Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հետաքրքրական. Ալօ, Ամէն Ինչ Լա՞ւ Է…

Յունիս 24, 2023
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Բնաւ պատահա՞ծ է, որ ուսումնասիրես իրարու հետ հաղորդակցող թութակներ: կը սորվեցնեն: Բնութեան մէջ անոնք միշտ խումբով կ՛ապրին: Սակայն, իբրեւ ընտանի անասուն, թութակը յաճախ մինակ է վանդակին մէջ:

Այս պատճառով մասնագէտներ ուզած են փորձ մը կատարել այս թռչունին հետ: Երեք ամիսներու ընթացքին 18 ընտանի թութակներ եւ անոնց տէրերը մասնակցած են ուսումնասիրութեան մը: Իրենց տէրերուն օգնութեամբ թռչունները սորված են զանգակ մը զարնել` նշելու համար, թէ կ՛ուզեն հեռաձայնել, ապա դպչիլ թապլեթի մը վրայ ուրիշ թռչունի մը նկարին` հեռաձայնելու համար:

Ուսումնասիրութեան ընթացքին, 147 հեռաձայնային «խօսակցութիւններ» կատարուած են թութակներու կողմէ: Անոնք նուազագոյնը տեւած են 5 վայրկեան: Այս փորձառութիւնը կարելիութիւնը տուած է ապացուցելու, որ թութակները նուազ մինակ զգացած են, եւ անոնք աւելի լաւ կապեր ունեցած են իրենց տէրերուն հետ:

Ժպտուն Անտառը

Անցեալ շաբաթ մենք տեսանք ժպտող արեւ մը: Իսկ այս շաբաթ մենք պիտի ծանօթանանք ժպտող անտառին:

Միացեալ Նահանգներուն Օրեկոն նահանգին լեռնային շրջանին մէջ կը գտնուին փշատերեւ ծառեր: Անոնք ամբողջ տարին կանաչ կը մնան: Սակայն փայտահատներու հաստատութիւն մը տարբեր կարծիք ունի. ծառեր կտրելէ ետք այս հաստատութիւնը սովորութիւն ունի անոնց փոխարէն ուրիշ ծառեր տնկել: Լերան լանջերէն մէկուն վրայ ան տնկած է տարբեր տեսակի ծառեր: Այդ ծառերէն կարգ մը ծառերու փշատերեւները իրենց գոյնը կը փոխեն: Այս ձեւով աշնան եւ ամբողջ ձմրան ընթացքին ժպտող «սմայլի» դէմք մը կը յայտնուի անտառին մէջ:

Գիտէի՞ր, Թէ…

– Պենկալեան վագրը Հնդկաստանի ազգային խորհրդանիշն է:

– Գոյութիւն ունին վայրի մեծ կատուներու մօտաւորապէս 40 տարբեր տեսակներ:

– Մեծ կատուներու հոտառութիւնը 20 անգամ աւելի զօրաւոր է, քան` մարդոց հոտառութիւնը:

– Կատուները գիշերը կրնան մարդոցմէ վեց անգամ աւելի լաւ տեսնել:

– Ճափոնի մէջ շինթօ կրօնին հետեւորդները կը հաւատան, որ անտառները, լեռները, ջրվէժները եւ ուրիշ բնական ծագում ունեցող երեւոյթներ օժտուած են իրենց յատուկ ոգիներով:

– Զիրար բարեւելու համար ճափոնցիները, ձեռք թօթուելու փոխարէն, իբրեւ յարգանք, կը խոնարհին իրարու առջեւ:

Մտածենք

Անասուններ Որդեգրելու
Կեդրոնին Մէջ

Անին, Լենան եւ Թալինը պատասխանատու քոյրեր են, անոնք շատ կը սիրեն անասունները եւ իւրաքանչիւրը ուզեց ունենալ իր անասունը` անոր հետ խաղալու եւ անոր հոգ տանելու համար:

Անոնց ծնողները երեք քոյրերուն տարին անասուններ որդեգրելու կեդրոնը: Տարբեր շուներու, կատուներու եւ նապաստակներու հետ խաղալէ ետք, իւրաքանչիւր աղջիկ որոշեց տարբեր տեսակի անասուն մը որդեգրել, եւ անոնց ծնողները լեցուցին եւ ստորագրեցին որդեգրումի թուղթերը: Խանութին տէրը յայտնեց, որ անասունները յաջորդ օրը պիտի ղրկուին իրենց տունը, երբ անոնց բոլոր թուղթերը պատրաստ ըլլան:

* * *

Սակայն, երբ ուրախ ընտանիքը խանութէն դուրս կ՛ելլէր, չարաճճի թութակը, որ ազատօրէն թառած էր վանդակի մը վրայ, յանկարծ թռաւ եւ թառեցաւ որդեգրումի թուղթերուն վրայ եւ սկսաւ զանոնք բզկտել իր սուր ճանկերով:

Խանութին տէրը շատ նեղուած էր. ան չէր ուզեր այդ ազնիւ աղջիկներուն տխրութիւն պատճառել: Հետեւաբար ան որոշեց թուղթերը փորձել իրարու փակցնել եւ տեղեկութիւնները հաւաքել` յաջորդ օրը անասունները անոնց ղրկելու համար:

Ահա բոլոր տեղեկութիւնները, որ ան կրցաւ քաղել թուղթերու կտորներէն.

1.- Այն աղջիկը, որ շնիկը որդեգրեց, զայն Թութու չանուանեց:

2.- Լենային անասունը, որուն անունը Բրդիկ էր, ցատկող անասունի տեսակ մը չէ:

3.- Մալոն շնիկ չէ, զայն որդեգրեց Թալինը:

4.- Նապաստակը Անիին որդեգրած անասունը չէ:

* *  *

Կրնա՞ս այս տեղեկութիւններուն հիմամբ գտնել իւրաքանչիւր աղջկան որդեգրած անասունը եւ անոր անունը:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 8 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել վերջաւորութեան հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել վարի ցանկին թիւերուն համապատասխանող  տեղերը տախտակին մէջ:

 

Նախորդը

Ազրպէյճան Մարտակերտի Շրջանին Ուղղութեամբ Խախտած Է Հրադադարը, Պաշտպանութեան Բանակի Զինուոր Մը` Վիրաւոր

Յաջորդը

Մինչեւ Ե՞րբ…

RelatedPosts

Վերամուտ.  Ինչի՞ Կը Ծառայէ Դպրոցը
Մանկապատանեկան

Վերամուտ. Ինչի՞ Կը Ծառայէ Դպրոցը

Սեպտեմբեր 23, 2023
Ո՞ր Թուականէն Ի Վեր Գոյութիւն Ունի Պարպի Պուպրիկը
Մանկապատանեկան

Ո՞ր Թուականէն Ի Վեր Գոյութիւն Ունի Պարպի Պուպրիկը

Սեպտեմբեր 16, 2023
Փաք-Մեն` Վիտէօ-Խաղերու Առաջին Հերոսը
Մանկապատանեկան

Փաք-Մեն` Վիտէօ-Խաղերու Առաջին Հերոսը

Սեպտեմբեր 9, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In