Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչի՞ Կը Ծառայէ Միջազգային Առողջապահութեան Կազմակերպութիւնը

Մայիս 20, 2023
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Միջազգային առողջապահութեան օրը` ապրիլ 7¬ին, Միջազգային առողջապահութեան կազմակերպութիւնը տօնեց իր 75¬րդ տարեդարձը: Ի՞նչ գործունէութիւն ունեցած է այս կազմակերպութիւնը այս եօթը տասնամեակներու ընթացքին:

Միջազգային առողջապահութեան կազմակերպութիւնը Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան հիմնարկներէն մէկն է, եւ անոր աշխատանքները ուղղուած են առողջապահութեան մարզին: Անոր նպատակն է աշխատիլ, որ բոլոր մարդիկ առողջապահական ամէնէն բարձր մակարդակի պայմաններու մէջ ապրին:

1948-ին պետութիւնները կը համաձայնին հետեւեալ սկզբունքներուն վրայ. զարգացնել առողջապահական պայմանները, միջազգային գետնին վրայ պահպանել ապահովութիւնը եւ ծառայել խոցելի եւ տկար մարդոց:

* * *

75 տարիներու ընթացքին Միջազգային առողջապահական կազմակերպութիւնը կարելիութիւնը տուաւ բաներ փոխելու քաղաքական գետնի վրայ: Օրինակի համար, 2003 թուականի կազմակերպութեան անդամ երկիրները ստորագրեցին աշխարհի հանրային առողջապահութեան հռչակագիրը: Այս հռչակագիրին նպատակն է ծխելու դէմ պայքարիլ. ան որդեգրուեցաւ 181 երկիրներու կողմէ: Այս պայքարին արդիւնքները դրական եղան, որովհետեւ 2021 թուականին ծխախոտի սպառումը նուազում արձանագրեց 150 երկիրներու մէջ:

Իսկ դուն բնաւ լսա՞ծ էիր փոլիոյին կամ ծաղկախտին մասին: Եթէ ոչ, ասոր պատճառը հաւանաբար այն է, որ այս շատ վարակիչ հիւանդութիւնները գրեթէ ամբողջովին անհետացան աշխարհէն, յատկապէս` Միջազգային առողջապահական կազմակերպութեան ճիգերուն շնորհիւ:

* * *

Իսկ ներկայի՞ս`

Կարգ մը հիւանդութիւններ անհետացան, սակայն նորեր յայտնուեցան: Ներկայիս կազմակերպութիւնը երկիրներու հետ կը գործակցի նախատեսելու եւ դարմանելու համար հիւանդութիւններ, որոնք գոյութիւն չունէին 75 տարիներ առաջ: Միջազգային առողջապահութեան կազմակերպութիւնն է, որ միջամտեց «Քովիտ 19»¬ի համաճարակին ընթացքին: Ան կը շարունակէ լուծումներ փնտռել քաղցկեղի տեսակներու, Սիտայի պարագային, սակայն նաեւ` մտային առողջապահութեան վերաբերեալ հարցերու, ինչպէս` ընկճախտը:

Կազմակերպութիւնը նաեւ կ՛աշխատի ամբողջ կեանքին ընթացքին ֆիզիքական առողջութեան եւ բարեկեցութեան համար: Անոր բազմաթիւ մտահոգութիւններէն մէկն է նաեւ ծերութիւնը: Կազմակերպութիւնը կ՛ուզէ օգնել տարեց անձերուն` հասկնալու եւ ընդունելու ծերութիւնը եւ խնամք ու հոգատարութիւն անոնց տրամադրութեան տակ դնելու: Կազմակերպութիւնը կը նախաձեռնէ նաեւ պատուաստներու քարոզարշաւներ, որոնք կարելիութիւնը կու տան փրկելու 3,5 – 5 միլիոն անձեր` տարբեր հիւանդութիւններէ, ինչպէս` թեթանոսը, կապոյտ հազը, կրիփը եւ հարսանիթը:

Ան կ՛օգնէ նաեւ երկիրներու` ծրագրելու առողջապահութեան վերաբերեալ աշխատանքներ, բոլորին խնամք հայթայթելու մատչելի գիներով: Ան կը դիւրացնէ արհեստագիտութեան մարզին մէջ արդիական միջոցներու տրամադրումը եւ կը տեղեկացնէ աշխարհի բնակչութեան եւ երկիրներու պատասխանատուներուն:

Կազմակերպութիւնը օգնութեան կը հասնի պատերազմներէ, կամ կլիմայական փոփոխութիւններէ տառապող մարդոց:

Վերջապէս, կազմակերպութիւնը կը քաջալերէ երկիրներու պատասխանատուները եւ ղեկավարները` յարգելու իրենց պարտաւորութիւններն ու որոշումները:

Հնդկաստանը` Աշխարհի Ամէնէն Շատ
Բնակչութիւն Ունեցող Երկիրը

Առնուազն 1950¬ական թուականներէն ի վեր Չինաստանը աշխարհի ամէնէն շատ բնակչութիւն ունեցող երկիրն էր: Սակայն անցեալ տարիէն սկսեալ անոր բնակչութեան թիւը սկսած է նուազելու, մինչ Հնդկաստանի մէջ բնակչութիւնը կ՛աւելնայ եւ ան պիտի շարունակէ աւելնալ, որովհետեւ այժմ կան մեծ թիւով հնդիկներ, որոնք ամուսնանալու եւ ընտանիք կազմելու տարիքը ունին:

Իբրեւ արդիւնք` 2023 թուականին Հնդկաստանի բնակչութեան թիւը կ՛անցնի Չինաստանի բնակչութեան թիւէն: Ըստ կարգ մը մասնագէտներու, այս դէպքը արդէն պատահեցաւ: Իսկ ուրիշ մասնագէտներ կը հաստատեն, որ ասիկա պիտի պատահի տարուան կիսուն:

Գիւղ Մը, Որ Կ՛արգիլէ Զբօսաշրջիկներուն
Քալելէ Դադրելէ

Փորթոֆինօ ծովուն եզերքը գտնուող փոքրիկ իտալական գիւղ մըն է: Անոր նաւերը, կանաչ բլուրները եւ գունաւոր տուները մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ կը  հրապուրեն: Երբեմն զբօսնողներու, իրենց ուղեկցութեան ընկերակցութեամբ զբօսաշրջիկներու խումբերու խճողումներ կը յառաջանան նաւահանգիստին նեղ մայթերուն վրայ…

Ասիկա թէ՛ տհաճ է, թէ՛ ալ վտանգաւոր: Նման պարագաներէ խուսափելու համար քաղաքապետը զբօսաշրջիկներուն արգիլեց քալելէ դադրիլ եւ կանգնած մնալ այս նաւահանգիստի մայթերուն վրայ առտուան ժամը 10:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6-ը, մինչեւ հոկտեմբեր ամիս: Այլապէս անոնք կրնան մինչեւ 270 եւրօ տուգանքի ենթարկուիլ:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 12 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերներուն մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել տախտակին մէջ պահուած ցանկին թիւերը:

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Կեանքը Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարանին Մէջ

RelatedPosts

Աշնան Փառատօներ.  Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Աշնան Փառատօներ. Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?