Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (24 Նոյեմբեր 1968)

Նոյեմբեր 24, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
«Տիգրան Ծամհուր» Կոմիտէի
Նոր Ակումբին Հանդիսաւոր Բացումը        

Հովանաւորութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդր. կոմիտէի, երէկ` կիրակի, 24 հոկտեմբեր, կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին տեղի ունեցաւ Քարանթինայի ՀՅԴ «Տիգրան Ծամհուր» կոմիտէութեան Մար Մխայէլ թաղի նոր ակումբին հանդիսաւոր բացումը:

Ներկայ էին պետական երեսփոխաններ` Մովսէս Տէր Գալուստեան, Սուրէն Խանամիրեան, երէց եւ ղեկավար ընկերներ, ՀՅԴ Կեդր. կոմիտէի ընկերներ, այլ շրջաններու կոմիտէներու ընկերներ, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ, շրջանի ընկերներ եւ հրաւիրեալներ:

Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ լիբանանեան ազգային քայլերգի եւ «Յառա՛ջ, նահատակ»-ի յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Նուագեց «Սայաթ Նովա» նուագախումբը:

«Տիգրան Ծամհուր» կոմիտէի կողմէ ուղերձ կարդաց Րաֆֆի Քերթենեանը: Թուեց Քարանթինայի հայութեան հետզհետէ թաղէն հեռանալուն պատճառները` յաջորդական հրդեհներու եւ այլ յարգելի պայմաններու բերումով, որոնց իբրեւ հետեւանք` ընդգծեց, որ հրամայական պահանջ դարձաւ «Տիգրան Ծամհուր» կոմիտէութեան համար, պահելով հանդերձ Քարանթինայի ակումբը, Մար Մխայէլի հայաշատ կեդրոնին մէջ եւս ակումբ մը ունենալու անհրաժեշտութիւնը:

Սիլվի Սիմոնեանը Յարութիւն Թումայեանը կատարեցին «Գովք Լիբանանի» զուգերգը` ընկերակցութեամբ «Սայաթ Նովա» նուագախումբին, ղեկավար` Սեդրակ Էսմէրեան:

Ապրումով արտասանեց Խաչիկ Արարատեանը:

«Տիգրան Ծամհուր» կոմիտէութեան ընկերներուն կողմէ խօսեցաւ Կարապետ Պետրոսեանը: Ընդգծեց յատկապէս, որ ազգային մեր մտահոգութիւններու գծով, ամէնէն կենսական հարցը նորահաս սերունդներու դաստիարակութիւնն է: Արդէն հասած է երիտասարդութիւն մը շատ փայլուն տնտեսական պատկերով, ինչպէս նաեւ մասնագիտութիւններու նուաճումով: Անհատական կեանքի պատկերը շատ աղուոր գտնելով մէկտեղ` Կ. Պետրոսեան անհրաժեշտ պայման նկատեց, որ մեր կազմակերպութիւնները մտահոգուին նաեւ զանոնք հաւաքական կեանքի մէջ առնելու եւ արժեւորելու մասին: Այս իմաստով ՀՅ դաշնակցութեան ակումբները մեծ դեր կը կատարեն: Այսօր, շնորհիւ «Տիգրան Ծամհուր» կոմիտէութեան ընկերներուն գնահատանքի արժանի բոլորանուէր ճիգերուն` ուրախութեամբ կրնանք ըսել, որ այս նորաբաց գեղեցիկ ակումբով հաւաքական կեանք ստեղծելու կեդրոն մը եւս ունեցանք:

Յաջորդաբար մեներգեցին Սիլվի Սիմոնեանը եւ Յարութիւն Թումայեանը: «Սայաթ Նովա» նուագախումբը իր նուագած հայկական եղանակներով ստեղծեց խանդավառ մթնոլորտ: Գնահատուեցաւ բուռն ծափերով:

Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Այնուհետեւ Խաչիկ Արարատեանը իւրայատուկ պերճախօսութեամբ վարեց թամատայութիւնը: Նախ հրաւիրեց Կեդր. կոմիտէի հերթապահ Յակոբ Գարաօղլանեանը ըսելու իր խօսքը. Յ. Գարաօղլանեան նկարագրեց այն հանդիպումը, որ ունեցած էր «Տիգրան Ծամհուր» կոմիտէի ընկերներուն հետ, երբ անոնք դիմած էին նոր ակումբ մը բանալու արտօնութիւն ստանալու համար: Մեծ ուրախութիւն պատճառեց ընկերներուն Կեդր. կոմիտէին տուած արտօնութիւնը, պայմանաւ որ Քարանթինայի ակումբէն ոչ մէկ առարկայ պիտի փոխադրէին: Արդարեւ, հետեւեցայ իրենց անվհատ կամքով եւ դաշնակցականի վճռակամութեամբ` բոլորանուէր եւ սրտեռանդն աշխատանքներուն: Դիմեցին ընկերներու եւ բարեկամներու եւ, քանի մը ամիսէն նուիրատուութիւններով յաջողեցան կահաւորել ակումբը: Արժանի են ջերմ գնահատանքի:

