Օրինակը` Պոլսէն…
Շա՜տ բան անշքացած կրնայ ըլլալ պոլսահայութեան կեանքին մէջ, երբ մանաւանդ Երէ՛կը չափանիշ ընդունինք Այսօրը արժեւորելու համար:
Սակայն հայկական արտասահմանի ո՞ր շրջանը բանով մը տժգունած չէ կամ ձեւով մը այլայլած չէ` բաղդատաբար անցեալին: Ու արդեօ՞ք ճիշդ կը տեսնենք իրականութիւնը, երբ երէկուան պայծառութիւնները մթագնած ըլլալ կը թուին մեզի, կամ անցեալի մեծութիւնները փոքրոգութիւններով փոխարինուած կը գտնենք…
Մարդիկ առհասարակ հակամէտ են սխալելու, երբ հին ու սիրելի յիշատակներ ունին իրենց հոգիին մէջ եւ ապրուած կեանք մը ձգած են իրենց ետին:
Ընդունելով հանդերձ, որ ժամանակը եւ պայմանները կը դաւաճանեն ազգային մեր կենսունակութեան ազատ աճումին ու կ՛աղարտեն բարոյական իմացումներու հարուստ ժառանգ մը, իրաւունք չենք զգար սակայն պնդելու, որ մեր գնահատութիւնները անվրէպ են միշտ, եւ աւազախրումը փաստ մըն է արդէն մեր ժողովուրդին համար:
Մեր այս հաւատքը կ՛ամրանայ անգամ մը եւս, երբ վաղնջական ոստանէն դէպի մեր ափերը արձագանգ կը գտնեն մեծութեան նոր ապացոյցներ, խոր գիտակցութիւնը ազգային եւ մշակութային արժէքներու, եւ յարգանքն ու գուրգուրանքը հանդէպ մտքի եւ կրթութեան մշակներու:
Արտասահմանեան մամուլը անվերապահ հրճուանքով ողջունեց, արդարեւ, Թրքահայ ուսուցչաց միութեան եւ Ուսուցչաց հիմնարկի նախաձեռնութիւնը` հրապարակային վայելուչ ու սրտագրաւ հանդիսութեամբ մը համաժողովրդային յարգանք ընծայելու վաստակաւոր 45 ուսուցիչ¬ուսուցչուհիներու, որոնք Պոլսոյ զանազան կրթական հաստատութեանց մէջ 40-50 տարիներու հերկ ու ցանք են կատարած, յաջորդական սերունդներու մտքին աւիշ եւ հոգիին թռիչք են տուած. դաստիարակած են անոնց բարոյական անձը ու ապրումով եւ խանդաղատանքով հակած են իրենց խնամքին յանձնուած տունկերու եւ հասկերու վրայ` ապագայ խորշակներու եւ հաւանական ամայութեանց վտանգը խափանելու համար, եւ …
Եւ` ահաւասիկ, անոնց առօրեայ մաշումով եւ գուրգուրանքով հասակ առած, արմատ արձակած ու ոստալից ծա՜ռ տարածուն դարձած սերունդն է, որ այսօր կու գայ առողջ գիտակցութեան շօշափելի փաստը տալու:
Անոնք, որոնք երիտասարդութեան արեւով ու կանաչով կու գան զարդարել յոգնատանջ գլուխները կիսադարեան զոհաբերութեամբ հարուստ Հայ Ուսուցչութեան, երէկուան ծղօտներն ու ընձիւղնե՜րն են, երբեմնի մանուկ ու պատանի սերունդները, որոնք ուսման եւ գիտութեան բարձրագոյն աստիճաններու վրայ հպարտօրէն կանգնելու իրաւունքն են շահած` ո՛չ այնքան իրենց ոսկեզօծ վկայականներով, որքան` ասպետական հոգիո՛վ, երախտամոռ չըլլալու, եւ ալեւորած գլուխներէ կամ կորացած քամակներէ անդին` անժանգ եւ անթարշամ հոգիներու մեծութիւնը միայն տեսնելու իրենց պայծառատեսութեամբ:
