Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

100 Առ Հարիւր Անասուններու Աշխարհէն

Մայիս 13, 2023
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Անասուններու աշխարհին մէջ մենք շատ կը հանդիպինք 100 թիւին

– Հսկայ կրիան` 100 տարուան առանձնութիւն

Ցամաքային այս սողունը դրախտային վայր մը գտած է մէջը ապրելու, մեկուսացած քանի մը կղզեախումբերու մէջ:

Հոն ան կրցած է ազատօրէն աճիլ: Հնդկաց ովկիանոսին մէջ գտնուող Սէյշել կղզիներու եւ Խաղաղական ովկիանոսին մէջ գտնուող Կալափակոս կղզիներու հսկայ կրիաները կրնան կշռել մինչեւ 200-400 քիլօ: Անոնք ընդհանրապէս կ՛ապրին նաեւ մօտաւորապէս հարիւր տարի:

Հսկայ կրիան մաս կը կազմէ պաղ արիւն ունեցող անասուններու ընտանիքին: Ան կը սիրէ արեւածագէն ետք երկու ժամ արեւուն տակ մնալ` ուժանիւթ ամբարելով իր պատեանին ընդմէջէն: Ան գործօն է օրական միայն ութէն ինը ժամ եւ շատ դանդաղ կը յառաջանայ (ժամական` մօտաւորապէս 300 մեթր):

– Կապոյտ կէտը` 100 թոն

Կապոյտ կէտը այժմ կենդանի ամէնէն մեծ անասունն է: Ան նուազագոյնը 100 թոն կը կշռէ, իսկ կարգ մը կէտերու ծանրութիւնը կը հասնի մինչեւ 150 թոնի (150 հազար քիլօ), մինչ իրենց երկարութիւնը մօտաւորապէս 30 մեթր է:

Հակառակ իրենց այս մեծութեան` ծովային այս հսկաները կը սնանին միայն մանր կարիդոսներով…

– Սեւ կռնակով ձուկը` 100 մեթր խորութեան

Ան շատ կը սիրէ մթութիւնը: Ատլանտեան ովկիանոսին եւ Միջերկրականեան ծովու մէջ գտնուող այս մեծ ձուկը խիտ խումբերով կ՛ապրի 100-300 մեթր խորութեամբ: Օրուան ընթացքին ան կը նախընտրէ աւազին կամ ծովի խորքը ցեխին մէջ մխրճուած մնալ: Գիշերը ան կը բարձրանայ մինչեւ մակերեսային շրջանները պզտիկ ձուկեր որսալու:

– Վագերաձին` 100-աւոր գիծեր

Անոր մորթին վրայ մօտաւորապէս 100 գիծեր կը յայտնուին: Իւրաքանչիւր ոտքի վրայ` մօտաւորապէս 15 սեւ գիծեր, կռնակին վրայ` մօտաւորապէս 20 սեւ գիծեր եւ նոյնքան ալ գլխուն եւ վզին վրայ: Երբ վագերաձիերու ամբողջ խումբը կը փախչի, այս գիծերը տեսողական խաբկանք կը յառաջացնեն զիրենք որսալ ցանկացող գիշատիչներուն մօտ: Ասիկա նոյնիսկ առիւծներու մօտ գլխու պտոյտ կը յառաջացնէ: Այս գծաւորումը շատ գործնական է նաեւ խայթող մեծ ճանճերուն դէմ, որովհետեւ անոնք կը նախընտրեն միագոյն մակերեսները:

– Ժակուարը` ժամական 100 քմ արագութիւն

Կեդրոնական եւ Հարաւային Ամերիկայի այս յովազը Ափրիէի ընձառիւծին զարմիկն է: Ան բիծաւոր մորթ մը ունի, մինչ գոյութիւն ունի ժակուարի տեսակ մը, որ ամբողջովին սեւ է:

Պրազիլի թուփի հնդիկները զայն կ՛անուանեն իա-ուար` ցատկող անասունը: Հին ժամանակներուն ազթեքները եւ մայաները զայն կը պաշտէին` իբրեւ պատերազմի աստուած: Ան կրնայ ցատկել ժամական 100 քմ արագութեամբ` քանի մը երկվայրկեանէն, սակայն` կարճ հեռաւորութեան վրայ, իրեն ծանր մարմնին պատճառով:

– Կովը` օրական 100 լիթր ջուր

Կաթ արտադրելու համար շատ ջուրի հարկ կայ: Օրական երեսուն կամ քառասուն լիթր կաթ արտադրելու համար կով մը օրական մօտաւորապէս 100 լիթր ջուր կը խմէ: Ան իր չորս ստամոքսներուն մէջ պէտք է մարսէ ութ ժամուան իր օրուան ընթացքին կերած տասնեակաւոր քիլոներով խոտը, եգիպտացորենը եւ ուրիշ բոյսեր…

– Գայլը` օրական 100 քիլոմեթր

Այս որսորդ անասունը չյոգնող վազող մըն է: Շնորհիւ իր բարակ, բայց մկանոտ ոտքերուն` մենակեաց գայլը կրնայ օրական 100-աւոր քիլոմեթրեր կտրել: Արագօրէն երկար հեռաւորութիւններ կտրելու եւ յանկարծակիօրէն երեւնալու իր կարողութիւնը երկար ժամանակ մեծ վախ պատճառած են մարդոց:

– Արջը` 100 օրուան քուն

Ան ցուրտի մասնագէտն է: Երբ առաջին ձիւները կը յայտնուին, սրճագոյն արջը կը փնտռէ որջ մը, ուր պիտի կարենայ կծկուիլ ինքն իր վրայ եւ  քունի անցնիլ` ձմեռել:

Իսկ եթէ ան քարայր մը չգտնէ, կը բաւարարուի ծառերու խաւի մը տակ պառկելով եւ կը մտնէ նուազագոյնը 100 օրուան երկար քունի մը մէջ. այս վիճակը կրնայ նոյնիսկ երկարաձգուիլ, եթէ ձմեռը սաստիկ ըլլայ: Անոր շնչառութիւնը եւ սրտի տրոփումներու կշռոյթը կը դանդաղի, եւ մարմնին ջերմաստիճանը քիչ մը կը նուազի: Ան կը դադրի ուտելէ` սնանելով իր մարմնին ամբարած ճարպով: Գարնան ան կորսնցուցած կ՛ըլլայ իր ծանրութեան մէկ երրորդը:

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

– Գիտէի՞ր, թէ շատ աւելի մեծ թիւով մեծ կրեաներ գոյութիւն ունին Հնդկաց ովկիանոսին Սէյշել կղզիներուն մէջ, քան` մարդ արարածներ:

– Կոկորդիլոս մը կրնայ շանաձուկ մը ուտել:

– Կարգ մը սարդերու ուղեղը կրնայ մինչեւ անոնց ոտքերը հասնիլ:

– Մեր շրթունքները չեն քրտնիր:

– Վեսթա կոչուած աստղակերպի մը վրայ կը գտնուի Էվէրէսթէն երկու անգամ աւելի բարձր լեռ մը:

– Միլիառաւոր տարիներ առաջ երկրագունդին ջերմաստիճանը կը հասնէր 2038 աստիճանի` եօթը անգամ աւելի տաք, քան խորովածի:

– Եթէ երկրագունդը լուսին չունենար, ան այնքան արագ պիտի դառնար, եւ մէկ օրը միայն 6 ժամ պիտի տեւէր:

– Չինաստանի մէջ մօտաւորապէս 235 տարբեր լեզուներ կը խօսուին:

– Երկրագունդի վրայի բոլոր մարդ արարածները միասին կը կշռեն մօտաւորապէս 310 միլիոն թոն:

– Աստղանաւորդները կը հաստատեն, որ անջրպետը ունի մետաղի եւ խաշած միսի հոտ:

– Ռնգեղջիւրներուն եղջիւրները եւ մարդոց եղունգները կազմուած են նոյն նիւթէն:

– Անթարքթիքի այսֆիշ կոչուած ձուկին արիւնը թափանցիկ է:

– Փորթուգալի մէջ անքաղաքավարութիւն կը համարուի կարմիր մելանով գրելը:

– Սանֆիշ կոչուած ձուկին մարմինը 60 միլիոն անգամ աւելի կը մեծնայ ամբողջ կեանքին ընթացքին: Եթէ մարդ արարածին մարմինը նոյն կշռոյթով մեծնալու կարողութիւը ունենար, ան պիտի մեծնար «Թիթանիք», նաւուն չափին չորս անգամը:

– Գիտնականները կրցած են Անթարքթիքի շրջանէն հանել 800 հազար տարուան սառոյց:

Ներկե՛նք…

… Ըստ նշաններուն, յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
. նարնջագոյն, + կանաչ, = կարմիր, I կապոյտ:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 12 տարբերութիւնները:

 

Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել տախտակին մէջ պահուած վարի ցանկին թիւերը:
Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 12 Մայիս 2023)

Յաջորդը

Սելինա Տողան. «Այսօր Թուրքիան Կա՛մ Պիտի Յայտարարէ Իր Յանձնուիլը Քաղաքական Իսլամականութեան Եւ Փտածութեան, Կա՛մ Ալ Պիտի Դիմէ Վերանորոգման Զօրաւոր Գործընթացի Ու Վերականգնէ Իր Հաստատութիւնները»

RelatedPosts

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար
Մանկապատանեկան

Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար

Հոկտեմբեր 4, 2025
Կրթութիւն Ստանալու Իրաւունքը
Մանկապատանեկան

Կրթութիւն Ստանալու Իրաւունքը

Սեպտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?