Ընդհանրապէս սեփական բնակարաններու մէջ բնակող այս հայաշատ կեդրոնին մէջ, ազգային մարմիններ եւ միութիւններ կը ծրագրեն եկեղեցի կառուցել, դպրոց բանալ, ակումբներ ունենալ: Ծրագիրներու իրագործման շարքին առաջնութեան պատիւը կը պատկանի «Տիգրան Ծամհուր» կոմիտէին, որ յաջողեցաւ իրագործել այս գեղեցիկ ակումբը: Այս առիթով կեդր. կոմիտէն 500 լ. ոսկի կը նուիրէ նորաբաց ակումբի ֆոնտին: Բուռն ծափերու արժանացաւ Յ. Գարաօղլանեանին յայտարարութիւնը: Այնուհետեւ եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:

Խաչիկ Արարատեանը «Տիգրան Ծամհուր» կոմիտէին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Բիւզանդ Աբգարեանին «Ժիփքօ» հաստատութիւն, որ յանձն առած էր կոմիտէի սրահին կահաւորումը, Օգսէն Գույումճեանին, որ նուիրած էր արժէքաւոր ջահ մը: Յակոբ Համամճեանին, Ժիրայր Տէր Ստեփանեանին եւ ուրիշներու, որոնք մասնակցած էին ակումբի կահաւորման:

Տեղւոյն վրայ կոմիտէներու, քոյր մասնաճիւղերու եւ ընկերներու նուիրատուութիւններով գոյացաւ 4.400 լ. ոսկի:

Խօսք առաւ Շաւարշ Թորիկեանը: Յայտնեց, որ այս առաւօտ այցելութիւն տուած է Հայաստանի նախկին վարչապետ, մեր երէց ընկերոջ` Սիմոն Վրացեանի: Աւելի լաւ գտած է առողջական վիճակը: Մեկնելու ատեն, երբ ըսի, որ կ՛երթամ ներկայ գտնուելու նորաբաց ակումբի հանդիսութեան, ընկ. Վրացեան հազիւ լսելի ձայնով պարտականութիւն տուաւ բերելու իր շնորհաւորութիւնները եւ յաջողութեան մաղթանքները: Երէց ընկերոջ սրտաբուխ մաղթանքը յուզեց եւ խոր տպաւորութիւն թողուց ներկայ ընկերներուն վրայ: Արժանացաւ երկարատեւ ծափերու:

«Քրիստափոր» կոմիտէի կողմէ շնորհաւորութեան եւ յաջողութեան խօսք ուղղեց նաեւ Հրանդ Զէյթունցեանը: Խաչիկ Արարատեանը ինքնաբուխ արտասանութիւն մը եւս կատարեց:

Վերջին խօսքը տրուեցաւ Կարօ Սասունիին:

Մեր երէց ընկերը յիշեց 45 տարի առաջուան Քարանթինայի վարձու ակումբը, մութ նկուղ մը, ուր մասնակցած էր ժողովի:

Այսօր, այդ օրերու ընկերներուն զաւակները, հաւատքով զեղուն, զոհողութեամբ բացած են այս գեղեցիկ ակումբը` ըսելու համար, որ կանգ եւ պիտի մնանք: Լինելութեան մեր ճամբան յաւիտենական է: Կրթուած, գիտակից, բարեկեցիկ հայութիւն մը կայ այսօր: Հայ Ժողովուրդը այսօր իր վերականգնելու, իր լինելութեան, իր ծաղկումին գաղափարով կ՛ապրի: ՀՅ Դաշնակցութիւնը անոր զանգահարն է ամբողջ սփիւռքի մէջ եւ ամբողջ Հայաստանի մէջ: Յաւիտենականութեան այս կամքով յաջողութիւն եւ օրհնութիւն ձեզ:

Ընկ. Սասունիի գաղափարաշունչ խօսքերը խոր տպաւորութիւն ձգեցին ներկաներու վրայ եւ արժանացան բուռն ծափերու:

«Սայաթ Նովա» նուագախումբի «Գովք Երեւանի» նուագէն ետք հանդէսը վերջ գտաւ «Մշակ բանուոր»-ի յոտնկայս խմբերգումով:

Ներկաները շնորհաւորեցին «Տիգրան Ծամհուր» կոմիտէի ընկերները եւ մեկնեցան ուրախ տրամադրութեամբ:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Կոյի Խաղին Սիրոյն Համար…

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?