Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (16 Նոյեմբեր 1968)

Նոյեմբեր 16, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
«… Եւ Ծանօթ Անուամբ
-Շաւարշ Նարդունի»

… Աչքերս լեցուն
Վահագնեան բոցով`
Խաւարին ածուխն սպառող ի հուր,
Աշխատանքի մէջ անյաղթ, ու կոորվ
Շռայլած գիւղէն քաղաք եւ այլուր,
Ես, ճարտարապետ բառի ու բանի,
Արաքսի ալեաց նման երգեցիկ, հարուստ, լեզուանի,
Գրոց մէջ ծաղկեալ եւ ծանօթ անուամբ Շաւարշ Նարդունի:

Շ. Ն.

Վերի տողերը մէկ հատուածը կը կազմեն Անահիտ դիցուհիին նուիրուած ամբողջի մը, որ մերձաւորներու վկայութեամբ, եղաւ Նարդունիի կարապի երգը:

Ու դժուար չէ Նարդունիի գրականութեան մէկ մանրանկարը համարել այս չափածոն: Ինքն է ամբողջութեամբ, լեզուական մշակոյթով, պատկերներ կերտելու գիտութեամբ, հայրենական հարստութիւններով ոգեշնչուելու զօրեղ հակումով եւ իր բնաւորութեան յատուկ այլ գիծերով: Բաբախուն պատկեր մը, Նարդունիի գրականութեան վրայ մեր օրերէն նետուած կամուրջ մը, որուն տակէն հոսած վերջին քառորդ դարու ջուրերը քիչ մը տարբեր նկարագիր ունեցան մեզի վիճակուած բախտին բերումով եւ ճակատագրի այն կոչով, որուն զինուորագրուեցաւ Նարդունի սիզիֆեան սրտառուչ յամառութեամբ մը:

Իր գրականութեան մէկ էջին մէջ պոռացած էր ամբողջ ձայնով.

«Պիտի չմոռնանք քեզ` երկիրդ իմ հայրենի, դուն մեր զգայարանքներուն մէջ ես, մեր արեան կրակին մէջ, մեր հոգւոյն շողերուն մէջ: Պիտի չմոռնա՛նք քեզ, Հայաստա՛ն, դուզ մեր երազն ես եւ ամէն օր կ՛երեւիս մեզի»…

Այս էր ինք, այսպէս էին իր ճակատագրակիցները, գաղափարակիցները, բայց այդպէս չէր իրենց յաջորդող սերունդը, վտանգի տակ էր մեր քանակը, մեր որակը, ու հայութեան տագնապով ապրող տղաքը չէին կրնար հանգիստ մնալ, չմնացին…

Կը պատմեն, որ Ֆրանսա ոտք դրած մեր տարագիր բազմութեանց առաջին տարիներուն, կուսակցական եւ կազմակերպչական եռուն գործունէութիւն մը ծայր տուաւ հոն, որուն մէջ ինքզինք գլխիվայր նետեց Շուշանեան, շուշանեանական խանդով մը, իր յախուռն խառնուածքին բովանդակ թափով:

– Շուշանեա՛ն,- կը յիշեցնէ օր մը իր բարեկամներէն մին,- դուն գրագէտ մարդ ես: Չե՞ս խորհիր, որ աւելի լաւ կ՛ըլլայ, եթէ քու ժամանակդ տրամադրես միա՛յն գրականութեան եւ ուրիշներուն ձգես հանրային միւս մտահոգութիւնները բառնալու հոգը:

«Գինիի շիշը վերցուց սեղանէն եւ քիչ կը մնար գլխուս իջեցնէր զայն», կը պատմէր Շուշանեանի յուշարարը` հաղորդելով նոյն ատեն անոր փառաւոր հայհոյանքներէն մէկ քանին եւ օրուան կարգախօսը:

– … Գրագէտի՛ն ալ, գրականութեա՛ն ալ: Մեր ժողովուրդը վտանգի տակ է այս պահուն, եւ դուն ելեր եւ գրագէտի պարտքե՞ր կը յիշեցնես ինծի:

Անոնք, որոնք մօտէն կը ճանչնան Ֆրանսան, նոյնիսկ այսօրուան համեմատաբար լաւ կազմակերպուած ու ազգային գործունէութեան լայն ցանցեր ունեցող ֆրանսահայ մեր գաղութը, դիւրութեամբ կ՛ըմբռնեն Շուշանեանի այդ թեքումը, դիւրութեամբ կ՛ըմբռնեն Նարդունիի հրապարակագրական ու բեմական գործունէութեան մայր պատճառը:

Խառնուածքով ճգնաւոր, առաւել` իմացական լայն հետաքրքրութիւններով օժտուած մարդ, պրպտելու, համեմատելու, ստուգելու անսպառ եռանդէ մը բռնուած մտաւորական, Նարդունի յաճախ ձգեց իր ճոխ ու լուսասփիւռ գրադարանը, ընդհատեց ճգնաւորական իր բեղուն գործունէութիւնը եւ գնաց բազմութիւններուն ճառ արտասանելու:

Գնաց ու Հայաստանի փառքը պատմեց, Մեծասքանչին համագումար գեղեցկութիւնը փառաբանեց, կամրջնկէց Արաքսին խորհուրդը հաղորդեց, Հայաստանին, Մեծասքանչին, հայ մշակոյթին համար հեղեղօրէն քրտինք թափած ու արիւն թափած հերոսներուն, սուրբերուն, քուրմերուն պատարագ մատուցեց ամէն տեղ, բայց միշտ այդպէս չմնաց, ընդհատեց մերթ իր յափշտակութիւնը եւ հայհոյեց Հայաստանը պիտակով ճանչցող անպիտաններուն, Մեծասքանչը սրբապղծող պիղծերուն, մեր անարատ գինիին ջուր խառնող բոլոր խառնակ արարածներուն ա՛յն ուժգնութեամբ, որ աղօթեց յաւերժական գեղեցկութիւններ երկնած յաւերժապսակ դէմքերուն:

Այսպէս ապրեցաւ Նարդունի: Խանդավառուեցաւ, սրտմտեցաւ միշտ մէկ ու նոյն իրականութեան, նոյն հեռանկարին համար, Հայաստանի համար ու Հայաստանը մասնաւորող վասն օգոստափառ մշակոյթ հայոց, այդպէս, ամբողջ կեանք մը նուիրեց անոնց, ճգնեցաւ, ճարտարապետեց, արիւնեցաւ, արիւնեց եւ եղաւ ու մնաց «գրոց մէջ ծաղկեալ եւ ծանօթ անուամբ Շաւարշ Նարդունի»:

Պ. Ս.

Հայ Մշակոյթին Քուրմը

Անտեղիտալի՛:

Ֆրանսացին, որ այնքան ալ ծանօթ պէտք չէ եղած ըլլայ Շաւարշ Նարդունիի դիրքորոշումներուն, զայն բնորոշելու համար, ի միջի այլոց շեշտը կը դնէ նաեւ այդ բառին բովանդակ առումով մեզի ներկայացող գիտակից կեցուածքի մը վրայ, ուր մնաց ոչ այնքան «Մեղեդիներ»-ու հեղինակը, որքան` հանրային գործիչը, հրապարակագիրը, հայ մշակոյթի պահակը, Աստուծոյ տաճարը տուն վաճառքի վերածողները խարազանող այս մարդը, որ մեզմէ յաւէտ բաժնուեցաւ անցեալ օգոստոսին` մեծ բաց մը ձգելով ընդհանրապէս հայ կեանքին ու մասնաւորաբար ֆրանսահայ կեանքին մէջ:

Տարիներ առաջ, երբ իր «ժողովուրդը փնտռելու» եկաւ հոս` իր ներկայութեամբ ստեղծելով անկրկնելի ապրումը հոգեկան արժէքներու ըմբոշխման ջերմ մթնոլորտ մը, ժողովուրդը` ինքը առաւել ճանչցաւ համեստ արտաքինով այս մարդը, որ կը կերպարանափոխուէր, կը դառնար ուրիշ մարդ, սրբազան պատարագիչը աստուածութեան մը, որ իրեն համար հայ մշակոյթն էր, իր անսպառ գանձերով:

Բարեհամբոյր` իր ընկերական եւ բարեկամական յարաբերութիւններուն մէջ, երբ գրիչը ձեռք կ՛առնէր պատրաստելու համար իր ճառերը կամ կը վիճէր, դարձեալ գրաւոր, իր խոր համոզումներուն համար, յանկարծ կը դառնար դաժան ըլլալու աստիճան բիրտ, հսկայակերպ մարդ մը, որ ընթացիկ ճամբաներէն դուրս, ընդունուած սովորութիւններէն անդին, վճիռներ կ՛արձակէր, պատգամներ կու տար` նկատի ունենալով ոչ թէ անմիջական ներկան, այլ` ապագան ժողովուրդի մը եւ անոր մշակոյթին:

Մէկ սրբութիւն ունեցաւ եւ մէկ կրօն: Սրբապիղծներն ու անհաւատները հալածեց, ինչպէս չէին հալածած հաւատաքննութեան ամէնէն խստաբարոյ վարդապետները: Իր ճգնարանէն մինչեւ բեմ, հազարաւորներու առջեւ, Նարդունի եղաւ ուխտեալ զինուորը թագաւորութեան մը յաւիտենական հարստութեան մը, որ հայ լեզուն էր, այդ լեզուով ստեղծագործուած մշակոյթը հայոց, միակ անկորնչելին` գնայուն այս աշխարհին մէջ:

