Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (2 Մարտ 1970)

Մարտ 2, 2020
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նոթեր Ու Նետեր

Հայանա՜լ` Փրկութիւնը Մարդոց

Տոքթ. Տերմոնտ Մորիս կը հաստատէ, որ մարդ արարածը կապիկ-գայլ մըն է:

Նայած` մարդոց տեսակին: Կան կապիկներ, ունին գոյութիւն գայլեր, նաեւ` կապկագայլեր կամ գայլակապիկներ: Կան տակաւին արջամարդիկ, աղուէս մարդիկ, նոյնիսկ` իշամարդիկ:

Մարդկութիւնը կը ներկայացնէ կոյս անտառ մը կամ կրկէս մը` գազաններով լի եւ կամ կատարեալ կենդանաբանական պարտէզ մը:

Մենք կը ճանչնանք ժողովուրդ մը` կազմուած գայլերէ: Ազգ մը` բաղկացած հաւերէ: Ազգ մը` հաւաքածոյ աղուէսներու:

Կարգ մը գիտուններ ալ կը հաւատան, որ 2000 թուականին (երանի՜ այդ ժամանակաշրջանը հասնողներուն) մարդ արարածը պիտի նմանի մրջիւնի: Մարդամրջիւն: Սակայն մրջիւն մը` ընդունակ արտացոլելու գիտութիւնը իր սեփական վարմունքին մէջ: Մրջիւն մը` դաստիարակելի: Մրջիւն մը` հաճելի:

Մէկ խօսքով, մարդիկը պիտի նմանին մրջիւնի, կամ այլ կերպ ըսելով` մարդիկը պիտի նմանին հայու:

Չէ՞ որ հայերը մրջիւնի պէս աշխատող են ու ամբարող:

Եւ հայերը առաւելութիւնը ունին մրջիւն-ճպուռ ըլլալու, քանի որ միշտ եղած են բանող դատող նման մրջիւնի: Միաժամանակ երգող` նման ճպուռի: Թէեւ մրջիւնները պայքարած են իրարու դէմ, ու ճպուռները ճակատած են իրարու դէմ, բայց մրջիւններու եւ ճպուռներու մէջ տեղի չէ ունեցած վէճ կամ կռիւ:

Հայերը աշխատած են յաճախ երգելով կամ երգած են աշխատելով:

Մարդկութեան փրկութիւնն ու բարօրութիւնը եւ բերկրութիւնը հայանալուն մէջ է:

Փոխանակ հայերը օտարանալու, պէտք է, որ օտարները հայանան:

Որպէսզի մարդը մա՛րդ դառնայ, պէտք է հայանայ:

Այս ճշմարտութիւնը կը յայտարարենք հիմնական համոզումով եւ ոչ թէ` հայամոլութեամբ:

Եթէ հայուն օտարամոլութիւնը չըլլայ, հայը ժողովուրդ մըն է օրինակելի:

Ամէն մէկ հայ հարկ է դառնայ ամբողջական հայ, որպէսզի դառնայ ընդօրինակելի:

Մերն է ապագան: Մերն է յաղթանակը: Յուսահատելու պատճառ չկայ, եթէ մնանք հայորդի:

ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ

Յետադարձ Ակնարկ

Սրտի ճմլումով է, որ կը վերյիշենք Ա. Աշխարհամարտի կարգ մը դրուագները, որոնք ճակատագրական դեր կատարեցին հայ ազգի նորագոյն պատմութեան մէջ:

Աւելի քան կէս դար անցած է պատմական այդ դէպքերէն: Ու այսօր, երբ պաղարիւնով եւ առարկայօրէն կը քննենք զանոնք, կը զարմանանք, որ ինչպէ՛ս ազգովին, չէինք կրցած նախատեսել այն աննախընթաց աղէտները, որոնց պիտի ենթարկուէինք, իբրեւ հետեւանք մեր բարեմտութեան, չըսելու համար միամտութեան:

Հայկական Հարցը միջազգային դիւանագիտութեան սեղաններուն վրայ դրուեցաւ 92 տարի առաջ, նախ` Սան Ստեֆանոյի (19 փետրուար-3 մարտ 1878), յետոյ Պերլինի մէջ (1-13 յուլիս 1878):

