Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բջիջային Հեռաձայնային Առաջին Խօսակցութիւնը Տեղի Ունեցաւ 50 Տարի Առաջ

Ապրիլ 29, 2023
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Ճիշդ 50 տարի առաջ Մարթըն Քուփըր առաջին անգամ ըլլալով առանց թելի եւ ինքնաշարժի մը չկապուած հեռաձայնով մը զանգեց:

Մարթըն Քուփըր ամերիկացի ճարտարագէտ մըն էր, որ կ՛աշխատէր հեռաձայնի ամերիկեան «Մոթորոլա» ընկերութեան մէջ: 3 ապրիլ 1973-ին ան կը հեռաձայնէ իրենց մրցակից հեռաձայնի «Պելլ» ընկերութեան մէջ աշխատող Ճոըլ Ս. Սէնկըլի հպարտօրէն անոր յայտնելու, որ կը հեռաձայնէր բջիջային հեռաձայնէ մը, իսկական փոխադրելի հեռաձայնէ մը:

Ասիկա բջիջային հեռաձայնի պատմութեան առաջին հեռաձայնային խօսակցութիւնն էր: Մինչեւ այդ թուականը միակ փոխադրելի հեռաձայնները դրուած էին շքեղ ինքնաշարժերու մէջ: Սակայն կարելի չէր զանոնք փոխադրել փողոցէն հեռաձայնելու համար:

50 տարի առաջ Քուփըրի ձեռքերուն մէջ գտնուող հեռաձայնը կը կշռէ մօտաւորապէս 1 քիլօ եւ ունի 22 սմ մեծութիւն: Անոր պաթըրին լիցքաւորելը կը կարօտի 10 ժամուան, եւ կարելի չէ հեռաձայնով խօսիլ աւելի քան մօտաւորապէս 20 վայրկեան: Տակաւին պէտք է զայն բարելաւել` զայն արտադրելու եւ ծախելու համար:

Մօտաւորապէս տասնեակ մը տարիներ ետքն է, որ առաջին բջիջային հեռաձայնը շուկայ կ՛իջնէ: Ան «ՏայնաԹԱՔ» կը կոչուի, սակայն ճանցչուած է աղիւսի անունով: Այս բաց սրճագոյն «աղիւսը» ունի 33 սմ մեծութիւն եւ կը կշռէ 794 կրամ: Անոր գինը շատ սուղ է` 3995 տոլար, որ հաւասար է ներկայի աւելի քան 10 հազար տոլարի: Տարիներու ընթացքին, այս հեռաձայնը ծանր, խճաղաղ, ոչ շատ գործօն եւ սուղ առարկայ մը կը համարուէր:

1990-ական թուականներու սկիզբը մեծ փոփոխութիւններ տեղի կ՛ունենան: ՃՍՄ («Կլոպըլ սիսթըմ ֆոր մոպայլ քոմիւնիքէյշընզ») դրութիւնը կը հաստատուի եւ կը սփռուի աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ: Հեռաձայնային ազդանշանը թուային կը դառնայ, հետեւաբար` աւելի թեթեւ եւ աւելի լաւ որակով: Այս առաջին փուլերուն բջիջային հեռաձայն մը կ՛արժէ 500-700 տոլար եւ կը ծառայէ միայն ուղղակիօրէն զանգելու:

1990-ական թուականներուն ընթացքին բջիջային հեռաձայններուն թիւը կը բազմապատկուի, եւ անոնց գինը կը նուազի: «Կապակցութիւն` չունեցող վայրերը կը նուազին: Այս շրջանին կը ծնի նաեւ ՍՄՍ-ը (Շորթ Մէսըճ Սիսթըմ):

Այս գործիքները անդադար կը բարելաւուին, անոնց հզօրութիւնը եւ ցանցերուն կարողութիւնները կ՛աւելնան: 1994-ին շուկայ իջած առաջին սմարթֆոնը յաճախորդները չի գրաւեր: Սակայն մարդիկ կամաց-կամաց կը վարժուին գործածելու աւելի փոքրիկ, աւելի թեթեւ, առանց խճողող ալեհաւաքի, լման գիրերու պաստառով հեռաձայններ, որոնց պարունակութիւնը շատ աւելի հարուստ եւ ամբողջական է` օրատետր, նոթագրութեան կարելիութիւն, նկարներ եւ վիտէոներ ղրկելու կարելիութիւն, համացանցին վրայ աշխատիլ…

