Երկիր Հայրենի
Հայաստանի
Տնտեսական Քարտէսը
Հայաստանի Կոմկուսի ԿԿ-ի առաջին քարտուղար Ա. Քոչինեան «Իզվեստիա»-ի մէջ ստորագրած էր յօդուած մը` «Փոքր քաղաքներու ճարտարարուեստը» խորագրով:
Ըսելէ ետք, որ վերջին տասնամեակի ընթացքին Հայաստանի մէջ երեւան են եկած նոր քաղաքներ եւ աւաններ, մէջ կը բերէր Խորհրդային Միութեան Կոմկուսի ԿԿ-ի 13-րդ համագումարի որոշումը, ըստ որուն, «Աշխատանքային աղբիւրներու օգտագործումը բարելաւելու եւ արդիւնաբերութիւնը աւելի համահաւասար չափով տեղաբաշխելու նպատակով, նոր ձեռնարկութիւններ պէտք է հիմնել միջակ եւ ոչ մեծ քաղաքներուն մէջ` նկատի առնելով այրերը եւ կիները աշխատանքի մէջ օգտագործման անհրաժեշտութիւնը»:
Այս որոշումը իր մատնանշած բոլոր կէտերով ցոյց կու տար այն սխալները, որոնք տեղի ունեցան Հայաստանի մէջ ճարտարարուեստի զարգացման ձեռնարկուած ատեն:
Ամէն մէկ երկիր ունի իր ոչ միայն հողային, այլեւ տնտեսական աշխարհագրութիւնը: Մասնաւորապէս այն երկիրները, որոնք նոր զարկ կու տան իրենց ճարտարարուեստին, պէտք է լուրջ կերպով նկատի ունենան իրենց ամէն մէկ շրջանի բնական հարստութիւններն ու ընծայելիք հնարաւորութիւնները, անոնց բնակչութեան զբաղումները եւ օգտագործելի աշխատողներու տոկոսը, բայց մանաւանդ` ամբողջ երկրին համեմատական չափանիշով տնտեսական զարգացման խիստ անհրաժեշտութիւնը:
Ի՞նչ է եղած Հայաստանի տնտեսական աշխարհագրութիւնը: Հայաստանի արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններուն քառասուն տոկոսը կեդրոնացած է Երեւանի մէջ: Որովհետեւ մէկ քանի տասնամեակներ շարունակ գրեթէ միայն Երեւանի մէջ հիմնուեցան արդիւնաբերական ձեռնարկութիւնները:
Բացառութիւն կազմեց Լենինականը` իր մէկ քանի գործատուներով: Ու նոր է, որ Կիրովականի, Աբովեանի, Հրազդանի, Չարենցաւանի, Մասիսի եւ այլ քաղաքներու մէջ սկսան կառուցել արդիւնաբերական հաստատութիւններ:
Ճարտարարուեստը Երեւանի մէջ կեդրոնացնելու սխալ եւ անշրջահայեաց ուղղութիւնը ունեցաւ իր բացասական հետեւանքները: Երկրին մնացեալ մասը շարունակեց մնալ ոչ արտադրական: Եւ որովհետեւ Երեւանի մէջ աշխատանքի հնարաւորութիւնները շատցան, շատցաւ նաեւ թիւը անոնց, որոնք միւս շրջաններէն եւ մասնաւորապէս գիւղերէն վերաբնակութիւն հաստատեցին մայրաքաղաքին մէջ: Ոչ միայն տնտեսական, այլեւ պետական տեսակէտէն այս աննպաստ իրողութիւնը նկատի չառնուեցաւ ատենին: Եւ, ընդհակառակն, մամուլի էջերէն ու բեմերու վրայէն գոհունակութեան արտայայտութիւններ եղան, թէ Երեւանը ունի նաեւ հինգ հարիւր հազար, յետոյ` վեց հարիւր աւելի վերջ` եօթը հարիւր հազար բնակիչ, իսկ շուտով կը հասնի մէկ միլիոնի: Ստիպուած եմ շեղիլ համեստութենէն` կրկին յիշեցնելու համար, որ Երեւանի բնակչութեան այս արագ ու անհամեմատ աճին երկրէն ներս թէ դուրս ստեղծած գոհունակութեան ատեն յօդուածով մը մատնանշեցի ստեղծուած վիճակին անբաղձալի ու վնասակար ըլլալը` քաղաքա-տնտեսագիտական եւ պետական տեսակէտներէ, եւ յայտնեցի այն կարծիքը, թէ որքան կարելի է շուտ պէտք է կասեցնել այդ սխալ ընթացքը եւ ճարտարարուեստի-արդիւնաբերութեան նախաձեռնութիւնները տարածել երկրին բոլոր կողմերը համեմատական չափանիշով:
Մեծ մայրաքաղաք ունենալու նախասիրութիւնը ստուերի տակ թողած էր այդ առարկայական մօտեցումը:
Բայց, ահա, տասնամեակներ ետք Ա. Քոչինեան իր այդ յօդուածին մէջ կը խոստովանի, որ`
«… Այժմ հանրապետութեան մայրաքաղաքին մէջ հաստատուած նախաձեռնութիւնները կու տան ամբողջ հանրապետութեան արտադրանքի վաթսուն տոկոսը: Այդ վիճակը ոչ միայն բարդացուցած է քաղաքի (Երեւանի) կեանքը, այլեւ առաջացուցած է դժուարութիւններ` աշխատանքային աղբիւրները հանրապետութեան չափանիշով եւ նպատակայարմար ձեւով օգտագործելու բնագաւառին մէջ, մարդոց վերաբնակութեան` (գիւղերէն եւ քաղաքներէն` Երեւան) հոսանքներ է ստեղծած: Այս բոլորը եւ ուրիշ երեւոյթներ (ըսել կ՛ուզէ իրողութիւններ կամ… սխալներ) ոչ միայն լոկ տնտեսական ու քաղաքաշինական, այլեւ ընկերային, ազգագրական եւ վարչական-իրաւական խնդիրներ օրակարգի դրին»:
Ուրեմն վերաբնակութեան հոսանքը պիտի գար ողողելու մայրաքաղաքը, գիւղերուն եւ աւաններուն բնակչութեան տոկոսը պիտի նուազէր ի նպաստ մայրաքաղաքին, Երեւան պիտի ունենար բնակարանային տագնապ, եւ զայն եթէ ոչ լուծելու` գոնէ մեղմելու համար շինարարական նիւթական ներդրումները մեծ մասով պիտի յատկացուէին Երեւանին` շինարարութեան մէջ եւս մայրաքաղաքէն դուրս մնացած մասը թողլով անհամեմատելի վիճակի մը մէջ, մայրաքաղաքին կեանքը պիտի դժուարանար, շրջաններու բնական նիւթերը, փոխանակ տեղւոյն վրայ արտադրանքի վերածելու, տասնամեակներ շարունակ պիտի փոխադրուէին մայրաքաղաք, Երեւանը օրէ օր պիտի խճողուէր եւ այդ խճողումին պատճառով պիտի ստեղծուէին սննդաւորման, հաղորդակցութեան միջոցներու, դպրոցական շէնքերու անբաւարարութեան եւ այլ դժուարութիւններ եւ, վերջապէս, Խորհրդային Միութեան Կեդրոնական կոմիտէն որոշում պիտի կայացնէր «արդիւնաբերութիւնը համաչափ կերպով տեղաբաշխելու մասին», որպէսզի Ա. Քոչինեան, իր նախորդները եւ իր այժմու ու անոնց երբեմնի գործակիցները անդրադառնայի՜ն, թէ «այս խնդիրը Հայաստանի մէջ առաջնահերթ նշանակութիւն ունի», ինչպէս կ՛ըսէ իր յօդուածին մէջ:
Այս անդրադարձումը որոշ տարիներու կը կարօտի, անշուշտ, փոխելու համար Հայաստանի տնտեսական քարտէսը:
Վերջին տասնամեակին գիւղեր վերածուեցան աւաններու եւ աւաններ` քաղաքներու: Քաղաքաշինութիւնը, սակայն, մեր դարաշրջանին միայն բնակչութեան թիւի յաւելում եւ բնակարանային շինութիւն չէ: Միանգամայն տնտեսութիւն է եւ առաւել եւս` ճարտարարուեստ:
Անցեալի սխալի առթած լուրջ մտահոգութենէն մղուած` այժմ զարկ կը տրուի երկրին բոլոր վարչական բաժանումներուն մէջ սկսուած արտադրական նախաձեռնութիւններու ընդլայնումին:
Այդ ծրագիրը կ՛ունենայ նաեւ այն առաւելութիւնը, որ մասնաւորապէս գիւղերու բնակչութիւնը, իր հողային աշխատանքներէն ազատ ամիսներուն կը լծուի արդիւնաբերութեան եւ կ՛ապահովէ եկամուտի յաւելեալ միջոց մը:
ՎՐՈՅՐ
———————
ՕՐԱՏԵՏՐ ՄԱՐՏ 13
- 1897.- Ծնունդ բանաստեղծ, արձակագիր, թարգմանիչ եւ քննադատ Եղիշէ Չարենցի: Մահացած 1937-ին:
- 1913.- Ծնունդ արձակագիր եւ թարգմանիչ Պարոյր Ջոթեանի: Մահացած 1954-ին:
- 1955.- Մահ բանասէր, պատմաբան, մանկավարժ եւ հասարակական գործիչ Արտաշէս Աբեղեանի: Ծնած է 1878-ին:
- 1959.- Մահ մաթեմաթիկոս Աշոտ Տէր Մկրտչեանի: Ծնած է 1891-ին: