Գաղափարի Տաճարներ
Կիրակի օր տեղի ունեցաւ ՀՅԴ «Տիգրան Ծամհուր» կոմիտէութեան նոր ակումբին պաշտօնական բացումը: Մթնոլորտը ջերմ էր ու հաղորդական: Ջերմութիւնը կու գար հաւաքական տրամադրութենէ մը, հայ կեանքին մէջ ակումբներուն վիճակուած դերին խոր գիտակցութենէն ու բարձրօրէն գաղափարական այն մտածումներէն, որոնց յաճախանքը կ՛ապրինք ամէն անգամ, երբ երիտասարդութիւնը կը տեսնենք գործի վրայ, հանրային ծառայութեան ճամբուն մէջ, նուիրումի եւ անձնազոհութեան վառ զգացումներով տոգորուած:
Մեր ակումբնե՜րը…
Հայրենակարօտ սերունդներու համար մեր պաշտելի դրօշակին հովանիին մասնիկը եղան անոնք, երբ տարագիր հայութիւնը, անտէր անտիրական, ապաստան գտաւ հիւրընկալ ափերու վրայ: Հոն` անշուք պատերու հովանիին ներքեւ, որոնց միակ զարդը, զարդերուն ամէնէն թանկագինը, մեր գաղափարի ու զէնքի տիտաններուն նկարները եղան, կռանուեցաւ հայ պատանիին, երիտասարդին կամքը, նորագիրները հաղորդուեցան անցեալին փառքերուն, առաքելատիպ հերոսներու ոգիին հետ` ամէն օր վերանորոգելով իրենց ուխտը, ամէն օր քիչ մը աւելի հաստատուն համոզումի վերածելով վերջնական յաղթանակին անխուսափելիութիւնը բոլոր անոնց համար, որոնք գիտեն պայքարիլ, ամբողջական եռանդով ու անսակարկ նուիրումով:
Մեր ակումբները եղան ու այսօր կը շարունակեն ըլլալ գաղափարի տաճարներ, անխորտակելի բերդերը մեր ամրակուռ հաւատքին, որոնք այլասերումէ փրկեցին մէկէ աւելի սերունդներ, հայու արդար հպարտութեան ապրումը տուին անոնց` զանոնք վերածելով ազնիւ պայքարներու պատրաստակամ անձնուէր զինուորեալներու:
Եթէ այսօր ունինք գաղափարականօրէն առողջ երիտասարդութիւն մը, եթէ նորահաս սերունդները յաջողած ենք ու կը յաջողինք փրկել այլասերումէ, որ այսօր դժբախտաբար բաժինն է նոյնիսկ ազգային պետական կեանք ունեցող շատ մը երկիրներու երիտասարդութեան, ո՛ւր մնաց մեր պայմաններուն մէջ ապրող նորահասներու, ատիկա առաւելաբար կը պարտինք այն իրողութեան, որ նախ կրցանք անաղարտ ու հայաշունչ պահել մեր ակումբներուն ներքին մթնոլորտը ու ապա, այդ ակումբներուն շնորհիւ, հայկական թաղերու մէջ դաստիարակութեան, ինքնազարգացումի, մարդակերտումի մէկական օճախներու վերածել գաղափարի այդ տուները:
Այս գիտակցութեամբ կ՛ողջունենք Քարանթինայի եւ Մար Մխայէլի մեր ընկերները, որոնք զոհողութեան եւ պատրաստակամութեան սքանչելի վկայութիւն մը տուին` հայաշատ այդ շրջանին մէջ հաստատելով նոր տուն մը, տունը երիտասարդին, որ հոն պիտի գտնէ վարակիչ ջերմութիւնը ընկերական ոգիին, անփոխարինելի ներշնչարանը հայու իր ապրումներուն:
Տ. Ո.
Վերնագիրը` Նկարով
Նկարը առնուած է Հայաստանի երգիծաթերթէն, որ «Ոզնի» կը կոչուի եւ գծապատկերներով ու պատկերաւոր խօսքով շարունակ կը խարանէ հոն երեւցող մթին բարքերը:
Կը խարանէ երգիծական այլազան միջոցներով:
Երգիծանքը «ժպիտով օծուն ողբերգութիւն» է երբեմն, իսկ երբեմն` հոգեկան խնճոյք:
Մեր երկրին մէջ մշակուածը առաջինն է:
Ու «Ոզնի»-ն ողբերգութիւնները ժպիտով ներկայացնող բեմ մը:
Հիմնարկի պետերն են «Ոզնի»-ի գլխաւոր հերոսները` կոլխոզի, սովխոզի ու «ցեխ»-ի նշանակեալ պաշտօնեաները:
Ծաղրանկարի մը մէջ խորհրդաւոր դիրք ստացած խոժոռադէմ մէկը տեսա՞ք, տեսա՞ք երգիծական էջի մը մէջ իր պաշտօնը չարաշահող երկերեսանի մը, առակի մը մէջ հանդիպեցա՞ք աղուէսի մը, արջի մը, խոզի մը կամ նոյն ազգէն ուրիշի մը, մի՛ կասկածիք, միշտ իրենցմէ մէկն է, կոլխոզի աղուէսն է, սովխոզը սովահարը, կամ` «ցեխ»-ի մը մէջ պարարտացած արջ մը:
Վերին հրամանաւ պաշտօնի կոչուած ու նովին բանիւ քիթը վեր տնկած այս տիպարը սովորական լեզուին մէջ ծանօթ սողունն է, քծնողն է, շողոքորթը, շոշորթը, ազնիւ բաներուն, իրաւին ու գեղեցիկին երդուեալ թշնամին:
Հեղ մը եւս դիտեցէք վերի նկարը:
Դատարկ սեղանը շատ բան կ՛ըսէ հեռաձայնին զոյգ գործիքներու միջեւ բազմած ներկայացուցչական այդ մսակոյտին մասին: Ի՛սկ եւ իսկ պաշտօնեայ` պաշտօնական իր ծուլութեամբ, խոժոռութեամբ, անարժանաբար պաշտօնի կոչուած պաշտօնեաները յատկանշող պաշտօնական իր քիթով:
Երկիրներ կան, ուր մարդիկ պաշտօնը գործի կը վերածեն, իրենց հասկացողութեամբ եւ եռանդով կ՛արդիւնաւորե՛ն պաշտօնը, իսկ ամբողջատիրական կարգերու տակ գործը կը մղուի «ետին պլան», ու պաշտօնը կը կրծէ գործին մեծ մասը, գործին հետ նաեւ` գործաւորին հոգին:
Վերջինին մէջ իրապէս սարսափելի է պաշտօնեան, որ բռնակալին հաւատարիմ ծառայամիտն է, յաճախ` անմիտը, անբնականոն պայմաններու տակ աճող մակաբոյծը:
Անցնող տասնամեակներուն Հայաստանի մեր ժողովուրդը ինչե՜ր ըսես չքաշեց ստորնութեամբ տեղ հասած ստորադաս պաշտօնեաներու կամայականութենէն, որոնց դէմ զինաթափող զուարթութեամբ մը կը պայքարին այսօր մեր երկրին ծաղրանկարիչները, երգիծագիրներն ու առակագիրները:
Գեղեցիկ է այս պայքարը: Հմայիչ են «Ոզնի»-ի ծաղկածիծաղ փուշերը:
Պ. Ս.