Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (29 Փետրուար 1970)

Փետրուար 29, 2020
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թրիփոլի

Տօնակատարութիւն` Փետրուար 18-ի
49-րդ Տարեդարձին Առիթով

Թրիփոլիի «Նաւասարդ» ակումբի վարչութեան կազմակերպած տօնակատարութիւնը, փետրուար 18-ի ժողովրդական ապստամբութեան 49-րդ տարեդարձին առիթով, տեղի ունեցաւ շաբաթ, 21 փետրուարի երեկոյեան:

«Նաւասարդ» ակումբի սրահը կը յորդէր բազմութեամբ: Հոն էին Թրիփոլիի երէց սերունդը, երիտասարդութիւնը եւ պատանիները, որոնք ազգային գիտակցութեամբ տոգորուած եւ անխտրական ոգիով եկած էին ոգեկոչելու մեր ազգային պատմութենէն Վարդանանց ապստամբութիւնը յիշեցնող Փետրուարեան ժողովրդական ապստամբութեան տարեդարձը, անոր անուանի եւ անանուն նահատակներուն յիշատակը եւ խանդավառուելու ապստամբութեան ակամայ ղեկավար` ՀՅ Դաշնակցութեան հայ ժողովուրդին համար մղած ազատագրական պայքարներով:

Պատուոյ սեղանին շուրջ տեղ գրաւած էին` Թրիփոլիի երէց սերունդի ներկայացուցիչ եւ յարգուած ազգային տոքթ. Կ. Համբարեան, Թաղական խորհուրդի ատենապետ Ժոզեֆ Առաքելեան, գանձապահ Յակոբ Քէշիշեան, լիբանանահայ ազգային վարժարաններու կրթական քննիչ Յակոբ Իսկէնտէրեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հերթապահ Սարգիս Զէյթլեան եւ Թրիփոլիի կոմիտէի հերթապահ Սարգիս Կէօնճեան:

«Նաւասարդ» ակումբի վարչութեան անունով տօնակատարութեան բացումը կատարեց Սարգիս Կէօնճեան: Բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, հակիրճ խօսքերով բացատրեց օրուան իմաստը նմանօրինակ տօնակատարութիւններու կազմակերպումը, յատկապէս` նոր սերունդին մէջ վառ պահելու համար ազգային ոգին եւ հայրենասիրութիւնը:

Գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին պատանիները` նուագով եւ ժողովրդական երգերով:

Օրուան բանախօս Յակոբ Իսկէնտէրեան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ փետրուար 18-ի ժողովրդական ապստամբութեան պատճառներուն եւ հետեւանքներուն: Դաշնակցական եւ համայնավար գործիչներու գրութիւններէն համոզիչ փաստեր մէջբերելով` ներկայացուց հայոց եւ Հայաստանի, անոր անմիջական դրացիներուն, ինչպէս նաեւ հիւսիսի «քեռի»-ին Փետրուարեան ապստամբութեան օրերու վիճակն ու փոխյարաբերութիւնները, կնքուած դաշնագիրները եւ չյարգուած պայմանները:

Այնուհետեւ սկսաւ տօնակատարութեան խրախճանքի բաժինը:

Ստեղծուած խանդավառ մթնոլորտի մէջ օրուան թամատա Յակոբ Իսկէնտէրեան յաջորդաբար խօսք տուաւ` տոքթ. Կ. Համբարեանին, որ յատկապէս խօսքը ուղղելով պատանիներուն` թելադրեց անոնց ընթանալ Դաշնակցութեան գաղափարաշունչ ուղիէն, ընկ. Լ. Թոքաճեանին, որ իր կարգին ընդգծեց Դաշնակցութեան ազգանուէր ծառայասիրութիւնը:

Վերջին խօսքը տրուեցաւ Սարգիս Զէյթլեանին, որ կուռ խօսքերով, մասնաւորապէս շեշտելով իբրեւ նիւթ` «Ո՞վ ենք մենք, ի՞նչ ենք մենք»-ը, ներկաներուն ոգեւորութիւնն ու խանդավառութիւնը հասցուց իր գագաթնակէտին:

Յեղափոխական եւ ժողովրդական խմբերգներով խրախճանքը տեւեց մինչեւ ուշ գիշեր:

ԹՂԹԱԿԻՑ

———————

ՕՐԱՏԵՏՐ                                                         ՓԵՏՐՈՒԱՐ 29

– 1886.- Ծնունդ խորհրդային բուսաբոյծ Միքայէլ Թումանեանի: Մահացած 1950-ին:

– 1936.- Ծնունդ տնտեսագէտ Գրիգոր Կիրակոսեանի:

– 1976.- Մահ գծանկարիչ Ռաֆայէլ Նանուշեանի: Ծնած 1924-ին:

Մեծ Պահքի իւրաքանչիւր կիրակի ունի իր խորհուրդը եւ բոլորը միասին կը ներկայացնեն Եդեմական պարտէզէն մինչեւ Գողգոթայ տանող ճանապարհը: Բուն բարեկենդանին կը յաջորդէ Արտաքսման կիրակին. կը խորհրդանշէ Ադամի եւ Եւայի դրախտէն արտաքսումը:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Իմ Անմեղ Յոյս

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?