Ո՞վ տուած է այս փայլը անոնց հոգիին, ո՞վ զանոնք բարձր պահած է ոչ միայն կեանքի առօրեային հանդէպ, այլեւ ու մանաւանդ` բարոյական իմացումներու այնքա՜ն լպրծուն զառիթափերուն վրայ…
Պոլի՛սն է, աւանդական իր պաշտամունքովը` հանդէպ գրին, կրթութեան եւ լոյսին, որ, հակառակ մարդկութիւնը խռովող ու մեր ժամանակներուն յատուկ ընկերային տագնապներուն, անոնց ներքին էութեան մէջ աւիշ է տուած հի՜ն ու յաւերժ ոգեկոչելի գեղեցիկ սկզբունքներուն, սիրոյ ու յարգանքի զգացումներուն, Հայ Դպրոցն ու Հայ Ուսուցիչը նուիրականութիւններ հռչակելու հինաւուրց դաւանանքին:
Թրքահայ ուսուցչութեան ընծայուած այս պատիւը, բարոյական իր իմաստին հետ ուղիղ համեմատական թափով մը, նաե՛ւ նիւթական արտայայտութիւն կը գտնէ. ու հո՛ս է մեր տուեալը հաւատալու, որ նախաձեռնողները վճռած են հերքել պարոնեանական կամ եղիայական աւանդութիւնը. «Անիծեա՜լ ըլլաս` հայ վարժապե՛տ ըլլաս»…
Թրքահայ ուսուցչութեան ներկան բարելաւելու եւ ապագան ապահովելու ազնիւ կիրքով մը, Ուսուցչաց միութիւն եւ հիմնարկ, ձեռք ձեռքի ու սիրտ սրտի, քանի մը տարուան մէջ յաջողած են արդէն գործի վերածել նիւթական ապահովութեան, հանգստեան թոշակի եւ հանգստեան տան մը համար իրենց մշակած ծրագիրներու կարեւոր մէկ մասը` առանց յիշատակելու ուսուցիչներու պատրաստութեան, թոշակներու բարձրացման, դասագիրքերու պատրաստութեան եւ առհասարակ կրթական մշակներու ընդհանուր զարգացման համար անհրաժեշտ տուեալներու ապահովումը:
Չենք վարանիր յայտնելու, որ արտասահմանեան ոչ մէկ գօտիի մէջ այսքան ամբողջական կերպով ու հետեւողական եւ ծրագրուած աշխատանքով սեւեռումի նիւթ դարձած է հայ ուսուցչութեան ներկան ու ապագան: Եւ եթէ սորվելու տրամադիր մարդիկ կան, կը շեշտենք, օրինակը Պոլսէ՛ն կը տրուի մեզի, ու լաւ է, որ հետեւինք թրքահայ մեր եղբայրներուն ու յատկապէս` երիտասարդ ուսուցիչներու փաղանգին, վարկ ու արժանապատուութիւն վերապահելու համար անո՛նց, որոնք իրենց բովանդակ կեանքը նոյն այդ սկզբունքներու տարածման ի սպաս են դրած:
Կեանքը սրարշաւ կ՛ընթանայ ու ընկերային հարցերուն լուծում տալու կերպերը հիմնովին կը փոխուին: Մենք, տարաբախտօրէն, կառչած կը մնանք հին երկչոտութիւններու, հին վարանումներու, հին ունակութիւններու եւ սովորութեանց: Կրնանք մեր ժողովուրդի առհաւական պաշտամունքը հնչուն հարստութեան վերածել, եթէ ամէն բանէ առաջ հաւատքը ունենանք մեր գործին ու գտնենք կերպը` զօրաշարժ ստեղծելու հոգիներու մէջ:
Պոլսոյ հայութիւնը ա՛յս դասը կու տայ մեզի: Միամտութի՞ւն պիտի ըլլար մաղթել, որ հի՜ն ոստանին այս պայծառ ու արեւոտ երկինքը բաժին իյնայ նաեւ հայկական արտասահմանի միւս գօտիներուն, արեւելեան թէ արեւմտեան կո՜ղմն աշխարհի…
Մ. ԹԷՕԼԷՕԼԵԱՆ
 
			