոյթ տալ այդ վերաբերումին, մինչ պէտք է գիտցած ըլլար ցարդ, որ իր դիմագիծը վերջնականապէս յստակ է քաղաքակիրթ մարդուն համար, որ թուրքին մէջ կը տեսնէ ստեղծագործ ժողովուրդի մը ջարդարարը, առաջին ցեղասպանը, որուն հետ բարեկամական կապեր կարելի է ունենալ, բայց այդ կապերով հպարտանալ` երբե՛ք:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Փորձ-Հարցարան. Ինչպիսի՞ն Է Ծնողք-Զաւակ Ձեր Կապը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?