Պալքանի քրիստոնեայ ազգերուն պէս ինքնավարութիւն կամ անկախութիւն չէր մեր ուզածը: Պարզ «բարենորոգումներ» կ՛ուզէինք (Թուրքիոյ հայաբնակ նահանգներուն մէջ):

Ինչպէս իրաւամբ դիտել կու տար Խրիմեան Հայրիկ, եւ ինչպէս հետագայ դէպքերը հաստատեցին, Պերլինի դաշնագրի 61-րդ յօդուածը փորձանք դարձաւ հայ ազգի գլխուն:

Յուսախաբ եղանք:

«Երկաթէ շերեփ»-ին դիմեցինք, արիւնով գնելու համար մեր ազատութիւնը:

Կարմիր Սուլթանը փոխանակ բարենորոգումներու, 300 հազար անմեղ հայեր կոտորեց արեւելեան նահանգներէն մինչեւ Կիլիկիա:

Օսմանեան սահմանադրութիւնը փայլուն հեռանկարներու յոյսով խանդավառեց մեզ, ազգովին:

Նոր հիասթափութիւն: Կիլիկիոյ աղէտը` 30 հազար զոհերով:

Բայց դեռ շարունակեցինք յուսալ ու հաւատալ:

Պալքանեան պատերազմը նոր հորիզոններ կը բանար Հայկական հարցի լուծման համար:

Երաշխաւոր մեծ պետութիւնները 26 փետրուար-8 մարտ 1914-ին թուրք կառավարութեան հետ կը ստորագրէին Հայկական բարենորոգումներու նոր ծրագիրը, որ կը կը գոհացնէր հայկական պահանջները, որոշ չափով: Եւրոպացի մարզպաններ պիտի նստէին Վան եւ Կարին:

Ոճրագործ Իթթիհատի կառավարութիւնը ակամայ – գրեթէ բռնադատեալ – ստորագրած էր զայն, լռելեայն երդուըննալով պատռել  այդ «դիկտատ»-ը` առաջին պատեհութեամբ:

Շատ չուշացաւ այդ պատեհութիւնը: Քանի մը ամիս ետք կը պայթէր Համաշխարհային պատերազը: Թուրանի երազներով օրօրուող Իթթիհատի ոճրագործ կառավարութիւնը կը ցնծար: Ա՛լ ի՞նչ համաձայնագիր, ի՞նչ բարենորոգում: Վանի մարզպան Հոֆ` ետ կանչուելով իր երկիրը, ճամբուեցաւ: Վէսթէնէնկ նոյնիսկ ժամանակ չունեցաւ Կարին երթալու:

Յետոյ Ապրիլեան եղեռն: Արեւմտահայութիւնը արմատախիլ իր հայրենի դարաւոր բոյներէն: Թրքահայաստանը պարպուած:

Ահա՛ թէ ուր յանգեցաւ Հայկական հարցը` Սան Ստեֆանոյէն ու Պերլինէն ետք:

Յետոյ կրկին օտարին վրայ դրինք մեր յոյսը: Ու չարաչար խաբուեցանք:

ՀՐԱՆՏ – ՍԱՄՈՒԷԼ

———————

ՕՐԱՏԵՏՐ                                                       ՄԱՐՏ 2

– 1816.- Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան հիմնումը:

– 1853.- Ծնունդ երգահան եւ խմբավար Քրիստափոր Կարա-Մուրզայի: Մահացած 1902-ին:

– 1917.- Ռուսիոյ Նիկոլայ Բ. ցարին հրաժարումը գահէն:

– 1918.- Զօրավար Թովմաս Նազարբէկեան Հայոց ազգային խորհուրդին կողմէ հայկական զօրքերու հրամանատար նշանակուեցաւ:

– 1920.- Սկիզբ Հաճընի ութամսեայ հերոսամարտին:

– 1992.- Հայաստան դարձաւ ՄԱԿ-ի անդամ:

 

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ակնարկ Էրտողան Եւ Ալիեւ Կը Վերամշակեն Համաթուրանականութեան Չհինցող Թղթածրարը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?