Վերջին Իրադարձութեանց Լոյսին Տակ
Միջին Արեւելքի
Տագնապին Սաստկացումը
Մինչ ՄԱԿ-ի եւ արեւմտեան մեծ մայրաքաղաքներու մէջ Միջին Արեւելքի տագնապին շուրջ քանի մը շաբաթ առաջ սկսած խորհրդակցութիւնները գրեթէ դադրած են, եւ մինչ Կիւննար Եարինկի առաքելութիւնը մեռեալ տարր մը դարձած է այլեւս, կամ գոնէ այդ տպաւորութիւնը կը ստացուի հեռագրալուրերէն, Միջին Արեւելքի տագնապը իր «հող»-ին վրայ, այսինքն` արաբեւիսրայէլեան շրջանին մէջ, սաստկութեան նոր աստիճանի մը հասած է քանի մը օրէ ի վեր:
Տագնապին նոր սաստկացումը սկսաւ անցեալ շաբաթ օր, Սուէզի ջրանցքին վերեւ հրետանային ահաւոր մենամարտով մը, որ նոյն օրը կրկնուեցաւ ուշ գիշերին:
Եգիպտական զինուորական զեկոյցը կը հաղորդէ, որ առաջին բախումը սկսաւ ժամը 16:50ին, թշնամիին յարձակումով, որուն ընթացքին ան գործածեց 216 մմ տրամագծով հրթիռներ` քանդելով քանի մը տուներ Փոր Թեւֆիքի մէջ:
Ըստ երեւոյթին, Իսրայէլ կը փորձէր վրէժը լուծել քանի մը օր առաջ օդամարտի մէջ կորսնցուցած իր երեք օդանաւերուն:
Սակայն իր նախաձեռնութիւնը սուղի նստաւ իրեն, քանի որ շատ չանցած` եգիպտական հրետանին փոխադարձեց հարիւր քմ երկարութեամբ ճակատի մը վրայ՝ մեծ կորուստներ պատճառելով թշնամիին: Ըստ եգիպտական զինուորական հաղորդագրութեան, թշնամի 19 հրասայլեր, հրթիռի 10 խարիսխներ, ինքնագործ զէնքերու 18 մարտկոցներ եւ վեց մթերանոցներ խորտակուեցան եգիպտական հրետանիին հարուածներուն տակ:
Հրետանային մենամարտը դադրեցաւ աւելի քան ժամ մը տեւելէ ետք, ՄԱԿ-ի դիտողներուն միջամտութեամբ:
Թշնամիին նոյն օրուան երկրորդ յարձակումը, որ սկսաւ ժամը 22:30-ին, ուղղուած էր առաւելաբար Սուէզի քարիւղի զտարաններուն դէմ: Իսրայէլի զինուորական հրամանատարութիւնը այս անգամ ալ կը գործադրէր իր հին քաղաքականութիւնը, որ կը կայանայ իր զինուորական կորուստներուն փոխարէն` քաղաքային հաստատութիւններ ռմբակոծելու մէջ: Այս անգամ ալ եգիպտական հրետանին անմիջապէս փոխադարձեց եւ լռեցուց թշնամին: Այսուհանդերձ, քարիւղի երեք մթերանոցներ կրակ առին, սակայն եգիպտական հրշէջ խումբերու ջանքերուն շնորհիւ` կարելի եղաւ շուտով մարել հրդեհները:
Շաբաթ օրուան բախումները, որոնք 1967 յունիսի պատերազմէն ի վեր ամէնէն զօրաւորներէն էին, զինուորական մարզէն անմիջապէս փոխադրուեցան քաղաքական գետնի վրայ:
Ինչպէս միշտ, այս անգամ ալ Իսրայէլ բախումներուն պատասխանատուութիւնը ձգեց ԱՄՀ-ի վրայ եւ փութաց բողոքագիր մը ներկայացնել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին: Սակայն այս անգամ չպահանջեց Ապահովութեան խորհուրդին գումարումը` քննելու համար այս բախումներուն պարագան: Ըստ երեւոյթին, ի մտի ունենալով այն իրողութիւնը, որ անցեալ սեպտեմբերի բախումներուն առթիւ, երբ Ապահովութեան խորհուրդին դիմեց եւ այս կազմակերպութիւնը յարմար չդատեց Եգիպտոսը դատապարտող ձեւ մը քուէարկել, Իսրայէլ ապարդիւն կը համարէ նոր գումարում մը եւ որոշած է «ուրիշ միջոց մը գտնել Եգիպտոսը իր պատասխանատուութեան առջեւ դնելու համար», ինչպէս դիտել կու տան Երուսաղէմի քաղաքական շրջանակները:
Բազմաթիւ մայրաքաղաքներու իսրայէլեան դեսպանները հրահանգ ստացան զիրենք հիւրընկալող երկիրներու կառավարութեանց բացատրել, թէ Իսրայէլ ծայր աստիճան ծանրակշիռ կը համարէ ջրանցքի շրջանին մէջ յաջորդական ռմբակոծութիւնները:
Իսրայէլեան շրջանակները այս իմաստով մեկնաբանեցին շաբաթ օրուան բախումները: Եւ ասիկա բաւական թափանցիկ սպառնալիք մըն էր: Սակայն բուն սպառնալիքը բանաձեւեց Իսրայէլի ազգային պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Տայանը, երբ Քնեսեթի (իսրայէլեան խորհրդարան) մէջ իրեն ուղղուած հարցումներուն պատասխանելով` յայտարարեց. «Հակառակ Սուէզի ջրանցքին ձախ եզերքին վրայ եգիպտական կարեւոր ուժերու կեդրոնացումին, Գահիրէի կառավարութեան ղեկավարները պէտք է սպասեն իսրայէլեան բուռն փոխադարձութեան մը, եթէ շարունակեն խախտել զինադուլը… Ո՛չ եգիպտական յարձակումները եւ ո՛չ ալ Այսրյորդանանի խռովութիւնները պիտի կարենան մեզի պարտադրել լուծում մը, զոր մենք չենք ուզեր»:
Զօր. Տայան յայտարարեց նաեւ. «Այժմ կը գտնուինք պատերազմի երկրորդ փուլին մէջ. պայքար` մեր ուզած ձեւով խաղաղութեան համար, եւ մենք պիտի շահինք այս ճակատամարտն ալ»:
Միւս կողմէ, Թել Աւիւի մէջ հրատարակուած լուրերու համաձայն, Սուէզի ջրանցքի շրջանին մէջ պատահած վերջին բախումներուն պատճառով, Միացեալ Նահանգները փափաք յայտնած են փութացնել Իսրայէլի հետ բանակցութիւնները` «Ֆանթոմ» օդանաւերու յանձնումին շուրջ եւ խնդրած են որոշ թիւով իսրայէլացի մասնագէտներ ղրկել Ուաշինկթըն` յանձնումի թեքնիք հարցերուն քննութեան համար:
Այս է կացութիւնը թշնամի ճակատին վրայ: Մտահոգուած Այսրյորդանանի մէջ խռովութեանց սաստկացումէն եւ արաբ հայդուկներու հարուածներէն, մտահոգուած ԱՄՀ-ի ուժերուն վերականգնումէն եւ զօրացումէն, իսրայէլեան իշխանութիւնները կը ջանան իրենց երկրին հանրային կարծիքը հանդարտեցնել` սպառնալիքներ տեղացնելով աջ ու ձախ:
Արաբական ճակատը, իր կարգին, անվրդով կը պատրաստուի գալիքին: Բացայայտ է, որ արաբները շատոնց համոզուած են, որ տագնապին քաղաքական լուծումը անհնար է ներկայ պայմաններուն մէջ, եւ որ` «զէնքի ուժով յափշտակուածը կարելի է վերստանալ նոյնպէս զէնքի ուժով միայն»:
Եւ արաբական ճակատը կը պատրաստուի այս ուղղութեամբ… Քաղաքական գործունէութեան շեշտը դրուած է պատերազմին յաջորդ փուլի պատրաստութեան մանրամասնութեանց վրայ:
Այս տեսակէտէն յատկանշական է Պաղեստինի ազատագրական ուժերուն գործունէութեան կրկնապատկումը վերջին քանի մը օրերու ընթացքին, զուգահեռաբար գրաւեալ շրջաններու արաբ բնակչութեան թշնամիին դէմ ընդդիմութեան զօրացումին: Հակառակ գրաւման իշխանութեանց ձեռք առած խիստ միջոցներուն, հակառակ կրակմարի հրահանգին` ցոյցերը եւ խռովութիւնները հետզհետէ կը սաստկանան Այսրյորդանանի եւ Կազայի շրջանին մէջ:
Միւս կողմէ` եգիպտական զօրամասերը առջի օր աւարտեցին ռազմափորձերու շարք մը, որ տեւեց չորս օր, միջերկրականեան ծովեզերքներուն վրայ տեղ մը: Այս ռազմափորձերուն կը մասնակցէին օդանաւային, ծովային եւ ցամաքային ուժերը: Ռազմափորձերը, որոնք տեղի ունեցան ամէնէն արդիական ռազմական թեքնիքին համաձայն, պսակուեցան կատարեալ յաջողութեամբ եւ անգամ մը եւս վստահութիւն ներշնչեցին եգիպտական բանակի ռազմունակութեան մասին:
Այսպէս, Միջին Արեւելքի տագնապը սաստկացնող վերջին իրադարձութիւնները շեշտը կը դնեն աւելի զինուորական լուծումին, քան քաղաքական լուծումի մը հաւանականութեան վրայ:
Հ. Հ. Պ.
 
			