Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչպէ՞ս Կը Շինուի Բջիջային Հեռաձայն Մը

May 6, 2023
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Անցեալ շաբաթ մենք ծանօթացանք բջիջային հեռաձայնին առաջին քայլերուն: Այս շաբաթ պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՞ս կը շինուի բջիջային հեռաձայնը:

* * *

Աշխարհին մէջ աւելի քան 5 միլիառ անձեր կը գործածեն բջիջային հեռաձայն մը: Անշուշտ ասիկա կը նշանակէ միլիառաւոր հեռաձայններ: Իսկ այս  հեռաձայնները շինելու համար կարիքը կայ յատուկ նիւթերու եւ իրարու միացնելու բազմաթիւ տարբեր տառեր: Իսկ այս աշխատանքը մեծ ապականում կը յառաջացնէ:

* * *

Բջիջային հեռաձայնի մը պատրաստութիւնը կ՛անցնի բազմաթիւ փուլերէ, որովհետեւ անիկա կազմուած է բազմաթիւ տառերէ: Ան կը պարունակէ աւելի քան 70 տարբեր նիւթեր եւ տառեր` ապակի, կերպընկալ, արժէքաւոր մետաղներ, ինչպէս` ոսկին եւ արծաթը, հանքային նիւթեր, ինչպէս` լիթիոմը եւ քոպալթը:

Բջիջային հեռաձայն մը շինելը դիւրին չէ: Առաջին հերթին պէտք է երթալ ու բերել մետաղները եւ հանքային նիւթերը. ասիկա մեծ հարցեր կը յառաջացնէ: Անոնք կը հանուին աղքատ երկիրներու ընդերքէն` Ափրիկէի, Ասիոյ եւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ: Ասիկա շատ վտանգաւոր աշխատանք մըն է, որ կը կատարուի շատ քիչ վճարուած աշխատաւորներու եւ երբեմն նոյնիսկ մանուկներու կողմէ: Ասոր կողքին, այս աշխատանքը կը փճացնէ կենսոլորտը, որովհետեւ աշխատանքներուն պատճառով վարակուած ջուրը կրկին կը թափի յատկապէս բնութեան մէջ:

Երբ այս նիւթերը գետնէն կը հանուին, անոնք կը ղրկուին տարբեր երկիրներու մէջ, ինչպէս` Ճափոն, պաստառները շինելու համար, եւ Միացեալ Նահանգներ` յիշողութեան քարտերը շինելու համար: Ապա այս տարբեր կտորները յաճախ կը ղրկուին Չինաստան, ուր անոնք իրարու կը միացուին հեռաձայնը կազմելու համար: Ըստ ուսումնասիրութիւններու, կ՛ենթադրուի, թէ իր շինութեան ընթացքին բջիջային հեռաձայն մը կը կտրէ հեռաւորութիւն մը, որ հաւասար է 4 անգամ աշխարհի շուրջին… Իսկ երբ մենք… մտածենք, որ ամէն տարի աշխարհի շուրջ մէկուկէս միլիառ բջիջային հեռաձայններ կը ծախուին… Ասիկա հսկայական ապականում կը յառաջացնէ: Այս ապականումը նուազեցնելու համար մէկ լուծում գոյութիւն ունի` պահել մեր ունեցած բջիջային հեռաձայնը շատ երկար ժամանակ: Իսկ եթէ ստիպուինք զայն փոխելու, նախընտրենք գործածուած ու նորոգուած հեռաձայն մը գնել: Ասիկա մեր մոլորակին համար ամէնէն լաւ միջոցն է:

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

– Նորաձեւութեան գերմանացի մասնագէտ մը կրցաւ հագուստներ շինել փոշի կաթով:

– Ամերիկեան պաղպաղակի խանութ մը միջատի համով պաղպաղակներ կը ծախէր:

– Ջայլամները կրնան լողալ, բայց չեն կրնար թռչիլ:

– Ֆինլանտայի մէջ գոյութին ունին 180 հազար կղզիներ: Ասիկա կը համապատասխանէ երկրին մէջ իւրաքանչիւր 30 հոգիի` մէկ կղզի:

– Թայուանի մէջ աղբահաւաք փոխադրակառքերը երաժշտութիւն կը սփռեն` ժողովուրդին յիշեցնելու, որ աղբը դուրս հանեն:

– Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ կարգ մը ոստիկաններ բուրգերուն շուրջ իրենց հսկողութիւնները ուղտերու վրայ շրջելով կ՛ընեն:

– Կարգ մը մրջիւններ զիրար կը լզեն հիւանդութիւններէ պահպանելու համար:

– Կապոյտ կէտին արձակած շնչառութեան ջուրը կրնայ բարձրանալ մինչեւ երեք յարկի բարձրութեամբ:

– Կարգ մը երկիրներու մէջ սարդի ոստայնի թելերը կը գործածուին ձկնորսութեան ցանցեր շինելու համար:

– Անձրեւի կաթիլները համպըրկըրի հացերու ձեւ ունին:

– Կարգ մը վայրի ծաղիկներ տուրմի հոտ կրնան ունենալ:

– Միջատներուն արիւնը կրնայ թափանցիկ, դեղին կամ կանաչ ըլլալ:

– Մենք 0 քիլօ կը կշռենք երկրագունդին կեդրոնը:

– Լման լուսինը աւելի փայլուն կ՛երեւի ձմրան, քան` ամրան:

– Շատ աւելի մեծ թիւով մարդիկ հասած են լուսին, քան` ովկիանոսին խորերը:

– Կարգ մը պոնոպօ կապիկներ թաչ-սքրին համակարգիչներ կը գործածեն մարդոց հետ հաղորդակցելու համար:

– Փոքրիկ ինքնաշարժներու մեծութեամբ կրիաներ կը շրջէին երկրագունդին վրայ 60 միլիոն տարիներ առաջ:

– Իտալացի խոհարար մը կը պատրաստէ պասքեթպոլի կօշիկներու ձեւ ունեցող սուշի:

– Կեքքոները իրենց աչքերը կը լզեն զանոնք մաքուր պահելու համար:

– Կարգ մը անձեր սուրճ կը գործածէին իրենց մազերը աւելի փայլուն դարձնելու համար:

– Փինկ-փոնկի գնդակները կրնան սուրալ ժամական 113 քմ արագութեամբ, աւելի արագ, քան նոյնիսկ` սուրացող ինքնաշարժ մը:

– Մեր մատներուն հետքերը թուղթի մը վրայ կրնան մնալ մինչեւ 40 տարի:

– Արուսեակ մոլորակին մակերեսին վրայ կրնաս մեծ փիցցա մը եփել 9 երկվայրկեանէն:

– Քանատայի մէջ արժէքաւոր կով մը ծախուեցաւ 1,2 միլիոն տոլարի:

– Ըստ ուսումնասիրութեան մը, դուն որքան վախնաս սարդէ մը, այնքան ան քեզի աւելի մեծ պիտի թուի:

– Կարգ մը անձեր ծնած են թարթիչներու զոյգ շարքերով:

– Հին Եգիպտոսի մէջ միայն թագաւորական ընտանիքի անդամները իրաւունք ունէին սունկ ուտելու:

– Կարգ մը հին հռոմէացիներ իրենց տուրքերը մեղրով կը վճարէին:

– Տաք խմիչք մը երբեմն աւելի արագ կրնայ զովացնել, քան` պաղ խմիչք մը:

– Գիտէի՞ր, թէ…
111,111,111 x 111,111,111=
12 345 678 987 654 321

Հաշուենք Եւ Ներկենք

Պատկերին մէջի բազմապատկութիւնները լուծէ գտնելու համար, թէ ի՛նչ գոյնով պէտք է ներկես տարբեր բաժինները` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:

Կարմիր` 0-9, կանաչ` 10-19, դեղին` 20-29, մանիշակագոյն` 30-39, նարնջագոյն` 40-49, սրճագոյն` 50-59, կապոյտ` 60-69:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 12 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել արեւուն հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել թիւերուն համապատասխանող տեղերը տախտակին մէջ:
Նախորդը

Քանատայի Նորանշանակ Դեսպանը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

Յաջորդը

Խաչիկ Տէտէեանին Երազը

RelatedPosts

Սպասելով Ս. Ծնունդը…
Մանկապատանեկան

Սպասելով Ս. Ծնունդը…

January 3, 2026
Նուէրներու Ցանկդ Պատրա՞ստ Է
Մանկապատանեկան

Նուէրներու Ցանկդ Պատրա՞ստ Է

December 27, 2025
Կաղանդի Մթնոլորտ.  Ո՞վ Է «Ընկոյզկոտրիչը»  (Տը Նաթքրաքըր)
Մանկապատանեկան

Կաղանդի Մթնոլորտ. Ո՞վ Է «Ընկոյզկոտրիչը» (Տը Նաթքրաքըր)

December 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.