Թատերական
14.000 Հանդիսատես
Աննախընթաց երեւոյթ` լիբանանահայ թատերական կեանքէն ներս:
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը 25-րդ անգամ ըլլալով կը ներկայացնէ Րաֆֆիի «Ոսկի աքաղաղը»:
25 անգամ… 14.000 հանդիսատես…
Մրցանիշ մըն է: Յաղթանակ մը` «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի եւ Ժորժ Սարգիսեանի համար: Յաղթանակ մը` նաեւ մեր թատերասէր հասարակութեան համար, որ գիտցաւ գնահատել ժողովրդային յաջող ներկայացում մը: Ոչ ոք կրնար ակնկալել, որ «Ոսկի աքաղաղը» պիտի ներկայացուի 25 անգամ: Ոչ ոք, նոյնիսկ` բեմադրիչ Ժորժ Սարգիսեան, որ մամուլով յայտարարեց, թէ «միայն չորս անգամ» պիտի ներկայացուի թատերախաղը:
14.000-ի մրցանիշ թիւին առջեւ կ՛արժէ պահ մը կենալ ու մտածել յաջողութեան գլխաւոր ազդակներուն մասին:
Յաջողութեան գլխաւոր պատճառներէն մին Ժորժ Սարգիսեանի անմոռանալի Պետրոս աղա Մասիսեանն էր անկասկած: Այդ դերով Սարգիսեան կը գերազանցէր ինքզինք: Երկրորդ պատճառը թատերախաղի նիւթի ժողովրդականութիւնն էր, որ իր տաքութեամբ կը խօսէր լայն տարրերու սրտին:
Բայց, եթէ մտածենք, որ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը իր գործունէութեան ընթացքին ներկայացուցած է ժողովրդային ուրիշ գործեր, ու նաեւ այդ թատերախաղերը բեմադրուած են անվիճելի յաջողութեամբ, սակայն` առանց հասնելու այս յաջողութեան կէսին, մեր մտածումը անմիջապէս կը կեդրոնանայ հայաշատ Պուրճ Համուտի սրտին կառուցուած «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի իրականութեան վրայ:
Հանդիսականներու թիւը միաւոր հազարներէ 14.000-ի բարձրացնող զանգուածը իր այս գործնական արտայայտութեամբ կը փաստէ, որ ինք կը հետաքրքրուի մշակութային շարժումով ու գիտէ գնահատել իր արուեստի գործիչները: Կը բաւէ, որ իրեն տրուի արտայայտուելու առիթը:
Դէպի թատրոն աճող անոնց հետաքրքրութիւնը խանդավառիչ է, եւ մեր գործադիր մարմինները պէտք է մտածեն մշակութային ուրիշ ձեռնարկներու կազմակերպման մասին:
25 անգամ… 14.000 հանդիսատես…
«Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահը արդարացուց իր գոյութիւնը:
«Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը լիբանանահայ իրականութեան մէջ հաստատեց նոր մրցանիշ մը:
Մշակութային յաղթանակ մը` Պուրճ Համուտի սրտին վրայ:
«Շողոքորթ»-ի Ներկայացումը
«Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ, «Նոր Թատրոն» խումբը, Սիմոն Մնակեանի բեմադրութեամբ, ներկայացուց Յ. Պարոնեանի «Շողոքորթը»:
