«Գիւղացիներու Վախճանը»
Քսաներորդ դարու բերած կարեւոր «նորութիւններէն » մէկն է գիւղացիի կեանքին մէջ հիմնական յեղաշրջումը. գիւղական աշխատանքները, արտադրութեան միջոցներն ու ձեւերը արդիականացած են այսօր, եւ կարելի չէ այլեւս խօսիլ «իսկական գիւղական կեանքի եւ գիւղացիի մասին». գոնէ այսպէս կը յայտարարէ ֆրանսացի ընկերաբան Հանրի Մանտրա` իր «Գիւղացիներու վախճանը» գիրքով, ու տեղ գտած կարեւոր գաղափարները կը ներկայացնենք ստորեւ, շատ ամփոփ գիծերու մէջ:
Գիւղացին դարերու ընթացքին յատկանշուած է կեանքի եւ աշխատանքի որոշ ձեւով մը, եւ այդ յատկանիշները անոր մօտ տակաւին կարելի էր գտնել մինչեւ այս դարու սկիզբը: Քսաներորդ դարուն, սակայն, մեքենային մուտքը դաշտէն ներս յեղաշրջած է այս արժէքները. գիւղացին հողի մշակութիւնը վերածած է տնտեսական ուրոյն ձեռնարկի եւ ինք` դարձած կապալառու: Փոփոխութիւնները յստակօրէն տեսնելու համար, կարելի է բաղդատական պատկերը տալ անցեալին եւ ներկային անոր ապրած կեանքի ձեւերուն միջեւ:
Անցեալին հողագործը կ՛արտադրէր նախ գոհացնելու համար իր անմիջական շրջապատին պէտքերը, յետոյ միայն կը ծախէր դրամ կամ զանազան պիտոյքներ ստանալու համար, շուկան գոհացնելէ աւելի` ան կ՛աշխատէր ինքզինք գոհացնելու համար: Ներկայիս պատկերը բոլորովին տարբեր է. գիւղացիին արտադրութիւնը իբրեւ գլխաւոր նպատակ ունի շուկան. հողը իր պէտքերուն համար մշակող գիւղացին չի կրնար ապրիլ կեանքի ներկայ պայմաններով, որովհետեւ երկրագործական գործիքներ, քիմիական դեղեր կամ տնային առարկաներ պէտք է գնէ շուկայէն եւ գնելու կարողութիւն ունենալու համար ինք իր կարգին պէտք է գոհացնէ շուկային կարիքները:
Տակաւին, գիւղացիին համար հողը տնտեսական ազդակ մը ըլլալէ անդին, բարոյական, հոգեբանական արժէք կը ներկայացնէր, հողին սէրը պաշտամունքի կը հասնէր անոր համար, մէկ մտահոգութիւն ունէր` ան հողին սահմանները ընդարձակել, եւ ամբողջ խնայողութիւնը այդ ուղղութեամբ կը գործածէր: Այսօր հողը «արժէքազրկուած» է, այսինքն դարձած է արտադրութեան պարզ միջոց մը, ինչպէս` մեքենան կամ քիմիական դեղը. հող գնելու փոխարէն` գիւղացին կը նախընտրէ արդիական մեքենաներ ունենալու, նոր մեթոտներ կիրարկել` սուր մրցակցութեան կարենալ դիմադրելու համար:
Աշխատանքի ժամերը նոյնպէս ամբողջովին փոխուած են. գիւղացին, որ դարեր շարունակ արեւածագին գործի կը ձեռնարկէր արեւամուտին անպայման տուն վերադառնալու համար:
Մասնագիտութեան արժէքը կամ պահանջը, որ կը դրուի կեանքի բոլոր մարզերէն ներս, կը տեսնուի նաեւ հողամշակութեան պարագային. բազմամշակութենէն, (փոլիւքիւլթիւր) հողատէրը կ՛անցնի մասնայատուկ մշակութեան. այսինքն, փոխանակ հողը տրամադրելու զանազան սննդեղէններու մշակութեան, ան կը մասնագիտանայ միայն մէկ տեսակի մէջ, ինչպէս` այսօրուան բժիշկը կամ ճարտարագէտը: Հողագործութիւնը այս ձեւով կը վերածուի «ուտեստեղէնի ճարտարարուեստ»-ի
Բոլոր այս յեղաշրջումներուն թուումը կրնայ տանիլ այն եզրակացութեան, որ գիւղական շրջանակները դատապարտուած են օրէ օր կորսցնելու իրենց յատկանիշները եւ դառնալու նոր ճարտարարուեստի կեդրոններ. մեքենականացումի պատճառով աշխատող ձեռքերու պահանջը պիտի նուազի, եւ գիւղացիին դէպի քաղաք գաղթը մեծ համեմատութիւններու պիտի հասնի: Ապագային վերաբերեալ, կարելի է սակայն աւելի լաւատես ըլլալ, որովհետեւ գիւղական շրջանները վերակենդանացնող նոր երեւոյթներ երեւան կու գան: Մարդկութիւնը հետզհետէ աւելի պահանջ պիտի ունենայ զբօսավայրերու, եւ այս տեսանկիւնէն դիտած` գիւղը արժէքաւոր դրամագլուխ մըն է:
Ուրիշ յուսադրիչ երեւոյթ մը` «Ժամանց հողագործութեան» ընդհանրացումն է. այս բացատրութիւնը կը վերաբերի վերջին տարիներուն երեւան եկած հողամշակութեան նոր ձեւի մը. քաղաքի կեանքէն ձանձրացած եւ նիւթական որոշ կարողութեան տէր մարդիկ գիւղ կը հաստատուին եւ հողի մշակութիւն կ՛ընեն զբօսնելու համար, առանց նիւթական ակնկալութիւններ ունենալու:
Գիւղացիները այս փոփոխութիւններուն դիմաց անճրկած եւ ապագայի վերաբերմամբ անապահով կը զգան. յառաջիկայ տարիներուն ըլլալիք փոփոխութիւնները յստակ չեն անոնց համար, եւ նոյնիսկ մասնագէտներ չեն կրնար որոշ ձեւով սահմանել այդ ապագան: Գիւղացին բարոյական եւ հոգեբանական տրամ մը կ՛ապրի ուրեմն, եւ եզրակացնելու համար Հանրի Մանտրա կը գրէ. «Բոլոր այս նորութիւնները, ընտանեկան կամ գիւղական կեանքի նոր ձեւերը, ինծի համար գիւղացիութեան մահազանգի բնոյթ ունին… Արդիական մեթոտները իսկական գիւղացին մահուան դատապարտած են. ի՞նչ պիտի ըլլայ արդեօք աշխարհը առանց գիւղացիներու»:
ԲԵՆՕ ԹՈՆԴԵԱՆ
(Հատուածներ)
———————
ՕՐԱՏԵՏՐ ՓԵՏՐՈՒԱՐ 27
– 1833.- Ռուսական կայսրութեան սահմաններէն ներս Հայկական մարզի զինանշանի հաստատումը Նիկոլայ Ա. ցարին կողմէ:
– 1845.- Ծնունդ հրապարակագիր եւ Թիֆլիսի «Մշակ» թերթի հրատարակիչ Գրիգոր Արծրունիի: Մահացած 1892-ին:
– 1860.- Ծնունդ նկարիչ, արուեստի տեսաբան եւ թարգմանիչ Վարդգէս Սուրէնեանցի: Մահացած 1921-ին:
– 1897.- Սոխորդ գիւղի գրաւումը Սերոբ Աղբիւրի ղեկավարութեամբ:
– 1988.- Արցախեան շարժումը խեղդելու նպատակով, Սումկայիթի մէջ սկսան հայերու դէմ կազմակերպուած ջարդերը: