Ուղեղներու Գաղթ
Քսաներորդ դարու սկիզբէն ի վեր Եւրոպայէն եւ Ասիոյ յառաջացեալ երկիրներէն մասնագէտներու շարունակական գաղթ մը տեղի կ՛ունենայ դէպի Ամերիկա. գաղթը մեծ համեմատութիւններու հասած է մանաւանդ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք, մասնաւորաբար` Գերմանիոյ պարագային, եւ ուղեղներու փախուստ (պրէյն տրէյն) բացատրութիւնը արդէն սովորական դարձած է: Հարցը այժմէական բնոյթ ունի, որովհետեւ եւրոպական կարգ մը երկիրներ այսօր կը զգան իրենց ունեցած մեծ կորուստը այս առնչութեամբ եւ կը մտածեն հակամիջոցներու մասին: Կ՛արժէ ուրեմն ծանօթանալ հարցին` մէկտեղելով «Ուղեղներու գաղթ»-ի մասնագէտներուն կարծիքները:
***
Մինչեւ Համաշխարհային Բ. պատերազմ, մասնագէտներու գաղթը դէպի Ամերիկա, ընդհանրապէս անձնական նախաձեռնութեամբ տեղի կ՛ունենար. ճարտարագէտը կամ գիտնականը կը մեկնէր դէպի Նոր Աշխարհ` նիւթական մտահոգութիւններէ մղուած եւ երբեմն քաղաքական ապահովութեան պատճառով: Պատերազմէն ետք, սակայն, Ամերիկայի մէջ հետզհետէ երեւան եկան ուղեղներու «վաճառք»-ով զբաղող իսկական ընկերութիւններ, ինչպէս «Քարիր ինքորփորէյթըտ» ընկերութիւնը, որ իր գործունէութիւնը այսօր տարածած է Անգլիոյ եւ արեւմտեան Եւրոպայի բոլոր երկիրներուն վրայ:
Շաբաթական Հանդիպումներ
Ընկերութիւնը գործի կը ձեռնարկէ նախ տեղական շուկայի վրայ` կապ ստեղծելով գործատէրերուն եւ պաշտօնեաներուն միջեւ. գործատէրը ընկերութեան միջոցով կու տայ իր գործին յատկանիշները, աշխատանքի պայմանները եւ այլն, իսկ միւս կողմէ` նոր գործի ձգտող մասնագէտը կը ծանօթացնէ ինքզինք` ուսում, վկայականներ, փորձառութիւն: Ընկերութիւնը, ուրեմն, երկուքին միջեւ միջնորդի դեր կը կատարէ եւ զանազան քաղաքներու մէջ կը կազմակերպէ շաբաթական հանդիպումներ:
«Ամերիկա Եկէք»
Գտած այս յաջողութենէն քաջալերուած` ընկերութիւնը աշխատանքի կը ձեռնարկէ Եւրոպայի մէջ, մասնաւորաբար` Անգլիոյ, ուր լեզուական դժուարութեան հարց չի դրուիր: Ընկերութեան երիտասարդ տնօրէնը` Ուիլիըմ Տուկլաս հետեւեալ ձեւով կը ներկայացնէ եւրոպական իր առաջին փորձառութիւնը. «Եւրոպայէն մասնագէտներ ներածելու հարցը երբ դրինք ամերիկացի գործատէրերուն դիմաց, անոնք նախ վերապահութեամբ մօտեցան մեզի, որովհետեւ յստակ գաղափար չունէին եւրոպացի համալսարանականներու կարողութիւններուն եւ մանաւանդ ամերիկեան կեանքի վարժուելու կարելիութիւններուն մասին. առաջին հերթին, ուրեմն, լծուեցանք տեղեկատուութեան աշխատանքի մը` անոնց ծանօթացնելով եւրոպացիին իսկական դիմագիծը. քանի մը «քաջ» գործատէրեր թիկունք կանգնեցան մեզի, եւ գործի ձեռնարկեցինք: Անգլիական մամուլին մէջ «Ամերիկա եկէ՛ք» վերտառութեամբ յայտարարութիւն մը ըրինք. յաջորդ օրն իսկ օրուան կրթութեան նախարարը շատ բուռն կերպով հակազդեց այս յայտարարութեան, երկար ճառով մը, որ մեզ «ուղեղի աւազակներ» կամ «ստրուկի վաճառորդներ» կ՛որակէր. ճառը արձագանգ գտաւ երկրին ամէն կողմը, հարցը սուր վէճի բնոյթ ստացաւ տնտեսական շրջանակներէ ներս եւ այդ` ի նպաստ մեր գործին, որովհետեւ մէկ շաբթուան ընթացքին արդէն երկու հազար դիմումներ ստացած էինք»:
