Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (5 Մարտ 1970)

Մարտ 5, 2020
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Հիմնական Խնդիրը

Իսրայէլեան սպառնալիքները հետզհետէ կը ծանրանան: Սիոնական պետութիւնը կ՛աշխատի ստեղծել քաղաքական եւ իրաւական պայմաններ, որոնց օժանդակութեամբ պիտի փորձէ արդարացնել նախայարձակում մը Լիբանանի դէմ:

Ուրիշ բացատրութիւն եւ մեկնութիւն կարելի չէ տալ այն քայլերուն, որոնք Թել Աւիւի կողմէ կ՛առնուին` հիմնական նպատակ ունենալով գործադրութիւնը ծրագիրներու, որոնք նոր չեն, Պելֆորի յայտարարութեան օրերէն կու գան, եւ որոնց իրագործման համար ժամանակը եկած կը նկատեն Սիոնի ռազմավարները:

Գաղտնիք չէ այլեւս, որ Իսրայէլ ախորժակներ կը սնուցանէ հարաւային Լիբանանի նկատմամբ, յատկապէս` այդ շրջանի ջուրերուն, որոնց մասին յաճախ խօսած են եբրայական պետութեան ղեկավարները` առանց ծածկելու իրենց դիտաւորութիւնները:

Նպատակը յստակ ըլլալով եւ ճշդորոշ, Իսրայէլ ցարդ պատրուակ կը փնտռէր նուազագոյն անպատեհութեամբ հասնելու համար անոր: Հիմա այդ պատրուակը գտած կը կարծեն Թել Աւիւի մէջ. պաղեստինցի քոմանտոներու ներկայութիւնը հարաւային Լիբանանի կարգ մը շրջաններէն ներս:

Իսրայէլ եւ անոր ետին կեցող ուժերը, զայն զինողները եւ անոր քարոզչութեան ծառայողները դիտումնաւոր կերպով կ՛անգիտանան այդ ներկայութեան պատճառները: Եթէ այսօր աւելի քան 350.000 պաղեստինցի գաղթականներ կան Լիբանանի մէջ, անկախ մէկ միլիոնի հասնող այլ գաղթականներէ, որոնք ապաստան գտած են արաբական այլ երկիրներ, միակ պատճառը եւ պատասխանատուն Իսրայէլն է: Անոնք կամովին չհեռացան իրենց պապենական հողերէն: Քշուեցան, վտարուեցան, անտէր անտիրական, երբ սիոնական բանակներ սարսափի մթնոլորտ ստեղծեցին անոնց բռնագրաւուած հայրենիքին մէջ: Անոնց հայրենասիրութեան, իրենց հողերուն տիրանալու բաղձանքին պատասխանատու նկատել հիւրընկալ երկիրը` ինքնին կու տայ ապացոյցը չարակամութեան մը, որ գերազանցօրէն ակնբախ է:

Բուն խնդիրը այն է, որ Իսրայէլ կը ջանայ լիբանանեւիսրայէլեան ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ գիծը վերածել ԶԻՆԱԴՈՒԼԻ գիծի, որպէսզի «ապահով եւ ճանչցուած սահմաններ»-ու բանաձեւին մէջ կարելիութիւնը ունենայ մտցնելու համար այս երկրին հետ ունեցած իր սահմանները: Այլ խօսքով, պահանջէ եւ ձեռք բերէ սրբագրութիւններ` ի վնաս Լիբանանի: Այս ռազմավարութեան մէջ յաջողելու համար Թել Աւիւ խոշորացոյցի տակ կ՛առնէ իբր թէ լիբանանեան սահմանէն կատարուած թափանցումները, նոյն ատեն աննշան ցոյց տալով քոմանտոներու ընդհանուր գործունէութիւնը Իսրայէլի ապահովութեան տեսակէտէն: Կոլտա Մէյիրի կառավարութիւնը այսպիսի հակասութիւններու մէջ իյնալէ չի վախնար, որովհետեւ շա՛տ լաւ գիտէ, որ իր պաշտպանները զանոնք նկատի չունենալու բարեհաճութիւնը ունեցած են ցարդ ու պիտի ունենան նաեւ այսօր:

Լիբանանեւիսրայէլեան ներկայ տագնապին առիթով, անգամ մը եւս կ՛ընդգծուի սնանկութեան այն աստիճանը, որուն հասած է Միացեալ ազգեր կոչուող կազմակերպութիւնը, իր բոլոր խորհուրդներով, մանաւանդ` Ապահովութեան խորհուրդով, որ անճրկած մնացած է սիոնական մարտահրաւէրին առջեւ:

Անհրաժեշտ է ընդգծել, որ Լիբանանի միակ փրկութիւնը իր ազգային միասնականութեան մէջ է: «Օտարներէն չկայ յոյս»: Ամէն մէկը ունի իր հաշիւը: Կը հետապնդէ իր շահերը ու վտանգի պահուն գիտէ ձեւակերպութիւններու ետին ապաստանիլ` ծածկելու համար վատ կեցուածք մը:

Փոքր ժողովուրդներու պատմութիւնը լեցուն է նման պարագաներով: Նուազագոյն վնասով կրցած են դուրս գալ միայն անոնք, որոնց ակնկալութիւնները երբեք վեր չեն եղած հաւանական պաշտպաններու տրամադրութիւններէն:

———————

ՕՐԱՏԵՏՐ                                                       ՄԱՐՏ 5

  • 1873.- Ծնունդ բանասէր եւ հրատարակիչ Թէոդիկի (Թէոդորոս Լապճինճեան): Մահացած 1928-ին:
  • 1909.- Մահ աշուղ Ջիւանիի: Ծնած` 1846-ին:
  • 1924.- Մահ դերասան Վրոյրի:
  • 1953.- Մահ Խորհրդային Միութեան արիւնարբու բռնակալ Իոսիֆ Ստալինի:
Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Կին Դէմքեր. Ալենուշ Տէրեան

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?