50 Տարի Առաջ (25 Փետրուար 1970)
Ուիլիըմ Սարոյեանի Մէկ Թատերախաղը`
Օփերայի Վերածուած
«Նեշընըլ Էտիւքեշընըլ Թելեվիժըն» պատկերասփիւռի ընկերութիւնը Նիւ Եորքէն հաղորդած է, որ Ճեք Պեսըն օփերայի վերածած է գրագէտ Ուիլիըմ Սարոյեանի «Մայ հարթ՛զ ին տը հայլենտս) (Սիրտս հանդերուն մէջ է՛ հանրածանօթ թատերախաղը, որ պիտի ներկայացուի մարտին:
Նոր թատերախաղին գլխաւոր դերերով կը մասնակցին` Մեթրոփոլիթըն օփերայի մանկական երգչախումբի անդամ 13 տարեկան Ճերըլտ Հերինկթըն, Մեթրոփոլիթըն օփերայէն հռչակաւոր երգչուհի Լիլի Չուգասեան, քանատացի թենոր Ալըն Քրոֆութ, պասօ Սփիրօ Մելաս եւ պարիթոն Քեն Սմիթ:
Երկու արարով սենեկային այս օփերան ղեկավարած եւ արտադրած է Փիթըր Հերմոն Ատլեր:
Օփերան վերարտադրած է Սարոյեանի ստեղծած մթնոլորտը, որ առնուած է 1914-ին, Ֆրեզնոյի (Քալիֆորնիա) կեանքէն:
Սարոյեան իր խաղը նուիրած է անոնց, որոնք «սրտով մաքուր են… աշխարհի բանաստեղծներուն… անոնց, որոնք բանաստեղծութեամբ կ՛ապրին եւ իրենց սրտերը հանդերուն մէջ է»:
Երաժշտագէտ Պեսըն յայտարարած է այս առիթով. «Իրապէս, արտառոց թուող թատերախաղ մըն էր, 1939-ին, եւ իրաւամբ քննադատները ապշած էին: Այսօր, սակայն, սարսափելիօրէն ժամանակակից կը թուի, երբ հիփփիները եւ ուրիշներ այդ հարցերը կը յարուցեն մեր ընկերութեան մէջ: Հետեւաբար խաղը օփերայի վերածելու միջոցին փորձեցինք 1970-ի պայմաններուն յարմարցնել 1939-ին գրուած թատերախաղ մը` 1914-ի մարդոց մասին:
Թանգարանին Առաջին Ցուցանմուշները
Երեւան, 17 փետրուար.- Հայկական օփերայի պատմութեան թանգարանը, որ վերջերս կազմակերպուած է Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի պետական ակադեմական թատրոնին մէջ, ձեռք բերած է առաջին 200 ցուցանմուշները: Ատոնք անուանի դերասաններու բեմական տարազներն են, անձնական իրերը, ներկայացումներու յայտագրեր, լուսանկարներ եւ այլ նիւթեր:
Մեծ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն ժողովրդական արուեստագիտուհի Հայկանուշ Դանիէլեանի Անուշի դեղակատարման հանդերձանքը, որ աչքի կ՛իյնայ նուրբ ասեղնագործութեամբ եւ գեղեցիկ զարդանախշերով, ինչպէս նաեւ` ժողովրդական արուեստագէտ Շարա Տալեանի Սարոյի դերակատարման հագուստը:
Կայ խմբանկար մը, որ կը ներկայացնէ երգահան Արմէն Տիգրանեանը եւ «Անուշ» օփերայի առաջին ներկայացման դերակատարները, 1912-ին:
Ցուցադրուած է «Ալմաստ» օփերայի հերոսուհիին հագուստը, որ ստեղծուած է Մարտիրոս Սարեանի էսքիզով: Այդ հագուստը գործածած է ժողովրդական արուեստագիտուհի տաթեւիկ Սազանդարեան: Կան նաեւ ձեռագիրներ: Թանգարանին յատկացուած սրահին պատերը զարդարուած են «Դաւիթ Բէկ»-ի առաջին ներկայացման համար Մարտիրոս Սարեանի կատարած իւղանկար էսքիզներով:
ԵՐԵՒԱՆԻ ՀԵՌԱՏԻՊ
———————
ՕՐԱՏԵՏՐ ՓԵՏՐՈՒԱՐ 25
– 1857 – վախճանում Ներսէս Ե. Աշտարակեցի կաթողիկոսի:
– 1865 – Ծնունդ ազգային հերոս զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի: Մահացած 1927-ին:
– 2003 – Մահ գիտնական եւ գիւտարար Ալեքսանդր Քեմուրջեանի: Ծնած է 1921-ին: