Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (19 Նոյեմբեր 1968)

November 19, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նոթեր Ու Նետեր

 Հրատապ Հարցեր
Ազատապաշտութիւն

Վրթանէս Փափազեան գրած է. ընդհանրապէս գնչուներու եւ մասնաւորպէս բոշաներու մասին, որոնք հայացած գնչուներ են` իւրացուցած մեր լեզուն ու դաւանութիւնը:

Ահաւասիկ յոյժ յատկանշական հատուած մը.

– «Ոչ մի ցեղ այնքան դիմացկուն, չարքաշ չէ, որքան գնչուն. նա հեշտութեամբ տանում է բոլորը, ցուրտը, որպէս եւ տաքը. ոչ մի կլիմայ չի ընկճում նրան. բոկոտն, ցնցոտիներով, գլխաբաց նա թափառում է ամէն եղանակի մէջ` չվախենալով ոչնչից: … Ամէն բանի դիմանում է, ամէնին վարժւում է: Միայն թէ ազատ լինի եւ անկաշկանդ. ահա գնչուի ամենացանկալի բանը աշխարհիս երեսին: Նա առանց ազատութեան մի օր չէ կարող ապրիլ. եւ ոչ մի հարստութիւն կամ փառք չի փոխել նրա հետ»:

Գնչուները ընդհանրապէս համարուած են տականքը մարդկութեան:

«Գնչու» բառը մարդիկ կը գործածեն իբրեւ նախատինք:

Կ՛ըսեն, թէ գնչուն գող է, ստախօս է ու խաբեբայ: Թէ անկարգ է, աղտոտ է ու կծծի:

Եւ սակայն, ինչպէ՞ս չգնահատել, չգովել, չսիրել, չյարգել ազատապաշտութիւնը գնչուին:

(Նաեւ անոնց մեծ տաղանդը յօրինողի եւ նուագահարի):

Գնչուները իրենց ազատապաշտութեամբ օրինակելի են բազմամիլիոն մարդոց, բազմաթիւ ժողովուրդներու, մանաւանդ համայնավարներուն համար:

Գնչուները իրենց ազատապաշտութեան արարողութիւնները կը կատարեն բնութեան մէջ` նուագելով, երգելով, պարելով ու թափառելով եւ դարպասելով:

Կը պաշտեն ազատութիւնը, որովհետեւ քաջ գիտեն, որ ազատութիւնը աստուածութիւն է, կամ աւելի ճիշդը` աստուածութիւնը ազատութիւն է:

Գնչու մը կ՛ըսէր.

– Տիեզերական օրէնքը շարժումն է: Չկայ կեանք, առանց շարժումի: Մարդիկ կը կարծեն, թէ կը շարժին: Մարդերը չեն, մեքենաներն են շարժողները: Մենք գնչուներս կը շարժինք եւ կը շարժինք ազատօրէն: Անշարժութիւնը, մանաւանդ անազատութեամբ, ամէն ինչ կը նեխէ: Ազատ շարժումը առաջին պայմանն է կեանքի: Շրջիլ, շարժիլ, տեղափոխուիլ անհրաժեշտ են. ապա թէ ոչ կը հոտինք:

Ու խորհեցայ.

– Արդեօք չհոտելո՞ւ համար է, որ համայնավարութիւնը անգամ մը եւս շարժեցաւ ու մտաւ Չեխոսլովաքիա: Բայց համայնավարութիւնը հոտած է ծնած օրէն ի վեր. իսկ հիմա, դիակ կը հոտի, որով շարժումը եւ տեղափոխութիւնը անօգուտ են իրեն համար:

Մոլոները Եւ Մենք

Աւելի քան կէս դար առաջ քանի մը եւրոպացիներ Ափրիկէի մէջ երեւան հանած են նախնական կենցաղ վարող ցեղ մը, որ կը կոչուի Մոլօ:

Այդ ցեղին պատկանողները առաւելապէս կը սնանին ձուկով:

Մոլօ խումբին բազմացած անդամներէն ոմանք որոշած են քաղաքակրթուիլ եւ քաղաքակրթել իրենց եղբայրներն ու քոյրերը` ընդունելով, ընդօրինակելով արդի դարուն ապրելակերպը:

Այլ խօսքով` որոշած են այլասերիլ:

Սակայն Մոլօ ցեղին պատկանող աւանդապահ անդամներ ալ կազմած են ընկերութիւն մը` յանուն ցեղապահպանումի: Բուռն պայքար պիտի մղեն ընդդէմ այլասերումի:

Պիտի դիմեն ազգապահպանումով զբաղած փորձառու գործիչներու` օգտուելու համար անոնց կարողութիւններէն:

Թէեւ հայերուս պարագան բոլորովին նման չէ մոլոներուն, սակայն, կը կարծենք, թէ կարգ մը հայեր կրնան օգտակար ըլլալ թէ՛ անոնց, թէ՛ իրենք իրենց:

Եթէ նոյնիսկ բան մը չկարենան սորվեցնել, հաւանական է, որ բաներ մը սորվին:

Կ՛ըսուի, թէ աւանդապահ մոլոները ամէնէն աւելի կը գուրգուրան իրենց լեզուին վրայ, զայն ըրած իրենց սրբութիւն սրբոցը: Եւ մոլոները աղքատիկ լեզու մըն է, որ ունի հազիւ հարիւրքսան բառ: Մենք գրեթէ վստահ ենք, որ հայերս կրնանք օգտուիլ մոլոներէն:

Հայերէնը

Լորտ Պայրըն շատ իրաւամբ ըսած է.

– «Աստուծոյ հետ խօսելու միակ լեզուն հայերէնն է»:

Հայերը դարերով Աստուծոյ հետ խօսած ու խնդրած են իրենց մեսրոպեան, իրենց մայրենի, իրենց մեծասքանչ լեզուով, սակայն, աղէ՜, պատասխան չեն ստացած:

Սա ալ ճշդենք, որ Աստուծոյ հետ խօսելու միակ լեզուն հայերէնն է, բայց գրաբարը:

Իսկ հիմա, մեր եկեղեցիներուն մէջ, ոմանք մեր կրօնաւորներէն, սկսած են գրաբարը վերածել ախարհաբարի:

Երբ Աստուած չպատասխանեց գրաբարին, վստահաբար կռնակ պիտի դարձնէր աշխարհաբարին:

Մեր եկեղեցիները սկսած են լքել Աստուծոյ հետ խօսելիք լեզուն: Մեր կրօնաւորներէն ոմանք դադրած են Աստուծոյ հետ յարաբերութիւն ունենալէ:

Կ՛ըսուի, թէ նոյնիսկ կան հայ եկեղեցիներ, ուր չի լսուիր հայերէն աշխարհաբարն անգամ, այլ կը գործածուի օտար լեզու:

Աստուած այդ եկեղեցիներուն ո՛չ միայն կռնակ դարձուցած, այլ ականջներն ալ փակած է:

Մեր աղօթքներուն ուղղութիւնը փոխուած է: Փոխանակ երկինք հասնելու, կը հոսի անապատներու կամ ծովերու մէջ:

ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ

ՀՅԴ Օրուան Տօնակատարութիւնը
Շիքակոյի Մէջ

Նոյեմբեր 9-ին, Շիքակոյի «Քոլոնիըլ Հաուզ»-ի մէջ տեղի ունեցած է ՀՅԴ օրուան տօնակատարութիւնը, խուռն բազմութեան մը ներկայութեան:

Բանախօսած են ընկերներ Երուանդ Քամառ եւ Թէտ Պոհիկեան, որոնք ներկայացուցած են հայ ժողովուրդի հարազատ զաւկին 78 տարիներու կեանքը, գործը, նպատակներն ու հաւատարիմ ծառայութիւնը մեր ժողովուրդին, հայ կեանքի բոլոր մարզերուն վրայ:

Գործադրուած է նաեւ օրուան պատշաճ գեղարուեստական յայտագիր մը: Ներկաները, ընդհանուր խանդավառութեան մէջ, հանդիսավայր մնացած են մինչեւ առաւօտեան ժամերը:

Մեծարանքի Գինեձօն
Ի Պատիւ Արսէն Երկաթի

Բանաստեղծ Արսէն Երկաթի գրական գործունէութեան յիսնամեայ յոբելեանին առիթով, Մոնրէալի Գրական շրջանակը գեղեցիկ գաղափարը ունեցած է ինք եւս պատուելու եւ իր մեծարանքի տուրքը տալու սփիւռքահայ վաստակաւոր բանաստեղծին` կազմակերպելով գինեձօն մը:

Մոնրէալի Գրական շրջանակը կազմուած է Մերձաւոր Արեւելքէն եւ Եւրոպայէն եկած մօտ 30 երիտասարդ-երիտասարդուհիներով, որոնց հասարակաց գիծը գեղեցիկին եւ ճշմարիտին սէրն է:

Անդամի մը տունը հաւաքուած անդամ-անդամուհիները վայելքն ու պատիւը ունեցած են մեծարելու բանաստեղծ Արսէն Երկաթը: Կոկիկ յայտագիրէ մը ետք տեղի ունեցած է զրոյց բանաստեղծին հետ` իր գործերուն մասին, նաեւ ընդհանրապէս հայ կեանքի վերաբերեալ զանազան հարցերու շուրջ:

Ներկաները հիւրասիրուած են գինիով: Զրոյցի ընթացքին, բանաստեղծ Արսէն Երկաթ տեղեկութիւններ տուած է իր գրական նախափորձերուն մասին: Պատասխանած է նաեւ իրեն ուղղուած հարցումներուն` իր երկերուն առնչութեամբ: Եղած են ընթերցումներ իր գործերէն, ինչպէս նաեւ ինքնաբուխ արտասանութիւններ հայ այլ բանաստեղծներէ:

Ազգային եւ գրական հարցերու շուրջ մտքերու փոխանակութիւն մը տեղի ունեցած է, որ հետաքրքրութեամբ տեւած է մինչեւ ուշ գիշեր: Հայ լեզուն անհրաժեշտ մէկ արտայայտութեան միջոցը նկատուած է հայ մշակոյթը տեւականացնելու ընդհանրապէս հայապահպանման տեսակէտէն: Շեշտը դրուած է հայ դպրոցին կատարելիք դերին վրայ:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Մենք Դեռ Կ՛ապրինք Հայերու Կտուրներու Տակ». Կարսի Քիւրտերը Կը Պատմեն Հարեւաններու Մասին

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.