50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (5 Յունուար 1969)

Հրաշալի Ծնունդ Այս տարի քրիստոնեայ մարդկութիւնը տօնեց իսկապէս հրաշալի Ծնունդ մը: Հրաշալի` Աստուածորդւոյն ծնունդը աւետող զանգերու բազմադարեան ղօղանջով, որ ամէն տարի աշխարհին կը բերէ սիրոյ եւ հաշտութեան պատգամը: Հրաշալի` այդ զանգերուն հետ անջրպետի նուաճումը աւետող մարդուն յաղթանակով: Ասկէ քսան դար առաջ աղքատիկ մսուրի մը մէջ իջաւ երկինքի յաւիտենական Լոյսը եւ ապա իր մարդացեալ կերպարանքով շրջեցաւ աշխարհի վրայ: Քարոզեց ճշմարտութիւնը, ցոյց տուաւ արքայութեան ճամբան, աւետարանեց հոգիներու փրկութիւնը, ապա կրկին լոյս դարձաւ: Քսան դար ետք, մարդկութեան երեք ներկայացուցիչներ, աստղանաւու մը մէջ նստած, վեր սլացան դէպի երկինք, անօրինակ խիզախութեամբ մը դարձան լուսնին շուրջ եւ երկիր վերադարձան: Ամբողջ աշխարհ շունչը բռնած` հետեւեցաւ այս շշմեցնող...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (4 Յունուար 1969)

Ընդ Աստեղօք Նոր տարի էր քանի մը օր առաջ, տօնական տրամադրութիւնները դեռ կը շարունակուին, եւ ի մօտոյ պիտի տօնենք նաեւ տօնը անոր, որ «վասն մեր մարմնացաւ», բերաւ երկինքներէն շունչ մը եւ երկիրը շնչելի դարձնելու վսեմ առաքելութեամբ մը զոհաբերեց իր ողջ կեանքը: Իրապէս երկու գաղափարներու ծառայեց Աստուածորդին, հրապուրիչ ծանօթութիւններ տուաւ հանդերձեալ դրախտներու մասին եւ ձգեց այս աշխարհը դրախտի վերածող սկզբունքներու չգերազանցուած հարստութիւն մը: Երանի կարդաց` հեզերուն, արդարութեան ծարաւիներուն, ողորմածներուն, սրտով սուրբերուն խաղարարներուն, արդարութեան համար հալածեալ մարդոց եւ երկնից ժառանգութիւնը խոստացաւ անոնց, դրա՛խտը խոստացաւ, բայց կոյրը, համրը, խուլը, անդամալոյծը անմիջապէս դրախտ չճամբեց, այլ պահեց զանոնք հոս, բացաւ կոյրին աչքը, որ տեսնէ աշխարհ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (3 Յունուար 1969)

Լիբանանեան Պետութեան Խօսքը ՀՄԸՄ-ի 50-ամեակին Առիթով «Կը Մաղթեմ, Որ Անվարան Շարունակէք Ձեր Գործը», Կ՛ըսէ Տոքթ. Իսամ Հայտար Ստորեւ կը ներկայացնենք Լիբանանի Կրթական նախարարութեան մարմնակրթանքի տնօրէն տոքթ. Իսամ Հայտարի խօսքը` ՀՄԸՄ¬ի յիսնամեակի փառահեղ տօնակատարութեան, որ տեղի ունեցաւ դեկտեմբեր 29¬ին, «Պիպլոս»¬ի ընդարձակ սրահին մէջ: Յարգելի՛ հանդիսականներ, Ես հրաւիրուած եմ ներկայ ըլլալու այս շքեղ հանդիսութեան, բայց կը տեսնեմ, որ ես հրաւիրեալ մը չեմ, այլ հանդէսը կազմակերպող Կեդրոնական վարչութենէն անդամ մը, ճիշդ բանաստեղծին ըսածին պէս. «Ո՜վ հիւր, երբ մեզի այցելես, Կը գտնես, որ մենք քու հետդ ենք կարծես»: Որպէս պատասխանատու պաշտօնեայ, ՀՄԸՄ¬ը Լիբանանի մէջ ճանչցայ իբրեւ գործունեայ եւ լուրջ կազմակերպութիւն մը եւ անդամները` պարկեշտ,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (31 Դեկտեմբեր 1968)

