Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (6 Դեկտեմբեր 1968)

Դեկտեմբեր 6, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վարուժան Խտըշեանի
Վերադարձին Առիթով

Վարագոյրը բացուեցաւ «Լեւոն Շանթ» Համազգայինի թատերախումբի` բեմադրութեամբ Վարուժան Խտըշեանի, իրեն հետ բանալով նոր էջ մը լիբանանահայ թատերական պատմութեան մէջ:

Միշտ յոյսերով ապրած է թատերասէր հասարակութիւնը` բոլոր ժամանակներուն, միշտ աւելի լաւը տեսնելու ցանկութեամբ:

Վարագոյրը կը բանայ, մեծ ցնծութեամբ, Գասպար Իփէկեան` ի մեծ ցնծութիւն բոլոր հայ վարպետներուն: Իր բոցավառած մթնոլորտին մէջ հասունցաւ ու նուիրումի ոստումով եւրոպական մեծ ոստանի արդի դպրոցով կատարելագործեց իր կարողութիւնները Վ. Խտըշեան: Տարիներու հետեւողական աշխատանքէ մը ետք վերադարձաւ իր ժողովուրդին` դառնալու ամբողջական նուիրեալ մը հայ թատրոնին:

Մեր գաղութի յիսնամեայ պատմութեան մէջ առաջին անունն է ինք, որ թատերական արուեստին ամբողջովին տիրացած, ամբողջական նուիրումով մը կը նետուի ասպարէզ: Այդ պատճառով մեծ է մեր ուրախութիւնը:

Իր վերադարձը դէպի իր ժողովուրդը մեզի կը վստահեցնէ, որ կը գտնուինք գերազանցօրէն նուիրեալ, գիտակցօրէն զօրացած, ուսման ու դաստիարակման կրակներով արժէքաւորուած արուեստագէտ գարունի մը դիմաց, որուն ստեղծած կեանքով պիտի ծնի բազմերանգ սերունդ մը, թատերական խանդով ու իր մշակոյթով երջանիկ հասարակութիւն մը…

Գալիք բոլոր գիշերները հայ հասարակութիւնը պիտի փութայ թատրոն եւ հոն պիտի գտնէ  շատ բան, որմէ պիտի սնանի ու խաղաղի, հպարտանայ ու հրճուի: Երբեմն գաղտնի արցունք մը զինք պիտի մարդացնէ ու ներդաշնակութեան ալիքի մը մէջ զուարթացնէ:

Գաղափարական նուիրեալ սերունդի մասին յաճախ կը խօսուի, ահաւասիկ այս դարուն, գիտութեան ու ճարտարարուեստի, մասնագիտութեան եւ դրամադիզութեան այս ժամանակաշրջանին, նուիրեալ երիտասարդ մը, թատրոնի ստեղծած քրտինքովը հարուստ, Եւրոպայի լոյսերը կը փոխադրէ իր ժողովուրդի կեանքին:

Վ. Խտըշեան իր գործելու միջավայրը ընտրած է Պուրճ Համուտը, լիբանանեան հայ քաղաք մը, ուրկէ լեցուն փեթակներ պիտի քաղցրացնեն լիբանանահայ թատրոնը` տարածելու համար սփիւռքի հայաշատ կեդրոնները: Համախմբած է իր շուրջ հաւատաւոր երիտասարդութիւն մը, իրմով Համազգայինի ակումբը դարձած է իր կոչումին ծառայող իրական միջավայր մը:

Նոր սերունդը լոյս ու տաքութիւն կը փնտռէ, ամէն անհատ` իր հակումներով: Այսօր, երբ շարժանկարի եւ պատկերասփիւռի առջեւ ժամեր կ՛անցընենք, անկասկած ինքնածին տաղանդներու ալիք մը պիտի բարձրանայ վաղուան բեմերուն վրայ: Այդ բարձրացումները ստեղծող ու գեղեցկօրէն դարբնող ձեռնտու հնոց մըն է Պուրճ Համուտի Համազգայինի այսօրուան ակումբը: Վ. Խտըշեան գիտցաւ իջնել իր ժողովուրդի հոգիին մէջ` զոհողութեան անհաշիւ չափերով…

«Էն ի՞նչ շունչ կ՛ըլլի, որ էս նոր հոգին
Փչի վեր կացնի քնից մեր ազգին,
Էն ի՞նչ ձեռք կ՛ըլլի, որ մեր աշխարհքին
Էլ ետ սիրտ տայ կանգնացնի կրկին»:

Ամէն ասպարէզ իր վարպետին պէտքը ունի. ամէն դաշտ` զինք մշակողին, իսկ «մշակը արժանի է վարձու իւրոյ»: Մեր ներկայութեամբ, մեր արդար հետաքրքրութիւնով, մեր ազնիւ կեցուածքով լաւագոյն վարձքն է, որ տուած պիտի ըլլանք Համազգայինի տղոց, որոնք Վարուժանի ղեկավարութեամբ պիտի դարբնուին ու ճոխացնեն հայ բեմը:

Արթիւր Միլլըրի «Սալեմի վհուկները» ներկայացուցած ատեն եօթը գիշերներ հայ ժողովուրդը եկաւ ծափահարելու իրեն համար վերադարձած իր զաւակին ու անոր շուրջ բոլորուած Համազգայինի տղոց ու վարչութեան արթնամիտ շարժումին:

Եօթը օրերու բեմադրութեամբ, Խտըշեան եւ իր խումբը եկան հաստատել, որ նոր աւիշ ու արիւն կը բերեն հայ թատրոնին. այս սկզբնաւորութեամբ լաւատես շունչ մը կը ստանանք: Նորակազմ խումբ մը, երբ այս յանդգնութեամբ ու արժեթուղթերով մուտք  կը գործէ թատրոնի պատմութեան մէջ, չենք կրնար անտարբեր մնալ ու չծափահարել անոր կեանք տուողներուն: Վարուժան եւ «Լեւոն Շանթ» թատերախումբը իրենց անսակարկ նուիրուածութեամբ, իրենց պատրաստակամութեամբ  յարգանք կ՛առթեն բոլորին:

Համազգայինի տղաքը յաջող մուտք մը արձանագրեցին` շնորհիւ իրենց բեմադրիչ-դերուսոյցին, որ յաջողած էր սկսնակ ուժերու մէջ աճեցնել ինքնատիպ արտայայտութիւն մը: Սկսնակներուն ներելի քանի մը տկարութիւններ շուտով կը սրբագրուին:

Բնութեան մէջ միշտ նոր հասած ծառերէն կը սպասուի աւելի պտղաւորում, ու այդ շրջանի առողջ հունին մէջ է մտած «Լեւոն Շանթ» թատերախումբը, որուն շուրջ հաւաքուած երիտասարդութեան մէջ կը հանդիպինք շատ մը խոստմնալից անուններու, որոնց յարատեւութեան շնորհիւ ու ստեղծած ծափերու տարափէն պիտի արթննայ Լեւոն Շանթ թատերագիրը ու հանրային գործիչը` ժամանակակից հասարակութեան մէջ վերապրելու աւելի ճշմարիտ, քան երբեւիցէ: Շնորհաւորելի աշխատանք` սփիւռքի հայ թատրոնի պատմութեան համար:

Հիմա, «Սալեմի վհուկներ»-ու ներկայացումէն կարճ ատեն մը ետք, երկրորդ ներկայացման վարագոյրն է, որ կը բացուի հայ հասարակութեան առջեւ` աշխարհահռչակ թատերագիր Անտոն Չեխովի չորս պատկերներով: Պէյրութահայութիւնը առաջին անգամ է, որ կը վայելէ Չեխովը: Իբրեւ հանդիսատես` կը տարուիս մտածելու, թէ ինչպիսի՛ միջազգային արժէքներ կան, որոնք դարերէ ի վեր կը յղկեն մարդկային հոգին, իսկ հայ թատրոնն ու հանդիսատեսը զրկուած են այդ բարիքէն: Միամտաբար կը կարծէինք, որ թատերանիւթեր չկան հայ կեանքը հետաքրքրող, մինչդեռ առօրեայ կեանքով կարելի է ապրեցնել հայ թատրոնը` միջազգային նուաճումներու հաղորդակից դարձնելով հասարակութիւնը, վկայ` «Լեւոն Շանթ» թատերախումբին երեկոները:

Մեզի անհրաժեշտ իմաստուն ղեկավարութեամբ հայ թատրոնի յարատեւութեամբը շահախնդիր կորիզն է: Պարարտ հողի յատկութեամբ լեցուն են հայ սերունդները, հազարաւոր ուսանողութիւն, հարիւրաւոր շրջանաւարտներ դուրս կ՛ելլեն վարժարաններէն: Այսօր, աւելի քան երբեւիցէ, բեմն է, որ կը տիրապետէ նկարագիրներու: Վայելքի ներշնչման հետ կը հասնի թատրոնէն արձակուած նշդրակը` դարմանելու համար մարդկային բազմազան տկարութիւնները, որոնք չենք  խոստովանիր ո՛չ քահանային, ո՛չ արքային… սակայն մենք մեր էութեանը մէջ շատ բան կ՛արթնցնենք կամ ամօթով մը կ՛ուզենք ծածկել: Անխոստովանելի ճշմարտութեանց ճաշակումը մեզ կը մղէ ինքնակշիռ քննադատութեան, ուր ներկայ է մարդկային վսեմ ու արդար դատողութիւնը, ներքին մեր զգացումները եթէ կոշկոռ կապած չեն, պիտի գտնեն իրենց առողջարար սնունդը, կաշիացած մորթ մը ցաւէն դժուար թէ արիւնի… Նման կենսական աշխատանքներու համար պետական վարկեր կ՛ապահովուին, իսկ հայ թատրոնի պետականութիւնը հայ երիտասարդութիւնն է` վերադարձող Վարուժաններով, որոնք նորոգուած թուփերու նման` միշտ պիտի ծաղկին ու ծաղկազարդեն հայ բեմը:

Լիբանանեան պետական համալսարանէն ներս իբրեւ բեմական կեցուածքի դասախօս-դերուսոյց ընդունուած է Վ. Խտըշեան` առօրեայ դասաւանդութեամբ: Իսկ յարատեւ նուիրուածութեամբ ընդունուած է հայ բեմէն:

Գալիք տասնամեակները ծաղկեփունջերով պիտի լեցնեն Վարուժաններու բեմերը:

Յ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Տնային Պարտականութիւններու Դժուար Պահը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?