«Աւա՜ղ Փառացս»…
«Ազդակ»-ի 7 փետրուարի թիւին մէջ` ալեւոր պահակը, Բ. Թաշեան, կը փորձէ դեգերիլ «Տիրոջը այգի»-ին մէջ. մատնանշել լեզուական, քերականական եւ ուղղագրական վրէպներ, պարզել թիւրն ու թերին` ի պաշտպանութիւն Մայրենիքի:
Ուրի՜շ նահապետ մը, Լեւոն Երկանեան, պարբերաբար նոյն մարզանքը կը փորձէ «Յուսաբեր»-ի մէջ:
Վարդան Գէորգեան եւ Գաբրիէլ Թագւորեան, վերջին մոհիկաններէն, եղիճ ու տատասկ հաւաքելու նոյն տաժանագին աշխատանքին լծուած էին ատենօք: Մինչեւ այսօր ալ կը պայքարին անյուսահատ:
Վստահօրէն կը գիտակցին, բոլորն ալ, թէ զո՜ւր յոգնութիւն է եղածը: Մանր մաղելու կամ բարակ մանելու պէս բան մը, երբ տարրական կանոններու հանդէպ իսկ յարգանք մնացած չէ: Ոչ միայն անգիտութիւնը, այլեւ արհամարհոտ անտարբերութիւնը աւեր կը գործեն:
Տակաւին շաբաթ մը առաջ նոյն ցաւը կու լայինք` համատարած անպատասխանատուութիւնը խորհրդածութեան նիւթ դարձնելով: – Երբ կը հասնինք անիշխանութեան այս աստիճանին, անօգո՜ւտ է հրապարակային ամէն հրաւէր ու խնդրանք:
Արտայայտուելու համարձակութիւնը կամ ծուռն ու շիտակը բացատրելու փորձութիւնը թելադրուած է անտարակոյս, մատի վրայ համրուող քիչերու հետաքրքրութենէն:
Ու մանաւանդ մտրակուած է հանրային մարդու այն գիտակցութենէն` թէ հարկ է պարբերաբար խօսիլ նաեւ «ոգի»-ներուն հետ…
Եթէ նոյնիսկ լսող ու օգտուող պիտի չըլլայ, ըսա՜ծ ըլլալու գոհունակութիւնը պիտի ունենանք:
Ուսուցիչ, գրող, մտաւորական կը սիրեն իրենք իրենց հետ խօսիլ երբեմն: Արտայայտուիլ թերթով ու գիրքով: Եւ քանի՛ տարիները կը թաւալին, այս սէրը այնքան աւելի պապակի ու պահանջի կը վերածուի:
Պիտի ուզենք ընդգծել, թէ մեր կողմէ յիշատակուած բոլոր անունները, ախտազննական փորձերու ատեն մասնաւոր փոյթ մը ցոյց կու տան իրենց արցունքը պահելու: Կարծես կ՛ամչնան ուրիշներո՜ւ հաշուոյն ու կը բաւարարուին վարագոյրի կողմնակի մէկ բացուածքէն միայն սեւեռելով ողբերգական պատկերին:
Մեր կարծիքով, ուղղագրական սխալագրութիւնները կամ քերականական սայթաքումները աղէտ չեն` որքան ատեն որ անհատական սահմաններու մէջ կը մնան ու անձին յատուկ հիւանդութեան մը բնոյթը եւ տարողութիւնը ունին:
Ըսած ենք ասկէ առաջ ալ: – Ամէնէն բթամիտ աշակերտն անգամ զինաթափ կ՛ընէ իր ուսուցիչը, երբ այս վերջինը համոզում կը գոյացնէ` թէ տղան կամ աղջիկը «վատ հաղորդիչ» է ուղղագրական կանոնին ու քերականական օրէնքին. տեսողական յիշողութենէ զուրկ ու մտքի թափթփածութենէ կը տառապի:
Պատանութենէ երիտասարդութեան կը հասնին, աշակերտութենէ` ուսանողութեան, ուսանողութենէ` փայլո՜ւն մասնագիտութիւններու. մազ ու մօրուք կը ճերմկցնեն, սակայն ուղղագրական իրենց հին տկարութիւնը կը մնայ անսրբագրելի:
Ցաւալի է: Զարմանալի է: Երբեմն նոյնիսկ ընդվզեցուցիչ է տարրական գիտելիքներու զանցառութիւնը կամ անտեսումը: Սակայն աղէտ չէ:
Աղէտը` լեզուական որակի ԱՆԿՈՒՄՆ Է, անկախաբար ուղղագրական եւ քերականական տարրական կանոններու անտեսումով պարզուող այն խառնիճաղանճէն, որուն մատնուած են այսօր մեր թերթերը ընդհանրապէս:
Մինչեւ 1914, համաշխարհային առաջին պատերազմ, հայ մամուլ եւ հայ գրականութիւն յառաջապահի դեր կատարեցին լեզուական բարեշրջումի մէջ:
Արեւմտահայերէնը հանածոյ մըն էր` հայեվարին, թրքերէնին եւ օտարամուտ տարրերու խառնուրդով, բառային իր կերտումներով, հոլովական թէ խոնարհման ձեւերով, ածանցումներով թէ բարդութիւններով, նախադասութեանց կազմութեամբ, շարահիւսական թէ ոճական տարազներով:
«Մասիս»-էն մինչեւ «Արեւելք» եւ «Ճակատամարտ», ուրեմն 1850-էն մինչեւ 1910-ական թուականներ, վաթսուն տարուան մէջ գիտական ու գեղարուեստական բարձրութեան հասաւ այդ լեզուն` հայ մամուլի եւ մտաւորականութեան բացառիկ նպաստով, – անկախաբար մշակութային եւ ընկերային այլ ազդակներու ու բարերար անդրադարձումէն:
Այսօր, յատկապէս քսանհինգ տարիներու ընթացքին, աստիճանական վայրէջքի մէջ է ան:
Ինչ որ շինեցինք հարիւր տարուան մէջ, սկսած ենք քանդել սրարշաւ,- անժառանգ սերունդներու անվայել անփութութեամբ:
Թրքերէնը վտարելէ ետք մայրենի անդաստանէն, օտարոտի եւ խորթ ամէն ազդեցութիւն թօթափելէ վերջ 1850-1950, հիմա կը միտինք բաբելոնեան հի՜ն աշտարակաշինութեան:
Ֆրանսերէնին, թրքերէնին, անգլերէնին եւ ուրիշներու լաւ թէ վատ բոլոր գիծերը կապկօրէն կ՛ընդօրինակենք, ծառայելով այն սոփեստական հաւատքին` թէ պատուաստում տեղի կ՛ունենայ այս ձեւով…
Ուշադրութիւն ըրէք ու կը տեսնէք, որ արեւմտահայերէնը հայեցի իր ինքնուրոյն նկարագիրը կը կորսնցնէ օրէ օր, – կը դառնայ թարգմանաբոյր տպագրութիւնը թրքերէնին ու ֆրանսերէնին:
Ամէնէն մեծ միտքերն իսկ կը փոքրանան, ամէնէն նուրբ զգացումներն իսկ կը կոպտանան` երբ լեզուն կը դադրի զանոնք արժեցնելէ. զանոնք ըլլալէ:
Ծաղկաւեր դէմքի մը չափ ափսոսալի է տեսնել Մայրենիքի պատկերը` մերօրեայ թերթերէ շատերուն մէջ:
Կը մոռնանք որ լեզուն միտք է ու հոգի, գիտութիւն է եւ արուեստ: Եթէ կ՛ուզենք ապրեցնել զայն` իր ինքնութեան մէջ անխաթար պէտք է պահենք: Պէտք է պատուաստենք ի՛ր հողին ու ի՛ր կլիմային հետ հաշտ տարրերով. իր ոգիին հարազատ շունչով եւ գաղափարներով: Ո՛չ թէ հետեւակօրէն` այլ` հայացումով:
Որո՞ւ կ՛ըսես: Եւ ի՞նչ օգուտ ու իմաստ` պարբերական այս ողբերէն: – Մէջբերումներէն, մատնանշումներէն, պարզաբանումներէն:
Ամէնէն կախարդ ուսուցիչն անգամ անկարող է ուշքի բերելու իր աշակերտը` երբ անոր մէջ նախ չի ստեղծեր իւրացումի տրամադրութիւնը: Փոխանցումները կը կարօտին հաղորդութեան. ներքին, հոգեկան կապի: Ո՜ւր կը մնան մամուլի միջոցաւ ուղղուած յորդորներն ու հրաւէրները, որոնք կը ցնդի՜ն առհասարակ:
Չըսի՞նք արդէն, թէ հեղեղն առեր` կը տանի…
ՄԻՆԱՍ ԹԷՕԼԷՕԼԵԱՆ
——————————————
ՕՐԱՏԵՏՐ ՄԱՐՏ 18
- 1241.- Մոնկոլներու առաջին ներխուժումը Լեհաստան:
- 1864.- Ծնունդ ականաւոր ճարտարապետ, գիտնական, ճարտարապետութեան տեսաբան, հնագէտ եւ լուսանկարիչ Թորոս Թորամանեանի: Մահացած 1934-ին:
- 1924.- Ծնունդ հայագէտ եւ լեզուաբան Լեւոն Խաչերեանի: Մահացած 2007-ին:
- 1942.- Ծնունդ ճարտարապետ Սասուն Գրիգորեանի:
- 1952.- Ծնունդ նկարիչ Հենրիկ Վարդենիկցի:
- 1960.- Մահ Սահակ Տէր Թովմասեանի, Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէի քարտուղար 1921-ի Փետրուարեան յեղաշրջման շրջանին:
- 1984.- Մարսէյի Հայկական կեդրոնի ռմբահարում: