50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (10 Նոյեմբեր 1968)

Ինչո՞ւ Նուազ Է Գաղափարական Նուիրումը Հիներուն մատնանշած ցաւն է ասիկա: Նոր սերունդը կ՛ամբաստանուի շեշտուած եսականութեամբ: Գաղափարական նուիրումի տէր երիտասարդները, կ՛ըսուի յաճախ, այնքան նուազած են, որ չեն կրնար գոյն ու դիմագիծ տալ սերունդի մը: Հանրային եւ ազգային գործերու հանդէպ խանդավառութիւնը հազիւ կ՛առկայծի: Ամէն ոք իր դիրքին ու ապագային մասին կը մտածէ եւ, լաւագոյն պարագային, իր ժամանակի եւ ուժերու աւելորդէն քանի մը լումայ միայն կը ձգէ ազգային գանձանակին մէջ: Որքա՞ն ճիշդ է այս մեղադրանքը` ո՞վ կրնայ վճռել: Նորութիւն չէ հիներուն դժգոհութիւնը նորերու ընթացքէն: Պատմութեան մէջ, հին դարերէն սկսեալ, այլեւս դասական դարձած են սերունդներու փոխադարձ ամբաստանութիւնները բարոյական եւ գաղափարական հարցերու ըմբռնումին մէջ: Հայերը...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (9 Նոյեմբեր 1968)

ՀՅ Դաշնակցութեան Օրուան Փառահեղ Տօնակատարութիւնը Երէկ` կիրակի, 8 դեկտեմբեր, Պուրճ Համուտի «Գերմանիկ» սրահին մէջ փառահեղ հանդիսութեամբ տօնակատարուեցաւ ՀՅ դաշնակցութեան հիմնադրութեան 78-րդ տարեդարձը: Ներկայ էին` լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսը, կաթողիկէ հայոց պատրիարքարանի ընդհ. փոխանորդ Մեսրոպ եպս. Թերզեանը, պետական երեսփոխաններ` Մովսէս Տէր Գալուստեանը, մեթր Խաչիկ Պապիկեանը, Սուրէն Խանամիրեանը, ղեկավար ընկերներ, երեւելի ազգայիններ եւ երկսեռ հասարակութիւն մը, որ ծայրէ ծայր լեցուցած էր ընդարձակ սրահը: Լայն բեմը տպաւորիչ պատկեր մը կը ներկայացնէր: Կեդրոնը` Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Շարլ Հելուի նկարը եւ ՀՅ դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան` Քրիստափորի, Ռոստոմի եւ Զաւարեանի նկարը: Աջին` եռագոյն դրօշ եւ ՀՅԴ զինանշանը: Ձախին` լիբանանեան դրօշ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանը: Օրուան նախագահին...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (8 Նոյեմբեր 1968)

Խմբագրական Մեր Օրը Քառասունեւերեք տարիէ ի վեր, Ժ. Ընդհանուր ժողովին որոշումով, ՀՅ Դաշնակցութիւնը ամէն տարի աշնան կը տօնէ իր Օրը` ինքնամփոփուելու, խորհրդածելու, կտրուած ճամբան չափելու, գալիքին ուղիները ճշդելու եւ իր բազմակողմանի գործունէութեան մասին զեկուցում տալու համար այն ժողովուրդին, որուն ծոցէն ծնաւ, որուն համար ապրեցաւ ու գործեց, պայքարեցաւ, արիւն թափեց: Ամէնօրեայ գործունէութեան հեւքին մէջ ընդհանրապէս քիչ ժամանակ կը տրուի խօսքին: Գործը ամէն բանէ առաջ է, ու մեր կուսակցութիւնը մասնաւորապէս եղած է ու է գործի կազմակերպութիւն, հայ կեանքին մէջ իր առաջնորդի դերը կը կատարէ` տալով գործին օրինակը, որ անկասկած ամէնէն պերճախօսն է: Ու եթէ յաճախ, նման օրերու, դարձակէտ թուականներու ու մանաւանդ մեր...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (7 Նոյեմբեր 1968)

Նիքսըն` Նախագահ Ամերիկայի Երէկ առտու մինչեւ կէսօր ու կէսօրէ ետք մինչեւ ժամը 5:00 աշխարհ շունչը բռնած սպասեց: Ճիշդ է,  որ հանրապետական թեկնածուն Ռիչըրտ Նիքսըն սկիզբէն իսկ նահանգային ընտրական քուէներու համրանքով թեթեւ առաւելութիւն մը ունէր իր դեմոկրատ մրցակիցին` Հիւպըրթ Հըմֆրիի վրայ, բայց ամենուրէք անձկութեամբ կը սպասէին պատասխան մը գտնելու համար այն հարցումին, թէ պիտի կրնա՞յ հասնիլ անհրաժեշտ եղող 270 ճակատագրական ձայներուն: Ժամը 4:00-ին Նիքսընի քուէներուն թիւը հասաւ 261-ի շնորհիւ Քալիֆորնիոյ 40 եւ Օհայոյի 26 ձայներուն: Կը մնար 9 ձայն, յատկապէս կը սպասուէր արդիւնքը Իլինոյզի քուէարկութեան, ուր 26 այլ ընտրական քուէներ կային: Իլինոյզի արդիւնքները ուշացան, որովհետեւ ելեկտրոնային մեքենաները որոշ խանգարումներ ունէին: Ժամը...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (6 Նոյեմբեր 1968)

Տը Կոլի Թուրքիա Այցելութեան Առիթով  Դարուս Առաջին Ցեղասպանութիւնը Դեռ Անպատիժ Կը Մնայ Կը Գրէ Ֆրանսական Թերթ Մը Փարիզի մեր պաշտօնակիցը` «Յառաջ», նոյեմբեր 1-ի թիւին մէջ, առաջին էջի վրայ եւ ֆրանսերէն արտատպած է Լիոնի «Փրոկրէ Տիմանշ» թերթի 27 հոկտեմբերի համարին մէջ լոյս տեսած յօդուած մը, որ կը կրէ հետեւեալ խորագիրը: «50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ՖՐԱՆՍԱ ԱՊԱՍՏԱՆ ԿՈՒ ՏԱՐ 200.000 ՀԱՅԵՐՈՒ, ՈՐՈՆՔ ՓԱԽԱԾ ԷԻՆ ԹՐՔԱԿԱՆ ՋԱՐԴԵՐԷՆ»: Մեր պաշտօնակիցը իր ծանօթագրութեան մէջ շնորհակալութիւն կը յայտնէ ֆրանսական թերթին, որ Ճշմարտութիւնը նախընտրած է Պղատոնէն: Ստորեւ` «Փրոկրէ Տիմանշ»-ի յօդուածը, որ լոյս տեսած է անշուշտ զօրավար տը Կոլի Թուրքիա այցելութեան առիթով. Թրքական մամուլը իրաւամբ ընդգծեց այն յարաբերութիւնները, որոնք...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (5 Նոյեմբեր 1968)

Ազգային Ընդհ. Ժողովը Փակուեցաւ Երէկ Նախագահութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի եւ ատենապետութեամբ Վահէ Սէթեանի, ուրբաթ, 1 նոյեմբեր, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին Անթիլիասի կաթողիկոսարանի վեհարանի դահլիճին մէջ գումարուեցաւ Ազգային Ընդհ. ժողովի Բ. նիստը: Վեհափառ հօր Տէրունական աղօթքէն ետք կարդացուեցաւ եւ վաւերացուեցաւ նախորդ Ա. նիստի ատենագրութիւնը: Ապա տեղի ունեցաւ բանաձեւի յանձնախումբի ընտրութիւն: Ընտրուեցան` Հրանդ արք. Խաչատուրեան, Միհրան Գիւզէլեան, մեթր Խաչիկ Պապիկեան եւ փրոֆ. Շաւարշ Թորիկեան: Այնուհետեւ պատգամաւորները լայնօրէն արտայայտուեցան միջեկեղեցական յարաբերութիւններու եւ ծիսական բարենորոգչական հարցերու շուրջ: Ժամը 5:30-էն 6:00, կէս ժամ դադարէ ետք, Ժողովը շարունակեց իր աշխատանքները` ատենապետութեամբ Եդուարդ Սահակեանի: Ազգային կեդր. վարչութեան ատենադպիր Յակոբ Գարաօղլանեան կարդաց Ազգային կեդր. վարչութեան Քաղաքական ժողովի յունիս...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (3 Նոյեմբեր 1968)

Տօն` Ամենայն Հայոց Երեւանի յոբելեանին առիթով կարդացինք, գիտենք, հաղորդեցինք շատ բան, շատերուն, բայց անկարելի է վերստին չանդրադառնալ ու չյիշել ներքին խորունկ ալքերէն հրամայուած ու ծովածաւալ ապրումներ ժայթքեցնող այն քանի մը պատկերները, որոնք ստորագրութիւններով կազմուեցան, ծաղիկներով ծաղկեցան, լուսաւորուեցան ջահերով, քաղցրաձայն երգով, յորդեցան, հմայեցին, հրավառեցին միլիոնաւոր սիրտ: Երկու հազար եօթը հարիւր յիսուն ստորագրութիւն, Երկու հազար եօթը հարիւր յիսուն ծաղկեփունջ, Երկու հազար եօթը հարիւր յիսուն ջահ, Երկու հազար եօթը հարիւր յիսուն հոգինոց երգչախումբ: Եւ հազարամեակներ խաւարէն ի լոյս բերող ո՜վ գիտէ քանի նոր տրոփ, քանի երդում, նոր յաւերժութիւններ նուաճելու կարօտով բռնկած ով գիտէ քանի ակնարկ, քանի յղացում, որոնք շաղախուեցան յոբելինական այս հրաշափառ օրերուն:...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (2 Նոյեմբեր 1968)

Ազգային Ընդհանուր Ժողովի Ա. Նիստ Նախագահութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի, հինգշաբթի, 31 հոկտեմբեր, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին Անթիլիասի կաթողիկոսարանի վեհարանին մէջ գումարուեցաւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովի Ա. նիստը: Տէրունական աղօթքով ժողովին բացումը կատարեց վեհափառ հայրապետը: Ժողովականներու միաձայնութեամբ, առժամեայ դիւանի ատենապետ ընտրուեցաւ երիցագոյն պատգամաւոր Յակոբ Տէր Մելքոնեանը, քարտուղար` Գաբրիէլ Սուլթանեանը: Առժամեայ դիւանը կատարեց լիազօրագրերու ստուգումը: Ներկայ էին` Լիբանանի, Բերիոյ, Կիպրոսի, Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ Յունաստանի թեմերէն 35 պատգամաւորներ (5-ը եկեղեցական, 30-ը աշխարհական): Գոյացած մեծամասնութեամբ, ժողովը նկատուեցաւ օրինական: Կամքէ անկախ պատճառներով ժողովէն կը բացակայէին Թեհրանի, Ատրպատականի եւ Իրանա-Հնդկաստանի թեմերու եկեղեցական եւ աշխարհական պատգամաւորները: Բացակայ թեմերու առաջնորդներուն ստորագրութեամբ ուղարկուած էին հեռագիրներ: Կը յայտնէին...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ ( 1 Նոյեմբեր 1968)

Գրական Խնդիրներ Սկսնակներուն Հետ Տակաւին պատանի, բայց բանաստեղծութեան սիրով բռնկած` աշակերտական գրասեղաններուն վրայէն օր մը փորձութիւնը ունեցայ Յ. Օշականին ներկայացնելու երկար ոտանաւոր մը: Իմ համոզումով գրուածքս արժանի էր գնահատանքի` շողշողուն պատկերներ, խնամքով ընտրուած բառեր, յաջող տաղաչափութիւն եւ վերամբարձ ներշնչում: Յուզումով սպասեցի անուանի քննադատի կարծիքին: Այն հաւատքը ունէի, որ պիտի գար զիս շնորհաւորէր եւ պիտի խորհուրդ տար, որ բանաստեղծութիւնս ղրկեմ թերթի մը` տպագրելու համար: Ի՜նչ մեծ եղաւ յուսախաբութիւնս, երբ դասարանէն ներս մտնելով` խօսքը ինծի ուղղեց եւ ըսաւ. - Չորպաճի՛, ոտանաւորդ կարդացի. Սիպիլ, Որբերեան եւ քիչ մըն ալ Մեծարենց կը հոտի. դեռ շա՜տ օդային ես. ոտքերդ ամուր դիր հողին վրայ եւ այնպէս...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (31 Հոկտեմբեր 1968)

Մեր Ընթերցողներուն

Անթիլիասի Կաթողիկոսարանի Նորակառոյց Վեհարանին Պաշտօնական Բացումը Հանրապետութեան Նախագահ Շարլ Հելու Մայրիներու Ազգային Կարգի Ասպետի Շքանշանով Պարգեւատրեց Բարերար Գէորգ Չաթալպաշեանը Շքանշանի Տուչութիւնը Կատարեց Վարչապետ Ապտալլա Եաֆի Բարձր հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ Շարլ Հելուի, երէկ` չորեքշաբթի, 30 հոկտեմբեր, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, տեղի ունեցաւ Անթիլիասի կաթողիկոսարանի նորակառոյց վեհարանին պաշտօնական բացումը: Ներկայ էին` Խորէն Ա. կաթողիկոսը, կաթողիկէ հայոց պատրիարքը, Իգնատիոս-Պետրոս ԺԶ. Պաթանեանը, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու նախագահ վեր. Յ. Ահարոնեանը, լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսը, Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի հայոց առաջնորդ Հրանդ արքեպիսկոպոսը, յունահայոց առաջնորդ Սահակ արքեպիսկոպոսը, կաթողիկէ հայոց պատրիարքի ընդհ. փոխանորդ Մեսրոպ եպս. Թերզեանը, դրան եպիսկոպոս Գարեգին եպիսկոպոսը, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան վարդապետներ, կաթողիկէ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (30 Հոկտեմբեր 1968)

Ես Հայաստանի Բարեկամն Եմ Ցաւօք սրտի, կարճատեւ այցով ես կարող էի միայն սահմանափակ ու հապճեպ կարծիք ունենալ Հայաստանի մասին: Բայց տպաւորութիւններս այնքան անակնկալ ու իրական եղան, որ ջնջեցին իմ բոլոր վաղեմի պատկերացումները, որ ունէի դեռեւս Հռոմից: Խորհրդային Միութեան միւս քաղաքների` Մոսկուայի, Լենինկրատի ու Թիֆլիսի համեմատութեամբ, իմ հայաստանեան այցը ամենաերկարն ու հիմնաւորն է: Այս հասկանալի է. Հայաստանը համարւում է ուրարտագիտութեան ամենամեծ ու զօրեղ կենտրոնը: Երեւանում հանդիպեցի հմուտ ու ծանրակշիռ ուրարտագէտների մի սերնդի, որոնց հետ դեռեւս Հռոմից  նամակագրական կապերի մէջ էի ու շատերի հետ էլ այժմ բարեկամացայ: Մինչեւ օրս Իտալիայում չի ուսումնասիրուած այս չափազանց հետաքրքիր լեզուն` ուրարտերէնը: Իմ գործնական աշխատանքը Հայաստանում կապուած...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (29 Հոկտեմբեր 1968)

Ուիլիըմ Սարոյեանի Այցելութիւնը «Ասպարէզ»-ի Խմբագրատուն  Աշխարհահռչակ գրագէտ Ուիլիըմ Սարոյեան հոկտեմբեր 12-ին այցելած է Ֆրեզնոյի մեր պաշտօնակից «Ասպարէզ»-ի խմբագրատունը եւ ջերմ հանդիպում ունեցած է խմբագիրին եւ ներկաներուն հետ: Ուիլիըմ Սարոյեան իր մանկութիւնը անցուցած է Ֆրեզնոյի մէջ, եղած է լրագրավաճառ` իր պատանի տարիքին եւ լայն շփումներ ունեցած է Ֆրեզնոյի հայ համայնքին հետ: Ճանչցած է խմբագիրներն ու գործիչները: - Այս տարի «Ասպարէզ»-ի 60-ամեակն է (1908-1968),- ըսած է խմբագիրը: Սարոյեան հետաքրքրուած է հիմնադիրներով: Խմբագիրը թուած է եօթը հիմնադիրներու անունները` Աբրահամ Սէքլէմեան, Յովհաննէս Գապատայեան, Ասլան Ասլանեան, Աւետիս Թիւֆէնկճեան, Պետրոս եւ Լեւոն Յակոբեան եղբայրներ եւ Արփաքսատ Սեդրակեան, որ միակ վերապրողն է եւ որուն լաւ կը ճանչնայ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (27 Հոկտեմբեր 1968)

Աշուն Երբ ծառերու տերեւները գունաւորուիլ սկսին, այսինքն երբ աշուն գայ, աչքս երկինքէն չի կտրիր: Չէ՛, առայժմ հոն երթալու մտադրութիւն չունիմ, բայց նորէն աչքս հոն է: Գիտեմ, որ գաղթող թռչուններու կարաւաններ անցնելու են անոր վրայէն, ու ես զանոնք դիտել շատ կը սիրեմ: Եթէ արեւմուտքին վրայ իրիկուան դէմ երկնքին կարմրած մէկ պահուն անոնց անցնիլը չէք տեսած, բան տեսած չէք... Ոչ մէկ աշխարհահռչակ նկարչի կտաւ զիս այնքան յուզած, գրաւած է, որքան` բնութեան այդ տեսարանը, որ միշտ ալ զիս մղած  է խորհելու: Նոյնիսկ քսան ու պակաս տարեկան եղած ատենս, երբ խորհիլն ինչ է` չէի գիտեր, կ՛ենթադրեմ, որ քանի մը րոպէ խորհած եմ... Խորհած եմ,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (26 Հոկտեմբեր 1968)

Հին Երեւանը Հայ Գրականութեան Էջերուն Մէջ Յովհաննէս Թումանեան ամբողջ կեանքին մէջ ապրելով Երեւանէն հեռու` հարկ եղածին պէս չէ կրցած անդրադառնալ Երեւանին եւ առանձին բանաստեղծութիւն կամ պոէմ նուիրած չէ անոր: Բայց այդ չի նշանակեր, որ Թումանեան ոչինչ գրած է հայոց այդ հին ու նուիրական ոստանի մասին: Ճիշդ է ան իբրեւ հիւր այցելած է Երեւան, սակայն բանաստեղծի սրատես աչքը միանգամայն կրնար նկատել այն գեղեցիկն ու լաւը, որ կար Երեւանի մէջ: Եւ ահա բանաստեղծական ներշնչանքով գրուած անոր նամակներէն մէկուն մէջ կը կարդանք. «Շատ գեղեցիկ տեսարան է բացուած Երեւանի առաջնորդարանի պատշգամբից: Ես շարունակ... հիանում էի ու մտորում: «Հէնց հասայ Երեւան, իջայ թէ չէ, պատշգամբում...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (25 Հոկտեմբեր 1968)

Բանաստեղծական Երեկոյ Նուիրուած Մուշեղ Իշխանի Տեղի ունեցաւ 17 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը  8:30-ին, Համազգայինի ակումբին մէջ: Համազգայինի գրական-գեղարուեստական յանձնախումբի գործունէութեան եղանակի բացումը սկսաւ բանաստեղծ Մուշեղ Իշխանին նուիրուած երեկոյթով մը: Օրուան նախագահը` Յ. Իսկէնտէրեան, հրաւիրեց ներկաները բանաստեղծական պահի մը վայելքին` «Տառապանք» քերթողագիրքի ընթերցումի առիթով: Հեղինակին այս վերջին գործը անձնական սէրեր եւ յուզումներ չէ, որ կ՛արտայայտէ, այլ իր հասունութեան հասած, իր գծած ուղիին հաւատարիմ մնացած իսկական բանաստեղծի մը ապրումները, «աշխարհի ցաւով հիւանդ» հոգիի մը տառապանքները: Խաչիկ Արարատեան մօտ 30 վայրկեան իր ընթերցումով մասնակից դարձուց ներկաները բանաստեղծին յուզումներուն, որոնք արտայայտուեցան երբեմն բանտարկեալի մը հանդէպ տածած իր գթութեան մէջէն, երբեմն ամուրիի մը մենաւոր կեանքի տխուր...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (24 Հոկտեմբեր 1968)

Մեր Ընթերցողներուն

42-ի Դէմ 50 Ձայնով Եւ 4 Ձեռնպահութեամբ  Համատէ Նախագահ Նախկին Նախագահը` Ասաատ Կորսնցուց 8 Ձայն (3 Բացակայ Եւ 5 «Դժգոհ») Լիբանանեան խորհրդարանը երէկ ընտրեց իր նոր նախագահը: Հերմելի երեսփոխան Սապրի Համատէ, որ «Նահժ»-ի թեկնածուն էր, պարտութեան մատնեց իր աներձագը` հարաւային Լիբանանի երեսփոխան Քամել Ասաատը` 42 ձայնի դէմ 50 ձայնով: Նիստին ներկայ եղան 96 երեսփոխաններ, իսկ չորս հայ երեսփոխանները մնացին ձեռնպահ` համաձայն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին որոշման: Առաւօտեան ժամը 10:40-ին վարչապետ Ապտալլա Եաֆի գնաց խորհրդարանի երիցագոյն անդամ Մովսէս Տէր Գալուստեանի բնակարանը, ուր տասը վայրկեան մնալէ ետք զայն առաջնորդեց ՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատը, որ առժամապէս խորհրդարանի վերածուած է: Պալատին շուրջ հսկողութիւնը շատ խիստ էր:...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (23 Հոկտեմբեր 1968)

ՀՄԸՄ-ի Յիսնամեակի Տօնակատարութիւնները Յունաստանի ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ, հոկտեմբեր 6-ին Ֆիքսի «Առաքելեան-Կիւտենեան» մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած է ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան յիսնամեակին առիթով գեղեցիկ մարզատօն մը: Ներկայ եղած են յունահայոց առաջնորդ Սահակ արք. Այվազեանը եւ հոծ բազմութիւն մը: Տեղի ունեցած են տողանցք եւ մարզական մրցումներ: Տողանցքին մասնակցած են 100 մարզիկներ, սկաուտներ եւ գայլիկներ: Մրցումները ստեղծած են խանդավառ մթնոլորտ: Յիսնամեակին առիթով առաջին ձեռնարկը տեղի ունեցած էր Քոքինիոյ մէջ, վոլի-պոլի մրցաշարքով: Երրորդ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ նոյեմբեր 3:00-ին: Պիտի տօնակատարուի ՀՄԸՄ-ի օրը: Նոյեմբեր 10-ին, չորրորդ ձեռնարկը, Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին մէջ պիտի կատարուի հանդիսաւոր հոգեհանգիստ` նահատակ եւ հանգուցեալ ՀՄԸՄ-ականներու յիշատակին: Հինգերորդ եւ վերջին...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (22 Հոկտեմբեր 1968)

