Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (14 Նոյեմբեր 1968)

Նոյեմբեր 14, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հայաստան

Սիամանթոյի Նամակները

Հայաստանի Գրականութեան եւ արոեւստի թանգարանը տպագրութեան պատրաստած է Սիամանթոյի (Ատոմ Եարճանեան) 100 նամակները, որոնք տեղ պիտի գտնեն Գրական ժառանգութիւն» հերթական հատորին մէջ:

Մշակոյթի օճախի գիտաշխատող Գոհար Ազնաւորեանը կը գտնէ, որ մօտաւոր հաշւումներով, բանաստեղծը պէտք է գրած ըլլայ մօտ 350 նամակ, որոնցմէ միայն 100-ը յայտնի են:

Պահպանուածները հասցէագրուած են բանաստեղծի ծնողներուն, քոյրերուն եւ եղբօրը:

Հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն հայ անուանի մտաւորականներուն ուղարկուած նամակները: Միայն 48-ը ստացած է Ա. Չոպանեանը: Բանաստեղծը կապեր ունեցած է` Զապէլ Եսայեանի, Յովհաննէս Թումանեանի, Ալեքսանդր Շիրվանզադէի, Կոստան Զարեանի եւ ուրիշներու հետ:

Նամակներուն մէջ Սիամանթօ կը պատմէ իր աշխատանքի ծանր պայմաններու մասին, կ՛արծարծէ գրականութիւնը հետաքրքրող հարցեր:

Բանաստեղծը մեծ հեղինակութիւն վայելած է նաեւ Կովկասի մէջ եւ մշտապէս փափաքած է ըլլալ այնտեղ: Ան Կովկաս այցելած է 1913-ի վերջերը: Այստեղ բանաստեղծը ընտրուած է Կովկասի Հայ գրողներու միութեան պատուոյ անդամ:

Սիամանթօ եղած է Էջմիածնի եւ Օշականի մէջ, այցելած է Մեսրոպ Մաշտոցի գերեզմանը: Պաքուի մէջ, տեղւոյն հայրենակիցներուն խնդրանքով, բանաստեղծին կեցութիւնը երկարաձգուած է: Ան Կովկասէն մեկնած է 1914-ի սկիզբը:

«Արարատ»-ի Յաղթանակը

Խորհրդային Միութեան առաջնութեան մրցաշարքին Երեւանի «Արարատ» ֆութպոլի խումբը Երեւանի մարզադաշտին վրայ իր 11-րդ յաղթանակը տարաւ Կույրիշեւի «Կրիլիա Սովետով» խումբին դէմ:

Ելեկտրահաղորդման Նոր Գիծ

Հայաստանի ելեկտրական ցանցի շինարարները աւարտեցին Երեւան-Եղէգնաձոր բարձր լարման ելեկտրահաղորդման գիծի կառուցումը, որ ունի 91 քիլոմեթր երկարութիւն:

Ներկայիս սկսած է այլ հոսանքատարի մը շինարարութիւնը, որ Եղէգնաձորէն կ՛երկարի մինչեւ Շենուհայր (Գորիսի շրջան):

Զաքարիա Քանաքեռցին` Ռուսերէն

Մոսկուայի «Գիտութիւն» հրատարակչատունը «Արեւելքի ժողովուրդներու գրական յուշարձանները» մատենաշարով լոյս ընծայած է 17-րդ դարու պատմիչ Զաքարիա Քանաքեռցիին «Պատմութիւնը»:

Գիրքը հայ ժողովուրդի պատմութեան մեծ ժամանակաշրջանի` 17-րդ դարու երկրորդ կէսի եւ 18-րդ դարու նկարագրութիւնն է: Անոր մէջ տրուած են Հայաստանի, Անդրկովկասի միւս երկիրներու, իչնպէս նաեւ Պարսկաստանի տնտեսական կեանքին մէջ տեղի ունեցած կարեւոր իրադարձութիւնները:

«Պատմութիւնը» հարուստ տեղեկութիւններ կը պարունակէ հայ ժողովուրդին մղած պայքարի մասին, որուն դրուագներէն շատերուն հեղինակը ականատես եղած է:

Քանաքեռցիին «Պատմութիւնը» հայերէն լոյս տեսած է անցեալ դարու վերջերուն: Ռուսերէն կը հրատարակուի առաջին անգամ:

ԵՐԵՒԱՆԻ ՀԵՌԱՏԻՊ

 

Ամմանի
Նորակառոյց Եկեղեցին

Ամմանի Ս. Թադէոս նորակառոյց եկեղեցւոյ օծման առիթով Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի դիւանէն ստացուած հաղորդագրութենէն կը քաղենք հետեւեալը.

Հոկտեմբերի 27-ի կիրակին ուրախութեան եւ ցնծութեան մեծ օր մը եղաւ Ամմանի հայութեան համար: Երկար տարիներու սպասումէ ետք իրականութիւն դարձաւ այս գաղութին եկեղեցի մը ունենալու մեծ երազը:

Իր գոյութենէն ի վեր Ամմանի հայ գաղութը ունեցած էր դպրոց մը եւ մատուռ մը` վարձուած տունի մը մէջ: Նեղ, անյարմար եւ անպաճոյճ դպրոցին ու եկեղեցիին վիճակը Ամմանի իւրաքանչիւր հայու հոգիին մէջ ստեղծած էին երազային պատկերը` ունենալու օր մը արդիական դպրոց եւ շքեղ եկեղեցի: Երկուքն ալ իրականութիւն են այսօր` շնորհիւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան:

Հինգ տարիներ առաջ կանգնեցաւ դպրոցի հոյակապ շէնքը:

Այսօր, դպրոցին կողքին, հայկական ոճով բարձրացող շքեղ տաճարը կը նայի Ամմանի Էշրեֆիէի նոյն լերան վերէն` հաշիմական մայրաքաղաքին, շնորհիւ նիւեորքաբնակ ծանօթ բարերար Յարութիւն Թադոսեանի իշխանական նուիրատուութեան:

Եկեղեցւոյ օծումը կատարելու համար ուրբաթ, 25 հոկտեմբեր, Երուսաղէմէն յատկապէս ժամանեց պատրիարք Եղիշէ արքեպիսկոպոսը` իր շքախումբով: Պատրիարքը եւ իր շքախումբը դիմաւորուեցան յորդանանեան կառավարութեան կողմէ:

Շաբաթ, 26 հոկտեմբեր, ժամը 8:30-ին «Ֆիլատելֆիա»-ի մեծ սրահին մէջ Ամմանի Մարմնամարզական միութիւնը  սարքեց ճաշկերոյթ մը` ի պատիւ պատրիարք սրբազանին եւ բարերարներուն:

Կիրակի առաւօտ, եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը սկսաւ ժամը 9:00-ին: Երկու ժամ խուռներամ հաւատացեալները ապրեցան աղօթքի եւ վերացումի պահեր: Ս. պատրիարքը  այս առթիւ խօսեցաւ իր պերճախօսութեամբ յորդուն քարոզներէն մէկը` բնաբան ունենալով «Ողորմեա՛, եկեղեցի շինողաց»:

Պատարագէն ետք կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` բարերար տէր եւ տիկին Թադոսեաններու ծնողաց եւ վաղամեռիկ դստեր հոգիներուն համար:

Յաւարտ Ս. պատարագի, քոյր եկեղեցիներու առաջնորդներն ու ներկայացուցիչները, որոնք փափաքած էին անձամբ ներկայ ըլլալ արարողութեան, հիւրասիրուեցան դպրոցի սրահին մէջ:

Կիրակի, կէսօրէ ետք, ՀՄԸՄ-ի վարչութիւնը թէյասեղան մը կազմակերպած էր ի պատիւ սրբազան պատրիարք հօր եւ տէր եւ տիկին Յ. Թադոսեաններու: Այս առթիւ խօսք առին տէր եւ տիկին Յ. Թադոսեանները` խանդավառելով ներկաները: Սրբազան պատրիարք հայրը, առ ի գնահատանք, Ս. Յարութեան Ա. կարգի շքանշանով պարգեւատրեց եկեղեցւոյ ճարտարապետ Տիրան Ոսկերիչեանը:

Նոյն գիշեր պատրիարք սրբազանը հրաւէր ուղղած էր Յորդանանի վարչապետ Պահժաթ Թալհունիին, նախարարներուն, եկեղեցական պետերուն եւ Ամմանի ազգայիններուն` իրեն հետ ընթրելու «Էլ-Ուրտոն» հիւրանոցին մէջ, ի պատիւ տէր եւ տիկին Յարութիւն Թադոսեաններու:

Ընթրիքէն առաջ վարչապետը յանուն Հիւսէյն թագաւորին` յորդանանեան բարձրագոյն կարգի շքանշան «Ալ-Նահտա»-ով զարդարեց եկեղեցւոյ բարերար` Յարութիւն Թադոսեանին կուրծքը` ներկաներու խանդավառ ծափողջոյններուն մէջ:

Պատրիարք սրբազանը յայտնեց իր զգացուած շնորհակալութիւնը: Յարութիւն Թադոսեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց կառավարութեան` իրեն ընծայուած պատիւին համար, իսկ սրբազան պատրիարքին  իր շնորհակալութիւնը յայտնեց` ընծայելով ադամանդեայ գեղեցիկ խաչ մը:

Յաջորդ օր, ժամը 2:30-ին, պատրիարք սրբազանը այցելեց Հիւսէյն թագաւորին եւ յայտնեց իր եւ հայ ժողովուրդի շնորհակալութիւնը` եկեղեցւոյ օծումին եւ ամէն առթիւ հայութեան ընծայուած հոգածութեան համար:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?