Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (26 Փետրուար 1970)

Փետրուար 26, 2020
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգային Հայաշէն

 Երիտասարդութեան Դերը
Լիբանանեան Կեանքէն Ներս

 Զեկուցաբեր` Մեթր Զոհրապ Այվազեան

Համազգայինի Հայաշէնի վարչութեան կազմակերպած երրորդ զրոյցը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 19 փետրուար, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, ակումբի սրահին մէջ:

Վարչութեան ատենապետ Հրայր Տէր Թորոսեան ուրախութիւն յայտնեց, որ զրոյցներու հանդէպ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ հետզհետէ աւելի հետաքրքրութիւն ցոյց կու տան, ապա ներկայացուց զեկուցաբեր մեթր Զոհրապ Այվազեանը. իրաւաբան` շրջանաւարտ Արաբական համալսարանէն:

Մեթր Զոհրապ Այվազեան առաջին առիթով ըսաւ, որ մեր հանրային կեանքին մէջ օրէնքի ըմբռնումը յաճախ կը պակսի. մեր հասարակութիւնը տեղական օրէնքներու մասին գաղափար չունի, հետաքրքրութիւն ալ ցոյց չի տար, ուրկէ առաջ կու գան դժուարութիւններ: Մեր ժողովուրդը` հակառակ իր ձեռներէց ոգիին, իր արժանի ճանաչումը գտած չէ բնիկ ժողովուրդին մօտ, որուն համար պէտք է աշխատին տեղական լեզուին ծանօթ երիտասարդներ, եւ անոնց օժանդակեն առաջնորդող դերի մէջ գտնուող պաշտօնական անձնաւորութիւններ: Սկսած ենք սորվիլ պետական լեզուն: Պէտք է նաեւ հաղորդակցինք տեղացիներուն հետ` քաղաքական մարզին մէջ: Վերջապէս օտարներ չենք:

Զեկուցաբերը խորհրդածեց երիտասարդութեան դերին մասին եւ ծանրացաւ քաղաքական մարզին վրայ: Բարեփոխութեան եւ զարգացման համար հետեւեալ հիմնական տեսակէտները տուաւ.

Ա.- Պէտք է թափանցել պետական կառոյցէն ներս (իրաւունք ունինք այդ մասին), պաշտօններ ստանձնել: Մեր երիտասարդութեան մասնակցութիւնը պետական կեանքին մէջ անհրաժեշտութիւն մըն է մեր համայնքին զօրացման եւ բարգաւաճման համար:

Բ.- Սորվիլ արաբերէնը, հայերէնի կարգին, խօսիլ, կարդալ հմտօրէն: Այս մասին պէտք է գիտնալ պատշաճ միջոցներ, Արաբական համալսարանը իր բազմաթիւ ճիւղերով պատրաստ է ուսանողներ ընդունիլ չնչին վճարումով մը:

Գ.- Մասնագէտ ուսուցիչներով օժտել մեր վարժարանները, որոնք մղեն տղաքը արաբական մշակոյթի ծանօթացման եւ հմտութեան:

Այսպէս, գուցէ կարենանք արգելք ըլլալ նոր գաղթերու: Այս ձեւով կը շահինք` ապահովութիւն, կեանքի դիւրութիւն, անդորրութիւն, արժանավայել վերաբերում:

Համեստ հիւրասիրութենէ մը ետք զրոյցը շարունակուեցաւ ներկաներուն մասնակցութեամբ:

Ըսողներ եղան, որ արաբերէն լեզուի զօրացման հարցը իր ընթացքին մէջ է. մենք տնտեսական, մարզական գետնի վրայ յաջողած ենք եւ մեր դերին մէջ ենք, իսկ իբրեւ ազգ` քաղաքական հարցերը կրնան մեզ դժուարութեան մատնել: Արտաքին ճակատի վրայ մշակութային նախաձեռնութիւնները մեզի համար աւելի նպաստաւոր են:

Յ. Ս.

Անօթութիւնը Կը Սպառնայ
Ամբողջ Աշխարհին

Անօթութեան վտանգը հետզհետէ կը սպառնայ ամբողջ աշխարհին, ինչպէս կը հաստատեն արդէն վերջին վիճակագրութիւնները: Միջազգային հողագործական եւ պարենաւորման կազմակերպութեան կը յիշեցնեն, որ անցեալ տարի աշխարհի պարէնը` իբրեւ արդիւնաբերութիւն, աւելցած է հարիւրին երեք համեմատութեամբ, ինչ որ ձախողանք մըն է, երբ նկատի ունենանք, որ նոյն չափանիշով աւելցած է աշխարհի բնակչութեան թիւը: Ուրիշ խօսքով, անսուաղութեան վտանգը ոչ մէկ կերպով փարատած է, եւ տասը տարուան ընթացքին անկարելի եղած է յաղթահարել զայն:

Անօթութիւնը ամէնէն աւելի զգալի է Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ, ուր ցանքը չի պատշաճիր կլիմայական պայմաններուն եւ ոռոգումի գործը կը կաղայ:

Հնդկաստան պատրաստած է ընդարձակ ծրագիր մը, որուն համաձայն, իր սերմնցուի արտադրութիւնը տասը տարուան մէջ պիտի աւելնայ հարիւրին եօթանասուն, այսինքն` տարեկան հարիւրին 7-ի համեմատութեամբ:

Լատին Ամերիկայի մէջ բնակչութեան թիւը արագօրէն կ՛աւելնայ` միացած ընկերային եւ քաղաքական եռեւեփումներէն: Այդ երկիրներուն մէջ սննդեղէնի արդիւնաբերութիւնը շատ պակսած է եւ իջած` հարիւրին երկու համեմատութեան:

Պատկերը նոյնն է Միջին Արեւելքի մէջ, ուր պարենաւորման պակասը ծանր կը ճնշէ պետական կարիքներուն վրայ, եւ ոչ մէկ բարգաւաճում զգալի է` բաղդատմամբ բնակչութեանց թիւին: Միայն եւրոպայի համայնավար երկիրներուն եւ Խորհրդային Միութեան մէջ յաւելեալ ստուգանիչը 1968-ին բարձրացած է հարիւրին չորսի: Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ պարբերական երաշտը եւ արգասաւորման դժուարութիւնները:

Խնդիր է գիտնալ , թէ պատասխանատուութիւններ կա՞ն երկրագործական այս անբաւարարութեան մէջ: Անշուշտ կան, եւ անոնց մէջ լայն բաժին մը ունի միջազգային օժանդակ կազմակերպութեանց ցոյց տուած անփութութիւնը: Այսպէս, ֆրանսական «Փոսթել Վինէ» օժանդակը շատ քիչ յատկացում ըրած է հողային դատին, մինչ 1962-1966 տարիներուն հարիւրին ութ համեմատութիւնով օժանդակութիւն մը ըրած էր: Ինչո՞ւ չեն խորհիր աղքատ երկիրներու զրկանքներուն եւ դժնդակ պայմաններուն մասին եւ, անօթութեան վտանգը չէզոքացնելու տեղ, զարկ կու տան առաւելապէս ճարտարարուեստին:

Նպատակը պարզ է. ճարտարարուեստին նախապատուութիւն տալով` հնարաւորութիւն կը գտնեն մեքենայ արտածելու, եւ օժանդակ պետութիւնները այս առեւտրական արշաւանքով կրնան իրենց տիրապետութեան տակ պահել չքաւոր երկիրները եւ գոհացում տալ այս կերպով իրենց քաղաքական բաղձանքներուն: Այնպէս որ, բարեխղճութիւնը քիչ անգամ կը գործէ այս հարցին մէջ, եւ շահախնդրութիւնը առաջին գիծի վրայ կու գայ` անսուաղութեան մատնելով ապրելու իրաւունք ունեցող բազմաթիւ ժողովուրդներ:

«ԼԸ ՖԻԿԱՐՕ»

———————

ՕՐԱՏԵՏՐ                                                       ՓԵՏՐՈՒԱՐ 26

– 1802.- Ծնունդ բանաստեղծ, արձակագիր, պատմաբան, մանկավարժ եւ հասարակական գործիչ Գաբրիէլ աւագ քահանայ Պատկանեանի: Վախճանած

– 1889-ին: Անոր որդին է Ռափայէլ Պատկանեան:

– 1802.- Ծնունդ ֆրանսացի վիպասան, բանաստեղծ եւ արձակագիր Վիքթոր Հիւկոյի: Մահացած 1885-ին:

– 1959.- Մահ բանահաւաք, աշուղագէտ եւ գուսան Վերդիի (Գեղամ Թարվերդեան): Ծնած է 1884-ին:

– 2013.- Մահ պատմաբան եւ աշխարհագրագէտ Բաբգէն Յարութիւնեանի: Ծնած` 1941-ին:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In