Մինչեւ Վեհարան
Պատերազմին յաջորդող տարիներն են: Հայ գաղթակայաններ շուար ու հեւքով կը մաքառին կեանքի յորձանքին դէմ: Ամէն ինչ սկիզբէն սկսելու պարտադրանքով, քանդուած փեթակէ մը հեռացող մեղուներու նման, հայեր ժրաջան գործի են լծուած… Այդ պայմաններուն տակ մայր եւ որդի զիրար կը գտնեն Դամասկոս ու հայ տան ճրագը կը վառեն` սրբացնելով մահացած հօր մը յիշատակը:
Հինգ տարեկանին որբացած Գէորգը կը յաջողի երկու տարի մանկապարտէզ յաճախել: Ութ տարեկանին արդէն մխրճուած է աշխատանոցներու շարժումին, աղմուկին ու մուրին մէջ` այնտեղէն ճարելու աշխատանքի մարգարիտը, որ պիտի լուսազարդէր իր սրտին պէս տառապեալ մօր սիրտը:
Դաժան տարիները կը պարտուին փոքրիկ տան մը ջերմութեան դիմաց… Նահապետական, աստուածահաճոյ, աշխատանքի ու յարատեւութեան դիմաց հալած տարիները հալած ձիւներու նման կը ստեղծեն առու ու առուակ, կ՛ոռոգեն վերածլած ամէն սերմ, ու փոքրիկ տնակը… կը վերածուի դղեակի:
Ընդարձակուած բարութիւն մը կը մխայ` իր շուրջ տարածելով խնկաբոյր օրհնութիւն մը…
Դուռ-դրացի աղօթք ունին Գէորգի տան հասցէին: Հիմնած է արդէն իր կաշեգործարանը: Տասնեակ տարիներով հայկական ընդարձակ հիւղաւան «քեմփ»-ը իր ջուրը կը ստանայ Գէորգի բաց ծորակներէն: Օրն ի բուն աղօթքբերան մամիկներու օրհնութեամբ ջուրը կը մնայ վարար: Գործատեղին կ՛ընդարձակուի` տարածելով իր սահմանները շատ հեռուները, իր քրտինքով զովացնելով շատ մը տնակներ: Ընտանիքներ, բազմաթիւ ու բազմապիսի կարօտներով, կը տիրանան իրենց փնտռածին:
Գէորգը կը դառնայ հարստացնող էութիւն մը, լեցուն` պատմութիւններով հատորի մը վերածուած կեանքով:
Դիպուածով հրդեհի կը բռնուի իր գործատեղին. մինչեւ հրշէջները հասնին, ժողովրդային մեծ արշաւանքի մը դիմաց արդէն պարտուած էին բոցերը:
Գէորգի բարեգործ առօրեան կազմած էր ուժ մը, որմէ կը պարտուէին ժամանակաւոր աղէտները:
Ինք կը քալէր ժամանակին մէջ արձանագրուած լուռ էջերուն:
Ինքնաշխատութեամբ սորված էր արաբերէն ու ֆրանսերէն: Մանկապարտէզի երկու երկար տարիները եղած էին իր դպրոցական կեանքի յիշատակները, սորված էր աջ ձեռքով տալ ու ձախը անտեղեակ պահել… Ու պահեց համալսարանական սաներ, ճարտարապետ, բժիշկ, դեղագործ, ու մարդ չիմացաւ: Միայն ենթակաները գիտցան, որ իրենց բարերարը որբ մըն է անցեալի… Այդքա՛ն: Ոչինչով սկսած կեանք մը իրմով ճոխացաւ` ճոխացնելով իր ճանապարհին ամէն ովասիս… Աշխատանքը իր շնչառութեան հետ ներդաշնակուած անհրաժեշտութիւն մըն էր, ջրհան անիւի մը նման. ու տուաւ ունեցած իր հողաշերտը, երբ մօտիկ էր հայ դպրոցին, տուաւ զայն ակումբին, երբ մօտիկ էր հայ ակումբին, տուաւ հայ թատրոնին: Ալէյի բարձունքին մէկ ուրիշ հողաշերտ տուաւ ազգին ու եկեղեցիին: Ունեցաւ տալու համար, աւազանի մը նման ու հարստացուց` ուրախանալով անձայն-աննշուկ:
Արցունքախառն հրճուանքով լսեցի, երբ ականատես բարեկամ մը խորունկ յուզումով կը պատմէր, թէ ինչպէ՛ս օր մը ռումանահայ գաղթական մայր մը մտած էր իր վաճառատունը եւ` Գէորգ Չաթալպաշեանը հարցուցած: Պաշտօնեաները իրաւասութիւնը ունէին որեւէ առթիւ հասկնալու եկուորին նպատակը:
