Լիբանանահայ Կեանք
Վեհափառ Հայրապետը Ս. Նշանի Մէջ
Մեծ պահոց միջինքի առիթով, չորեքշաբթի, 4 մարտ, առաւօտեան, արեւագալի հանդիսաւոր ժամերգութիւն տեղի ունեցաւ Ս. նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ` հանդիսապետութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի:
Վեհափառ հայրապետը իր ժամանումին արժանացաւ շքեղ ընդունելութեան: Դիմաւորուեցաւ առաջնորդ սրբազան հօր, քահանայից դասի, թաղական խորհուրդի, տիկնանց միութեան, աղքատասիրացի, դպրաց դասի, ազգ. «Ս. Խանամիրեան» քոլեճի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան կողմէ:
Խուռներամ բազմութիւն մը հաւատացեալներու ծայրէ ծայր լեցուցած էր եկեղեցին:
Ժամերգութեան ներկայ եղան «Ն. Փալանճեան» ճեմարանի եւ «Ս. Խանամիրեան» քոլեճի բարձրագոյն կարգերու աշակերտները:
Արեւագալի ժամերգութիւնը երգեցին դպրեվանքի սաները:
Քարոզեց վեհափառ հայրապետը: Աւելի պատգամ ուղղեց հաւատացեալներուն, որպէսզի չգաղթեն: Յայտնեց որ դէպի Ամերիկա կատարած իր շրջապտոյտին ականատես եղած է շատ տխուր տեսարաններու: Գաղթողներէն շատերը դժգոհ են: Իրենց ակնկալած նպատակին չեն հասած: Ազգային տեսակէտով ալ պատկերը տխուր է: Գաղթող սերունդը կամ անոնց յաջորդող սերունդը միայն կրնայ դիմանալ ձուլումին, գալիք սերունդները անպայման պիտի ձուլուին: Ձեր գեղեցիկ տնտեսութիւնը եւ կեանքը քանդելով` մի՛ գաղթէք, եղաւ վեհափառ հօր պատգամը:
Յաւարտ ժամերգութեան, եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը կազմակերպած էր միջինքի յատուկ ճաշկերոյթ: Ներկայ եղան` վեհափառ հայրապետը, առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս, դրան եպիսկոպոս Գարեգին եպիսկոպոս, վարդապետներ, քահանայ հայրեր, թաղական խորհուրդի անդամները, ազգ. «Ս. Խանամիրեան» քոլեճի տնօրէնութիւնը, Տիկնանց միութեան վարչութեան, աղքատախնամի, դպրաց դասի անդամները եւ դպրեվանքի սաները:
Առաջորդ սրբազանը բարի գալուստի եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց վեհափառ հօր:
Սիրալիր մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթը եւ վերջ գտաւ վեհափառ հօր «Պահպանիչ»-ով:
Ս. Նշանի Տիկնանց Միութեան
Միջինքի Հաւաքոյթը
Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ եկեղեցասէր տիկնանց միութեան վարչութեան կազմակերպած հաւաքոյթը, միջինքի առիթով, տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 4 մարտ, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին Ազգ. «Ս. Խանամիրեան» քոլեճի մանկապարտէզի սրահին մէջ:
Ժամանակէն առաջ սրահը լեցուած էր ծայրէ ծայր:
Վարչութեան ատենապետ Էօժենի Պալեան բարի գալուստի պատշաճ խօսքերէ ետք, ներկայացուց միութեան միամեայ գործունէութիւնը: Լայն տեղեկութիւններով բացատրեց եկեղեցասէր տիկնանց միութեան ծրագիր-կանոնագրին հիմնական յօդուածները: Թելադրեց յարգել ազգային եւ եկեղեցական աւանդութիւնները եւ նորահաս սերունդներուն լաւապէս ուսուցանել հայոց լեզուն:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը: Նուագեց եւ երգեց օրդ. Քէշիշեան: Արտասանեցին Լենա Թէքեան եւ Արա Վիզոյեան, Արա Թէքեան մինչեւ վերջ իր ձեռնադաշնակով խանդավառեց ներկաները: Եղան խմբական պարեր, մենապար, երգ ու ծիծաղ:
Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն: Միջինքի յատուկ հիւրասիրութեան ընթացքին նոր անդամուհիներ արձանագրուեցան:
«Հայր մեր»-ի խմբերգումով վերջ գտաւ հաւաքոյթը եւ ներկաները մեկնեցան գոհ տրամադրութեամբ:
Լիբ. Օգնութեան Խաչի «Աստղիկ» Մասնաճիւղի
Միջինքի Հաւաքոյթ-Դասախօսութիւնը
Լիբ. օգն. խաչի Մար Մխայելի «Աստղիկ» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած հաւաքոյթ-դասախօսութիւնը, միջինքի առիթով, տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 5 մարտ, կէսօրէ ետք ժամ 3:00-ին, Մար Մխայելի ակումբի սրահին մէջ:
Անդամուհիներ եւ համակիր տիկիններ ու օրիորդներ լեցուցած էին սրահը:
Գործադրուեցաւ օրուան պատշաճ գեղարուեստական յայտագիր մը: Մեներգեցին` Շաքէ Քէշիշեան եւ Նուարդ Մահտումեան, արտասանեցին Խարմանտարեան եւ Ա. Պատագեան: Տեղի ունեցան նաեւ հաճելի անակնկալներ:
Օրուան դասախօս Սոնա Զէյթլեան խօսեցաւ հայ կնոջ դերին եւ պարտականութեանց մասին: Օգտաշատ թելադրանքներ ըրաւ, որոնցմէ շատ գոհ մնացին ունկնդիրները:
Տեղի ունեցաւ նաեւ պատշաճ հիւրասիրութիւն: Գոհ տրամադրութեամբ մեկնեցան ներկաները:
———————
ՕՐԱՏԵՏՐ ՄԱՐՏ 10
- 1885.- Ռուսական կառավարութեան հրամանագիրով փակուեցան հայկական վարժարանները:
- 1925.- Մահ Քրիս Ֆէնէրճեանի: Մասնակից սուլթան Համիտի դէմ մահափորձի պատրաստութեան գործին:
- 1945.- Մահ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին արտաքին գործոց նախարար եւ երկրորդ վարչապետ Ալեքսանդր Խատիսեանի: Ծնած է 1874-ին:
- 1986.- Մահ արձակագիր Արամ Հայկազի: