Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (3 Մարտ 1970)

Մարտ 3, 2020
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Վարկայի «Կտակ»-ը

Խորհրդային հռչակաւոր տնտեսագէտ Էօժէն Վարկայի «կտակ»-ը գէշ «կատակ» մը եղաւ Քրեմլինի վարիչներուն համար: Ան, որուն մասին խորհրդային համայնագիտարանի վերջին հրատարակութիւնը, 1965-ին,  դրուատական տողեր ունէր` ընդգծելով հունգար գիտնականին մատուցած մեծ ծառայութիւնները խորհրդային տնտեսագիտութեան, բառերը չի ծամծմեր, երբ կը խօսի Խորհրդային Միութեան այժմու ղեկավարութեան մասին:

Վարկայի այս գործը, որ յետմահու հրապարակուած է եւ գաղտնաբար կը շրջի Խորհրդային Միութեան մէջ, ինչպէս` վարչակարգին պաշտօնական վարդապետութեան անյարիր որեւէ երկասիրութիւն, հեղինակութիւնն է մէկու մը, որուն հանդէպ Լենին ժամանակին մեծ համարում ունէր` իբրեւ խորհրդային ընկերութեան հիմնական ուղին ճշդող տնտեսագէտի:

Ֆրանսական գործակալութիւնը լայնօրէն կ՛անդրադառնայ այս «կտակ»-ին, որմէ հատուածներ հրատարակուած են աւստրիական «Վիենըր Թակեպուշ» հանդէսին մէջ, որուն տնօրէնն է նախկին համայնավար Ֆրանց Մարեք: Յետմահու այս երկասիրութեան մէջ, որ ռումբի մը ազդեցութիւնը գործած է համայնավար շրջանակներու մէջ, Վարկա հիմնական կարծիքներ կը յայտնէ եւ փորձառու տնտեսագէտի դատումներով, կը յաջողի ցոյց տալ, որ` «Խորհրդային ղեկավարներուն ամէնէն վտանգաւոր եւ վնասակար գիծը այս մեծ երկիրը պատշաճօրէն տնտեսելու իրենց անկարողութիւնն է»:

Անսպասելի էր հարուածը: Դեռ մինչեւ երէկ իբրեւ անվիճելի հեղինակութիւն ընդունուող տնտեսագէտը, որուն կը դիմէին Քրեմլինի վարիչները իրենց տնտեսական քաղաքականութիւնը արդարացնելու համար, բացայայտ կերպով կ՛ընդունի եւ կը հրապարակէ խորհրդային տնտեսական դրութեան ձախողութիւնը եւ ատոր հիմնական պատճառներէն մէկը կը նկատէ կուսակցական մենատիրութիւնը, կուսակցական ղեկավարներու սանձարձակ եւ անհակակշիռ գործունէութիւնը:

Վարկա կը կատարէ յայտնութիւններ` խրուշչովեան շրջանի մասին: Անուանի տնտեսագէտին համաձայն, Խրուշչով փորձած է գոնէ մասամբ սահմանափակել կուսակցական մենատիրութեան իրաւասութիւնները, եւ այդ «յանդգնութիւնը» եղած է պատճառը իր անկումին: Քրեմլինի այժմու վարիչները, որոնք պատրաստուած են Ստալինի կողմէ, Խրուշչովի նախաձեռնութիւններուն մէջ տեսած են վտանգ մը իրենց դիրքին դէմ, որ Վարկայի իսկ բառերով, կը յատկանշուի «կամայական վերաբերում»-ով եւ «անձնական չարաշահութեամբ»:

Վարկա յուսահատ է աշխատաւոր զանգուածներէն: Չի հաւատար, որ այդ խաւերը կրնան շարժիլ` փոփոխութիւն մը մտցնելու համար այժմու դրութեան մէջ: Պատճառը հնազանդութեան այն վարժութիւնն է, որ տասնամեակներու աշխատանքով, կուսակցական դիւանակալութեան կողմէ պարտադրուած է ժողովուրդին: Ուստի, տնտեսագէտին կարծիքով, եթէ փոփոխութիւն մը պիտի ըլլայ, ատիկա հնարաւոր պիտի դառնայ միայն վերնախաւի, կուսակցական ղեկավարութեան մակարդակին վրայ: Ինչպէ՞ս. դժուար չէ նախատեսել, երբ Վարկա կու տայ Խրուշչովի նախընթացը եւ այն ճիգը, որ ան ի գործ դրաւ ստալինականութիւնը արմատախիլ ընելու համար, բայց չյաջողեցաւ:

Քրեմլինի ղեկավարներուն համար շատ դժուար պիտի ըլլայ մեղմացնել, Վարկայի աննպաստ կարծիքներուն թողած տպաւորութիւնը համայնավար շրջանակներու մէջ: Շատ շատ, յետմահու վարկաբեկումի պայքար մը պիտի շղթայազերծուի, Վարկայի գործերը պիտի հաւաքուին, խորհրդային համայնագիտարանը պիտի «մաքրաջրուի» եւ երեւակայական մեղքեր պիտի բեռցուին 1964-ին մահացած գիտնականին վրայ: Բայց փաստը պիտի մնայ փաստ` իբրեւ գերագոյն վճիռը մարդու մը, որ Լենինի բարեկամն էր ու Քոմինթերնի «Հին պահակագունդ»-ին վերջիններէն մէկը:

Կը կարծենք, որ կտակարանին հաստատումները բացատրութեան չեն կարօտիր: Երբ անուանի տնտեսագէտ մըն է խօսողը, որեւէ մեկնաբանութիւն աւելորդ կը դառնայ:

———————

ՕՐԱՏԵՏՐ                                                       ՄԱՐՏ 3

– 1842.- Ծնունդ բարերար եւ քարիւղի արդիւնաբերող Ալեքսանդր Մանթաշեանի: Մահացած 1911-ին:

– 1878.- Ռուսիոյ եւ օսմանեան կայսրութեան միջեւ կնքուեցաւ Սան Ստեֆանոյի դաշնագիրը:

– 1918.- Պրեսթ-Լիթովսքիի դաշնագիրով Կարսը, Արտահանը եւ Պաթումը Խորհրդային Ռուսիոյ իշխանութիւններուն կողմէ յանձնուեցան Թուրքիոյ:

– 1930.- Բացում Համազգայինի Ճեմարանի, Պէյրութ:

– 1959.- Բացում Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանին:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Մանկութիւն Ունեցող Մարդիկ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?