«Արա Գեղեցիկ»-ի ներկայացումէն մօտ երեք ամիս ետք բեմադրելով նոր թատերախաղ մը` երիտասարդ տարրերէ կազմուած այս խումբը խանդավառեց մեզ իր յարատեւութեան ու զոհողութեան ոգիով: «Նոր թատրոն»-ի տղաքն ու աղջիկները որոշած են դիմագրաւել բոլոր դժուարութիւնները եւ շարունակել գործը: Սակայն կը կարծենք, թէ եկած է ժամանակը, որպէսզի նոր ձեռնարկէ մը առաջ խումբը կոկէ ինքզինք. չվստահի միայն քանի մը դերակատարներու գոհացուցիչ խաղարկութեան, այլ բեմական արուեստի համոզիչ մակարդակի մը հասցնելէ ետք խումբի անդամներու խաղարկութիւնը` ձեռնարկէ իր յաջորդ ներկայացման:
Սիմոն Մնակեանի բեմադրութեան մէջ զգալի էր նորի ձգտումը: Պարզ եւ զուարթ բեմայարդարումը, ինչպէս նաեւ զուսպ եւ տեղին գործածուած երաժշտութիւնը ուշագրաւ էին: Հաճելի է Մնակեանի շատ բնական խաղարկութիւնը, որ պէտք է դառնայ հիմքը «Նոր թատրոն»-ի ընդհանուր խաղարկութեան: Աբրահամ Այվազեանի բանաստեղծ Արշակը յաջող էր իր ձայնի ելեւէջներով ու շեշտերով, սակայն պէտք է զգուշանայ չափազանցուած միմիքներէ: Օրուան յայտնութիւնն էր Յակոբ Չոփուրեան: Իր կարճ դերի ընթացքին, Չոփուրեան, յաջող խաղարկութեամբ, ու մանաւանդ` շատ լաւ ուսումնասիրուած դիմախաղերով, հարազատօրէն ներկայացուց իր շուրջի դէպքերուն անտեղեակ ծառայ Գէորգի տիպարը: Միւս դերակատարներուն մօտ համարձակութիւնն ու արագութիւնը ուշագրաւ էին. սակայն անոնց խաղարկութիւնը տակաւին կը կարօտի լուրջ մշակումի:
Որովհետեւ Պարոնեանի լեզուն վերածուած էր մերօրեայ խօսելաձեւին, պէտք էր ջնջուէին նաեւ «քուկին» եւ «բերես նէ» սխալները:
Կ՛արժէ յիշել, թէ այս տղաքն ու աղջիկները նոր են թեւակոխած երիտասարդական տարիքը, մեր թատերական կեանքէն ներս նորեկներ են բոլորն ալ. ձեռնարկած են իրենց ուժերէն վեր աշխատանքի մը. հակառակ իրենց ունեցած բազմաթիւ դժուարութիւններուն` կը յամառին մնալ բեմի վրայ: Ահա այս բոլորին պատճառով անոնք սիրելի են մեզի, ու նաեւ` քաջալերանքի եւ գնահատանքի արժանի:
ԱՐԱ ԱՐԾՐՈՒՆԻ
———————
ՕՐԱՏԵՏՐ ՄԱՐՏ 7
- 321.- Կոստանդիանոս Ա. Մեծ կայսր բիւզանդական կայսրութեան մէջ կիրակին յայտարարեց հանգստեան օր:
- 1274.- Մահ իտալացի փիլիսոփայ Թովմա Ագուինացիի: Ծնած է 1225-ին:
- 1888.- Ծնունդ թատերագիր եւ բժիշկ Ստեփան Պաղտասարեանի: Մահացած 1941-ին:
- 1932.- Ծնունդ նկարիչ Կարապետ Եղիազարեանի:
- 1948.- Մահ քիմիագէտ փրոֆ. Ստեփան Ղամբարեանի:
Անառակի կիրակի (Մեծ Պահքի երրորդ կիրակին): Հայրը Իր Միածին որդին առաքեց աշխարհ` գտնելու իր կորուսեալ պատկերը` մարդկային բնութիւնը եւ մեղքերէն ետ դարձնելու անառակ որդին, եւ Աստուծոյ Որդին գտաւ մոլորեալ ոչխարը` մարդը եւ Իր ուսերուն վրայ դնելով հանեց երկինք:
Մարտ 8.- Կանանց միջազգային օր. Նիւ Եորքի մէջ 8 մարտ 1908-ին կայացաւ ցոյց` կիներու իրաւահաւասարութեան համար, 1910-ին ընկերվարական կիներու միջազգային համագումարին որոշուեցաւ մարտ 8-ը նշել իբրեւ կանանց միջազգային օր: