Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (26 Նոյեմբեր 1968)

Նոյեմբեր 26, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գրական Խնդիրներ

Ո՞վ Է Հայ Գրողը

Հայկական ծագումով, բայց օտար լեզուով գրող հեղինակներ ունինք, որոնք միջազգային գրական շրջանակներու մէջ համբաւի տիրացած են եւ մրցանակներու արժանացած: Անոնցմէ մէկը նոյնիսկ անդամ է Ֆրանսական ակադեմիային: Անգլերէն, ֆրանսերէն եւ սպաներէն լեզուները մասնաւորաբար յաջողութեան եւ ծաղկումի լայն ասպարէզներ սկսած են ընծայել հայածին տաղանդներու:

Մեր մամուլը յաճախ կը յիշատակէ, անոնց անունը, թարգմանաբար կը հրատարակէ հատուածներ անոնց գործերէն, իսկ մենք` հայ ընթերցողներս կ՛ուրախանանք, կը հպարտանանք:

Բնական բան մըն է ազգի մը համար տեսնել իր զաւակները` դափնիներու տիրացած օտար մրցադաշտերու վրայ եւ հրճուիլ: Անոնց անունէն փառքի ճառագայթներ կ՛իյնան նաեւ մեր ժողովուրդի անտեսուած գոյութեան վրայ:

Սակայն ո՞ր չափով «հայ գրող» կրնանք համարել զանոնք, ո՞ր չափով կը պատկանին հայ գրողներու ընտանիքին եւ հայ գրականութեան:

Անոնց ամէնէն տաղանդաւորներէն եւ համակրելիներէն մէկը Ուիլիըմ Սարոյեան, որ իսկապէս հայ մնացած է հոգիով, առիթով մը գրած է.

«Թէեւ կը գրեմ անգլերէն եւ ծնունդով ամերիկացի եմ, բայց այն ոգին, որ ինձ կը ստիպէ գրելու, հայկական է: Կը նշանակէ` ես հայ գրող եմ, ե՛ւ հայ գրողներու ընտանիքին պատկանիլը մեծ պատիւ կը համարեմ»:

Չենք կասկածիր բնաւ Սարոյեանի անկեղծութեան վրայ, երբ այսքան յստակ եւ վճռական ձեւով իր հայ ըլլալը կ՛աղաղակէ ի լուր աշխարհին: Կը հաւատանք, որ ան հայու ապրումներով կը դիտէ կեանքը եւ հայու ոգիով գրականութիւն կը մշակէ: Պատշաճութիւններ յարգելու համար չէ, որ կը յայտարարէ` «ես հայ գրող եմ եւ հայ գրողներու ընտանիքին պատկանիլը մեծ պատիւ մը կը համարեմ»: Սարոյեան ստիպուած չէ տուրք տալու: Քիչեր իր համբաւը եւ նիւթական միջոցները ունին: Սարոյեանի եղունգը չարժող գրողներ ունինք, որոնք կը նախընտրեն օտար անունի մը տակ ծածկուած մնալ:

Ուրե՞մն: Կարելի է՞ Ուիլիըմ Սարոյեանի գրականութիւնը մաս նկատել մեր մշակոյթին եւ իր անունը անցընել հայ գրականութեան պատմութեան մէջ: Կամ, ինչպէս ինք կ՛ըսէ, կարելի է՞ Սարոյեանը իբրեւ հայ գրող ընդունիլ:

Դժբախտաբար ո՛չ: Հազա՜ր ափսոս այս «ոչ»-ին համար, որովհետեւ Սարոյեանի սքանչելի պատմուածքները, վէպերն ու թատրերգութիւնները իրապէս պիտի հարստացնէին մեր գրականութիւնը եւ նոր աւիւն պիտի ներարկէին անոր: Ի զօրու չենք տէր կանգնելու անոր ժառանգութեան` հակառակ այն բացարձակ իրողութեան, որ Սարոյեանը գրելու մղող ոգին հայկական է:

Այս կէտը նշանակութիւն ունի միայն բացատրելու համար գրագէտին ստեղծագործական յատկանիշները, տաղանդին ինքնուրոյնութիւնը եւ կեանքի հարցերուն մօտենալու կերպը: Ներկայ եւ ապագայ քննադատները գուցէ վեր առնեն անոր հայկական ծագումը եւ հայու ոգին` շեշտելու համար, թէ Սարոյեան ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ նորութիւններ բերաւ ամերիկեան գրականութեան:

Այսքա՛ն:

Մնացած ամբողջ հարստութիւնը կը պատկանի օտարին:

Գրականութիւնները իրարմէ բաժնող սահմանը ոչ թէ գրողներու ազգային ծագումն է, այլ` լեզուն: Հայ գրականութեան մաս կը կազմեն հայերէնով գրուած էջեր միայն: Գեղեցիկ է եւ յուզիչ մինչեւ իսկ Սարոյեանի մէջ վառ մնացող հայ ոգին, բայց աւա՜ղ, «օգտագործած բառերը անգլերէն են», հետեւաբար իր գրականութիւնն ալ` ամերիկեան կամ անգլիական:

Տարօրինակ այս հակասութիւնը յատուկ չէ միայն մեր ազգին: Համաշխարհային համբաւի տէր պելճիքացի, երկու մեծ գրողներ` Մորիս Մեթերլինկ եւ Վերհարըն ֆրանսական գրականութեան կը պատկանին պարզ այն պատճառով, որ ֆրանսերէն լեզուով գրած են իրենց գործերը:

Ինքնախաբէութեան անձնատուր չըլլանք: Լեզուն է հիմքը գրականութեան եւ առհասարակ մշակութային գանձերու պահպանման: Սփիւռքի մեր անբնականոն կեանքի պայմանները կը ստիպեն, որ ոմանք տարբեր կարծիքներ սկսին պաշտպանել. «ոգին է կարեւորը, լեզուն կարելի է կորսնցնել, բայց ոգիով հայ մնալ»:

Անհատական տեսակէտէն հաւանաբար որոշ ճշմարտութիւն կայ այս տեսակէտին մէջ: Սարոյեան հայ է անկասկած, Հայ են նաեւ Ֆրանսայի կամ Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրող հազարաւոր նորահաս երիտասարդներ, հակառակ անոր որ իրենց մայրենի լեզուն կորսնցուցած են: Բայց անոնց մտաւոր վաստակը, անոնց ստեղծած երգն ու բանաստեղծութիւնը, անոնց հայու տաղանդին ամբողջ բերքը կը հոսին օտար մշակոյթներու գանձարանին մէջ:

Մենք աւելի խոր երախտագիտութիւն պէտք է սնուցանենք այն հայ գրողին հանդէպ, որ կը յամառի մեսրոպեան տառերով եւ մայրենի հարազատ բարբառով գրականութիւն մշակել, քան` հայերէն լեզուն մոռցած կամ լքած փայլուն պսակաւորին: Առաջինն է ընտանիքին սիւնը, տունը շէնցնողն ու կերակրողը, օճախը վառ պահողը: Միւսը` նախանձելին, յաջողածը հպարտանքի առիթ է անշուշտ, բայց կորուսեալ ուժ մը` մեր կեանքին ու պատմութեան համար:

Նպատակս օտար լեզուով գրող հայ հեղինակները մեղադրանքի տակ առնել չէ երբեք: Ասոնց թիւը հետզհետէ աւելի պիտի շատնայ անխուսափելիօրէն, քանի կը տեւէ գաղթաշխարհի հայ կեանքը: Մանկութենէն մինչեւ համալսարան ֆրանսերէնով կամ անգլերէնով ուսում ստացած հայ երիտասարդը ի՞նչ լեզուով կ՛ուզէք որ գրէ, երբ գրելու պահանջ ունենայ եւ տաղանդ: Ըմբռնենք երեւոյթը, սակայն նոյն ատեն պարզ թող ըլլայ, որ մեր ժողովուրդի այդ զաւակներուն մշակած գրականութիւնը մեզի չի պատկանիր:

Միջազգային հրապարակներու վրայ մուրացիկի ափ երկարելու պէս բան մըն է անցորդներուն ականջին փսփսալ. գիտէ՞ք, Սարոյեանը մերն է: Թրուայան մերն է:

Փա՜ռք Աստուծոյ, հայ լեզուի ամբարները դեռ լեցուն են:

Մ. ԻՇԽԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Եկայ, Տեսայ, Սիրահարուեցի…». Կարպիս Թիթիզեան

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?