Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (9 Մարտ 1970)

Մարտ 9, 2020
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Զուր Աշխատանք

Հինգ տարի առաջ, 1965-ին, ապրիլեան Եղեռնի յիսնամեակին առթիւ, երբ սփիւռքի բոլոր կողմերը հայութիւնը օրինակելի միասնականութեամբ ոգեկոչեց թրքական ցեղասպանութեան զոհ իր նահատակներուն յիշատակը, թուրք իշխանութիւնները անակնկալի եկան այդ ոգեկոչման տարողութեան եւ միջազգային գետնի վրայ գտած անդրադարձներուն առջեւ:

Թուրք ղեկավարներ այդ առթիւ բուռն քննադատութիւններու ենթարկուեցան Պոլսոյ եւ Անգարայի մամուլին կողմէ, որ` չեն կրցած համապատասխան քարոզչութեամբ չէզոքացնել Հայ դատին ի նպաստ բացուած պայքարը: Այդ թուականէն ասդին, այն երկիրներուն մէջ, ուր հայկական գաղութներ հաստատուած են, թրքական գրասենեակներ յատուկ քարոզիչներով, աշխատանքի լծուած են հիւրընկալ երկիրներու հանրային կարծիքը լուսաբանելու նպատակով:

Այս տարի, 1970-ին, երբ յիսնամեակն է մեր նորագոյն պատմութեան մեծագոյն աքթին, Սեւրի դաշնագրին, որուն շնորհիւ Հայաստան միջազգային ճանաչումի արժանացաւ, եւ Հայ դատին արդար լուծումը իրաւական հիմք ստացաւ, Անգարա, ըստ երեւոյթին, որոշած է այս անգամ անակնկալի չգալ ու դեռ հայկական համապատասխան հանդիսութիւնները չսկսած, ձեռնարկած է արշաւի մը` աշխարհի հանրային կարծիքին մէջ համակրական մթնոլորտ ստեղծելու համար ի նպաստ թուրքերուն:

Հինգշաբթի հրատարակած էինք թուրք լրագրող Մեթին Թոքերի կողմէ «Հիւրրիյէթ»-ի մէջ ստորագրուած յօդուածի մը առաջին մասը, միաժամանակ տալով մեր աշխատակիցին` Արամ Տիգրանեանի բաց նամակը` ուղղուած յօդուածագրին: Այսօր երկրորդ էջին մէջ կը հրատարակենք նաեւ յիշեալ յօդուածին վերջին մասերէն հատուածներ, որոնցմէ յստակօրէն երեւան կու գայ, որ լրագրողի դրսերեւոյթով Մեթին Թոքեր կառավարական պարզ գործակալ մըն է` ղրկուած Հարաւային Ամերիկա` տեղեկութիւններ քաղելու համար հակաթուրք քարոզչութիւն կազմակերպողներու մասին: Թոքեր իր շրջապտոյտը սկսած է Արժանթինէն, ինչ որ ինքնին յատկանշական երեւոյթ է` նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ այդ երկրին մէջ ոչ միայն Հայ դատին ի նպաստ բեղուն գործունէութեան մը լծուած է մեր նոր սերունդը, այլ նաեւ, թէ՛ պետական շրջանակներու եւ թէ՛ հանրային կարծիքին մօտ, ստեղծուած է հայանպաստ բացառիկ մթնոլորտ մը, որուն առջեւ յայտնապէս չէ ուզած անտարբեր մնալ թուրք կառավարութիւնը:

Մեթին Թոքեր, ինչպէս` իրմէ առաջ թուրք այլ քարոզիչներ, աւելի ծանօթ եւ փորձառու, հայ եւ թուրք յարաբերութիւնները ներկայացնելու «դասական» ձեւ մը ունի: Այսինքն, ինչպէս յաճախ կը կրկնուի Ցեղասպանութիւնը արդարացնելու թրքական փորձերուն մէջ`

– Հայեր եւ թուրքեր դարերով խաղաղ եւ հաշտ ապրած են իրարու հետ (ինչ որ բացարձակապէս սուտ է պարզ այն պատճառով, որ երկու ժողովուրդներ չեն կրնար խաղաղ եւ հաշտ ապրիլ, այնքան ատեն որ անոնցմէ մէկը գրաւած է միւսին պապենական հողերը. ոչ միայն գրաւած, այլ նաեւ հարստահարած, ստրուկի վիճակին մատնած է այդ հողերուն սեփականատէրը):

– Հայեր մեծ դիրքերու տիրացած են Թուրքիոյ մէջ (կարգ մը հայեր, իբրեւ բացառութիւն, անհատական բացառիկ ընդունակութիւններու շնորհիւ եւ թուրքերու անընդունակութեան պատճառով կրնան դիրքերու տիրացած ըլլալ Թուրքիոյ մէջ: Բայց այդ երեւոյթը ընդհանրացնել եւ պետական կեցուածքի վերածել` առնուազն մեղանչում մըն է ճշմարտութեան դէմ):

– Օտար ուժերու գրգռութեան պատճառով հայերը «փոխուած» են («Պետրոս Էմմիին ձեռքը ատրճանակ անցաւ, կ՛ըսէր Թոքեր, եւ թուրքեր ջարդեց»):

