Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հոնկ Քոնկի Մէջ. Պանդոկ Մը… Նապաստակներու Համար

Յունիս 3, 2023
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Ըստ Չինաստանի մէջ գործածուած օրացոյցին, 2023-ը նապաստակի տարի է: Սակայն անոր ամէնէն մեծ քաղաքներէն Հոնկ Քոնկի մէջ բնակիչները նապաստակներու հանդէպ սէր ունին կանուխ ժամանակներէ ի վեր: Բնակչութիւնը շատ խիտ է, եւ բնակարանները` յաճախ շատ փոքրիկ: Հետեւաբար այս փոքրիկ անասունները շատ սիրուած են:

* * *

2020 եւ 2021 թուականին «Քովիտ 19»-ի պատճառով արգելափակումներուն ընթացքին նապաստակներու որդեգրումներուն թիւը Հոնկ Քոնկի մէջ բարձրացաւ: Սակայն ժամանակ մը ետք կարգ մը տէրեր կը սկսին յոգնիլ անդադար իրենց անասունին հոգ տանելէ (նապաստակ մը կրնայ մինչեւ 12 տարի ապրիլ): Անասուններու պաշտպաններ կը փորձեն լուծումներ գտնել` անասուններու հրաժարումներէ խուսափելու համար: Այս ձեւով, օրինակի համար, անոնք հաստատած են այս անասուններուն տէրերուն օգնութեան հասնելու համար յատուկ հեռաձայնի թիւ մը, ստեղծած են այդ անասուններուն յատուկ ապաստարաններ…

* * *

Իսկ Տոննա Լի յղացած է ուրիշ գաղափար մը.  նապաստակները պահել, երբ անոնց տէրերը արձակուրդի կ՛երթան. կամ կ՛երթան տօնական օրերը իրենց ընտանիքներուն հետ անցընելու: Տոննա ստեղծած է նապաստակներու յատուկ պանդոկ մը, զոր անուանած է «Պանի Սթայլ»: Եւ որովհետեւ «Քովիտ 19»-ի պատճառով ճամբորդութիւններու վերաբերեալ խիստ պայմանները այլեւս դադրեցաւ, Հոնկ Քոնկի բնակիչները կրկին սկսան մեծ թիւով ճամբորդել… մեծ յաջողութիւն բերելով Տոննայի պանդոկին:

Ամէնէն Լալկան Երեխայի Մրցոյթ

Ամէն տարի ճափոնցիները կը կազմակերպեն սումօ լալկան երեխաներուն փառատօնի օրը: Ճափոնի մէջ, երբ երեխայ մը կու լայ, ասիկա առողջ մարմնի մը նշանն է: Ըստ 17-րդ դարու ասացուածքի մը, այն երեխաները, որոնք կու լան, ամէնէն արագը կը մեծնան: Անոնք կը պաշտպանեն նաեւ գէշ ոգիներէն:

Հետեւաբար սումոներուն մրցարանին մէջ, ծնողները մեղմօրէն կ՛օրօրեն իրենց երեխաները, անոնց ծամածռութիւններ կ՛ընեն, կամ նոյնիսկ տգեղ դիմակ մը կը դնեն զանոնք վախցնելու համար: Իւրաքանչիւր ծնողի նպատակն է իր երեխային ամէնէն շատ ձայն հանել տալ, որպէսզի ան գլխաւոր յաղթականը դառնայ:

Մինչ Սկովտիոյ Մէջ…

Աշխարհի Առաջին Առանց
Վարորդի Փոխադրակառքերը

Այս ամիս Սկովտիոյ մայրաքաղաք Էտինպուրկի մէջ բացուեցաւ փոխադրակառքերու յատուկ գիծ մը: Առաջին անգամ ըլլալով այս գիծին վրայ ուղեւորները սկսան շրջիլ անկախ, առանց վարորդի փոխադրակառքերով: Այս տեսակի փոխադրակառքերը աշխարհի անկախ առաջին փոխադրակառքերն են:

Անոնք օժտուած են տեսախցիկով եւ համակարգիչով եւ կրնան «զգալ» իրենց առջեւ գտնուող վտանգները եւ անոնք իրենց երթուղիին կը հետեւին 22 քմ-ի վրայ մինակ: Սակայն, առ ի զգուշութիւն, վարորդ մը կը մնայ փոխադրակառքին մէջ` հարցի մը պարագային ղեկը ստանձնելու համար:

24 Աչքերով Ծովամա՞յր Մը

Հոնկ Քոնկի հիւսիսը, Մայ Փոյի պահպանուած բնութեան հողաշերտին մէջ մասնագէտներ կ՛ուսումնասիրէին ջուրին որակը: Իրենց ցանցը ցեխոտ լճակին ջուրերուն մէջ մխրճելու ժամանակ անոնք դէմ դիմաց կը գտնուին խորանարդաձեւ փոքրիկ էակի մը… որ 24 աչք ունէր:

Քննութիւններէ եւ ուսումնասիրութիւններէ ետք գիտնականները կը նշմարեն, որ ան տուփ. ծովամայրի շատ թունաւոր, նոր տեսակ մըն էր: Անոր տրուեցաւ թրիփետալիա մայփոէնսիս անունը. ան նուազ քան 1 սմ մեծութիւն ունի, թափանցիկ մարմին մը եւ 3 շօշափուկներ: Անոր 24 աչքերը 6 – 6 խմբուած են. 2 մեծերը կը ծառայեն նկարները տեսնելու, իսկ 4 աւելի փոքրերը լոյսը կը նշմարեն:

Հետաքրքրական

Պառկած Մնալ 2 Ամիս…

Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ մէջ 12 կամաւորներ կը մասնակցին փորձարկութեան մը` Եւրոպական անջրպետային կեդրոնին համար: Անոնք 60 օր պիտի անցընեն անկողինի մը վրայ պառկած, գլուխը ոտքերէն քիչ մը աւելի ցած: Անոնք այս դիրքին մէջ պիտի մնան ուտելու, լուացուելու, բնական կարիքները հոգալու… եւ հեծիկ քշելու համար: Յատուկ պահերու անոնց անկողինը առանցքի մը վրայ շատ արագ կը դառնայ: Գիտնականները մօտէն կ՛ուսումնասիրեն անոնց մարմնին հակազդեցութիւնները: Այս փորձարկութեան նպատակն է բարելաւել աստղանաւորդներուն կեանքի պայմանները անջրպետին մէջ` դէպի լուսին եւ հրատ երկար ճամբորդութիւններ կատարելու կարելիութիւններուն հեռանկարով:

Այս 12 կամաւորները շրջապատուած են մօտաւորապէս 100 անձերով: Փորձարկութեան աւարտին անոնք պիտի ստանան 18 հազար եւրօ` 4 տարուան վրայ ամսական վճարումներով:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 12 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել վարի թիթեռնիկին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել ցանկին մէջ բազմապատկութիւններու տեղերը տախտակին մէջ:

 

 

 

Նախորդը

Պատի՛ւս Արժանաւորաց

Յաջորդը

Բանաստեղծ Թատերագիրներ Եւ … Թատերագիր Բանաստեղծներ

RelatedPosts

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ

Յուլիս 12, 2025
Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?