Հայ Կեանք
ՀՅ Դաշնակցութեան Օրը
Վալանսի Մէջ
ՀՅ Դաշնակցութեան օրը խանդավառութեամբ տօնուած է Վալանսի (Ֆրանսա) քաղաքապետարանի թատրոնին մէջ:
Ֆրանսական փառերգէն եւ ՀՅ Դաշնակցութեան քայլերգէն ետք բացման խօսքը կատարած է օրուան նախագահ Լ. Մուրատեանը:
Գործադրուած է պատրաստակամ կարող ուժերու մասնակցութեամբ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը:
Բանախօսած է Ժիրայր Միրիճեանը: Առաւելաբար ծանրացած է Դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան վրայ` զայն նկատելով համահայկական, համազգային հանգանակ մը:
Հանդէսի վերջաւորութեան Ժ. Միրիճեանը կատարած է երեք նորագիրներու երդման արարողութիւնը: Անոնց յիշեցուցած է դաշնակցականին պարտականութիւնները` իր ազգին եւ հայրենիքին հանդէպ:
Երգերով, խմբերգներով եւ արտասանուած բաժակաճառերով ստեղծուած է խանդավառ մթնոլորտ:
ՀՄԸՄ-ի Յիսնամեակը
Մարսէյի Մէջ
ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան յիսնամեակին առիթով, Մարսէյի ՀՄԸՄ Արծիւ մարզական միութեան վարչութեան, ինչպէս նաեւ այս առիթով կազմուած յոբելենական յանձնախումբին կազմակերպած յոբելենական հանդիսութիւնը, անոր յաջորդող պարահանդէսը եւ մարզական մրցումները արձանագրած են փայլուն յաջողութիւն:
Նոյեմբեր 9-ին «Թէաթրը վարիեթէ»-ի ընդարձակ սրահը լեցուած է հոծ բազմութեամբ: Ներկայ եղած են` հարաւային Ֆրանսայի առաջնորդ Արտաւազդ եպս. Թրթռեան, Փրովանսի շրջանի նախագահ Նիվիերը, միութիւններու ներկայացուցիչներ, օտար հիւրեր, ինչպէս նաեւ` ՀՄԸՄ-ի մարզական եւ սկաուտական շարժումին իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերած անձնաւորութիւններ:
Գործադրուած է գեղարուեստական ճոխ յայտագիր:
Խօսք առած են միութեան նախագահ Րաֆֆի Նազարեանը եւ Նիվիէրը:
Բանախօսած է Գ. Ճոլոլեանը:
Յիշատակի նուէրներ բաժնուած են ՀՄԸՄ-ի վեթերան դէմքերուն:
Կազմակերպուած ֆութպոլի մրցաշարքին մասնակցած են Մարսէյի, Ալֆորվիլի, Նիսի եւ Լիոն-Տեսինի ՀՄԸՄ-ի միացեալ խումբերը:
Մրցումէն առաջ տեղի ունեցած է ՀՄԸՄ-ի դրօշներով առաջնորդուած մարզիկներու տողանցքը, որ մեծ տպաւորութիւն գործած է:
Աւարտական մրցումներէն առաջ 122 մարզիկներ եւ մասնաճիւղերու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ ընկերական հանդիպում մը ունեցած են: Պարպուած են կենաց բաժակներ, եւ արտասանուած են գնահատանքի խօսքեր:
Եզրափակիչ մրցումին, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան, ախոյեան հանդիսացած է Լիոն-Տեսին միացեալ խումբը:
Մրցանակներու բաշխումէն ետք շնորհակալութեան խօսքը ըրած է միութեան քարտուղար Ժ. Ղարիպեանը:
ՀՄԸՄ-ի յիսնամեակը Մարսէյի հայութեան պարգեւած է երիտասարդական-մարզական հոգեթով պահեր:
«Գալֆայեան» Տան
102-րդ Տարեդարձը
Պոլսոյ «Գալֆայեան» տան 102-րդ տարեդարձին առիթով ոգեկոչուած է յիշատակը հիմնադիր Սրբուհի մայրապետին եւ անոր յաջորդող մայրապետներուն, քոյրերուն եւ խնամակալներուն:
Պատրիարք Շնորհք արքեպիսկոպոս քարոզով մը ընդգծած է «Գալֆայեան»-ի դերն ու արժէքը եւ դրուատած է անոր արդիւնաբեր գործունէութիւնը:
Տրուած է նաեւ հոգեճաշ, որուն ընթացքին «Գալֆայեան»-ի սաները խմբերգներով ստեղծած են զուարթ մթնոլորտ:
Հաստատութեան վաստակաւոր ուսուցչուհիներէն քոյր Զարմուհի Մեհրապեանը եւ քոյր Արուսեակ Մխիթարեանը ոսկիէ խաչով եւ նախակրթարանի տնօրէնուհի Մարի Չըրաքեանը ոսկիէ գրիչով ու մատիտով պարգեւատրուած են:
Հայաստան
Մրցանակ
Եղիշէ Չարենցին
Այսօր «Աւանգարդ» թերթը հրապարակած է Հայաստանի լենինեան կոմերիտմիութեան կեդրոնական կոմիտէի պիւրոյի որոշումը, ուր ըսուած է.
