Ամառնային Չորութիւն
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Յատկապէս վերջին տարիներու աշխարհի կլիմային միշտ աւելի բարձր աստիճաններ արձանագրելուն պատճառով ամառները միշտ վտանգ կայ, որ բնութիւնը չորութենէ տառապի: Եւ որպէսզի մարդիկ ջուրի պակասէ չտառապին, պետութիւնները զանոնք կը մղեն ջուրի խնայողութիւն կատարել: Սակայն ինչո՞ւ չորութիւն կրնայ պատահիլ Բազմաթիւ հանգամանքներ կը մղեն դէպի բնական այս երեւոյթը: Օդերեւութաբանական չորութիւնը տեղի կ՛ունենայ, երբ երկար շաբաթներ չ՛անձրեւեր: Ժամանակ մը ետք...




















