Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (12 Մարտ 1970)

Մարտ 12, 2020
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վարուժան Խտըշեանի
Մամլոյ Ասուլիսը

Պուրճ Համուտի Համազգայինի «Լեւոն Շանթ թատերախումբ»-ի վարչութեան կազմակերպութեամբ, դերուսոյց եւ բեմադրիչ Վարուժան Խտըշեան մարտ 7-ին ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին հայատառ թերթերու թղթակիցներուն տուաւ տեղեկութիւններ` Էօժէն Լապիշի «Յարդէ գլխարկը» թատերախաղին մասին, որ շաբաթ, 14 մարտէն սկսեալ պիտի ներկայացուի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

Վարուժան Խտըշեան բացատրեց թատերախաղ մը բեմադրելու աշխատանքի փուլերը, որոնք ամփոփ գիծերու մէջ կը ներկայացնենք ընթերցողին:

Նախ` թատրերգութիւնը կը կարդացուի ընդհանուրին ներկայութեան, կը բացատրուին նիւթն ու հոգեվիճակները` իրենց ընդհանուր գիծերուն մէջ, ապա մանրամասնօրէն կ՛ուսումնասիրուին տիպարներու խառնուածքները: Դերուսոյցի բացատրութիւններէն ետք խումբի անդամները կ՛արտայայտեն իրենր կարծիքները, կու տան իրենց մեկնաբանութիւնը (խաղալով) իւրաքանչիւր տիպարի մասին: Միեւնոյն դերը տարբեր քալուածքով, շարժուձեւերով, խօսելաձեւով եւ դիմախաղով կը ներկայացուի մասնակցողներու կողմէ, եւ տարբեր տիպարներ կու գան մէջտեղ: Այս ուսումնասիրութիւններուն կը յաջորդեն շարժումի եւ ձայնի կրթութեան փորձերը, որոնց միջոցով պիտի շեշտաւորուին ու իրարմէ զատորոշուին տիպարները: Այս աշխատանքները կը տեւեն չորս շաբաթ:

Այս բոլորէն ետք կը կատարուի դերաբաշխումը, եւ կը սկսին փորձերը: Առաջին իսկ փորձին Խտըշեան իր մօտ ունի իւրաքանչիւր դերակատարի շարժումներու ուսումնասիրուած նախագիծը: Փորձի սրահի գետինը մէկ քառակուսի մեթր տարածութեամբ քառակուսիներու բաժնուած ու թուագրուած է: Իւրաքանչիւր դերակատար գիտէ իր գտնուելիք տեղը եւ շարժումներուն յաջորդականութիւնը` հիմնուելով թիւերուն վրայ: Այս ձեւը Վարուժան Խտըշեանի յղացումն է:

Երիտասարդ դերուսոյցը մեծ կարեւորութիւն կու տայ խումբի անդամներու կարծիքներուն: Չ՛ուզեր կաշկանդել անոնց ազատութիւնը: Չ՛ուզեր, որ անոնք կապկեն զինք ու մտնեն իր կաղապարին մէջ: Այս ձեւով կը ծանօթանայ խումբի անդամներուն բեմական ճաշակներուն, հակումներուն եւ ըմբռնողութեան, որոնք դերաբաշխումի համար մեծապէս կը նպաստեն իր գործին:

«Յարդէ գլխարկը» վոտըվիլին թարգմանութիւնը կատարած է Վարուժան Խտըշեան` գործածելով Թովմաս Վոլթընի վերամշակումը: Հայերէնի պայմանները առանց զոհելու` գլխաւորաբար աշխատած է բեմական լեզուի կառոյցի յաջողութեան վրայ: Խտըշեան համոզուած է, որ բեմադրիչին թարգմանիչի դեր կատարելը կ՛օժանդակէ ներկայացման յաջողութեան, որովհետեւ ան այդ ձեւով կրնայ իր լեզուական ոճը տալ նախադասութիւններուն:

Արթիւր Միլըրի «Սալեմի վհուկներ»-էն եւ Հենրիք Իպսենի «Մեծ վարպետ Սոլնէս»-էն ետք Խտըշեան կը ներկայացնէ «Յարդէ գլխարկը» կատակերգութիւնը` դիւրամատչելի թատերախաղի մը շնորհիւ թատրոնը ժողովրդային լայն խաւերուն սիրելի դարձնելու նպատակով:

Բեմայարդարումը վստահուած է ծանօթ արուեստագէտ Զաւէն Խտըշեանի, որ գիծերու եւ գոյներու միջոցով, խորհրդանշական բեմայարդարումի մը յղացումով պիտի ներկայացնէ տեսարանները:

Բեմադրիչ Վարուժան Խտըշեան իր մամլոյ ասուլիսի վերջաւորութեան թղթակիցներուն ներկայացուց իր խումբին երիտասարդ անդամները:

Կը յուսանք, որ այս շատ հետաքրքրական եւ օգտակար մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ներկայացուած բեմական դժուարութիւններն ու աշխատանքները կը պսակուին «Յարդէ գլխարկը» կատակերգութեան ներկայացումի յաջողութեամբ:

ԹՂԹԱԿԻՑ

———————

ՕՐԱՏԵՏՐ                                                       ՄԱՐՏ  12

  • 1229.- Երուսաղէմի գրաւումը խաչակիրներուն կողմէ:
  • 1918.- Թրքական բանակը գրաւեց Կարինը:
  • 1918.- Մոսկուա, 215 տարուան ընդմիջումէ ետք, կրկին դարձաւ Ռուսիոյ մայրաքաղաքը:
  • 1900.- Ծնունդ հայ կրկէսի հիմնադիր Վաղարշակ Արզումանեանի: Մահացած 1968-ին:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. 8 Պատճառ Երեխաներուն Ձեռքը Ելեկտրոնային Գործիք Չտալու

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In