«Երիտասարդութեան դաստիարակութեան գործին մէջ ներդրած մեծ աւանդի եւ Համամիութենական լենինեան կոմերիտմիութեան 50-ամեակի կապակցութեամբ, Հայաստանի Լենինեան կոմերիտմիութեան կեդրոնական կոմիտէի 1968 թուականի մրցանակը շնորհել խորհրդահայ տաղանդաւոր բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցին` երիտասարդութեանը նուիրուած ստեղծագործութիւններու համար, որոնք մեծապէս նպաստած են աճող սերունդի դաստիարակութեան գործին»:
Երեւանի հեռատիպ
Յառաջիկայ Տօներուն Առիթով
Ս. Վայրերը Բաց Պիտի Ըլլան
Բոլորին Համար
Իսրայէլի վարչապետ Լեւի Էշքոլ այսօր յայտարարեց. «Առանց այսուհետեւ միջազգային համաձայնութեան մը` Իսրայէլ որոշեց Սուրբ Վայրեր ազատ անցքի իրաւունք տալ բոլորին, արաբ կամ ոչ, անոնք գան Իսրայէլի բարեկամ թէ թշնամի երկիրներէ, եւ այս` քրիստոնէական եւ իսլամական մեծ տօներու առիթով»:
Լ. Էշքոլ այս յայտարարութիւնը ըրաւ Պաղեստինի բաժանման մասին ՄԱԿ-ի պատմական քուէարկութեան 21-ամեակին առիթով: Վարչապետը ըսաւ, որ քանի մը օրէն ներքին գործոց նախարարը անհրաժեշտ կարգադրութիւնը պիտի ծանուցանէ:
Խօսելով այլ խնդիրներու մասին` Լ. Էշքոլ ըսաւ. «Նասըր կրնայ իր ներքին խնդիրներուն լուծում մը գտնելու համար Իսրայէլի դէմ ուղղուած արկածախնդրութիւն մը փորձել»:
«Ժամանակէ մը ի վեր Մոսկուա աւելի չափաւոր լեզու կը գործածէ Իսրայէլի մասին խօսելու ատեն: Բայց դեռ գործնական քայլերու կը սպասենք: Կրոմիքօ, մարդը, որ 1947-ին հիմնական դեր խաղաց հրէական պետութեան ստեղծումին մէջ, վերջերս յայտարարեց, որ` «Խորհրդային Միութիւնը հետաքրքրուած չէ Իսրայէլի պետութեան քանդումով»: Այս յայտարարութիւնը աւելի ցնցող է, քան` քաջալերանք:
«Ֆենթըմ»-ները պիտի գան, եւ Իսրայէլ կը յուսայ ամերիկեան նոր կառավարութեան հետ գտնել «հասարակաց եւ բարեկամական լեզու» մը: Լ. Էշքոլ ըսաւ, որ լաւատեւս է, որովհետեւ ամերիկացի ժողովուրդը եւ իր նոր նախագահը բարեկամական զգացումներ կը տածեն Իսրայէլի հանդէպ:
 
			