Խմբագրական Նոր Յոյսերու Ուղիով Քանի մը ժամէն հին տարին պիտի երթայ կորսուիլ անհունին մէջ ժամանակներուն, եւ արշալոյսի առաջին շողերուն հետ պիտի ողջունենք նորը, որ պիտի գայ նո՛ր յոյսերով, նորին գեղեցկութեամբ եւ նորին հրապոյրով: Անցնող տարիէն պիտի մնայ այն, ինչ որ մարդը, իր անհատական կեանքին մէջ, ու ազգերը` հաւաքական, իրագործած են իբրեւ գործ դրական, իբրեւ արժէք անկորնչելի` պատմութեան մատեաններուն մէջ արձանագրուելու երեւոյթ արժանի: Պատմութիւն եւ յիշատակ դառնալէ առաջ, 1968 նոր հորիզոններու կարելիութիւնը բացաւ մարդկութեան առջեւ: Գիտութեան հրաշալիքներուն եւ անոնց մղում տուող մարդ էակի հանճարին առջեւ սահմանները անօրինակ եւ աննախընթաց թափով մը ընդարձակուեցան հասնելու համար մինչեւ աստղերը երկնային, որոնց ներդաշնակ հոլովոյթին ի...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (29 Դեկտեմբեր 1968)

Մեր Ընթերցողներուն

ՀՄԸՄ-ի Յիսնամեակի Փառահեղ Տօնակատարութիւնը Յովհաննէս Շահինեան Պարգեւատրուեցաւ Լիբանանեան Մայրիներու Ասպետի Շքանշանով Բարձր հովանաւորութեամբ վեհափառ Խորէն Ա. կաթողիկոսի եւ նախաձեռնութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան, երէկ` կիրակի, 29 դեկտեմբեր, կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին «Պիպլոս»-ի շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի յիսնամեակի փառահեղ տօնակատարութիւնը: Ներկայ էին` վեհափառ հայրապետը, Իգնատիոս-Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան պատրիարքը, վեր. Յովհաննէս Ահարոնեանը, առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսը, բարձրաստիճան եկեղեցականներ, պետական ներկայացուցիչ տոքթ. Իսամ Հայտարը, հրաւիրեալներ եւ երեւելի ազգայիններ: Խուռներամ բազմութիւն մը ծայրէ ծայր լեցուցած էր ընդարձակ սրահը: Հանդէսը սկսաւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտական նուագախումբին հնչեցուցած լիբանանեան քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքը կատարեց Շրջ. վարչութեան կողմէ տոքթ. Միսաք Արզումանեանը: Նախ դատապարտութեան խօսք ուղղեց Պէյրութի...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (28 Դեկտեմբեր 1968)

Մարմնին Առընթեր... Այն տարին, երբ ցեղը իր դարաւոր ստրկութիւնը կը թօթափէր եւ նահատակներու ոսկորներուն վրայ անկախութիւն կը կերտէր Արարատեան աշխարհին մէջ, անդին, արեւմտահայ մշակոյթի վերակենդանացած ոստանէն նոր կոչ մը կ՛ուղղուէր ճղակոտոր երիտասարդութեան` անոր նո՛ր ու առողջարար ոգի մը փոխանցելու խոստումով: Կոչը լայն արձագանգ գտաւ ու կազմուեցաւ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը, որ ահա յիսուն տարիէ ի վեր կը մնայ ու կը պահէ իր սկզբնական նկարագիրը աշխարհի չորս ծագերուն: Երիտասարդութիւնը կը սիրէ շարժումը, խանդավառութիւնը, եւ կարենալ շնչելու համար յաղթանակի մը յոյսը անհրաժեշտ է իրեն: Իր ներկայութեամբ ու հմայքով օր ըստ օրէ ծաւալելով` այս միութիւնը տուաւ այդ հնարաւորութիւնները անոր` բազմաթիւ մարզերու մէջ, գործունէութեան...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (27 Դեկտեմբեր 1968)

Աստղերու Ճամբան Բացուեցաւ Երէկ  Ամերիկացի Երեք Աստղանաւորդները Տասը Անգամ Դարձան Լուսնին Շուրջ` Սքանչելի Նկարներ Ղրկելով Աշխարհ Անձկութեամբ Կը Սպասէ Անոնց Վերադարձին Միլոնաւոր մարդիկ, մանաւանդ ամերիկացիներ, երէկ ապրեցան իրենց կեանքին ամէնէն խռովալի պահերը, երբ անջրպետին առաջին երեք աստղանաւորդները` Պորման, Լովել եւ Անտերզ իրենց աստղանաւը մտցուցին լուսնային ծիրի մէջ: Այս վտանգաւոր գործողութիւնը տեղի ունեցաւ ժամը 11:49-ին (Պէյրութի ժամ): Լուսինը վերջապէս նուաճուեցաւ: Այդ վայրկեանէն սկսեալ անջրպետանաւը, որուն հաւկթաձեւ սկզբնական ծիրը փոխուեցաւ շրջանակաձեւ ծիրի (110 քմ բարձրութեան վրայ), տասը անգամ դարձաւ լուսնին շուրջ, սքանչելի պայմաններու մէջ: Այս պահուս, երբ թուղթին կը յանձնուին այս տողերը, ամերիկացի երեք աստղանաւորդները կը պատրաստուին իրենց թռիչքին ամէնէն բախտորոշ եւ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (25 Դեկտեմբեր 1968)

Մեր Ընթերցողներուն

Մամլոյ Ասուլիս ՀՄԸՄ-ի Յիսնամեակին Առիթով ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան յիսնամեակին առիթով, երէկ` երկուշաբթի, 23 դեկտեմբեր, երեկոյեան ժամը 8:00-ին ՀՄԸՄ-ի քաղաքի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Պէյրութի ՀՄԸՄ-ի վարչութեան կազմակերպած մամլոյ ասուլիսը: Հրաւիրուած էին Լիբանանի արաբատառ, ֆրանսատառ եւ հայ մամուլի ներկայացուցիչները: Ներկայ էին` ՀՄԸՄ-ի վարչութեան անդամները, արաբատառ եւ ֆրանսատառ ամէնէն տարածուն թերթերու, «Արարատ», «Այգ» եւ «Ազդակ» օրաթերթերու ներկայացուցիչները, ՊԷյրութի եւ Պուրճ Համուտի ՀՄԸՄ-ի վարչութիւններու եւ ՀՄԸՄ-ի Սկաուտական խորհուրդի անդամները: Ախորժաբերէն ետք ասուլիսին բացումը կատարեց Մերձ. Արեւելքի ՀՄԸՄ-ի Շրջ. վարչութեան ատենապետ Յովհաննէս Շահինեանը: ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին կողմէ բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց ներկաներուն, ապա հրաւիրեց զանոնք ՀՄԸՄ-ի յիսնամեակին առիթով, կիրակի, 29 դեկտեմբերին «Պիպլոս» ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (22 Դեկտեմբեր 1968)