Ծերունազարդ մայրիկը անհամարձակ ձայնով կը բացատրէ իր հիւանդ մէկ հատիկ աղջկան դրութիւնը. ունեցածը յատկացուցած էր զայն փրկելու ու հիմա հացի, նոյնիսկ ջուրի կարօտ պայմաններու մէջ կ՛ապրէր: Կը խնդրէր, որ իրենց կացութիւնը գիտնայ սրտամօտ անձ մը. կ՛ուզէր անձամբ բացատրել Գ. Չաթալպաշեանին:
Պահ մը լռութիւն կը տիրէ. խօսքերու արձագանգը կը հասնի սրտերու խորը, ու բացուած հինգ մատներ կը բարձրանան օդին մէջ հայ մամիկին գանկէն վեր. Չաթալպաշեանի ձեռքն է` սերմնացանի սիրով: Գլխաւոր պաշտօնեան դրամարկղը կը բանայ ու կը հրամցնէ հայ մայրիկին: Պառաւը անծանօթ դրամանիշներուն կը նայի շուարուն ու կը հարցնէ, թէ ի՞նչ են ասոնք:
– Հինգ հարիւր ոսկի են, մայրիկ, հրամեցէ՛ք, մենք իրաւունք ունինք իր անունով ձեզի տալու:
Մայրիկը ուրախութեան մէջ ինքզինքը կորսնցուցած` կը նայի բոլոր ներկաներուն, կը նայի երկինք փառաբանանքի երջանիկ ապրումներով, կը խոնարհի ու գետինը կը համբուրէ, ինչպէս վարժ էր եկեղեցւոյ շեմքը համուրել.
– Աստուած հաստատ պահէ, առողջ ու երջանիկ պահէ զինք, իր հաստատութիւնով ու գերդաստանով:
Ներկաներու աչքերը կը լեցուին. իւրաքանչիւրը իր կարգին կը մասնակցի մամիկին ցաւը ամոքող շարժումին: Հայ մամիկին աղօթքով կը պայծառանայ մթնոլորտը, երբ ինք մեկնած է: Հարց կու տան ներկաները իրարու, թէ ինչո՞ւ այսքան յուզուած են: Չաթալպաշեան կը յիշէ իր մօր հետ ունեցած գաղթի առաջին օրերը, երբ օրապահիկ մը հազիւ կը ճարէին: Ճաշակած էին կեանքի դառնութիւնը, ու չէր մոռցած, չէր կրնար ու չէր ուզեր մոռնալ… Կենդանիներն իսկ սկսած են չմոռնալ, թէեւ մարդ կենդանիները երբեմն ճիգ կը թափեն մոռնալու…
***
Այսօր ազնիւ յիշատակներու հարուստ ամբարումով մը կազմած է ամուր պատուանդան մը, որուն վրայ գեղեցկակերտ կանգնած է վեհարանը Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան: Հայ ժողովուրդը իր վեհափառին շրթներով, համբուրեց ճակատը Գէորգ եւ Արշակուհի Չաթալպաշեաններուն` առ ի երախտագիտութիւն եւ օրհնութիւն եւ ապա պարգեւատրեց զայն Ազգային բարերարի դափնիով:
Ազգաշէն որբի մը` բիւրաւոր ծափահարութիւն:
Երբ կեանքի մէջ մտաւ, չէր ծանրացած ու զարդարուած վկայականներու զրահով: Ամէն արշալոյս` իր շողերուն հետ ու ամէն արցունք` իր ծանրութեան հետ` հետք մը ձգեցին Գէորգի սրտին ու մտածումներու աշխարհին. եղբայրացաւ կեանքի բոլոր խաւերուն, որոնց յղացումի մէկ ծաղիկն է այսօր նրբահիւս վեհարանը հայոց:
Իր կեանքով ու գործով, հաւաքականութեան հանդէպ անսակարկ սիրով ու նուիրուածութեամբ, օրինակելի նմուշ մըն է Գէորգ Չաթալպաշեան` բնատուր ձիրքերով օժտուած ու իր մէջ զօրացուցած բնածին ազնիւ յատկութիւններ, որոնց հովանիին տակ իր ժողովուրդն ալ իրմով երջանիկ է` գալիք սերունդներուն համար արձանագրած լուսաւոր պատմութեամբ…
ՅԱԿՈԲ ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ
