Ընկեր Միսաք Թորլաքեանի
Յուղարկաւորութիւնը
Ազգային հերոս Միսաք Թորլաքեանի ազգային յուղարկաւորութիւնն ու թաղումը տեղի ունեցած է համազգային մասնակցութեամբ: Կազմակերպած է ՀՅԴ Քալիֆորնիոյ կեդր. կոմիտէն` եկեղեցական մարմիններու օժանդակութեամբ:
«Տան կարգը» տեղի ունեցած է ուրբաթ, նոյեմբեր 15-ին: Հանգուցեալ ընկերոջ կուրծքը զարդարուած է ՀՅԴ զինանշան-մետալով եւ եռագոյն երիզով:
Դամբանական խօսած են Հիւսիսային Ամերիկայի թեմի առաջնորդական փոխանորդ Սմբատ ծ. վրդ. Լափաճեանը, կաթողիկէ համայնքի հովիւ հայր Կղեմէս Մորեանը եւ Յովակիմ Յովակիմեանը:
Մօտ 400 յուղարկաւորներ տողանցած են հերոսին դագաղին առջեւէն:
Շաբաթ, նոյեմբեր 16-ին, Լոս Անճելըսի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ սգակիրներու հոծ բազմութեան մը ներկայութեան տեղի ունեցած է յուղարկաւորութեան արարողութիւնը: Պատուոյ դագաղակիրները եղած են ՀՅԴ Քալիֆորնիոյ Կեդր. կոմիտէի ընկերները:
Էվըրկրին գերեզմանատան մէջ դամբանական խօսած են` հանգուցեալի զինակից ընկերներուն կողմէ Երուանդ Ֆնտքեանը, ՀՅԴ Քալիֆորնիոյ կեդր. կոմիտէի կողմէ Յակոբ Մանճիկեանը Ռամկավար ազատական կուսակցութեան կողմէ Գէորգ Մանտոսեանը, Սոցիալ Դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան կողմէ Սեդրակ Շահէնը եւ ՀՅԴ Հիւս. Ամերիկայի Կեդր. կոմիտէի, Ամերիկայի Ազգ. կեդր. վարչութեան եւ հայ կրթական հիմնարկութեան կողմէ` Բիւզանդ Կռանեանը:
Յատուկ արարողութեամբ, ՀՄԸՄ-ի սկաուտները շրջապատած են հերոսին դագաղը եւ կրկնած` իրենց երդումը, որմէ ետք պատշաճ արարողութեամբ հաւաքուած է դագաղը ծածկող եռագոյն դրօշը: Ապա դագաղը բացուած է, որպէսզի ներկայ սգակիրները արտայայտեն իրենց վերջին հրաժեշտի յարգանքը:
Թաղումէն ետք յուղարկաւորները վերադարձած են Ս. Խաչ եկեղեցւոյ սրահը, ուր հանգուցեալ հերոսին հոգեճաշ տրուած է ՀՅԴ Քալիֆորնիոյ Կեդր. կոմիտէին կողմէ:
Խօսք առած են բողոքական համայնքի կողմէ վեր. Մարտիրոս Մարկանեանը, Սան Ֆրանսիսքոյի համայնքին կողմէ Նարեկ քհնյ. Շրիգեանը` Ֆրեզնոյի համայնքին կողմէ Գուրգէն քհնյ. Եարալեանը, ՀՅԴ Եւրոպայի Կեդր. կոմիտէի կողմէ Խաչիկ Մկրտիչեանը, «Ասպարէզ»-ի խմբագրութեան կողմէ Անտրէ Ամուրեանը, «Նոր Օր»-ի խմբագրութեան կողմէ Օշին Քէշիշեանը, հայ երիտ. դաշնակցութեան կողմէ Ժիրայր Լիպարիտեանը, Ս. Նահատակաց «Ֆերահեան» վարժարանին կողմէ Գաբրիէլ Ինճէճիկեանը, «Մեսրոպեան» վարժարանին կողմէ Աշոտ Տէր Մինասեանը, ՀՕՄ-ին կողմէ Ովսաննա Յակոբեանը, Խորէն Փափազեանը, Արշակ Տիգրանեանը, Զաւէն Սիւրմէլեանը, ընկերներ Եփրեմ Սարգիսեանը եւ Սարգիս Սարունը:
Այնուհետեւ կարդացուած են հեռագիրներ եւ նամակներ` ուղարկուած ՀՅԴ Բիւրոյի, ՀՅԴ Հիւս. Ամերիկայի Կեդր. կոմիտէի Վազգէն Ա. եւ Խորէն Ա. կաթողիկոսներու, Ամերիկայի առաջնորդարանի, Սոչիէն` Բարունակ եւ Զուարթ Թորլաքեաններու, Արշաւիր Շիրակեանի, Անահիտ Թեհլիրեանի, Ճորճ Մարտիկեանի եւ բազմաթիւ այլ անհատներու կողմէ:
Յաջորդ օր` կիրակի, 17 նոյեմբեր, ՀՅԴ ռատիոժամը ամբողջութեամբ նուիրուած է Միսաք Թորլաքեանին: Ներկայացուած են` անոր կեանքը, անձն ու գործը:
 
			