Ժագ Յակոբեանի Յիսնամեակին Առիթով Ծնած է Երուսաղէմ, ուր կ՛արձագանգեն մարգարէներու եւ Մեծ Վարդապետին պատգամները... Այսօր կը տօնենք իր ծննդեան յիսնամեակը` յարգելով ու սիրելով ա՛յն բերքը, զոր Ժագ Յակոբեան նուիրաբերած է հայ գրականութեան: Հոգեւին մխրճուած սփիւռքի պայմաններու ալիքներուն մէջ, իր տապանը շինած ամրակուռ հայ հաւատքով` կը շրջի ցամաքամասէ ցամաքամաս, միշտ անհանգիստ, միշտ երազելով հայրենի բոյնին ապահովութիւնն ու խաղաղութիւնը: Հայրենի հողէն դուրս` ամէն տեղ զգաց նոյն ցուրտը, ու ջերմութիւն մը գտնելու յոյսը զինք տարաւ երկրէ երկիր. ինք փնտռող` իրեն հետ հայրենի ջերմութիւն մը պարգեւեց ճամբան հանդիպած բոլո՛ր հոգիներուն, առանց դասակարգի ու առանց դաւանանքի խտրութեան, բաւ էր, որ անոնք Ս. Մեսրոպի լեզուն հասկնային:...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (21 Դեկտեմբեր 1968)

Երիտասարդութիւն Եւ Յոյս Քանի մը օր առաջ խօսեցանք ամերիկահայ մեծ հօր մը հայ գիրքին հանդէպ դրսեւորած ապրումին եւ իր ապրումով աննպաստ միջավայրի մը մէջ մեծցած թոռը վարակելու փաստին մասին: Հեռուէն եկած սրտամօտ ձայն էր, որ բնականաբար, մեր անմիջական կեանքին վրայ աչք մը նետելու պիտի մղէր ընթերցողը եւ յառաջացնէր սա հարցումը. - Ի՞նչ կ՛ընեն արդեօք մեր մեծ հայրերը եւ բարենպաստ պայմաններու մէջ մեծցող անոնց թոռները հոս: Կոյր չըլլանք: Շա՛տ բան: Ոչ ընծայուած հնարաւորութիւններուն չափ ի հարկէ, յամենայն դէպս շա՛տ բան, երէկուան հետ համեմատած` քանի մը պատիկ աւելի: Դժգոհութիւններ կա՛ն բարեբախտաբար, դժգոհութեան պակասը բարենիշ մը չէ արդէն ժողովուրդի մը համար, անտարբերութեան ախտանիշ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (20 Դեկտեմբեր 1968)

Ֆրանսական «Լառուս» Համայնագիտարանը Ականաւոր Հայերու Մասին Բագրատունի (հ. Արսէն).- Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութենէն: Ծնած` Պոլիս, 1786-ին, վախճանած է` Վենետիկ, 1866-ին: Հայերէնի թարգմանած է Հոմերոսը, Վերգիլիոսը եւ Սոֆոկլէսը, ինչպէս նաեւ` Միլթընի «Կորսուած դրախտը»: Իր գլխաւոր արժանիքը կը կայանայ իր ժողովուրդը օժտած ըլլալուն մէջ ազգային դիւցազներգութեամբ մը` «ՀԱՅԿ»: Բաղրամեան (Յովհ.).- Խորհրդային մարաջախտ, ծնած` Հայաստան, 1897-ին: Թիմոչենքոյի սպայակոյտին պետ` 1942-ին: Կը ղեկավարէ առաջին Պալթեան ճակատը` 1944-ին: Մարաջախտ` 1955-ին: Գառզու (Ժան).- Ֆրանսացի նկարիչ: Ծնած` Փարիզ, 1907-ին, հայկական ծագումով ծնողներէ: Կ՛ուսանի առանձին: Անկախներու սալոնին կը մասնակցի 1930-ին: Տարօրինակ բանաստեղծութիւն մը, ուր իրականն ու անիրականը իրարու կը խառնուին, ի յայտ կու գայ Գառզուի նկարներէն, որոնք ցուցադրուած են...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (19 Դեկտեմբեր 1968)

Հրապարակային Դասախօսութիւն Նիւթ` Հայաստանի Անկախ Հանրապետութեան Ներքին Կեանքը Դասախօս` Սարգիս Զէյթլեան Տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 12  դեկտեմբեր, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Ն. Փալանճեան» Ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ: *********************************************************** Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծման նախորդող պատմական դէպքերու ներկայացումէն ետք, Սարգիս Զէյթլեան, շարունակելով այս նիւթին նուիրուած դասախօսութիւններուն շարքը , պարզեց հանրապետութեան ներքին կազմակերպչական աշխատանքները: - 1918-ին Կովկասի մէջ կը ստեղծուէին երեք հանրապետութիւններ, որոնք կը յաւակնէին պետութիւն դառնալ: Այս պետութիւնները չունէին ո՛չ ճշդուած սահմաններ եւ ո՛չ կազմակերպուած վարչական մեքենայ: Թշնամի էին ո՛չ միայն իրենց անկախութիւն հռչակած պահուն, այլ` դարերէ ի վեր: Հակառակ էին իրարու` իրենց արիւնով, ազգային շահերով, իրենցմէ իւրաքանչիւրը կ՛ուզէր Կովկասը իր տիրապետութեան տակ առնել: Նոյն...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (18 Դեկտեմբեր 1968)

Մեր Բարոյականը Կը հարցնենք. պէ՞տք է, որ անձ մը, ազգ մը, հաւաքականութիւն մը կամ կուսակցութիւն մը իր յոյսը դնէ ուրիշներու վրայ եւ անոնցմէ սպասէ փրկութիւնը: Ո՛չ, կը պատասխանէ իմաստութիւնը: Ո՛չ, կը կրկնէ փորձառութիւնը, որ իմաստութեան խտացած ձեւն է: Պիտի խոստովանինք, որ մենք ի զուր եւ ընդունայն օգնութիւն կամ օժանդակութիւն ակնկալեցինք օտարներէն: Եւ ի զուր յուսացինք, որ փրկութիւնը պիտի գայ անոնցմէ: Միա՛յն անոնցմէ: Բաւական սուղ գին վճարեցինք մեր այս միամիտ, չըսելու համար անմիտ ակնկալութեան համար: Արիւն թափեցինք ի հաշիւ ուրիշներուն, գոնէ` մեր թափած արեան հատուցումը սպասելով Քրիստոսի վարդապետութիւնը դաւանողներէն, որոնք կը քարոզէին միայն, բայց չէին գործադրեր իրենց քարոզածը: Չենք ուրանար,  որ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (17 Դեկտեմբեր 1968)

Այս Ճամբով Քալենք... Կ՛ուզենք խուսափիլ տարբե՜ր օրինակներ մանրամասնելու հարկադրանքէն` պարզելու համար, թէ խմբագրութիւն եւ պատահական թղթակիցներ կը կարօտին աւելի անանձնական գիտակցութեան եւ բծախնդրութեան: Խմբագրական սեղմ յայտարարութիւններով մեր թելադրութիւններն ու խնդրանքները պարբերաբար ներկայացուցած ենք արդէն շահագրգռուողներուն: Թերթերը հանրային օրկաններ են, ու ամէն մարդ, որ գրիչ ձեռք կ՛առնէ, յարգանք պիտի ունենայ հանրային կարծիքի հանդէպ: Յարգանքի այդ զգացումը մեկնակէտ է` չափաւոր ու զուսպ կեցուածքի, պատասխանատուութեան զգացումի, խոնարհամտութեան, բարի ու ազնիւ վերաբերումի: Երբե՛ք աժան փառաբանութեան ու անդուռն գովեստի: Կարգ մը մարդոց մօտ կը տիրէ այն թիւր կարծիքը, որ թերթերը «ընտրակա՜ն տոմար»-ներ են. Պէտք է տան` ինչ որ կը ստանան: Կարեւորը այն չէ երբեք, թէ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (15 Դեկտեմբեր 1968)

Ինչո՞ւ Մեր Անին... Մերը Չէ Ժամանակակից պատմութեան ամէնէն անճիշդ, ամէնէն անբնական դասաւորումներէն մէկն է այն իրողութիւնը, որ Արարատը մեր հայրենիքի սահմաններուն մէջ չի գտնուիր... Կա՛յ Հայաստանի զինանշանին վրայ` իբրեւ խորհրդանշանը յաւիտենական հայութեան ոգիին, անջնջելիօրէն դրոշմուած է համայն հայութեան մտքին ու հոգիին մէջ` իբրեւ խորհրդանշանը յաւիտենական Հայաստանի էութեան, ներկայ է մեր հոգեկան սահմաններուն մէջ, բայց հեռու է մեր հայրենիքի աշխարհագրական սահմաններէն: Ներկայիս մեր սրբազան լեռը գերած բարբարոս խուժանին աչքերը շատ երկար յառած մնացին անոր «լոյս կատարին»: Հայրենաբնակ հայը ամէն առաւօտ, երբ կ՛արթննայ եւ կը տեսնէ Արարատի ձիւնապատ կատարը, որ մշտնջենական դրօշի մը պէս կը շողայ անհաս բարձունքի մը վրայ, սրտին խորէն...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (14 Դեկտեմբեր 1968)

Խմբագրական Վե՛րջ` Յիսնամեայ Անարդարութեան Տարեվերջի այս օրերուն, երբ ընդհանրապէս մարդիկ հաշուեփակի կը պատրաստուին, հեռաւոր Պաքուի խուլ բանտէն, ուր նետուած է աւելի քան տարիէ մը ի վեր, մարդ մը, հայ մարդ մը անակնկալօրէն կու գայ յիշեցնելու մեզի այն աղաղակող անարդարութիւնը, որուն ամէնէն դժբախտ զոհերէն մէկն է: Ինչ որ կ՛ընէ Բենիկ Մովսիսեանը, իր նամակին մէջ, բացի զուտ անձնական եւ մարդկային իր տուայտանքներէն, հարազատ արտայայտութիւնն է իւրաքանչիւր հայու, հոս թէ մայր հայրենիքի մէջ, ի տես ողբերգութեան մը, որուն ենթակայ են օտարի տիրապետութեան յանձնուած հայապատկան հողեր ու այդ հողերուն վրայ բնակող մեր հայրենակիցները: Ղարաբաղի ողբերգութիւնը անուն չունի, բացատրութիւն չունի, բացի անկէ, որ եղբայրութիւնը, որուն...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (13 Դեկտեմբեր 1968)

Կեանքի Պարզ Հաճոյքները Հետագայ նամակը «Ռիտըրզ Տայճեսթ» ամսագրին ղրկուած է 73 տարեկան կնոջ մը կողմէ, որ մեկուսի կեանք մը կ՛ապրի ամուսինին հետ գլուխ-գլխի եւ իր հաճոյքին համար գրի կ՛առնէ նաեւ բանաստեղծութիւններ: Ծայր աստիճան հրահանգիչ է, մեր շրջանին, կարդալ այս նամակը, որ կը բերէ խորաթափանց իմաստութեան մը անհերքելի վկայութիւնը: Կը ներկայացնենք թարգմանաբար: Երիտասարդ չեմ այլեւս: Հանգստեան կոչուած եմ եւ մինչ կը հանգչիմ, կը դիտեմ անցնիլը մարդկային այն բազմութիւններուն, որոնք կը վազեն: Կը վազեն հաճոյքի, զուարճութեան, դրամի, զօրութեան, փառքի եւ իրենց տենչանքներուն յագեցումին ետեւէն: Կը դիտեմ ու կը փափաքիմ, որ օր մը մէկը գրիչը ձեռք առնէ գովելու համար կեանքի պարզ ուրախութիւնները: Կ՛ակնարկեմ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (12 Դեկտեմբեր 1968)