Գաղթող մասնագէտները ընդհանրապէս միջին դասու կը պատկանին. համալսարանէն նոր դուրս եկած, քսանհինգէն երեսուն տարեկան, անոնք տակաւին տեղ չեն գտած անգլիական ընկերութեան մէջ եւ ինքզինքնին կապուած չեն զգար երկրին` յաճախ իրենց ստացած դաստիարակութեան թերիներուն պատճառով:
Հետաքրքրական Նշանաբաններ
Գաղթի մղելու համար գործածուած նշանաբանները յաճախ հետաքրքրական են եւ համոզիչ. նախ` «Ձեր վկայականով առնուազն երկու կամ երեք անգամ աւելի պիտի շահիք. պիտի ապրիք արդիական վիլլաներու մէջ եւ ձեր զաւակները լաւագոյն դաստիարակութիւնը պիտի ստանան». երկրորդ «Ձեր տաղանդը լաւագոյն ձեւով պիտի արդիւնաւորուի, որովհետեւ դո՜ւք նախաձեռնութիւններ եւ պատասխանատուութիւններ պիտի ունենաք. պիտի կրնաք օգտագործել հետազօտութեան յատուկ լաւագոյն աշխատանոցները աշխարհի մէջ. ձեր աշխատակիցներու մակարդակը եւ աշխատանքի մթնոլորտը ընդհանրապէս բարձր պիտի ըլլան… հաւանաբար աշխատիք Նոպելեան մրցանակաւորի մը հետ»: Վերջապէս` «Ճամբորդութեան բոլոր ծախսերը մենք կը հոգանք եւ դժգոհութեան պարագային կրկին մեր ծախսերով կրնաք վերադառնալ, թէեւ վստահ ենք, որ պիտի մնաք, որովհետեւ մեր միջոցով մեկնողներէն ետդարձ ընող դեռ չէ եղած…»:
Գալով մեկնողներու` ամերիկեան ապրելակերպի վարժութեան, սկզբնական շրջանին որոշ դժգոհութիւններ կ՛ըլլան, բայց ընծայուած դիւրութիւնները աշխատանքի կամ կեանքի պայմաններուն վերաբերեալ` շուտով մոռցնել կու տան առաջին դառնութիւնները. վերադարձողներ կ՛ըլլան անշուշտ, բայց գաղթողներու ընդհանուր թիւին բաղդատած` անոնք փոքր տոկոս մը կը ներկայացնեն:
Կարելի Հակամիջոցներ
Ուղեղ «մատակարարող» երկիրներու ակնոցով դիտած, գաղթը, առանց ազդու հակամիջոցներու որդեգրումին, կրնայ ծանր ազդել տեղական տնտեսութեան վրայ: Անգլիական կառավարութիւնը այս առնչութեամբ փորձի մը ձեռնարկած է` մեկնողները ետ բերելու մտօք. հիմնուած է ընկերութիւն մը, որ կը գործէ Ամերիկայի մէջ. ձեռք բերուած արդիւնքները գոհացուցիչ չեն, որովհետեւ վերադարձի առաջարկները կը հիմնուին հայրենասիրական կամ զգացական տուեալներու վրայ` փոխանակ տնտեսական բնոյթ ունենալու.
Արդարեւ, գաղթին իբրեւ հակամիջոց` աշխատանքի տեղական պայմաններուն բարելաւումը միայն կրնայ ազդու ըլլալ:
ԲԵՆՕ ԹՈՆԴԵԱՆ
(Հատուած)
———————
ՕՐԱՏԵՏՐ ՄԱՐՏ 6
- 1475.- Ծնունդ Վերածնունդի ժամանակաշրջանի իտալացի նկարիչ Միքէլանճելոյի: Մահացած 1564-ին:
- 1905.- Մահ երաժիշտ, երգահան, խմբավար եւ մանկավարժ Մակար Եկմալեանի: Ծնած է
- 1856-ին: Եկեղեցական երաժշտութեան գլուխ գործոց է իր բազմաձայն պատարագը:
- 1943.- Վախճանում Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսական տեղապահ Եղիշէ արքեպիսկոպոս Կարոյեանի: