Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (11 Մարտ 1970)

Մարտ 11, 2020
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վարդանանց Տօնը Ապու Տապիի Մէջ

Սրբոց Վարդանանց դիւցազնամարտը տօնակատարելու համար Ապու Տապիի զանազան շրջաններու մէջ բնակող հայերը ուրբաթ, 6 փետրուարի կէսօրին հրաւիրուած էին տէր եւ տիկ. Հրաչ Արզումանեաններու բնակարանը:

Աբգար Պատալեան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց Վարդանանց դիւցազնամարտը եւ ընդգծեց օրուան տօնին իմաստը:

Ապա տեղի ունեցաւ հաւաքական ճաշկերոյթ: Թամատա ընտրուեցաւ Ալպեր Պալապանեան: Շուտով ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ:

Աւետիս Նալպանտեանի նուագին ընկերակցեցան ներկաները, եւ խմբերգուեցան ազգային, յեղափոխական եւ ժողովրդական երգեր:

Վարդանանց տօնը, ազգային ապրումի գեղեցիկ օր մը եղաւ Ապու Տապիի հայութեան համար: Ներկաները բաժնուեցան իրարմէ` առաւել եւս ամրապնդելով իրենց հաւատքը հանդէպ ազգային սրբազան աւանդութիւններուն:

Լիբ. Օգն. Խաչի Հայաշէնի Մասնաճիւղի
Միջինքի Հաւաքոյթը

Լիբ. օգն. խաչի Հայաշէնի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած հաւաքոյթը, միջինքի առիթով, տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 5 մարտ, շրջանի ակումբի նոր սրահին մէջ:

Ներկայ էին 140 անդամուհիներ եւ համակիրներ:

Բացման խօսքը կատարեց վարչութեան ատենապետ Փերուզ Տէր Թորոսեան: Խօսք առաւ Շրջ. վարչութեան ներկայացուցիչ Բերկրուհի Առաքելեան: Հակիրճ կերպով բացատրեց Օգնութեան խաչի օգտակարութիւնը եւ տեղեկութիւններ տուաւ անոր գործունէութեան մասին: Ապա ընդգծեց, որ նոր սերունդի ընտանեկան երջանկութեան մէջ, դաստիարակութեան գծով, մեծ դեր ունին հայ մայրերը:

Գեղարուեստական բաժնին իրենց մասնակցութիւնը բերաւ Յասմիկ Քէչէճեան մեներգներով: Ազգ. «Թորգոմեան» վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտներէն արտասանեցին` Անուշիկ Փափազեան, Լեւոնդին Ահարոնեան եւ Սօսի Պարտագճեան: Հնդկական եւ եւրոպական պարեր պարեցին` Լենա Քէօրօղլեան, Ռիթա Աղամանութեան եւ Արուսեակ Անթունեան, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:

Ներկաները մեկնեցան շատ գոհ տրամադրութեամբ:

Ազգ. Գաւառական Ժողովի
Բ. Նստաշրջանի Ա. Նիստը

Լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսի հրաւէրով եւ նախագահութեամբ, երէկ` երեքշաբթի, 10 մարտ, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ գումարուեցաւ Ազգային Գաւառական ժողովի Բ. նստաշրջանի Ա. նիստը:

Նախորդ ատենագրութեան ընթերցումէն ետք ժողովը վաւերացուց վիճակով դադրած երեսփոխաններու տեղ նորընտիր երեսփոխաններու օրինական ընտրութիւնը:

Հոգւոց կարդացուեցաւ ժողովի անդամ, վախճանեալ Խորէն Ա. քհնյ. Աճեմեանի յիշատակին:

Սրբազան հօր առաջարկով նոր նստաշրջանի դիւանի ընտրութիւն տեղի չունեցաւ: Սրբազան հայրը ցաւ յայտնեց, որ ժողովի ատենապետ, ազգային բարերար Յակոբ Տէր Մելքոնեան անհանգստութեան պատճառով կը բացակայի ժողովէն եւ մեծարանքի ու գնահատանքի խօսք ուղղեց Տէր Մելքոնեանի մատուցած ծառայութիւններուն համար: Ապա հրաւիրեց Բ. ատենապետ Ներսէս Ներսէսեանը` վարելու ժողովը:

Այնուհետեւ կարդացուեցաւ Ազգային վարչութեան Կրօնական ժողովի երկամեայ գործունէութեան տեղեկագիրը: Սրբազան հայրը յաւելեալ տեղեկութիւններ տուաւ նաեւ քահանայ հայրերու կատարած գործունէութեան մասին: Գնահատուեցաւ կատարուած աշխատանքը:

Ապա կարդացուեցաւ Ազգային վարչութեան Քաղաքական ժողովի երկամեայ գործունէութեան տեղեկագրին` Ուսումնական խորհուրդի գործունէութեան մասը:

Յաւելեալ լուսաբանութիւններ եւ տեղեկութիւններ տուաւ Ուսումնական խորհուրդի ատենադպիր Ոսկեբերան Արզումանեան: Նկատուեցաւ, որ Ուսումնական խորհուրդը դրական օգտաշատ արդիւնքներ ձեռք բերած է եւ շինարարական ու ուսումնական ուշագրաւ նուաճումներ արձանագրած են մեր ազգային վարժարաններն ու քոլեճները:

Ժողովը իր նիստը փակեց ժամը 9:00-ին, սրբազան հօր աղօթքով: Յաջորդ` Բ. նիստը պիտի գումարուի ուրբաթ, 13 մարտ, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ:

———————

ՕՐԱՏԵՏՐ                                                       ՄԱՐՏ  11

  • 1666.- Ամսթերտամի մէջ սկսաւ հայերէն առաջին Աստուածաշունչի տպագրութիւնը:
  • 1898.- Մահ երաժիշտ եւ խմբավար Տիգրան Չուխաճեանի: Ծնած է 1837-ին: Հեղինակ է դաշնամուրային ստեղծագործութիւններու, հեղինակած է հայկական դասական առաջին օփերան` «Արշակ Բ.», «Զեմիրէ» օփերա-հեքիաթապատումը, «Լէպլէպճի հոր-հոր աղա», «Արիֆի խորամանկութիւնը» եւ «Քէօսէ քեհիա» օփերէթները:
  • 1852.- Մահ դերասանուհի Վարդիթեր Ֆելէկեանի: Ծնած է 1869-ին:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?