«Պնակ Մը Կերակուր»-ի Առիթով
Տեսչարանէն դուրսի դուռ տանող միջոցի լրումին` դէպի աջ, կ՛երկարի վարժարանին փոքր ճաշարանը, ուր միւսներու կողքին կը ճաշեն նաեւ «Պնակ մը կերակուր»-էն օգտուող երեսունէ աւելի աշակերտներ:
Շաբթուան չորս կէսօրներուն, ամէն տուն երթալուս, գոհունակութեամբ կը լսեմ «Պնակ մը կերակուր»-էն եկող դգալին ուրախ ձայնը եւ ակամայ կը խորհիմ այն մայրերու մասին, որոնք գոնէ այդ օրեր ճաշ պատրաստելու կրկնակի մտմտուքէն ազատ կը զգան ինքզինքնին ու հանգիստ սրտով կը նային տան գործերուն:
Մասնաւոր ու մաքուր ամաններու մէջ խնամքով պատրաստուած «Պնակ մը կերակուր»-ները ժամացոյցի ճշդութեամբ կը հասնին կէսօրէն քիչ առաջ` հրամցուելու համար բիւրաւոր կարօտեալ փոքրիկներուն, որոնց կէսօրները, ապահովաբար, առանց այդ «Կերակուր»-ին, պիտի անցնէին չոր ու ցամաք:
«Պնակ մը կերակուր»:
Աւելի ճիշդ պնակ մը օրհնութիւն` գործով տկար, բազմանդամ ու ծանրաբեռ ծնողներուն համար:
Գուցէ գտնուին ժամանակավրէպ համարողներ` կարօտեալին կարօտ ըլլալը տեսակ մը իրեն եւ իրմէ զատ նաեւ, ակամայ, ուրիշներուն զգալի դարձնելու այս դրութիւնը:
Ճիշդ է, երբ որ մենք մեզի նայինք, կը զգանք, որ այլեւս գաղթականներ չենք. զոհողութեան անսպառ ոգիի կողքին, ունինք մեծ կարելիութիւններ` նիւթական ու բարոյական մեր կարիքները հոգալու: Բայց ո՞ւր են գործադրութիւնները:
Իբրեւ ցեղային ամբողջականութիւն, հաւաքական մեր պակասները լրացուցած սեպելով, կը տարուինք խորհելու, թէ այլեւս աւելորդ են օգնութեան համար կատարուած ձեռնարկները: Սակայն, միւս կողմէ, ճիշդ է նաեւ, որ այսօրուան ազգովին բարեկեցիկ մեր կեանքը իր մէջ ունի օգնութեան կարօտ բազմաթիւ երեսներ: Ի նպաստ չքաւոր սաներու, ի նպաստ վարժարաններու, ի նպաստ այսինչ հաստատութեան եւ ի նպաստ այնինչ միութեան տասնեակ տարիներէ ի վեր շարունակուող ձեռնարկներն ու հանգանակութիւնները կարիքներ կը պատկերացնեն, եւ այդ կարիքները մեղմելու կոչուած ձեռնարկները դեռ չեն դադրած, գէշ աղէկ ամէն տարի ալ կը շարունակեն ապրիլ:
Բաց աստի, տակաւին ժողովրդային խաւերու մէջ կան մեծ թիւով անգործ ընտանիքներ, նիւթականի կարօտ հիւանդներ անկարներ ու ծերեր:
Կեանքի պայմանները աննախընթացօրէն սղած են, աշխատող բազուկները` շատցած, վճարումները` քիչ: Բժիշկ, դեղ, դարմանում, բնակարանի վարձք: Կրակի գիներ են: Անոնց ինչպէ՞ս կրնան հասնիլ չոր հացը հազիւ ճարող խեղճ ընտանիքներ: Նման պարագաներուն անոնք մէկ, երկու, արդէն երեքէն անդին չեն կրնար երթալ, կը կքին եւ վրայ կը հասնի անխուսափելին…
Եթէ տեսնել ուզենք, մեր շուրջը կան բազմաթիւ կարօտեալներ: Անտարակոյս որ կեանքը ամէնուն համար միեւնոյն շողշողուն պատկերը չ՛ունենար: Սակայն միշտ կեանքը կուշտի աչքով դիտելն ալ շիտակ չէ:
Եթէ սովորութիւն դարձնենք զգալ ու փոխադրուիլ նաեւ ուրիշներու կացութեան, այն ատեն պիտի տեսնենք ու հաստատենք ցաւալի իրականութիւնները:
Մեր անձնական կարծիքին ու ըմբռնումին պատճառով միթէ իրաւունք ունի՞նք կարօտեալներու օգնութեան գործին արգելք ըլլալու:
Վերջ ի վերջոյ ի՞նչ են մեծ պետութեանց փոքրերուն համար կատարած օրհնութիւնները: Ի՞նչ են ՄԱԿ-ին իսկ կարօտեալ ժողովուրդներուն ըրած յատկացումները: Խորքին մէջ ատոնց բոլորը չքաւոր մանուկներուն հրամցուած «Պնակ մը կերակուր»-էն անդին չեն անցնիր:
Համոզուած եմ, որ մեր այս անիրաւ կեանքին մէջ դեռ շատ կան իրական աղքատներ, ուրիշներու օգնութեան կարիք ունեցողներ եւ «Պնակ մը կերակուր»-ի կարօտ աշակերտներ:
Գնահատելի կը գտնեմ Լիբանանեան օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան «Պնակ մը կերակուր»-ի ձեռնարկը, որ կոչուած է որոշ չափով մեղմելու նիւթապէս տկար բազմաթիւ ծնողներու մտահոգութիւնները:
Օրհնեա՜լ ըլլան կարօտեալներուն հասնողներն ու անոնց համար աշխատողները:
Կ. ԹԱԹՈՒԼԵԱՆ
26 փետրուար 1970
———————
ՕՐԱՏԵՏՐ ՓԵՏՐՈՒԱՐ 28
– 1880.- Ծնունդ գեղանկարիչ Մարտիրոս Սարեանի: Մահացած 1972-ին:
– 1922.- Եգիպտոսի անկախութիւնը Մեծն Բրիտանիայէն:
– 1923.- Մահ հասարակական գործիչ Ստեփան Մամիկոնեանի: Ծնած է 1859-ին:
– 1973.- Մահ բանաստեղծ եւ թարգմանիչ Աշոտ Գրաշիի: Ծնած է 1910-ին:
– 1991.- Ծոցի պատերազմին աւարտը: