Շաւարշ Նարդունիի Նուիրուած
Յիշատակի Հանդէսը
Հովանաւորութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի, նախագահութեամբ Մուշեղ Իշխանի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի Պէյրութի մասնաճիւղին, երէկ` կիրակի, 17 նոյեմբեր, երեկոյեան ժամը 6:00-ին ամերիկեան համալսարանի «Չեփըլ»-ին մէջ տեղի ունեցաւ Շաւարշ Նարդունիի նուիրուած յիշատակի հանդէսը` Նարդեան մեծարանքի երեկոն:
Ներկայ էին վեհափառ հայրապետը, Տաճատ, Հրանդ, Սահակ արքեպիսկոպոսները, Գարեգին եպիսկոպոսը, եկեղեցական հայրեր, պետական երեսփոխաններ` Մովսէս Տէր Գալուստեան, Սուրէն Խանամիրեան, երեւելի ազգայիններ եւ գրասէր երկսեռ հասարակութիւն մը: Ընդարձակ սրահը գրեթէ ամբողջութեամբ լեցուն էր:
Բացման խօսքը ըրաւ օրուան նախագահ Մ. Իշխան:
Ասկէ մօտ երեքուկէս ամիսներ առաջ, ըսաւ Մ. Իշխան, Մարսէյի մէջ իր մահկանացուն կնքեց սփիւռքի մեր գրականութեան ամէնէն կենսունակ, ինքնայատուկ եւ հեղինակաւոր դէմքերէն մէկը` Շաւարշ Նարդունի:
Այն օրէն, երբ հայոց պատմութեան մեծագոյն աղէտը հողմացրիւ ըրաւ հայութիւնը, եւ այս որբ տղան կորսնցուցած ամէն ինչ` իր բախտակից ընկերներուն հետ լոյս քաղաք գնաց, ընտրեց գիրքերու աշխարհը: Ամբողջ 50 տարի աննկուն ոգիով ծառայեց հայոց մեծարժէք մշակոյթին: Բազմակողմանի եւ բազմատեսակ գրականութեան հեղինակն է Նարդունի եւ բոլոր ճիւղերուն մէջ իր տաղանդը տուած է հաւասարապէս:
Գրիչը դարձուց իրեն զէնք եւ մշակեց գեղեցիկ գրականութիւն մը` իր ամբողջ հաւատքով, իր ամբողջ հոգիով եւ էութեամբ: Մինչեւ մահ ճշմարիտ հաւատքով հաւատաց հայ ժողովուրդի քաղաքակրթական մեծ առաքելութեան, հայ ժողովուրդի անկորնչելի արժէքին: Պահակն էր ան հայ սրբութիւններու, հայ մշակոյթի: Մշակ մը եղաւ եւ մշակեց ինքնատիպ կերպարանքով, որ առանձնայատուկ է ե՛ւ իր գրականութեամբ, ե՛ւ իր ոճով, ե՛ւ իր լեզուով: Իր ժողովուրդով ապրող գրագէտն է, որ կորսնցուցինք:
Իր խօսքի աւարտին Մ. Իշխան հրաւիրեց ներկաները` վայրկեան մը յոտնկայս յարգելու Նարդունիի յիշատակը: Նարդունի գրագէտը ինքնատիպ վերլուծումով եւ մէջբերումներով ներկայացուց Վահէ Օշական: Յատկապէս ընդգծեց, որ գրագէտ-մտաւորականը կը յատկանշուի սովորաբար իր գործին բոլոր երեսներուն վրայ: Սակայն հեքիաթը կը մնայ իր լաւագոյն կաղապարը` իբրեւ մտածումի, արուեստի համադրում: Նարդունի վերջին 50 տարիներու արտասահմանի բարձրագոյն իմացականութիւնն է:
Վարդուհի Քիւրքճեան ապրումով կարդաց Նարդունիի «Կարմիր վարդեր» եւ «Գինին հոգի ունի» արձակ ստեղծագործութիւնները:
Նարդունի հրապարակագիրը ներկայացուց Յ. Իսկէնտէրեան:
Նարդունի յեղափոխական ապրումով եկաւ հայ կեանքին, ընդգծեց ի միջի այլոց Իսկէնտէրեան: Ճշմարտութիւնը ամէն բանէ վեր դաւանող գրագէտ մըն էր: Բծախնդրօրէն եւ հմտօրէն ըրաւ այն, ինչ որ ըրաւ եւ բարեխղճութեամբ մօտեցաւ: Հպարտ գրագէտ մըն էր նաեւ Նարդունի: Իր հպարտութիւնը ստեղծագործական արտայայտութիւն մըն էր, ինքնագովութեան արտայայտութիւն մը չէր: Նարդունի ունեցաւ երկու տուն. Չափահաս որբերու միութիւնը եւ «Յառաջ» թերթը:
Հինգ վայրկեան դադարէ ետք Գարեգին եպս. Սարգիսեան ներկայացուց Նարդունի բանասէրը: Յայտնեց, որ առանձին հատոր մը չունինք իրմէ` իբրեւ բանասիրական գործ: Պատուհան մըն էր բացուած ըլլալիքին, որ, աւա՜ղ, չեղաւ, մնաց յոյս` մինչեւ իր վախճանը:
Նարդունիի հայագիտական վաստակը խտացուած չենք տեսներ գրութեամբ մը, այլ` ոգիով մը, մթնոլորտով մը, որոնց ներկայութիւնը կը զգանք իր գրութեանց մէջէն: Իր հայագիտական վաստակին ամէնէն մեծ արժէքը վառ ու գոռ այն ապրումն էր, որ ունէր հայ մշակոյթին հանդէպ:
Ծիա Կէօվճելեան ապրումով կարդաց Նարդունիի «Ահաւասիկ դուք» եւ, մանաւանդ, տպաւորիչ մեկնաբանութեամբ, «Ամէն բանէ վեր» արձակ գրութիւնները:
Յ. Գեղարդ ներկայացուց Նարդունի բժիշկը եւ «Հայ-բոյժ»-ը: Ընդգծեց Նարդունիի գրագէտ-բժիշկի տիպարը, որ հանրանուէր, կամաւոր ուխտեալ մը դարձաւ:
Նարդունի 1934-ին լոյս ընծայեց «Հայ բոյժ»-ը, որ տեւական գործ մը եղաւ, եւ որուն գլխաւոր դէմքը եւ հիմնական գրիչը եղաւ ինքը: Ունեցաւ հաւատք ու համոզում իր խօսքին ճշմարտութեան եւ անոր օգտակարութեան: Պայքարեցաւ ձուլումի եւ հիւծացումի դէմ: Իր սկզբունքը եղաւ հայրենասիրութիւն, հայաստանասիրութիւն եւ ճշմարտասիրութիւն: Հարուստ եւ աննման հաւաքածոյ մըն է «Հայ Բոյժ»-ը, որ պիտի մնայ միշտ կանգուն, օգտագործելի մնայուն աղբիւր:
Մ. Իշխան իր փակման խօսքին մէջ ընդգծեց Նարդունիի հիմնական մէկ զգացումը, որ ամէնէն ազնիւն էր, բարձրը, ստեղծագործողի իրական հաւատքը եւ սէրը իր ժողովուրդին հանդէպ: Հայութիւնը ամէն բանէ վեր էր իրեն համար. ու ասիկա միայն գրականութիւն չէր, այլեւ իր հաւատամքն էր: Իր գրական հանգանակը եղաւ. ճշմարիտ գրագէտը պարտական է իր ժողովուրդին զգացումները յաւերժութեան հասցնել:
Ապա Մ. Իշխան հրաւիրեց վեհափառ հայրապետը` ըսելու իր փակման խօսքը:
Վեհափառը իր սրտալից օրհնութիւնները եւ ջերմագին շնորհակալութիւնները յայտնեց Համազգայինի Պէյրութի մասնաճիւղին, որ ազնուութիւնը ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Շաւարշ Նարդունիի նուիրուած յիշատակի այս հանդէսը դնելու իր հովանաւորութեան ներքեւ: Շնորհակալութեան եւ օրհնութեան խօսք ուղղեց նաեւ բանախօսներուն, որոնց սիրով, գնահատանքով եւ համակրանքով զեղուն արտայայտութիւններով ներկայացուցին հայ ժողովուրդին շատ սիրելի Շաւարշ Նարդունին` իբրեւ հմուտ գրագէտ, հրապարակագիր, բանասէր եւ բժիշկ:
Շաւարշ Նարդունիի նուիրուած յիշատակի եւ մեծարանքի այս տպաւորիչ հանդէսը վերջ գտաւ վեհափառ հօր Նարդունիի բարի հոգիին հանգստեան համար կատարած աղօթքով:
 
			