Լիբանանի Անկախութեան 25-ամեակը
Նախագահ Հելու Իր Պատգամին Մէջ Ընդգծեց Ազգային Միութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտելով Պետական Իրագործումները

Լիբանան երէկ տօնեց իր անկախութեան 25-րդ տարեդարձը: Նկատի ունենալով, որ յունիս 1967-ի պատերազմին հետքերը տակաւին չեն ջնջուած, եւ թշնամին գրաւման տակ կը պահէ արաբական հողերը, այս տարի եւս, ինչպէս 1967-ին աւանդական ջահագնացութիւնը եւ զինուորական տողանցքը տեղի չունեցան:
Հանրապետութեան նախագահը հինգշաբթի գիշեր պատկերասփռուած պատգամ մը տուաւ ազգին` ընդգծելով ազգային միութեան անհրաժեշտութիւնը` ընդդէմ իսրայէլեան ծաւալողապաշտութեան: Նախագահը շեշտեց, որ վաղուան Լիբանանը պիտի ըլլայ այն, ինչ որ պիտի ուզէ իր երիտասարդութիւնը նոյն ատեն թուելով այն իրագործումները, որ պետութիւնը ունեցաւ անցեալ 25 տարիներու ընթացքին: Ցոյց տալու համար, թէ Լիբանան որքան յառաջդիմեց, նախագահը յայտարարեց, որ 25 տարուան մէջ պետական պիւտճէն 20 միլիոնէն բարձրացաւ 650 միլիոնի, մինչ բնակչութիւնը կրկնապատկուեցաւ նոյն շրջանի ընթացքին:
Երէկուան Հանդիսութիւնները
Երէկ առտու ժամը 9:00-ին, նախագահ Հելու թափօրով գնաց Ֆուատ Ա. պողոտան, ուր ծաղկեպսակ դրաւ Անծանօթ զինուորի յուշարձանին վրայ:
Ժամը 9:30-ին թնդանօթի 21 հարուածներ տրուեցան Պէյրութի մէջ` ողջունելով Լիբանանի անկախութիւնը:
Ժամը 10:30-ին հանրապետութեան նախագահը, շրջապատուած խորհրդարանի նախագահին, վարչապետին եւ կառավարութեան անդամներուն կողմէ, Եարզէի նախագահական նոր պալատին մէջ ընդունեց շնորհաւորութիւնները հանրապետութեան նախկին նախագահներու, խորհրդարանի նախկին նախագահներու, նախկին վարչապետներու, երեսփոխաններու, դիւանագիտական մարմինի անդամներու, բանակի ընդհանուր հրամանատարին, կրօնական համայնքներու պետերուն, դրամատուներու առաջին կարգի պաշտօնեաներու, եւ, վերջապէս, ժողովրդային պատուիրակութիւններու, սենտիքաներու, ուսանողներու եւ զանազան մարմիններու:
 
			