Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարդամեքենան Կրնա՞յ Տնային Պարտականութիւններդ Կատարել

Փետրուար 4, 2023
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ 

Ի՞նչ է Էյ Այ-ը` արհեստական բանականութիւնը:

Ան մարդուն կողմէ ստեղծուած համակարգիչ մըն է եւ պատրաստուած է մարդու մը վարուելակերպը նմանակելու: Սակայն ան մեզմէ տարբեր է. ան օժտուած է մեծ ուղեղով մը, որ կրնայ տեղեկութիւնները «լափել» եւ նոյն վայրկեանին իրարու հետ կապակցութիւններ հաստատել` հետզհետէ աւելի գիտուն դառնալու համար: Ան կը նմանի անձի մը, որ կարդացած ( եւ սորված) պիտի ըլլար բոլոր գիտելիքները եւ տեղեկութիւնները, որոնք գոյութիւն ունին կուկըլի, ուիքիփէտիայի եւ համացանցի վրայ միլիոնաւոր տարբեր կայքէջերու մէջ:

Էյ Այ սկզբնատառերով ճանչցուած այս արհեստական բանականութեան նպատակն է մեր կեանքը դիւրացնել: Օրինակի համար, ան կարելիութիւնը կու տայ ինքնաշարժներուն առանց վարորդի ընթանալ, կ՛օգնէ բժիշկներուն մարդկային մարմնին նկարները վերլուծելու հիւանդութիւն մը գտնելու: Ան կարելիութիւնը կու տայ նաեւ համակարգիչի մասնագէտներուն աւելի արագ աշխատելու համակարգիչներու համար ծրագիրներ գրելով: Ան մարդիկը կը փոխարինէ համացանցին վրայ կամ հեռաձայնով տեղեկութիւններ տալու: Ասոնք միայն քանի մը օրինակներ են բազմաթիւ կարելիութիւններու կողքին:

Ի՞նչ կրնայ ընել Չաթճիփիթին

Օփըն ԷյԱյ ամերիկեան ընկերութեան պատկանող այս մարդամեքենան հնարողները զայն ստեղծած են «խօսակցելու» համար: Չաթճիփիթի կրնայ հասկնալ եւ պատասխանել հարցումներու: Հակառակ կուկըլին` ան պարզապէս ցանկ մը պիտի չտայ. այլ ան պիտի ներկայացնէ լաւ գրուած մէկ պատասխան: Ան կրնայ այդ պատասխանը տալ տարբեր լեզուներով, ինչպէս անձ մը քեզի պիտի պատասխանէ: Օրինակի համար, կրնաս իրմէ ուզել, որ ան բանաստեղծութիւն մը գրէ 10 տարեկան աշակերտի մը նման: Չաթճիփիթի պիտի ընէ իրմէ պահանջուածը:

Ան պիտի կարենա՞յ պարտականութիւններ կատարել

Այո՛, կարելի է Չաթճիփիթիէն պահանջել թուաբանական խնդիր մը լուծել, կամ զեկուցում մը պատրաստել: Կարգ մը աշակերտներ Չաթճիփիթին գործածած են իրենց պարտականութիւնները գրելու համար, եւ ուսուցիչը ո՛չ մէկ միջոց ունի այդ «խարդախութիւնը» բռնելու:

Հետեւաբար ամերիկեան դպրոցները արգիլած են Չաթճիփիթիին գործածութիւնը` այդ ծրագիրը կեցնելով: Ասոր կողքին, ուսուցիչները նախընտրած են տալ պարտականութիւններ, որոնց Չաթճիփիթին չի կրնար պատասխանել, որովհետեւ այս մարդամեքենան մարդու մը նման չի մտածեր, զգացումներ չի կրնար ապրիլ (վախ, ուրախութիւն…), եւ տակաւին ան չի գիտեր գծել, կամ ձայն մը նմանցնել: Եւ վերջապէս կարգ մը ուսուցիչներ որոշած են իրենց աշակերտներուն սորվեցնել այդ մարդամեքենան ճիշդ կերպով գործածելը:

Էյ Այ-ը կրնա՞յ հարց ստեղծել

«Խելացի» մարդամեքենաները չեն կրնար որոշել այս կամ այն նիւթով հետաքրքրուիլ: Անոնք պէտք է յատուկ ծրագիրով մը պատրաստուած ըլլան: Անոնք չեն կրնար բանիլ առանց մարդուն: Առնուազն` մինչեւ այսօր: Անշուշտ յառաջդիմութիւնները չեն դադրիր, եւ Չաթճիփիթին անոր փաստն է: Հարցերէ խուսափելու համար գիտնականները կոչ կ՛ուղղեն, որ օրէնքներ դրուին: Անոնք կ՛ուզեն, որ ինչպէս մենք գիրքերուն մէջ կարդացած ենք, կամ տեսած` ֆիլմերու մէջ, ուր մարդամեքենաները կ՛իշխեն աշխարհի վրայ, իսկական կեանքին մէջ չպատահի:

Արուեստագէտ Շունը

2021 թուականին Միացեալ Նահանգներու մէջ վատ վարուելու բերումի արժանացած շուն մը ընդունուեցաւ անասուններու յատուկ կեդրոնի մը մէջ: Այդ կեդրոնին մէջի աշխատողները զայն անուանեցին Վան Կոկ, որովհետեւ, նշանաւոր արուեստագէտին նման, այդ շունն ալ միայն մէկ ականջ ունէր:

Մէկ տարուան ընթացքին Վան Կոկ որդեգրող ընտանիք մը չգտաւ, հետեւաբար զայն խնամողները ուզեցին անոր մասին ծանուցել … անոր գծանկարներ գծել տալով:

Սակայն այս գաղափարը գործադրելու համար պէտք էր քիչ մը հնարք գործածել: Կտաւին վրայ անոնք ներկեր զետեղեցին, եւ զայն ծածկեցին կերպընկալի կտորով մը: Վերջապէս, կերպընկալին վրայ անոնք դրին պիստակի կարագ: Այս ձեւով Վան Կոկ պիստակի կարագը լզելով` սկսաւ ներկերը տարածել:

Վան Կոկի գծանկարները յաջողութիւն ունեցան, եւ 2022¬ի վերջաւորութեան Ճեսիքա որդեգրեց Վան Կոկը: Իր նոր տան մէջ Վան Կոկ իր տիրուհիին հետ կը շարունակէ իր գծանկարչութիւնը:

115 Տարեկան Մարիա Պաշտօնապէս Կը Դառնայ
Մարդկութեան Ամէնէն Տարեց Անձը

Այս տիտղոսը կրող նախկին անձը` քոյր Անտրէ, մահացաւ 17 յունուարին, 118 տարի եւ 341 օր ապրելէ ետք: Ան 2022-ի ապրիլին դարձած էր կենդանի ամէնէն տարիքոտ անձը, իսկական անունով ֆրանսացի Լիւսիլ Ռանտոն ծնած էր 1904 թուականին:

Անոր մահէն ետք սպանացի Մարիա Պրանեաս Մորերա պաշտօնապէս կը դառնայ մարդկութեան երէցը` 115 տարեկան, 10 ամսու եւ 13 օրուան տարիքին:

Մարիա Պրանեաս Մորերա ծնած է Սան Ֆրանսիսքօ, Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիոյ նահանգին մէջ, 4 մարտ 1907-ին: Անոր ծնունդէն քիչ առաջ ծագումով Սպանիայէն իր ընտանիքը Մեքսիքոյէն Միացեալ Նահանգներ գաղթած էր:

Ապա անոր ընտանիքը հաստատուած է Նիւ Օրլինզ, Լուիզան նահանգին մէջ, 1910-ին, 1915-ին վերջնականապէս դարձեալ Սպանիա կը փոխադրուին:

115 տարեկան Մարիա ունի երեք զաւակ (որոնցմէ մէկը մահացած է), 11 թոռիկներ եւ 13 ծոռներ: 20 տարիներէ ի վեր, ան կ՛ապրի Սպանիոյ հիւսիս-արեւելքը, Օլոթ քաղաքի մէկ ծերանոցին մէջ:

Իր 115 տարիներուն ընթացքին Մարիա շատ բաներ տեսած է, որոնց կարգին` 1918-ի կրիփի համաճարակը (որ ճանչցուած է նաեւ «սպանական կրիփ» անունով, եւ որուն զոհ գացած է 20-50 միլիոն անձ), երկու համաշխարհային պատերազմներ (1914-1918 եւ 1939-1915) եւ աւելի մօտ թուականի «Քովիտ»-ի համաճարակը:

Անոր այս երկար կեանքին գաղտնիքը, ըստ 78 տարեկան Ռոզայի, անոր «ժառանգական» լաւ առողջութիւնն է: Ան բնաւ հիւանդանոց չէ գացած, ո՛չ ալ մարմինը տեղ մը կոտրած, կը բացատրէ Ռոզա:

Իսկ 2020 թուականին ան նոյնիսկ «Քովիտ»-է վարակուած է եւ քանի մը օրէն առողջացած է:

Սնուփի Կը Վերադառնայ

1968 թուականէն ի վեր Սնուփի կ՛ընկերակցէր ՆԱՍԱ¬ի դէպի անջրպետը բոլոր թռիչքներուն: Այս ձեւով ան դարձեալ կը գտնուէր «Օրիոն» հրթիռին մէջ, որ կտրեց երկրագունդին եւ լուսինին միջեւ 1,4 միլիոն քիլոմեթր տարածութիւնը:

11 դեկտեմբեր 2022¬ին «Օրիոն» վերադարձաւ երկրագունդ եւ իջաւ Խաղաղական ովկիանոսին մէջ: Անոր մէջը գտնուող առարկաները հանուեցան յունուար ամսուն եւ ՆԱՍԱ հրատարակեց այս նկարը` յայտնելու համար, որ Սնուփի «առողջ» վերադարձած էր իր ճամբորդութենէն:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 7 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել բազմապատկութիւնները եւ անոնց պատասխանները տախտակին մէջ:

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Ինչի՞ Մասին Է Խօսքը…

RelatedPosts

Ինչո՞ւ Մարտ 8-ը Կիներու Իրաւունքներու Միջազգային Օր Նշանակուած Է
Մանկապատանեկան

Ինչո՞ւ Մարտ 8-ը Կիներու Իրաւունքներու Միջազգային Օր Նշանակուած Է

Մարտ 11, 2023
Ինչպէ՞ս Գիտնալ Երկրագունդին Կլիմային Պատմութիւնը
Մանկապատանեկան

Ինչպէ՞ս Գիտնալ Երկրագունդին Կլիմային Պատմութիւնը

Մարտ 4, 2023
Ձմեռնային Մարզաձեւերը Երբէ՞ն Ի Վեր Գոյութիւն Ունին
Մանկապատանեկան

Ձմեռնային Մարզաձեւերը Երբէ՞ն Ի Վեր Գոյութիւն Ունին

Փետրուար 25, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In