Սերունդներ եկան ու լսեցին Նարդունին: Լսեցին, երբ հայ մշակոյթը կը փառաբանուէր, լսեցին, երբ մեր աննման մատենագիրներուն լոյս մատեանները կը մեկնաբանուէին, լսեցին, երբ մեր լեզուին թաքուն գանձերը կը յայտնաբերուէին, լսեցին, երբ «Երուսաղէմ»-ի խորհրդապաշտ դպիրը իր հաւատամքը կը պատգամէր Հայաստանի անկախութեան տարեդարձին, Դաշնակցութեան օրուան եւ այլ համազգային առիթներով: Չլսողներն ալ, նոյնիսկ անոնք, որոնք այլեւայլ պատճառներով կտրուած էին հայ կեանքէն, գիտէին, թէ հոն, Փարիզի մէջ, կայ հայ գրագէտ մը` անուամբ Նարդունի, որուն կեանքին ու գործին նպատակը դարձած է մեր անցեալ փառքերուն հաղորդակից դարձնել նորերը, անոնք, որոնք պիտի վերցնեն ջահը, անոնք, որոնք թանկագին հարստութեան մը բախտաւոր ժառանգորդներն են ու կոչուած` եթէ ոչ աւելի ճոխացնելու զայն, առնուազն պահպանելու մեծ ժողովուրդի մը հոգիին գանձերը:

Գուցէ շատեր ափսոսան, որ Նարդունի իր անունը չկրցաւ կապել հիմնական, կոթողական գործի մը: Հեռացաւ Տիրոջ այգիէն ու եղաւ անոր քարոզիչը աւելի: Կրնայ ըլլալ: Բայց այդպէս խորհողները երբեք նկատի չունին այն պայմանները, որոնց մէջ գործեց Նարդունին, գործեցին անոր գրչի ու գաղափարի ընկերները, տառապանքի եղբայրները, որբերը` ժողովուրդի մը, որ մահուան հետ կողք-կողքի ապրած էր, ու հիմա, ազատ երկինքներու տակ, վահան կ՛ուզէր գտնել մէկ ուրիշ ջարդի, որ առաջինէն նուազ եղերական չէր հայութեան համար:

Երբ իր պատրաստութեամբ, խոր հմտութեամբ եւ տաղանդով բոլոր հնարաւորութիւնները ունէր փղոսկրեայ աշտարակի մը բնակիչին պէս միա՛յն գրելու, իջաւ իր ժողովուրդին մէջ, ապրեցաւ անոր մեծ ցաւը եւ այդ ապրումով կռանուեցաւ առաքեալը աստուածութեան մը, որուն համար մատուցուող Նարդեան պատարագները կը պանծացնէին անիմանալի այլ սրբութիւն մը, որ Հայաստանն էր Նարդունիի համար:

Այսպէս ապրեցաւ ու գործեց գաղափարական այն մարդը, որուն անունը այսօր մեծարանքով կը յիշուի ամէն տեղ: Ու օր մըն ալ յանկարծ փրթաւ իր կեանքին թելը, երբ տակաւին մեր խանդավառութիւնը իր թափէն բան չէր կորսնցուցած Հայաստանի անկախութեան յիսնամեակին առթիւ պատրաստած իր ճառին ընթերցումով: Այդ ճառին մէջ է Նարդունին` իր տկարութիւններով եւ ուժգնութեամբ, այլ մանաւանդ` իր հաւատքով, ազատատենչ մարդու անշեղ ընթացքով, գաղափարներու զօրութեամբ, կիրքո՛վ: Իր ըսելիքները արագ, ժամանակէն հալածական մարդու աճապարանքով, մահուան ստուերը տեսնող եւ դեռ իր գործը չաւարտած գործիչի ափսոսանքով գրագէտը, որ կը զգայ, թէ հասած է պահը Մեծ Իրիկուան:

Մարսէյը, իր շիրիմով, ուխտատեղի պիտի ըլլայ այսուհետեւ բոլոր անոնց համար, որոնք Նարդունիի ընդմէջէն լսեցին բազմապատկեալ արձագանգը իրենց գաղափարներուն, ու ներշնչումը, որ պիտի գայ իրմէ, պիտի ըլլայ մաքուր եւ անաղարտ, ինչպէս կրցաւ ըլլալ մաքրակրօն այս նուիրեալը հայոց մշակոյթին:

Տ. Ո.

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Համաշխարհային Ա. Պատերազմը Փոխեց Ճակատագիրը Միջին Արեւելքի Շատ Մը Ազգերու Եւ Ժողովուրդներու

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?