Գրական Առօրեայ Ա. Ալիքեան Կարելի չէ ճշդել, թէ գրական ընդունակութիւն մը առաւելագոյն չափով ե՞րբ կը փթթի, ո՞ր տարին, ո՞ր տարիքին, ներքին կամ արտաքին ի՞նչ ճնշումներով: Ոմանց բանաստեղծական տարերքը ձեւ կ՛առնէ վաղ շրջանին, իսկ ուրիշներ քիչ մը ուշ կը տիրապետեն ծնուցիչ տրամադրութիւններու: Աբրահամ Ալիքեան հասունութեան երկրորդ փուլը ապրած բանաստեղծ է: Գրական իր փորձերը հոս ըրաւ Ալիքեան եւ երախայրիքը ստորագրած էր արդէն, երբ մեկնեցաւ Հայաստան. բայց պէտք եղաւ շուրջ քսան տարի սպասել իրեն, որպէսզի արժանաւոր բերքով մը ներկայանայ ընթերցողին: 1965 թուականը, ինչպէս բովանդակ հայութեան, նաեւ Ալիքեանի համար եղաւ «Բարեյուսոյ Հրուանդան» մը: Այդ թուականին հրապարակ հանեց պոէմը` իր առաջին ուշագրաւ երկը, որ Երեւանի...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (20 Հոկտեմբեր 1968)

Հրաշալի Լուր Մը... Հայաստանի անցուդարձերուն անխառն տրամադրութեամբ հետեւող մարդուն համար նոր օրերը անցնող տասնամեակներուն մռայլ գոյները չունին: Նոր օրերը անհամեմատելիօրէն պայծառ են, ոգեւորող: Հայաստանի մէջ նշմարուած բարեփոխութիւններուն զուգահեռաբար` ուրախալի է ընդգծել նաեւ ներքին բարեշրջումը ուղեկից խաւին: Հայաստանի ժողովուրդին ապրած ամէնէն դաժան օրերուն իսկ հարսանեկան տրամադրութեամբ շնչող ու դաժանները օրհնաբանող ծառայամիտներու այդ հաւաքականութիւնը որոշ չափով որոշապէս բուժուած կը թուի այսօր, հայութիւնը աւելի կշիռ ստացած է իր մօտ, քան` ստրկահաճութիւնը, ու ատիկա ուրախութեան պզտիկ աղբիւր մը չէ մեզի համար: Հոն սկսած եւ դէպի արտասահման ծաւալած զարթօնքի այս շունչը առաջին անգամ զգալի եղաւ «գրին գտիչ, կաղապարիչ մեծ Մաշտոցի» ծննդեան 1600-ամեակին: Անկէ ետք, յաջորդաբար...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (19 Հոկտեմբեր 1968)

Ինչո՞ւ Չեն Կարդար «Հունձք»-ը արդիւնք մըն է. հերկի, վարուցանի, մշակման եւ ուշադիր աշխատանքի կարօտ. նաեւ ու մանաւանդ` ջուրի եւ արեւու: Այս քրտինքէն, գուրգուրանքէն եւ աճման յատուկ տուեալներէն առաջ, սակայն, հունձք ունենալու համար ենթահող պիտի ունենաս. ակօսելի, պեղելի, ձեռնտու հող: Եւ հիմնականը` մշակ: Գրական հունձքի մը գաղափարը հետեւաբար կապուած է մէկէ աւելի տուեալներու: Ու մենք դասախօսելու նպատակ չունինք` պարզելու համար, թէ ի՛նչ հող ունի արտասահմանի հայութիւնը` իբրեւ տարածութիւն թէ որակ, որպէսզի կարենանք նաեւ բացատրել, թէ ինչպէ՛ս եւ ինչո՛ւ մեր հունձքը կրնայ ըլլալ այն միայն, զոր մեր մշակները կ՛ընծայեն մեզի, եւ որուն մասին մեր ժողովուրդը սկսած է հազի՜ւ աղօտ գաղափար մը միայն...

Կարդալ ԱւելինDetails
Page 16 of 69 1 15 16 17 69

Արխիւներ