Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (29 Նոյեմբեր 1968)

Նոյեմբեր 29, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կաթողիկոսարանի Նորակառոյց
Վեհարանը

Վեհափառ Խորէն Ա. կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ եւ ազգային բարերար Գէորգ Չաթալպաշեանի մեծագումար նուիրատուութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի կաթողիկոսարանի նորակառոյց վեհարանը, որուն պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ հոկտեմբեր 30-ին, կը ներկայացնէ հետեւեալ պատկերը եւ բաժանումները:

Առաջին իսկ ակնարկով աչքի կը զարնէ վեհարանին ճակատը զետեղուած հայրապետական զինանշանը` կիլիկեան երկգլխանի արծիւով:

Մինչեւ մուտքի շեմ` տասնեակ մը լայն սանդուխներ, որոնց աջին եւ ձախին` փոքր պարտէզներ:

Մուտքի դուռերը` պրոնզէ, կողմերուն` մէկական պրոնզէ լապտեր: Դուռերուն վերեւ, պատին վրայ փորագրուած է յուշագրութիւն մը` հետեւեալ արձանագրութեամբ.

«Կառուցաւ վեհարանս արդեամբ եւ ծախիւք տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Արշակուհի Չաթալպաշեանի, ի հայրապետութեան Տ. Տ. Խորենայ Ա. կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ:

«Ի թուին հայոց ՌՆԺէ եւ յամի Տեառն 1968»:

Մուտքէն ներս` գաւիթ: Գաւիթին առջեւ, պրոնզէ դուռերով կը բացուի պաշտօնական դահլիճը: Դահլիճի ճակատի պատին վրայ զետեղուած է Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Շարլ Հելուի նկարը: Երկու կողմերու պատերուն վրայ, աջին` կաթողիկոսարանի կալուածին բարերար տէր եւ տիկին Սիմոն եւ Մաթիլտ Գայըգճեաններու նկարը, ձախին` վեհարանի բարերար տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Արշակուհի Չաթալպաշեաններուն նկարը: Դահլիճի ջահերը ամբողջութեամբ պրոնզէ են: Երկու կողմերու վրայ շարուած են մօտ 40 բազկաթոռներ, որոնց կեդրոնը` ճակատի կողմը հայրապետական գահը` կիլիկեան արծիւով եւ առիւծագլուխ թեւերով: Գահը ամբողջութեամբ բանուած է ցորենի, ողկոյզի, հասկերու եւ այլ նշաններու զարդաքանդակներով: Գահին վրայ` հայրապետական մական եւ թագ: Գահին առջեւը, վեհափառի ոտքին տակ` արծուահիւս կարմիր գորգ:

Դահլիճի կողմերու նրբանցքներուն եւ ամբողջ վեհարանի երդիքները զարդաքանդակուած են հայկական մոթիֆներով:

Գաւիթին աջ կողմը` նախ սպասման սենեակը, ուր կայ հեռաձայն, եւ ուր կը մնայ բարապանը: Անմիջապէս քովը` բարապանի սենեակը: Ապա երեք սենեակներ` դիւանի յատուկ:

Առաջին սենեակի մետաղեայ դարակներուն մէջ կան նախկին բոլոր արխիւները եւ Գարեգին կաթողիկոսին ձեռագիրները:

Երկրորդը, յատուկ կահաւորումով, հաշուակալութեան գրասենեակն է:

Երրորդը` դիւանապետի գրասենեակը:

Դահլիճի կռնակի լայն նրբանցքը, իր բոլոր յարմարութիւններով, խորհրդակցութեան սրահն է` ժողովականներու յատուկ: Պատերուն մէջ արժէքաւոր գոյքեր դնելու համար կան թաւիշով ծածկուած վեց դարակներ:

Գաւիթին ձախ կողմը կահաւորուած երկու հիւրասենեակներ` պաշտօնական անձնաւորութիւններու համար: Ապա արդիական կահաւորումով` վեհափառին մատենադարան-ժողովասրահը:

Մուտքի գաւիթէն երկրորդ յարկ բարձրանալու համար` աջին եւ ձախին գորգածածկ եւ փորագրուած բազրիքներով սանդուխներ:

Նախ` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճար նայող ընդարձակ պատշգամ մը: Ձախին` սպասման բուն սրահը, կահաւորուած, գաւազանակիր վարդապետի յատուկ: Ապա վեհափառ հայրապետին գրասենեակը եւ ննջասենեակը` արդիական կահաւորումով:

Կեդրոնը` պատշգամով, գեղեցկօրէն կահաւորուած ընդունելութեան մեծ սենեակը, շատ սիրուն զարդարուած պատերով, գրաւիչ վարագոյրներով եւ բիւրեղապակեայ լուսաւորութեամբ: Կայ նաեւ տեսարժան մեծ գեղանկար մը, գործ` նկարիչ Մախոխեանի:

Այս սենեակին մէջ կ՛ընդունուին պետական եւ հոգեւոր պետերը, դեսպաններ եւ երեւելի անձնաւորութիւններ:

Դէպի աջ` վեհափառին ճաշասենեակը, ուր զետեղուած է հաւկթաձեւ երկար սեղան մը` 16 աթոռներով, վեհափառի հիւրերուն համար: Կեդրոնը կախուած է մեծարժէք պրոնզէ ջահ մը:

Քովի սենեակը` խոհանոց, արդիական սարքաւորումով, ապա` իր բոլոր յարմարութիւններով հիւրասենեակ-ննջասենեակ, հիւր հոգեւոր պետի յատուկ:

Կաթողիկոսարանի Բակի Աղբիւրը

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարի  հարաւային կողմը, մայրիներու շուքին տակ կը գտնուի սրբատաշ քարերով եւ երեք ծորակներով, հայկական ճարտարապետութեամբ նորակառոյց աղբիւրը:

Կառուցուած` Կիրակոս Կէօչէրեանի նուիրատուութեամբ, ի յիշատակ իր վաղամեռիկ կողակիցին` Լինտա Կէօչէրեանի:

 

Հ.

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Կին Դէմքեր. Պրիժիթ Մաքրոնի Անկեղծ Խոստովանութիւնները

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?