Սմարթֆոնը, որ գրպանի համակարգիչի մը կը նմանի, ինքզինք կը պարտադրէ վերջապէս: Այժմ ան կարելիութիւնը կու տայ լուրեր եւ տեղեկութիւններ փոխանցելու, համացանցին վրայ փնտռտուքներ ընելու եւ ընկերային ցանցերուն վրայ փոխանակումներ ընելու, իր ճամբան գտնելու, նկարներ առնելու, ֆիլմեր նկարելու, առտուն արթննալու, երաժշտութիւն մտիկ ընելու, վիտէոներ դիտելու, օրատետրը կազմակերպելու, վճարումներ կատարելու, հեռուէն մեքենաներ աշխատցնելու եւ… հեռաձայնելու:

94 տարեկանին Մարթըն Քուփըր կը հաստատէ, որ այս յառաջդիմութիւնը պիտի շարունակուի եւ ապագայի բջիջային հեռաձայնը պիտի օգնէ առողջապահութեան` շնորհիւ մարմնին կապուած փոքրիկ զգացող կոճակներու, կամ ան նոյնիսկ մորթին տակ պիտի տեղադրուի: Մինչ այդ, ան քիչ մը կը սարսափի` տեսնելով, թէ ինչպէ՛ս հեռաձայնը գործածողները կը քալեն եւ ճամբաներէն կ՛անցնին առանց աչքերնին հեռաձայնին պաստառէն վեր հանելու: «Անոնք գլուխնին կորսնցուցեր են»:

Գիտէի՞ր, Թէ…

Ովկիանոսներուն յատակը կը գտնուին մօտաւորապէս 3 միլիոն ընկղմած նաւերու մնացորդները:

Սպանացի գիտնական մը հնարած է պաղպաղակի տեսակ մը, որ գոյնը կը փոխէ, երբ զայն լզենք:

Չինաստան Փեքին մայրաքաղաքի փողոցներուն մէջ կարելի է գնել խորոված կարիճ, որ շատ սիրուած ուտելիք մըն է:

Հարաւային Ամերիկայի մէջ բուսնող չերիմոյա կոչուած պտուղը ունի ծամոնի համ:

Հրատ մոլորակին վրայ արեւմարը կապոյտ գոյն կը ստանայ, մինչ Արուսեակ մոլորակին վրայ արեւը մայր կը մտնէ արեւելքի կողմը:

Ֆրիզպի խաղի սկաւառակը սկիզբը կոչուած էր Փլութօ Փլաթըր:

Ծովաձիին ձագերը օրական 3000 ուտելիքի կտոր կ՛ուտեն:

Իսկ ծովաձիերը կրնան իրենց աչքերը նոյն ատեն դէպի երկու տարբեր ուղղութիւններ դարձնել:

Կարգ մը նախապատմական մարդիկ մամութ փիղերու ոսկորները կը գործածէին տուներ շինելու համար:

Չինաստանի մէջ մարդիկ փասթա կ՛ուտեն 7000 տարիներէ ի վեր:

Ուրանոս մոլորակը սկզբունքով Ճորճ պիտի անուանուէր:

Առաջին անգամ լուսինի վրայ ոտք դրած աստղանաւորդ Նիլ Արմսթրոնկ իր աստղանաւորդի կօշիկներէն մէկը ձգեց լուսինի վրայ: Իսկ եթէ դուն առիթը ունենայիր բան մը իբրեւ յիշատակ ձգելու լուսինին վրայ, ի՞նչ պիտի ըլլար անիկա:

Ամերիկայի եւ Քանատայի դպրոցական աշակերտներու փոխադրակառքերուն գոյնին ներկը ունի իրեն յատուկ անունը` «Նաշընըլ սքուլ պաս կրոսի ելօ», «Ազգային դպրոցի փոխադրակառքի փայլուն դեղին»:

Բազմաթիւ թռչուններու տեսակներու փետուրները աւելի ծանր կը կշռեն, քան` անոնց ոսկորները:

Աշխարհի ամէնէն մեծ անբնակ պալատը ունի 1788 սենեակ:

Հաշուենք Եւ Գծենք

Առաջին տախտակին մէջի հաշիւները կատարէ գտնելու համար երկրորդ տախտակի տուփիկներուն տեղը եւ վերակազմէ պատկերը:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել «   ՎԵՐՋ»-ի հասցնող ճամբան:

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 12 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել թիւերուն համապատասխանող տեղերը տախտակին մէջ:
Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 28 Ապրիլ 2023)

Յաջորդը

Թուրք Տասնապետը Սարսափելի Մանրամասնութիւններ Կը Յայտնէ Տէրսիմի Ալեւիներու Եւ Հայերու Կոտորածի Մասին

RelatedPosts

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը

Մայիս 10, 2025
Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է

Մայիս 3, 2025
Ձեռային Աշխատանք.  Զատկուան Պատրաստութիւններ
Մանկապատանեկան

Ձեռային Աշխատանք. Զատկուան Պատրաստութիւններ

Ապրիլ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?