50 Տարի Առաջ (7 Դեկտեմբեր 1968)
Խմբագրական Մեր Օրը Քառասունեւերեք տարիէ ի վեր, Ժ. Ընդհանուր ժողովին որոշումով, ՀՅ Դաշնակցութիւնը ամէն տարի աշնան կը տօնէ իր օրը` ինքնամփոփուելու, խորհրդածելու, կտրուած ճամբան չափելու, գալիքին ուղիները ճշդելու եւ իր բազմակողմանի գործունէութեան մասին զեկուցում տալու համար այն ժողովուրդին, որուն ծոցէն ծնաւ, որուն համար ապրեցաւ ու գործեց, պայքարեցաւ, արիւն թափեց: Ամէնօրեայ գործունէութեան հեւքին մէջ ընդհանրապէս քիչ ժամանակ կը տրուի խօսքին: Գործը ամէն բանէ առաջ է, ու մեր կուսակցութիւնը մասնաւորապէս եղած է ու է գործի կազմակերպութիւն, հայ կեանքին մէջ իր առաջնորդի դերը կը կատարէ` տալով ԳՈՐԾԻՆ օրինակը, որ անկասկած ամէնէն պերճախօսն է: Ու եթէ յաճախ, նման օրերու, դարձակէտ թուականներու ու մանաւանդ մեր...
Կարդալ ԱւելինDetails


