Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շուէտի Մէջ Հազուագիւտ Մետաղներու Հողերու Գանձը

Յունուար 21, 2023
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Մէկ միլիոն թոն հազուագիւտ մետաղներ գտնուած են Շուէտի մէջ. սակայն ինչո՞ւ ասիկա գանձ մըն է, եւ ի՞նչ են այս հազուագիւտ հողերը:

Շուէտի հիւսիսը գտնուած է աւելի քան մէկ միլիոն թոն մետաղներ պարունակող տարածք մը: Այդ վայրին մէջ գտնուող մետաղներու ճիշդ քանակը տակաւին չէ հաստատուած, սակայն, ըստ ներկայի ենթադրութիւններուն, ան կրնայ ներկայացնել միջազգային պահեստներուն, այսինքն` մօտաւորապէս 120 միլիոն թոն, նուազ քան 1 առ հարիւրը:

Այս մետաղները, որ կը կոչուին հազուագիւտ հողեր, կը ներկայացնեն մեր «կապակցութեան կեանքի ոսկին»: Անոնք կարելիութիւնը կու տան շինելու «թաչ սքրիններ», սմարթֆոն հեռաձայններ, ելեկտրական ինքնաշարժներու պաթըրիները…

– Ինչո՞ւ անոնք կը կոչուին հազուագիւտ հողեր

Նէօտիմ, տիսփրոսիոմ, էրպիոմ, իթրիոմ, սքանտիոմ... Այս տարօրինակ անուններ ունեցող մետաղները ամէն տեղ կան` բջիջային հեռաձայններու թաչ պաստառներուն վրայ, հետֆոներուն մէջ, պաթըրիներուն, համակարգիչներուն հարտ տիսքերուն մէջ… Այս հազուագիւտ մետաղները 17 հատ են, անոնց տրուած է «հազուագիւտ հողերու» անունը, եւ քանի մը տարուան ընթացքին անոնք անհրաժեշտ դարձած են: Եւ, հետեւաբար, շատ փնտռուած:

Անոնց տրուած է «հազուագիւտ հողեր» անունը, որովհետեւ անոնք գտնուած են 19-րդ դարու սկիզբները, տակաւին այդ շրջանին հազուագիւտ հանքերու մէջ: Իսկ այն հողերը որոնց վրայ սփռուած էին այդ հանքերը, իրարմէ զատելը դժուար էր. հազուագիւտ էին: Հետեւաբար «հազուագիւտ մետաղներու» փոխարէն` գործածուած է «հազուագիւտ հողեր»:

Սակայն հակառակ իրենց անունին` անոնք իսկապէս հազուագիւտ մետաղներ չեն: Անոնք կը գտնուին գրեթէ ամբողջ մոլորակին վրայ: Մինչեւ այսօր մետաղներու շուկային մէջ գտնուող հազուագիւտ մետաղներուն 98 առ հարիւրը Չինաստանը կը հայթայթէ: Սակայն այս երկրին մէջ գոյութիւն ունին այս մետաղներու միջազգային պահեստներուն միայն 37 առ հարիւրը:

– Ապականող աշխատանք մը

Մեծ մտահոգութիւնը այն է, որ այս մետաղները արդիւնահանելը շատ դժուար է: Միջոցները շատ սուղ են եւ ապականող: Այս աշխատանքը կ՛արտանետէ առողջապահութեան համար վտանգաւոր մետաղեայ փոշիներ, կը գործածէ հողը եւ գետերը ապականող քիմիական վտանգաւոր նիւթեր եւ կրնայ, կարգ մը պարագաներու, վտանգաւոր ճառագայթներ արձակել:

– Լաւ լուր մը` Եւրոպայի համար

Այս հանքերուն գտնուիլը լաւ լուր մըն է Եւրոպայի համար, որ կը տառապի ուժանիւթ մարզին մէջ Ռուսիայէն իր կախեալ ըլլալուն պատճառով եւ այժմ կը փորձէ ձերբազատիլ հազուագիւտ մետաղներուն մարզին մէջ: Եւրոպական Միութեան նախագահուհին սեպտեմբերին յայտարարած էր, որ Եւրոպական Միութեան հազուագիւտ մետաղներու պահանջը հինգով պիտի բազմապատկուի մինչեւ 2030 թուականը:

Սակայն աշխատանքները սկսելէ առաջ պէտք է երկար ժամանակ լաւապէս ուսումնասիրել, թէ ինչպէ՛ս այդ մետաղները հաւաքել` նուազագոյն ժխտական ազդեցութիւններ յառաջացնելով:

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

– Կարգ մը շուներ ալերժի ունին կատուներու հանդէպ:

– Եգիպտոսի առաջին կին փարաւոնը` Հաթշեփսութ եղունգները, կարմիր եւ սեւ կը ներկէր:

– Երեւակի լուսինը` Փան, ընկոյզի ձեւ ունի:

– Սակուարօ քաքթիւսը միայն 2,5 սմ կ՛աճի 10 տարուան ընթացքին:

– Ամէնէն մեծ ագեվազները կրնան չափահաս մարդու մը ծանրութիւնը ունենալ:

– Գոյութիւն ունի հազուադէպ անհանգստութիւն մը, որ պատճառ կը դառնայ մարդուն մինչեւ 20 ժամ քնանալուն:

– Մեղու մեղրահաւ թռչունի տեսակը կրնայ օրուան ընթացքին մինչեւ 1500 ծաղիկէ սնանիլ:

– Քանդակագործ մը կրցած է քանդակել իսկական չափով աստղանաւորդի մը արձանը մէկ թոն կշռող չետըր պանիրի կտորէ մը:

– Աստղանաւորդ մը իր աղջկան անուան սկզբնատառերը գրած է լուսինին փոշիոտ մակերեսին վրայ:

– Կարգ մը գորտեր խեչափառ կ՛ուտեն:

– Ճարտարապետ մը կրցած է փոքրիկ կամուրջ մը շինել խաւաքարտէ խողովակներով:

– Չինաստանի Չոնկքինկ քաղաքին մէջ շոգեկառքը կ՛անցնի 19 յարկանի շէնքի մը մէջէն:

-Բոյսերը ունին «ուղեղ» մը, որ կ՛որոշէ, թէ բոյսը ե՛րբ պէտք է աճի:

– Աստղանաւորդներուն կրունկներուն մորթը կը կեղուըւի, երբ անոնք երկար ատեն անջրպետի մէջ ժամանակ կ՛անցընեն:

– Ֆրանսայի Լուի 14 թագաւոր 10 սմ բարձր կրունկով կօշիկ կը հագուէր:

– Վայրի ելակները կրնան դեղին ըլլալ:

– Քանատայի մէջ գոյութիւն ունի քաղաք մը, որուն անունը Սեն- Լուի-Տիւ-Հա՛-Հա՛ է:

– Երկրաշարժերը կրնան վայրկենական ոսկի ստեղծել երկրագունդին կեղեւին մէջ:

– Կարգ մը մարախներ վարդագոյն կ՛ըլլան:

– Արեւածաղիկները կրնան այնքան աճիլ, որ անոնց բարձրութիւնը կրնայ անցնիլ իրար վրայ կանգած երկու փիղերու բարձրութենէն:

Մտածենք

 Համացանցին Վրայ

Հայկ, Սեւակ, Յարութ, Արամ եւ Վաչէ ամէն օր ժամանակ կ՛անցընեն համացանցին վրայ: Վարի տախտակին մէջ կը գտնուին տեղեկութիւններ այն մասին, թէ անոնք ուրկէ՛ կը կապուին համացանցին, որքան ժամանակ կ՛անցընեն համացանցին վրայ եւ որո՛նք են անոնց իւրաքանչիւրին յաճախ այցելած կայքէջերը:

Վարի տեղեկութիւններուն հետեւելով` տախտակին մէջ X մը դիր, երբ անձի մը տեղեկութիւնը կը համապատասխանէ, գտնելու համար իւրաքանչիւրին սովորութիւնները:

***

1.- Այն անձը, որ իր ե-նամակները կը կարդայ, 30 վայրկեան նուազ ժամանակ կ՛անցընէ համացանցին վրայ, քան` Վաչէն:

2.- Այն անձը, որ սովորաբար դաստիարակչական կայքէջեր կը փնտռէ համացանցին վրայ, ո՛չ հանրային պարտէզին մէջ կ՛աշխատի, ո՛չ ալ սրճարանին մէջ: Ան տունէն համացանցին վրայ խաղեր խաղցող անձէն 60 վայրկեան նուազ ժամանակ կ՛անցընէ համացանցին վրայ, բայց 30 վայրկեան աւելի, քան` Արամը:»

3.- Յարութը համացանցին վրայ կ՛աշխատի շոգեկառքին մէջ: Ան չի սիրեր մարզական կայքէջերը, եւ իր տեղափոխութիւնները 1 ժամէն աւելի երկար կը տեւեն:

4.- Հայկ միայն մօտաւորապէս կէս ժամ կրնայ համացանցը գործածել իր գործի վայրին մէջ:

5.- Սեւակը ամէնէն երկար ժամանակը կ՛անցընէ իր համակարգիչին առջեւ: Ան լուրերը չի կարդար` սրճարանի մէջ նստած:

6.- Վաչէն հանրային պարտէզ չի սիրեր երթալ:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 9 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել դէպի ելք առաջնորդող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս լուծել ձախ կողմի սիւնակին մէջի բազմապատկութիւնները, եւ
ապա տախտակին մէջ գտնել երեք թիւերու շարքին տեղը:

 

 

Նախորդը

Յաջորդը

Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեանի Զոյգ Գիրքերուն Նուիրուած Շնորհահանդէս

RelatedPosts

Ինչո՞ւ Մարտ 8-ը Կիներու Իրաւունքներու Միջազգային Օր Նշանակուած Է
Մանկապատանեկան

Ինչո՞ւ Մարտ 8-ը Կիներու Իրաւունքներու Միջազգային Օր Նշանակուած Է

Մարտ 11, 2023
Ինչպէ՞ս Գիտնալ Երկրագունդին Կլիմային Պատմութիւնը
Մանկապատանեկան

Ինչպէ՞ս Գիտնալ Երկրագունդին Կլիմային Պատմութիւնը

Մարտ 4, 2023
Ձմեռնային Մարզաձեւերը Երբէ՞ն Ի Վեր Գոյութիւն Ունին
Մանկապատանեկան

Ձմեռնային Մարզաձեւերը Երբէ՞ն Ի Վեր Գոյութիւն Ունին

Փետրուար 25, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In