Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (27 Նոյեմբեր 1968)

Նոյեմբեր 27, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Առիւծասիրտ Ազգային Հերոս
Մ. Թորլաքեանի Մասին

Քանի մը օր առաջ (նոյեմբեր 12), Լոս Անճելըսի մէջ այս աշխարհէն հրաժեշտ առած առիւծասիրտ ազգային հերոսը` Միսաք Թորլաքեան, 1963-ին, Պէյրութի մէջ, երկրորդ տպագրութեամբ լոյս ընծայած էր իր «Յուշերը»` «Օրերուս հետ» խորագրով:

Այդ գրքին մէջ, բազմավաստակ հանրային գործիչ ու գրագէտ Մալխաս, Թորլաքեանի հայրենակիցը, «Յառաջաբանի տեղ» խորագրով գրութեամբ մը կը ներկայացնէ Թորլաքեանի ծննդավայրը, ընտանիքը, հերոսը եւ գործը:

Ստորեւ կու տանք քաղուածք մը Մալխասի այդ գրութենէն:

«1921 յուլիս 18-ին Բերայի Բըթի Շան թատրոնէն դուրս կը հոսէր հոծ բազմութիւն մը, երբ երիտասարդ մը դժուարութեամբ ճամբայ բանալով` մօտեցաւ վեց անձերէ բաղկացած խմբակի մը, որ կ՛աճապարէր Բերա Բալաս հիւրանոցը (պանդոկ) մտնել եւ յաջորդաբար երեք անգամ կրակեց բարձրահասակ, թիկնեղ մարդու մը վրայ եւ օգտուելով տիրող իրարանցումէն` յաջողեցաւ փախչիլ:

Մայթին վրայ ինկած էր արիւնլուայ վիրաւոր մը: Անմիջապէս վրայ հասաւ ոստիկանութիւնը, շրջապատեց խմբակը, մինչ բազմութիւնը խռնուեցաւ մօտէն տեսնելու համար վիրաւորը:

Հազիւ քանի մը վայրկեան անցած, երիտասարդը վերադառնալով` աջ ու ձախ հրեց բազմութիւնը, մօտեցաւ վիրաւորին, անգամ մը եւս կրակեց անոր վրայ: Ոստիկանները ձերբակալեցին երիտասարդը:

Փողոցը, մայթին վրայ, արիւնի լճակներուն մէջ տապլտկող վիրաւորը Ազրպէյճանի ներքին գործոց նախկին նախարարն էր, Պեհպուտ Խան Ճիվանշիրը:

Երբ Պաքուն պաշտպանող հայկական ուժերը այլեւս անկարող դարձան քաղաքը պաշտպանելու թրքական կանոնաւոր բանակի եւ շրջանի բազմահազար պաշըպոզուքներուն դէմ, մանաւանդ երբ անգլիական ուժերն ալ քաշուեցան քաղաքէն, այլեւս Պաքուն պաշտպանելը անկարելի համարելով, անոնք ալ նաւերով հեռացան դէպի Պարսկաստան` քաղաքի հայութեան մեծ մասը ձգելով իր ճակատագրին հետ:

Ամբողջ շաբաթ մը տեղական ու շրջանի թրքութիւնը ազատ ասպարէզ գտաւ անհնարին վայրագութեամբ թալանելու, կոտորելու անպաշտպան հայ ժողովուրդը: Մօտ 30 հազար հայեր ջարդուեցան Պաքուի մէջ, մէկ շաբթուան ընթացքին:

Այդ հրէշային կոտորածի ղեկավար ոգին, կազմակերպողը, Պեհպուտ Խան Ճիվանշիրն էր, որուն պաշտօնական հրամանագրով ամբողջ հայ ժողովուրդը «օրէնքէ դուրս» յայտարարուեցաւ:

Ահա այսպէս, Բերայի մայթին վրայ ինկած էր երբեմնի ամենազօր Պեհպուտ Խան Ճիվանշիրը` արժանի վարձատրութիւնը ստանալով իր կատարած չարագործութեան համար:

Ներկայ հատորը, անձի մը կեանքը ներկայացնելէ աւելի, ամբողջ շրջանի մը, յեղափոխական, հասարակական, ընկերային, կենցաղական պատկերն է, լուսարձակ մը, որուն ճառագայթներուն տակ ամբողջութեամբ կ՛երեւայ Շանայի շրջանի իրական դիմագիծը` իր դրական ու բացասական կողմերով:

Ոչ ոք կրնար ա՛յնքան հարազատօրէն ներկայացնել այդ շրջանի պատկերը, որքան` Միսաքը, որ ծնած ու մեծցած Կիւշանայի մէջ, հօրեղբօրը` Արիստակէս քահանայի թեւին տակ, մանկութենէն սկսած, ապրեցաւ շրջանի ալեկոծ կեանքը:

Աւելի՛ն. Թորլաքեաններու տունը կը համարուէր շրջանի յեղափոխական եւ հասարակական գործիչներու կեդրոնը: Հո՛ն կը գումարուէին ղեկավար մարմինի ժողովները: Հո՛ն ընթացք կը ստանային շրջանի բոլո՛ր հարցերը:

Թէեւ դեռ մանուկ Միսաք սուտ քուն ձեւանալով` մեծ ուշադրութեամբ կը լսէր բոլո՛ր խօսակցութիւնները, տրուած որոշումները, եթէ որ շատ ալ բան չէր հասկնար խօսուածներէն:

Ասով մէկտեղ, անոր մանկական հոգուն մէջ զօրաւոր չափով զարգացաւ ազգին ծառայելու, յեղափոխական զինուոր լինելու բուռն ցանկութիւնը, որ անոր ամբողջ կեանքին առաջնորդող իտէալը դարձաւ:

Անժամանակ հասունցած, շրջապատի ազդեցութեան տակ, ան դեռ տասներեք տարեկանին, բոլորովին ինքնագլուխ` կը փորձէր տեռորի ենթարկել ազգի դաւաճան մը, որուն մասին եղած խօսակցութիւնը լսած էր, երբ ղեկավար մարմինը կը խորհրդակցէր այդ մասին:

Տարիներու հետ Միսաքը կը մասնակցի յեղափոխական եւ հասարակական աշխատանքներու եւ դեռ հազիւ տասնեօթը տարեկան` կ՛ընտրուի Կիւշանայի վարժարանի հոգաբարձու:

***

… Միսաք Թորլաքեան ապրեցաւ փոթորկալից կեանք մը` որպէս յեղափոխական զինուոր, տեռորիստ, հասարակական գործիչ, խմբապետ, բայց այս բոլորէն վեր` որպէս ՀՅ Դաշնակցութեան նուիրուած զինուոր:

Միսաք եղաւ ամէն տեղ, ուր որ ազգային պարտականութիւնը զինքը կանչեց, Տրապիզոնի լեռներէն մինչեւ Սարիղամիշ, մինչեւ մեր անկախութիւնը դարբնող Բաշ Ապարանի ճակատագրական պատերազմը, ուր եւ ծանրապէս վիրաւորուեցաւ:

«Օրերուս հետ» գրքի էջերուն մէջէն կարմիր գծով կ՛անցնի Միսաք Թորլաքեանի նկարագիրը յատկանշող զօրաւոր մէկ կողմը: Անսահման նուիրում, անհաշիւ պատրաստակամութիւն զոհաբերութեան, ազգային-յեղափոխական իտէալներուն: Ո՛չ սակարկութիւն, ո՛չ փառքի հետապնդում, այլ ֆանաթիկ մղում մը` ժողովուրդ-ազգին ծառայելու, անոր տալու ամէն ինչ` որ ինքը ունի:

Նկարագրի այս բնորոշ գիծը անոր մէջ երեւան կու գայ մանկութենէն:

… Պեհպուտ Խան Ճիվանշիրի տեռորի կատարումին մէջ, յատկանշական պարագան այն է, որ Միսաք, չարագործը տապալելէ ետք, անգամ մըն ալ կը վերադառնայ, երբ ազատուած էր հետապնդումէ, ու անգամ մըն ալ կը կրակէ մահամերձ վիրաւորին վրայ:

Այս աքթը միայն բաւական է` ներկայացնելու անոր նկարագրի ուժգնութիւնը, անոր ըմբռնողութիւնը պարտականութիւն մը կատարելու մասին: Կրկին անգամ վերադարձ վիրաւորին մօտ, ինքնին կը ներկայացնէ Միսաք Թորլաքեանը, եթէ որ անոր կեանքի մասին բան մըն ալ չգիտնայինք:

ՄԱԼԽԱՍ
(Արտաշէս Յովսէփեան)

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Յաւերժական Երուսաղէմ – 8. Ծառուկեան Ու Եղիվարդ Դէմ Առ Դէմ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?