ՀՅԴ «Սարդարապատ» Կոմիտէի
Ընկերական Խրախճանքը
ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէի ակումբի վարչութեան կազմակերպած ընկերական խրախճանքը, Փետրուարեան ապստամբութեան 49-րդ տարեդարձին առիթով, տեղի ունեցաւ կիրակի, 8 մարտ, երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ, Պուրճ Համուտի Ժողովրդային տան «Ռշտունի» սրահին մէջ:
Ծայրէ ծայր լեցուած էր սրահը շրջանի ընկերներով, որոնք բոլորուած էին սեղաններու շուրջ:
Սեդրակ Էսմէրեանի «Սայաթ-Նովա» նուագախումբի նուագած հայկական եղանակներով եւ յեղափոխական խմբերգներով շուտով ստեղծուեցաւ ընկերական ջերմ ու խանդավառ մթնոլորտ:
Կարօ Սասունիի սրահ մուտքը ընդունուեցաւ յոտնկայս յարգանքով եւ խանդավառ ծափերով:
Թամատայութիւնը ձեռնհասօրէն վարեց Սեդրակ Թահմազեան (Տոպրի):
Հաճոյքով ունկնդրուեցան` Լեւոն Գաթրճեանի` Սայաթ-Նովայի երգերը, Յարութիւն Գաբրիէլեանի արտասանութիւնը, Յակոբ Պօշնակեանի էսդրատային երգերը:
Մէջ ընդ մէջ յեղափոխական խմբերգներով ընկերները կը թնդացնէին սրահը:
«Սարդարապատ» կոմիտէի նորակազմ «Արմենիա» պարախումբի երիտասարդ պարողները իրենց ելոյթներով, յատկապէս` սասունցիներու «Եարխուշտա» աշխուժ մարտապարով, փայլը աւելցուցին խրախճանքին:
Ընկերներու բուռն փափաքով Կարօ Սասունի խօսեցաւ գաղափարաշունչ ճառ մը: Կը ներկայացնենք սեղմ գիծերու մէջ.
«Հաւաքուած էք հոս ուրախանալու: Մօտ յիսուն տարի անցած է փետրուարեան ժողովրդական ապստամբութենէն եւ դուք յիսուն տարի յետոյ իրաւունք ունիք ուրախանալու, իրաւունք ունիք հպարտանալու, յեղափոխական երգեր երգելու: Արիւնէն ետք ըսելու, թէ դեռ կանք:
«Մեր ժողովուրդը 100 տարուան ընթացքին երկուքուկէս միլիոն մը կորսնցուց, որպէսզի ունենայ երկուքուկէս միլիոն հայ ժողովուրդ, հայ հայրենիքի մէջ: Հպարտ եղէք: Դարերուն յաղթեցինք եւ այսօր կանք: Կրնաք վստահ ըլլալ, որ այլեւս յաւիտեանս այդպէս պիտի մնայ հայութիւնը: Պիտի չմեռնի: Այդ հպարտանքը դուք ունիք: Պիտի ունենան նաեւ ձեր զաւակները, ձեր թոռները:
«50 տարի առաջ միայն թուրքեր տեսանք: Գազանութիւն, մարդասպանութիւն: Դանակը իջեցուցին ոսկորին վրայ: Ձեզի պէս երիտասարդներ ժայռերու տակ սրտով նահատակուելով` հայոց ազատութեան դիմեցին: Կերտեցին այդ ազատութիւնը: Սակայն եկաւ նոր բռնակալ: Ու պատահեցաւ, որ հայութիւնը մէկ հոգիի պէս ոտքի կանգնեցաւ ու տապալեց բռնակալ պոլշեւիզմը:
«Եթէ փետրուար 18-ը չստեղծեց միացեալ հանրապետութիւն, ստեղծեց միացեալ հայութիւն: Հայաստանի երկուքուկէս միլիոն հայութեան երկու միլիոնը այդ ազատութիւնը բերողներուն զաւակներն են, թոռներն են: Գիտեն, թէ ինչպէ՛ս հայ ժողովուրդը միակամ վճռեց ազատութիւնը: Ու այսօր Հայաստանի մէջ մէկ հայութիւն կազմուած է, ատոր համար հպարտ եղէք դաշնակցական ձեր կեանքին մէջ: Մէկ բան գիտցէք, որ այսօր դաշնակցական ոգին ունեցող բազմահազարներ կան հո՛ն, հայրենիքի մէջ: Գացէք Դաշնակցութեան ճամբով: Ձեզ բոլորդ կը համբուրեմ յիսուն տարուան յիշատակով»:
Կ. Սասունիի տպաւորիչ այս ճառին յաջորդեց «Մենք անկեղծ զինուոր ենք» խմբերգը:
Խօսք տրուեցաւ նաեւ Ուրուկուէյի «Կոմիտաս» հայ գեղարուեստի եւ մշակոյթի ռատիոժամի խօսնակ Աբրահամ Պէլեանին, որ տեղեկութիւններ տուաւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ հայապահպանման եւ Հայ դատի համար տարուող խանդավառ աշխատանքներէն: Յայտնեց, որ գաղափարաշունչ այս մթնոլորտէն ստացած իր տպաւորութիւնը պիտի փոխանցէ Ուրուկուէյի եւ Հարաւային Ամերիկայի այլ շրջաններու ընկերներուն եւ հայութեան:
Այնուհետեւ տեղի ունեցան նաեւ անակնկալներ եւ խմբային պարեր` ընկերներու կողմէ: Ստեղծուած խանդավառութեան մէջ եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:
Մինչեւ ժամը մէկ տեւած այս խրախճանքէն ընկերները մեկնեցան մեծ ուրախութեամբ:
ՀՐԱԶԴԱՆ
Յարգանք` Հայ Ուսուցիչին
Ուսուցչի Օրուան Շքեղ Տօնակատարութիւնը
Ս. Մեսրոպի Շքանշանով Պարգեւատրուեցան Եւ
Մեծարանքի Արժանացան Վաստակաւոր Եօթը Հայ Ուսուցիչներ
Բարձր հովանաւորութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի, նախագահութեամբ առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսի եւ նախաձեռնութեամբ Լիբանանահայ ազգային վարժարաններու ուսուցչական միութեան, երէկ` երկուշաբթի, 16 մարտ, երեկոյեան ժամը 9:00-ին Պուրճ Համուտի «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ շքեղ հանդիսութեամբ տօնակատարուեցաւ Ուսուցչի օրը:
Հայ ուսուցիչը յարգող երկսեռ հասարակութիւն մը ծայրէ ծայր լեցուցած էր սրահը: Շատեր ոտքի մնացին:
Ծաղկեկողովներով զարդարուած էր բեմը:
Ուսուցչական միութեան կողմէ բացման խօսքը կատարեց վարչութեան ատենապետ Երուանդ Տեմիրճեան:
Արտասանեց Յակոբ Կիւլոյեան: Մեներգեց Մարի Սարգիսեան:
Բանախօսեց փրոֆ. Շաւարշ Թորիկեան: Մեծարանքով ներկայացուց սերունդներ դաստիարակող, հայ ազգը կերտող հայ ուսուցիչներու կատարած ազնիւ ու կարեւոր գործը:
Համազգայինի Կեդր. վարչութեան, բոլոր մասնաճիւղերուն եւ Ն. Փալանճեան ճեմարանի անունով կարդացուեցաւ Համազգայինի Կեդր. վարչութեան յարգանքի խօսքը` ուղղուած հայ ուսուցիչներուն:
Անձնապէս եւ յանուն Լիբանանի թեմի Ազգային իշխանութեանց` շնորհաւորութեան խօսք ուղղեց Տաճատ արքեպիսկոպոս:
Վեհափառ հայրապետը առաջին ուսուցիչ Ս. Մեսրոպի շքանշանով պարգեւատրեց եօթը ուսուցիչներ, որոնք նուազագոյնը 40 տարուան վաստակ մը ունէին կրթական ասպարէզին մէջ:
Յաջորդաբար բեմ բարձրաձան եւ պարգեւատրուեցան` Սիրանուշ Գարճեան, Բիւզանդ Եղիայեան, Վահէ Վահեան, Գրիգոր Պօղարեան, Սեդրակ Զաւէն, Եդուարդ Տասնապետեան եւ Արտաշէս Տէր Յովհաննէսեան (Տոնճոյենց):
Հանդիսականները երկարատեւ ծափերով գնահատեցին հայ սերունդներու դաստիարակ, կրթական վաստակաւոր մշակները:
Հանդէսը վերջ գտաւ վեհափառ հօր շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսքով եւ «Պահպանիչ»-ով:
——————————————
ՕՐԱՏԵՏՐ ՄԱՐՏ 17
- 1865.- Ծնունդ լեզուաբան եւ գրականագէտ Մանուկ Աբեղեանի: Մահացած 1944-ին:
- 1905.- Մահ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան կեդրոնական դէմք, հայ ազատագրական պայքարի առաջնորդ Քրիստափոր Միքայէլեանի, Պուլկարիոյ Վիտոշ լերան լանջին, ռումբի փորձի պահուն:
- 1905.- Մահ Վռամշապուհ Քենտիրեանի Քրիստափորի հետ, ռումբի փորձի պահուն: