Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (4 Մարտ 1970)

March 4, 2020
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նետեր Ու Նոթեր

 Պոյքոթ Ընող Հայու Մը Հետ

– Աշխարհի մէջ բազմաթիւ պոյքոթներ տեղի ունեցած են: Ո՞րն է սակայն այն պոյքոթը, որ եղած է կատարեալ ու երկարատեւ, որ տակաւին կը շարունակուի յաջողապէս եւ հաւանաբար ալ վերջանալիք չունի:

– Ատանկ պոյքոթի մը գոյութիւն ունենալը ո՛չ  տեսած, ո՛չ լսած, ո՛չ ալ կարդացած եմ: Կ՛երեւի թէ մտացածին բան մըն է:

– Ո՛չ, ո՛չ, բարեկամս, բացարձակ իրականութիւն է, ճաճանչաւոր ճշմարտութիւն մը: Եւ դուն ինքդ ալ հաւատարմօրէն, հետեւողականօրէն ու յամառութեամբ մասնակից ես այդ պոյքոթին:

– Ե՞ս: Լուր չունիմ ըրած պոյքոթէս: Կ՛երեւի կ՛երեւակայես:

– Ո՛չ, ո՛չ, բարեկամս, սա պահուս ամբողջովին իրապաշտ եմ:

– Ըսէ՛ ուրեմն, թէ ի՞նչ պոյքոթ է ատ:

– Ուրեմն մեծագոյն, աննախընթաց պոյքոթի մը կը մասնակցիս կէս դարէ ի վեր եւ լուր չունիս ըրած պոյքոթէդ:

– Վերջապէս պիտի ըսե՞ս, թէ՞ ոչ, այդ պոյքոթ ըսածիդ ի՛նչ ըլլալը, ինչի՞ դէմ ըլլալը…

– Եթէ ըսեմ, կը հրաժարի՞ս պոյքոթէն:

– Նախ գիտնալու եմ, թէ բանը ինչո՛ւմն է: Ըսէ՛ կ՛ըսեմ…

– Ահա: Արտասահմանի հայութիւնը կէս դար է, որ պոյքոթ յայտարարած է հայ գիրքին դէմ: Այո՛, արտասահմանի ամէն կողմը հայերը միաբանած ու պոյքոթային պայքար յայտարարած են հայ գիրքին դէմ: Խաթեր համար գնողները չեն կարդար, իսկ հազուագիւտ կարդացողները չեն վճարեր, բնականաբար: Պոյքոթը պաշտօնական չէ թէեւ, սակայն սաստիկ է ու կը գործադրուի կատարելապէս:

– Եղածը ա՞յդ է եղեր: Լա՛ւ, ուրեմն այսուհետեւ թող ո՛չ ոք ըսէ, թէ հայերը կազմակերպուիլ, հաւաքականօրէն գործել ու յաջողիլ չեն գիտեր: Մանաւանդ թող ո՛չ ոք, ո՛չ ոք համարձակի այսուհետեւ կրկնել յանկերգի վերածուած այն անճիշդ խօսքը, թէ հայերը անմիաբան են:

– Ա՞յս է հայոց միաբանութիւնը: Ա՞յս է հայոց հաւաքական գործունէութիւնը…

– Եւ այս միաբանութիւնը պիտի շարունակուի, մինչեւ… մինչեւ…

– Կեցի՛ր, որ ե՛ս ըսեմ. մինչեւ արտասահմանի հայերուն հալիլն ու հատնիլը:

ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ

Հայաստան

 Մարտիրոս Սարեանի
Ծննդեան 90-ամեակը

Փետրուար 28-ին տաղանդաւոր նկարիչ Մարտիրոս Սարեանի ծննդեան 90-ամեակին առիթով յատուկ տեղեկագիր հրատարակեց Հայաստանի Հեռագրական գործակալութիւնը:

Մարտիրոս Սարեան այդ օր ստացաւ շնորհաւորական բազմաթիւ հեռագիրներ` դպրոցականներէ, ուսանողներէ, արուեստագէտներէ, գիտնականներէ, գրողներէ եւ հասարակական գործիչներէ:

Հեռագիրներ ստացաւ` Արամ Խաչատուրեանէն, վարչապետ Ալեքսէյ Քոսիկինէն, Անտոն Քոչինեանէն, Խորհրդային Միութեան մշակոյթի նախարար Ֆուրցեւայէն եւ ուրիշներէ:

Յոբելենական երեկոներ կազմակերպուեցան Մոսկուայի, Երեւանի եւ այլ քաղաքներու մէջ:

Խորհրդային Միութեան Գերագոյն խորհուրդի նախագահութեան հրամանագրով Մարտիրոս Սարեան կերպարուեստի զարգացման ասպարէզին մէջ ունեցած մեծ վաստակին համար եւ ծննդեան 90-ամեակին առիթով պարգեւատրուեցաւ Լենինի շքանշանով:

Խորհրդային Միութեան բոլոր թերթերը հրատարակեցին Մարտիրոս Սարեանի նկարը եւ յօդուածներով անդրադարձան անոր մեծարժէք արուեստին:

«Արարատ»-ի Յաղթանակը

25 հազար մարզասէրներու ներկայութեան, Պաքուի պետական մարզադաշտին մէջ, Երեւանի «Արարատ»-ը յաղթեց տեղւոյն «Նեւթչի» խումբին:

«Արարատ» այժմ կը գտնուի Սոխում, ուր պիտի մրցի Նիկոլայեւի «Սուտոսթրութել»-ի դէմ, իսկ մարտ 8-ին Լենինկրատի «Տինամօ»-ին դէմ:

ԵՐԵՒԱՆԻ ՀԵՌԱՏԻՊ

 

———————

ՕՐԱՏԵՏՐ                                                       ՄԱՐՏ 4

  • 1878.- Ծնունդ ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանեանի: Մահացած 1936-ին:
  • 1893.- Ծնունդ բանասէր եւ արեւելագէտ Կարապետ Մելիք-Օհանջանեանի: Մահացած 1970-ին:
  • 1922.- Յատուկ հրամանագիրով խորհրդային խեղագրութիւնը, սխալագրութիւնը պարտադրուեցաւ Հայաստանի:
  • 1980.- Մահ արձակագիր Վախտանգ Անանեանի:
Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.