Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (20 Նոյեմբեր 1968)

Նոյեմբեր 20, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լիբանանահայ Կրթական
Ընկերակցութիւն

Լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեանի հրաւէրով ու նախագահութեամբ եւ ազգային իշխանութեան Քաղաքական ժողովի մասնակցութեամբ, 11 դեկտեմբեր 1967-ին Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ ծանօթ ազգայիններու ներկայութեան կայացած  խորհրդակցական հանդիպումին հիմը դրուեցաւ Լիբանանահայ կրթական ընկերակցութեան:

Պատրաստուեցաւ նաեւ իւրայատուկ ծրագիր-կանոնագիր մը, որ վաւերացուեցաւ Ազգային Քաղաքական ժողովին կողմէ:

Լիբանանահայ կրթական ընկերակցութեան հիմնական նպատակն է.

Ա.- Սատարել հայ լեզուի եւ մշակոյթի տարածման,
Բ.- Բարելաւել հայ վարժարաններու նիւթական վիճակը,
Գ.- Գործէ դադրած կարօտ հայ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն նիւթական օժանդակութիւն կատարել, երբ անոնք ունին նուազագոյն տասը տարուան ծառայութիւն,
Դ.- Կրթաթոշակներ յատկացնել խոստմնալից, բայց կարօտ հայ ուսանողներու,
Ե.- Նպատակին յաջողութեան համար գոյացնել հիմնադրամ մը:

Լիբանանահայ կրթական ընկերակցութեան գործադիր վարչութեան պաշտօնն է.

1) Հետամուտ ըլլալ ընկերակցութեան նպատակին իրագործման,
2) Նոր անդամներ ապահովելու համար աշխատանք տանիլ,
3) Կազմակերպել տարեկան առնուազն հասութաբեր ձեռնարկ մը,
4) Բացառիկ նուիրատուութիւններ եւ կտակներ ապահովել հիմնադրամին համար,
5) Մնայուն հասոյթի աղբիւրներ ապահովելու համար բարերարներ գտնել,
6) Հասութաբեր կալուածներ ունենալու համար աշխատանք տանիլ:

Նաեւ, Լիբանանի թեմի Ազգային իշխանութեան հետ համախորհուրդ, ընկերակցութեան նիւթական օժանդակութիւնը բերել կարիքաւոր հայ վարժարաններուն:

Լիբանանահայ կրթական ընկերակցութեան կրնայ անդամագրուիլ 18 տարիքը լրացուցած իւրաքանչիւր ազգային, երբ երկու անդամներ զայն ներկայացնեն վարչութեան: Ներկայացուած անձը անդամ կը նկատուի, երբ վարչութիւնը միաձայնութեամբ վաւերացնէ զայն: Հակառակ պարագային, անոր անդամակցութիւնը ընդունելի կը դառնայ, երբ ընկերակցութեան Ընդհ. ժողովը իր հաւանութիւնը տայ:

Իւրաքանչիւր անդամ պարտաւոր է տարեկան նուազագոյնը 500 լիբ. ոսկի անդամատուրք վճարել:

***

47 տարիներ առաջ, լիբանանահայութիւնը, ողբերգական պայմաններու մէջ, տարագիր, երբ եկաւ այս հիւրընկալ երկիրը, ոչինչ ունէր: Այդ ոչինչէն, շնորհիւ իր աշխատասիրութեան եւ շինարար ոգիին, ծաղկեցաւ եւ հասաւ իր այսօրուան բարգաւաճ վիճակին:

Իր տնտեսական բարելաւումին զուգընթաց, լիբանանահայը լայնօրէն օժանդակեց ազգային, կրօնական, բարեսիրական, մշակութային, մարզական, հայրենակցական եւ այլ բազմատեսակ կազմակերպութիւններուն, քաջալարեց անոնց ազգանուէր ձեռնարկները եւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններով հնարաւորութիւններ ստեղծեց անոնց գործունէութեան հետզհետէ ծաւալումին: Կառուցեց նաեւ գեղակերտ եկեղեցիներ, բացաւ կրթական բազմաթիւ հաստատութիւններ, որոնք անմխիթար վիճակ մը կը ներկայացնէին սկզբնական տարիներուն:

Այսօր սփիւռքահայ իրականութեան մէջ իր աչքառու գործունէութեամբ, ազգային նկարագիր ստացած լիբանանահայ գաղութը դարձած է ազգապահպանման կարեւորագոյն ազդակներէն մէկը եւ նուաճողական փայլուն շրջան մը կ՛անցընէ:

Արդարեւ, տարուէ տարի ազգային կեանքի մակարդակի բարձրացման եւ նուաճողական վերելքին մէջ, գեղեցիկ իրագործում մը եւս արձանագրուեցաւ Ազգային իշխանութեան հովանաւորութիւնը վայելող Լիբանանահայ կրթական ընկերակցութեան հիմնադրումով, որ նուիրական առաջադրութեամբ մէջտեղ բերուած եւ վստահութեամբ ու խանդավառութեամբ ճամբայ ելած կենսական ձեռնարկ մըն է, որուն նպատակը սրբազան է, սրտագրաւ եւ ուրախութիւն կը պատճառէ ամէն մէկ լիբանանահայու:

Լիբանանահայ կրթական ընկերակցութեան եկամուտով ամէնէն առաջ պիտի օգտուին հայ կրթական մշակներն ու հայ կրթական հաստատութիւնները: Պիտի ունենան նոր կռուան մը, ապահովութեան նոր ամրոց մը:

Ծառայութեան կոչումին գիտակից հայ մշակին համար աւելի նպաստաւոր պայմաններ պիտի ստեղծուին:

Պիտի բարեկարգուին մեր դպրոցները: Գեղակերտ արդիական դպրոցներու կողքին, համահաւասար պայմաններով պիտի օժտուին մեր բոլոր դպրոցները, եւ այլեւս խեղճ ու լքուած դպրոցներ պիտի չունենանք:

Լիբանանահայ կրթական ընկերակցութիւնը պիտի նպաստէ նաեւ նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան, պիտի սատարէ հայ գրի ու գրականութեան եւ հայ մշակոյթի տարածման: Արդարեւ, հայ լեզուի ուսուցումը եւ հայ մշակոյթի տարածումը հայապահպանման գլխաւոր ազդակները կը կազմեն:

Դժբախտաբար կան տակաւին ծնողներ, որոնք ոչ միայն ի վիճակի չեն իրենց զաւակներուն կրթաթոշակները վճարելու, այլ նաեւ ի վիճակի չեն նոյնիսկ անոնց գրենական կարիքներուն հասնելու: Ու երբ ստեղծուին  լաւ պայմաններ, այլեւս կը դադրի տուժելէ ընդհանուր կրթական գործը, որ կը նկատուի պայման` մեր գոյութեան ճիգերուն: Կը դադրի այլեւս դպրոցը «բաց ունի»-ի հոլովումը: Կը բարելաւուի կրթական մակարդակը եւ լաւ պայմանները նախանձելի պաշտօնի կը վերածեն կրթական ասպարէզը: Հայ ուսուցչութիւնը կը դառնայ իտէալ ասպարէզ եւ, հետեւաբար, կ՛ունենանք նաեւ որակաւոր ուսուցիչներու մեծաթիւ բանակ մը: Կ՛ունենանք առաւելութիւններ ունեցող դպրոցներ, եւ ծնողներ այլեւս չեն մտածեր իրենց զաւակը օտար դպրոցներ ուղարկելու մասին:

Լիբանանահայ կրթական ընկերակցութեան անդամները, անկասկած, պիտի ըլլան հայ ունեւորները: Ցարդ հայ ունեւոր դասակարգի նիւթական զոհաբերութեան ոգին բարձր պահած է հայութեան պատիւը: Այս պարագային եւս, հայ ունեւորներ, անխտիր, իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերելով, ազգային պարտականութիւն մը կատարած պիտի ըլլան: Հայրենասիրական կեցուածք մը պիտի ըլլայ իրենց ունեցածէն բաժին հանելը ազգին:

Վստահ ենք, նոր անդամագրութիւններով, հետզհետէ պիտի աւելնայ, պիտի բազմապատկուի զոհաբերողներու թիւը, եւ հայ ունեւորը յուսացուածէն աւելիով պիտի բերէ իր մասնակցութիւնը:

Հայ ունեւորներու մէկտեղումով պիտի ընդարձակուի նաեւ Լիբանանահայ կրթական ընկերակցութեան շրջանակը: Եկամուտային ձեռնարկները աւելի հասութաբեր պիտի ըլլան եւ, մանաւանդ, հիմնադրամը պիտի հասնի պատկառելի գումարի:

Միանգամընդմիշտ վերջ պիտի տրուի ազգային կէսդարեան մեծ մտահոգութեան եւ Լիբանանահայ կրթական ընկերակցութիւնը պիտի կարենայ հասնիլ լիբանանահայութեան մշակութային բոլոր կարիքներուն:

ՀՐԱԶԴԱՆ

 

Բացառիկ Երեւոյթ Մը Հայ Իրականութեան Մէջ

Պուէնոս Այրէսի Մէջ Կազմուած Է Ճամպազեան Հիմնարկութիւնը` Կրթական Մշակութային Եւ Ընկերային Ազգօգուտ Նպատակներով

Հիմնադիրը Գրիգոր Ճամպազեան, Շինարարական Մեծ Ձեռնարկի Մը Հասոյթին Քսան Առ Հարիւրը` Շուրջ 650 Հազար Տոլար, Կը Յատկացնէ Հիմնարկութեան` Իբրեւ Սկզբնական Դրամագլուխ

Վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին արժանթինահայ գաղութը, երիտասարդ տարրերու անձնդիր գործունէութեամբ, արտակարգօրէն աշխուժ է եւ այս` ո՛չ միայն Հայ դատին առնչութեամբ, որ կը հանդիսանայ Պուէնոս Այրէսի մեր ընկերներուն հիմնական աշխատանքը, այլ նաեւ` հայկական կեանքի ներքին կազմակերպման եւ բարգաւաճման տեսակէտէն, ինչ որ թանկագին նպաստ կը բերէ ինքնին հայապահպանման մեր ճիգերուն:

Պունէոս Այրէսի մեր պաշտօնակից «Արմենիա»-էն ուրախութեամբ կը տեղեկանանք, որ հոկտեմբեր 25-ին հիմը դրուած է գործի մը, որ իր վսեմ առաջադրանքներով պատուաբեր ձեռնարկ մըն է Արժանթինի հայութեան համար: Արդարեւ, այդ օր պաշտօնապէս կեանք առած է «ՃԱՄՊԱԶԵԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԻՒՆ»-ը աննախընթաց` իր կազմակերպութեամբ եւ հետապնդած նպատակներով:

Արժանթինի մեր ազգանուէր հայրենակիցներէն Գրիգոր Ճամպազեան, նախկին պոլսեցի, կառուցողը` Պուէնոս Այրէսի «Խրիմեան» երկրորդական վարժարանի հոյակապ շէնքին, այս անգամ նախաձեռնարկ եղած է ազգօգուտ այլ գործի մը, որ, վստահ ենք, ուրախութիւն պիտի պատճառէ բոլոր անոնց, որոնք ազգային գերագոյն շահերու մտահոգութեամբ կ՛ապրին:

Գ. Ճամպազեան հաստատած է նոր ընկերութիւն մը` շինարարական խոշոր քոմփլեքս մը, որուն գործառնութեանց ձգած շահին քսան առ հարիւրը, իր անունը կրող հիմնարկութեան միջոցով, պիտի յատկացուի յօգուտ արժանթինահայ գաղութի ազգային կրթական, մշակութային եւ ընկերային կեանքի զարգացման:

Ինչպէս կը հասկցուի, սահմանափակուած չէ ազգային նպատակներուն յատկացուելիք գումարը: Գ. Ճամպազեանի գլխաւորած ընկերութիւնը ծաւալելու լայն հնարաւորութիւններ ունի եւ նոր հեռանկարներու դուռ կը բանայ գաղութին օգտակար ըլլալու տեսակէտէն: Մեր ստացած ստոյգ տեղեկութիւններուն համաձայն, շինարարական այս մեծ ձեռնարկին բերելիք շահին քսան առ հարիւրը ինքնին պատկառելի գումար մըն է, կը հասնի շուրջ 650 ՀԱԶԱՐ ՏՈԼԱՐԻ ու պիտի յատկացուի «ՃԱՄՊԱԶԵԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԵԱՆ», իբրեւ սկզբնական դրամագլուխ:

«Արմենիա» առանձին գոհունակութեամբ կ՛արձանագրէ, որ Գ. Ճամպազեան ոչ մէկ պայման կը դնէ եւ ոչ ալ դափնեպսակ կը փնտռէ, պարզապէս խանդավառուած գաղութին մէջ ստեղծուած նպաստաւոր մթնոլորտէն եւ գոհացում տալով իր ազգասիրական զգացումներուն` կ՛ուզէ իր նպաստը բերել գաղութի վերելքին: Իր ընտրութեամբ իսկ նշանակուած է արդէն հիմնարկութեան տնօրէնութիւնը, որուն մաս կը կազմեն գործունայ եւ եռանդուն տարրեր` Եդուարդ Սէֆէրեան, Յովհաննէս Րագուպեան, տոքթ. Անդրանիկ Արսլանեան, ճարտարագէտ Նուրհան Փանոսեան եւ Յովսէփ Օղուլեան:

Սրտանց կը մասնակցինք արժանթինահայ գաղութին անխառն ուրախութեան` այն միակ մաղթանքով, որ Պուէնոս Այրէսի մէջ իրականացուած այս կարեւոր ձեռնարկը վարակիչ դառնայ մեր բոլոր գաղութներուն համար, որոնք նոյնքան պէտք ունին ազգօգուտ հիմնարկութիւններու` ի խնդիր մեր մշակութային, կրթական եւ ազգային կեանքին զարգացման:

Մինչ այդ մեր խնդակցութիւնները` արժանթինահայ գաղութի այն գաղափարապաշտ տարրերուն, որոնք իրենց անդուլ ճիգերուն առանցքը դարձուցած են հայ կեանքի վերածնունդը գործնապէս սատարելով մեր համազգային պայքարին:

Խնդակցութիւններ մանաւանդ Գրիգոր Ճամպազեանին, որ իր յաջողութիւններէն անմասն չ՛ուզեր պահել այն ժողովուրդը, որուն պատիւ կը բերէ անձնազոհութեան եւ նուիրումի առինքնող վկայութիւնը տալով:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Աշխարհը Միքրոքանդակով

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?