Հրապարակային Դասախօսութիւն Նիւթ` Հայաստանի Հանրապետութեան Ստեղծումը Բանախօս` Երուանդ Փամպուքեան   Տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 5 դեկտեմբեր, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Ն. Փալանճեան» ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ: Յակոբ Իսկենտերեան բացումը կատարեց Հայաստանի Հանրապետութեան յիսնամեակին առիթով կազմակերպուած երեք հրապարակային դասախօսութիւններէն առաջինին, որուն նիւթը կը պատկերացնէր երկունքը Հայաստանի Հանրապետութեան: Խօսքը տալէ առաջ դասախօս Երուանդ Փամպուքեանին` օրուան նախագահը բացատրեց, որ եղածը պարզ անդրադարձում մը չէ: Դէպքը տակաւին շատ մօտ ըլլալով` անոր պատմական տարողութիւնը ճշդել դժուար է: Վարչակարգի փոփոխութենէն ետք, մանաւանդ, որ այսօր տակաւին առարկայականօրէն չքննուին հարցերը, ու չենք գիտեր` ո՞ր թուականին կարելի պիտի ըլլայ չափել այդ պատմական դէպքին իսկական տարողութիւնը: Այս դասախօսութիւնները, ըսաւ, կը յուսանք, մեր...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (11 Դեկտեմբեր 1968)

Լսեցէ՛ք, Հայեր, Խօսողը Միակողմանի Եղբայրութեան Մը Որդեկորոյս Զոհն Է` Լեռնային Ղարաբաղցի Բենիկ Մովսիսեան Աւելի քան տարի մը առաջ դէպք մը, քստմնելի ոճիր մը, իր եղերական մանրամասնութիւններով, իր պատճառներով եւ հետեւանքներով ցնցեց ամբողջ հայութիւնը, նախ մայր հայրենիքի, ապա` արտասահմանի մէջ, երբ անոր արձագանգները հասան մեզի` տխուր եւ ընդվզեցուցիչ: Պատմական Արցախի հողին վրայ, հոն, ուր կը կարծուէր, թէ շնորհիւ Մոսկուայի կեդրոնական իշխանութեան հայրակա՜ն համահաւասար հոգածութեան, խորհրդային ժողովուրդներու եղբայրական մթնոլորտը շատոնց պատմութեան յանձնած է անցեալի արիւնոտ յիշատակներ, օր ցերեկով յօշոտուեցաւ ինը տարեկան հայ տղեկ մը եւ դատական իշխանութիւնները արդար պատիժի մը մխիթարութիւնն իսկ զլացան հէք երեխային տարաբախտ ծնողներուն եւ ազրպէյճանցի գազանը դատապարտուեցաւ միայն......

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (10 Դեկտեմբեր 1968)

ՀՅ Դաշնակցութեան Օրուան Փառահեղ Տօնակատարութիւնը Կիրակի, 8 դեկտեմբեր, Պուրճ Համուտի «Գերմանիկ» սրահին մէջ, փառահեղ հանդիսութեամբ, տօնակատարուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 78-րդ տարեդարձը: Ներկայ էին` լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսը կաթողիկէ հայոց պատրիարքարանի ընդհանուր փոխանորդ Մեսրոպ եպս. Թերզեանը, պետական երեսփոխաններ Մովսէս Տէր Գալուստեանը, մեթր Խաչիկ Պապիկեանը, Սուրէն Խանամիրեանը, ղեկավար ընկերներ, երեւելի ազգայիններ եւ երկսեռ հասարակութիւն մը, որ ծայրէ ծայր լեցուցած էր ընդարձակ սրահը: Լայն բեմը տպաւորիչ պատկեր մը կը ներկայացնէր: Կեդրոնը` Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Շարլ Հելուի նկարը եւ ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան` Քրիստափորի, Ռոստոմի եւ Զաւարեանի նկարը: Աջին` եռագոյն դրօշ եւ ՀՅԴ զինանշանը: Ձախին` լիբանանեան դրօշ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանը: Օրուան նախագահի սեղանին...

Կարդալ ԱւելինDetails
Page 14 of 69 1 13 14 15 69

Արխիւներ