– Ինքնապաշտպանութեան» համար կարգ մը հայեր աքսորուած են 1915-ին: Քանի մը «ցաւալի» դէպքեր պատահած են ԵՐԿՈՒՍՏԵՔ:

– Հայերը հիմա խաղաղ եւ բարգաւաճ կ՛ապրին Թուրքիոյ մէջ:

– Արհեստավարժ «կոմիտէճիներ» կ՛աշխատին թշնամութիւն սերմանել հայ նոր սերունդին մէջ` հանդէպ Թուրքիոյ, անձնական շահու համար, կամ ալ` միշտ օտարէն դրդուած:

Աւելորդ կը նկատենք մանրամասնօրէն պատասխանել այս բոլոր վերագրումներուն: Այնքան յստակ է հարցը բոլոր այն ժողովուրդներուն համար, որոնց կ՛ուղղուի թրքական քարոզչութիւնը, սփիւռքի զանազան կողմերը հայկական գաղութներու կազմութիւնը այնպիսի կենդանի վկայութիւն մըն է այն տեղահանութեան մասին, որ Ցեղասպանութեան կնիքով կիրարկուեցաւ թրքական իշխանութեանց կողմէ, որ ո՛չ թոքերները եւ ո՛չ ալ ոեւէ պատմութեան նենգափոխ պիտի չկրնան թուրքերու համար նպաստաւոր կարծիք ստեղծել այլ ժողովուրդներու մօտ:

Ընդհակառակն, այսօր Ցեղասպանութեան համար հաշիւ կը պահանջուի բոլոր ցեղասպաններէն, ու Թուրքիան քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանն է: Հանրային կարծիքը բաւարար չափով լուսաբանուած է 1915-ի Ցեղասպանութենէն վերապրողներու զաւակներուն եւ թոռներուն կողմէ, որոնք այսուհետեւ եւս յարաճուն թափով պիտի շարունակեն քարոզչական աշխատանքը` պարզապէս արդարութեան ակնկալութեամբ:

Ցեղասպանութեան մուրհակը անժամանցելի է: Հաշիւ պիտի պահանջուի ոչ թէ 1924-ին ծնած Մեթին Թոքերէն, այլ այն պետութենէն, որ շարունակութիւնն է 1915-ի Ցեղասպանութիւնը յղացած եւ իրագործած օսմանեան պետութեան ու ցարդ կ՛օգտուի այդ Ցեղասպանութենէն` իւրացնելով զոհերուն «լքեալ գոյքերը»:

Հասկնալի է Անգարայի մտահոգութիւնը: Չէին սպասեր Եղեռնի յիսնամեակին առիթով բարձրացած աղմուկին ու հիմա Սեւրի յիսնամեակին առթիւ կազմակերպած են արշաւ մը` զոհը դահիճի վերածելու խաղքութեամբ:

Պարզ պէտք է ըլլայ բոլոր թոքերներուն եւ Անգարայի անոնց տէրերուն համար, որ մենք ոխակալ տրամադրութիւններ չենք սնուցաներ թուրքերու դէմ: Հայուն ցեղային նկարագրին անյարիր է նման վերաբերում: Հայ նոր սերունդը Թուրքիոյ հանդէպ ատելութեամբ լեցնելու աւելորդ աշխատանքին լծուած չենք: Աւելորդ, որովհետեւ սփիւռքի մէջ ծնած իւրաքանչիւր հայ առնուազն զոհ մը տուած է թրքական Ցեղասպանութեան:

Մեր ուզածը պարզապէս արդարութիւն է: Արդարութիւն` հանդէպ ժողովուրդի մը, որ դարերով ենթարկուելէ ետք օսմանեան տիրապետութեան, յիսունհինգ տարի առաջ, քշուեցաւ իր պապենական հողերէն` մէկուկէս միլիոն նահատակ տալով տարագրութեան ճամբաներուն վրայ:

Այս աղաղակող փաստերուն առջեւ թոքերները բարեբախտաբար անզօր են:

———————

ՕՐԱՏԵՏՐ                                                       ՄԱՐՏ  9

  • 1749.- Ծնունդ ֆրանսական մեծ յեղափոխութեան գործիչ կոմս Օնորէ Միրապոյի:
  • 1920.- Ծնունդ նկարիչ Ժանսէմի (Յովհաննէս Սեմէրճեան): Մահացած 2013-ին:
  • 1921.- Ֆրանս-թրքական համաձայնագիրով որոշուեցաւ պարպել Կիլիկիան:
  • 1922.- Ծնունդ լեզուաբան եւ բանասէր Ռաֆայէլ Իշխանեանի: Մահացած 1995-ին:
  • 1974.- Մահ գրող, թարգմանիչ եւ բանասէր Խաչիկ Դաշտենցի: Ծնած է 1910-ին:

– Ուսուցիչներու օր, որ սկսած է նշուիլ ԺԹ. դարու վերջաւորութենէն, իւրաքանչիւր երկրի մէջ` տարբեր օր: Լիբանանի մէջ կը նշուի մարտ 9-ին, Հայաստանի, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ երկիրներու մէջ` հոկտեմբեր 5-ին:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Սուրբ Մարիանէ Եկեղեցու Վերաօծման Առիթով

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?